­altՆո­յեմ­բեր 1ի ­Թուր­քիոյ ար­տա­հերթ խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րը ա­ւար­տե­ցան նա­խա­գահ Էր­տո­ղա­նի վճռա­կան յաղ­թա­նա­կով։

Օս­մա­նեան ­Թուր­քիոյ «սուլ­թա­նա­կան փառք»ը նոր ժա­մա­նակ­նե­րու տա­րա­զով վե­րա­կանգ­նե­լու ցնոր­քին անձ­նա­տուր թուրք «պե­տա­կան այր»ը խորհր­դա­րա­նա­ կան բա­ցար­ձակ մե­ծա­մաս­նու­թիւն ա­պա­հո­վեց իր Ար­դա­րու­թիւն եւ ­Բար­գա­ւա­ճում կու­սակ­ցու­թեան։

­Քա­ղա­քա­կան մեկ­նա­բան­նե­րը, նե­րա­ռեալ ի ­Հա­յաս­տան թէ սփիւռս աշ­խար­հի հայ միտ­քը ա­ռաջ­նոր­դող հրա­պա­րա­կա­գիր­նե­րը, ար­դէն սկսած են քննել Էր­տո­ղա­նի հա­ւա­նա­կան յա­ջորդ քայ­լը, որ կը նկա­տո­ւի գե­րա­զանց լիա­զօ­րու­թիւն­նե­րով օժ­տո­ւած կա­ռա­վար­ման նա­խա­գա­հա­կան հա­մա­կար­գի մը հաս­տա­տագ­րու­մը՝ ­Թուր­քիոյ ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան հա­մա­պա­տաս­խան պատ­շա­ճե­ցու­մով։

­Փոր­ձու­թիւ­նը մեծ է, ան­շուշտ, այս ա­ռի­թով Օ­րո­ւան Մ­տա­ծու­մին սլա­քը կեդ­րո­նաց­նե­լու նա­խա­գահ Էր­տո­ղա­նի ­Թուր­քիոյ եւ նա­խա­գահ ­Սարգ­սեա­նի ­Հա­յաս­տա­նին դի­մագ­րա­ւած սահ­մա­նադ­րա­կան փո­փո­խու­թեանց հե­ռան­կա­րը յատ­կան­շող հեգ­նա­կան հա­կա­սու­թեան վրայ. մինչ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան վե­րա­փոխ­ման եր­կար, այլ դժո­ւա­րին ու­ղի կտրած թուրք հա­սա­րա­կու­թեան մէջ այս­պէս գլուխ կը ցցէ կեդ­րո­նա­ձիգ իշ­խա­նու­թեան անց­նե­լու «ու­րուա­կա­նը», ան­դին՝ իր ան­կա­խու­թիւ­նը վե­րա­կանգ­նած եւ ամ­բող­ջա­տի­րա­կան դա­րաշըր­ջա­նի լճա­ցու­մէն վե­րա­զարթ­նող ­Հա­յաս­տա­նի մէջ նո­րո­վի փորձ կը կա­տա­րո­ւի նա­խա­գա­հա­կան կեդ­րո­նա­ձիգ կա­ռա­վա­րու­մէն անց­նե­լու խորհր­դա­րա­նա­կան հա­կակշ­ռու­մի եւ հա­ւա­սա­րակշռու­մի վար­չա­ձե­ւին։

­Բայց որ­քան ալ փոր­ձիչ ըլ­լայ, այդ հա­կա­սու­թեան հան­գիստ քննար­կու­մին ու ար­ժե­ւո­րու­մին հա­մար բա­ւա­րար ժա­մա­նա­կը ու­նինք։

­Նոյն հանգս­տու­թեամբ մտա­ծե­լու եւ շար­ժե­լու ժա­մա­նա­կը չկայ՝ ­Թուր­քիոյ դէ­պի ամ­բող­ջա­տի­րա­կան կամ կեդ­րո­նա­ձիգ պե­տա­կան իշ­խա­նու­թիւն շրջա­դար­ձը դի­մագ­րա­ւե­լու ա­ռու­մով։

­Միայն ­Թուր­քիոյ հար­ցը եւ այն ալ սոսկ թուր­քե­րու ներ­քին խնդի­րը չէ, որ ­Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քը, ­Պալ­քան­նե­րը եւ ­Մի­ջերկ­րա­կան ծո­վու ա­ւա­զա­նը ա­ւե­լի քան եօ­թը դար կա­ռա­վա­րած թրքա­կան պե­տու­թիւ­նը իր եր­բեմ­նի փառքն ու տե­ղը կ­՛ու­զէ վե­րա­նո­ւա­ճել ­Նոր Աշ­խա­րա­հա­կար­գի պայ­ման­նե­րուն մէջ…

Օս­մա­նա­կան–­սուլ­թա­նա­կան ո­ճով իշ­խա­նա­պե­տու­թիւն մը հաս­տա­տե­լու նա­խա­գահ Էր­տո­ղա­նի նկրտում­նե­րը բա­ցա­ռա­պէս ­Թուր­քիոյ վա­ղո­ւան հե­ռան­կա­րը մտա­հո­գող սոսկ ներ­քին խնդիր մը չեն։ Իշ­խա­նու­թեան ծայ­րա­յեղ կեդ­րո­նա­ցու­մի էր­տո­ղա­նեան ա­խոր­ժակ­նե­րը սպառ­նա­լիք մը կը հան­դի­սա­նան նախ նոյ­նինքն թուրք հա­սա­րա­կու­թեան ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան վե­րա­փոխ­ման հա­մար, ա­պա եւ ­Թուր­քիոյ ­Հան­րա­պե­տու­թեան բռնակ­ցո­ւած ազ­գա­յին միա­ւոր­նե­րուն (քիւր­տեր, ա­լե­ւի­ներ, հա­յեր, յոյ­ներ) եւ ա­նոնց հայ­րե­նի հո­ղե­րուն ազ­գա­յին ինք­նու­թիւնն ու քա­ղա­քակր­թա­կան բազ­մա­կող­մա­նի զար­գա­ցու­մը ար­գե­լա­կե­լու ա­ռու­մով։

Էր­տո­ղա­նի իշ­խա­նա­պե­տու­թեան բա­ցար­ձա­կա­ցու­մը, նաեւ ու մա­նա­ւա՛նդ, միայն ­Թուր­քիան յու­զող վտանգ չէ։

Կ­րօ­նա­կան եւ ցե­ղա­յին գե­րակշռու­թեան ֆա­շա­կան նե­խած հո­տը կու գայ Էր­տո­ղա­նի հե­տապն­դած կեդ­րո­նա­ձիգ իշ­խա­նա­պե­տու­թե­նէն, որ իր աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան հիւ­սո­ւած­քով ու յա­ւակ­նու­թիւն­նե­րով կը սպառ­նայ ոչ միայն ­Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի, այ­լեւ ­Պալ­քան­նե­րու եւ մին­չեւ իսկ Եւ­րո­պա­յի ըն­կե­րա­քա­ղա­քա­կան ան­դոր­րու­թեան, կա­յու­նու­թեան։

Ի­րա­քի եւ ­Սու­րիոյ ող­բեր­գու­թիւն­նե­րը միայն նա­խեր­գան­քը պի­տի ըլ­լան այն մեծ քաո­սին, ո­րուն յոր­ձան­քը ան­հա­կակշ­ռե­լի թա­փով պի­տի ժայթ­քի, ե­թէ ­Նոր Աշ­խար­հա­կար­գը ղե­կա­վա­րե­լու պա­տաս­խա­նա­տո­ւութիւ­նը ու­նե­ցող մե­ծա­պե­տա­կան ու­ժե­րը շա­րու­նա­կեն չլսե­լու տալ շա­տոնց հնչող եւ այ­սօր ար­դէն սաստ­կա­ցող ա­հա­զան­գը Էր­տո­ղա­նեան Վ­տան­գին դէմ։

­Խոր­քին մէջ ­Նո­յեմ­բեր 1ի ­Թուր­քիոյ ար­տա­հերթ խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թեանց ար­դիւն­քը ինք­նի՛ն ա­հագ­նաց­ման տա­րաւ ա­հա­զան­գը Էր­տո­ղա­նի տա­րի­նե­րէ ի վեր շղթա­յա­զեր­ծած թրքա­կան կայ­սե­րա­պե­տու­թեան դէմ։

Ա­յո՛, մե­րօ­րեայ Թր­քա­կան Վ­տան­գը թէեւ կը դրսե­ւո­րո­ւի Էր­տո­ղա­նի կեդ­րո­նա­ձիգ իշ­խա­նու­թեան նկրտում­նե­րով, բայց էա­պէս կը խմո­րո­ւի Թր­քու­թեան մե­ծա­պե­տա­կան հզօ­րու­թիւ­նը վե­րա­կանգ­նե­լու ցե­ղա­պաշ­տա­կան ա­խոր­ժակ­նե­րով։

­Նա­խընտ­րա­կան պայ­քա­րի ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան, ­Թուր­քիա թա­տե­րա­բեմ դար­ձաւ Էր­տո­ղա­նի կող­մէ հրահ­րո­ւած ներ­քին թէ ար­տա­քին ծայ­րա­յե­ղու­թեանց՝ Իս­լա­մա­կան ­Պե­տու­թեան թէ թուրք ազ­գայ­նա­մոլ շար­ժու­մի ա­նու­նին տակ գոր­ծող մութ ու­ժե­րու կա­տա­ղի գրգռու­թեանց, ձեռ­նար­կած մաք­րա­գոր­ծում­նե­րուն եւ օր–­ցե­րե­կով ա­հա­բեկ­չու­թեանց, ո­րոնց «մեղ­քի պտուղ»ն­ է ա­հա՛ Էր­տո­ղա­նի անձ­նա­կան եւ կու­սակ­ցա­կան յաղ­թա­նա­կը, խորհր­դա­րա­նա­կան ար­տա­հերթ ընտ­րու­թեանց ա­ւար­տին։

10–15 տա­րի ա­ռաջ, երբ Էր­տո­ղա­նի իշ­խա­նու­թիւ­նը իր սկզբնա­կան տա­րի­նե­րու ինք­նա­հաս­տատ­ման փու­լին կը գտնո­ւէր, ­Նոր Աշ­խար­հա­կար­գի ղե­կա­վար ու­ժե­րը ա­րար­–աշ­խար­հին, նաեւ ի­րենց սե­փա­կան հան­րու­թեան, կը փոր­ձէին հա­մո­զել, թէ թուրք քա­ղա­քա­կան բե­մին վրայ իշ­խա­նու­թեան ղե­կին կու գայ պե­տա­կան այ­րե­րու խոստմ­նա­լից սե­րունդ մը, որ իբր թէեւ իս­լա­մա­մէտ է, բայց ա­րեւմ­տեան կողմ­նո­րո­շում ու­նի եւ չա­փա­ւո­րա­կան սկզբունք­նե­րով կ­՛ա­ռաջ­նոր­դո­ւի, ծայ­րա­յե­ղա­կան չէ…

Իր իշ­խա­նու­թեան քայլ առ քայլ ամ­րապն­դու­մին եւ բա­ցար­ձա­կաց­ման հետ՝ նա­խա­գահ Էր­տո­ղա­նի ­Թուր­քիան ոչ միայն սկսաւ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու լե­զո­ւով խօ­սե­լու իր հա­րե­ւան­նե­րուն թէ մե­ծա­պե­տա­կան «գոր­ծըն­կեր­նե­րուն» հետ, այ­լեւ դրօ­շա­կիրն ու բան­բե­րը դար­ձաւ թէ՛ իս­լամ ծայ­րա­յե­ղա­կա­նու­թեան, թէ՛ թրքա­կան այ­լա­մեր­ժու­թեան։

­Նաեւ գործ­նա­կան իր քայ­լե­րով՝ Էր­տո­ղա­նի ­Թուր­քիան իր կայ­սե­րա­պե­տա­կան հզօ­րան­քի վե­րա­կանգ­նու­մին պա­տանդ դար­ձուց նոյ­նինքն մե­ծա­պե­տա­կան ու­ժե­րը, ո­րոնք իս­լամ ծայ­րա­յե­ղա­կա­նու­թեան դէմ «լա­ւա­գոյն» ու «վստա­հե­լի» զի­նա­կի­ցը ու­զե­ցին տես­նել… թրքա­կան պե­տու­թեան մէջ։

­Տա­րի­նե­րէ՜ ի վեր կը հնչէ ա­հա­զան­գը Թր­քա­կան Վ­տան­գին պա­տե­հա­պաշտ դրսե­ւո­րում­նե­րուն դէմ։

­Բայց լսո­ղը ո՜վ է։

Նա­զա­րէթ ­Պէր­պէ­րեան