Շատ զար­մա­ցայ՝ երբ ձեռք ա­ռի Բարձր Հայ­քի Հայ­րե­նակ­ցա­կան Միու­թեան Լիո­նի մաս­նա­ճիւ­ղին «Ծ­րա­գիր-­Կա­նո­նա­գիր»ը պա­րու­նա­կող պրա­կը, որ տպո­ւած է 1931ին։

Չէի գի­տեր, թէ այս հնա­ւանդ ա­նու­նով մկրտո­ւած հայ­րե­նակ­ցա­կան միու­թիւն մը գո­յու­թիւն ու­նե­ցեր է տաս­նա­մեակ­ներ ա­ռաջ։ Փաստն այն է, որ նմա­նա­պէս հին պատ­մա­կան ա­նո­ւա­նում­ներ կրող Վաս­պու­րա­կա­նի կամ Տա­րօն-­Տու­րու­բե­րա­նի հայ­րե­նակ­ցա­կան միու­թիւն­նե­րուն քովն ի վեր՝ կայ ե­ղեր Բարձր Հայ­քի Միու­թիւնն ալ…։

Բայց այ­սօր, սփիւռ­քի տա­րած­քին, քա­նի՞ հայ մարդ կրնայ լսած ըլ­լալ «­Բարձր Հայք» ա­նու­նը։ Ե­թէ ըն­թեր­ցա­սէր ու պրպտող անձ մը չէք, կամ հա­յա­գի­տա­կան ամ­պիո­նի մը չէք ա­շա­կեր­տած, դժո­ւար թէ հան­դի­պած ըլ­լաք Բարձր Հայ­քին…։

Բարձր Հայ­քը պատ­մա­կան հին Հա­յաս­տա­նի (­Մեծ Հայք) 15 նա­հանգ­նե­րէն մէկն էր։ Այ­սօ­րո­ւան աշ­խար­հագ­րա­կան քար­տէս­նե­րուն վրայ ա­նի­կա կը հա­մա­պա­տաս­խա­նէ Էրզ­րու­մի նա­հան­գին ու շրջա­կայ­քին։ Իսկ Էրզ­րու­մը մեր հայ­կա­կան ա­նո­ւա­նու­մով՝ Կա­րինն է։

Ա­մէն ան­գամ, որ Կար­նոյ ա­նու­նը լսեմ, ան­մի­ջա­պէս ու բնազ­դա­բար ե­րեք բան կը մտա­բե­րեմ.-

Ա.) «­Պաշտ­պան Հայ­րե­նեաց» ընդ­յա­տա­կեայ գաղտ­նի կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը, որ ծնունդ ա­ռաւ Կար­նոյ մէջ 1881ին, եւ որ կը նկա­տո­ւի հայ քա­ղա­քա­կան ա­ռա­ջին կազ­մա­կեր­պա­կան կո­րի­զը Ա­րեւմտա­հա­յաս­տա­նի տա­րած­քին, նախ­քան հայ կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն ե­րե­ւու­մը։

Բ.) Սա­նա­սա­րեան վար­ժա­րա­նը, որ Կար­նոյ պար­ծան­քը մնաց եր­կար տա­րի­ներ, եւ ուր­կէ շրջա­նա­ւարտ ե­ղաւ փայ­լուն ու պի­տա­նի ամ­բողջ սե­րունդ մը։

Գ.) Մեր հան­րա­յին ե­րե­ւե­լի դէմ­քե­րէն Ար­մէն Գա­րօ (­Փաստր­մա­ճեան), որ Կար­նոյ հա­յու­թիւ­նը կը ներ­կա­յաց­նէր Օս­մա­նեան խորհր­դա­րա­նէն ներս, յետ 1908ի սահ­մա­նադ­րա­կան տա­րի­նե­րուն...

Վե­րա­դառ­նա­լով Բարձր Հայ­քին, պարզ կը դառ­նայ ու­րեմն, որ այս ա­նու­նը կրող հայ­րե­նակ­ցա­կան միու­թեան եր­դի­քին տակ հա­մախմ­բո­ւեր են ա­ռա­ւե­լա­բար կար­նե­ցի­նե­րը, բայց նաեւ՝ Կար­նոյ դաշ­տի եւ շրջա­կայ­քի հա­յաբ­նակ վայ­րե­րու վե­րապ­րող­նե­րը,- երզըն­կա­ցի­ներ, բա­բերդ­ցի­ներ, քղե­ցի­ներ, դեր­ջան­ցի­ներ…։

Ըստ գեր­մա­նա­ցի Եո­հան­նէս Լեփ­սիու­սի վկա­յու­թեան, Ե­ղեռ­նի նա­խօ­րէին Կար­նոյ նա­հան­գը ու­նէր 200 հա­զար հայ բնա­կիչ, ո­րոնց­մէ փրկո­ւե­ցաւ 40 հա­զա­րը։ Այս վե­րապ­րող­ներն են ան­շուշտ, որ զա­նա­զան գա­ղութ­նե­րու մէջ քով-քո­վի ե­կան ու հիմ­նե­ցին ի­րենց հայ­րե­նակ­ցա­կան միու­թիւն­նե­րը։ Վի­ճա­կագ­րու­թիւն մը կ­՚ը­սէ, թէ 1932ին Մար­սէյ­լի մէջ կար կար­նե­ցի 105 ըն­տա­նիք (450 հո­գի)։

Կար­նե­ցի­նե­րու 800 է­ջա­նի պատ­մա­գիր­քը հրա­տա­րա­կո­ւած է 1957ին, Պէյ­րութ, «­Յու­շա­մա­տեան Բարձր Հայ­քի – Կա­րի­նա­պա­տում» ա­նու­նով, Ղա­զար Չա­րը­գի խմբագ­րու­թեամբ։ Բայց ան­կէ ա­ռաջ՝ Կար­նոյ պատ­մու­թեան վրայ աչ­քի լոյս թա­փած էին մաս­նա­ւո­րա­բար Վիեն­նա­յի Մ­խի­թա­րեան Ուխ­տի եր­բեմ­նի բա­նի­բուն միա­բան­նե­րը։ Զո­րօ­րի­նակ՝ Յա­կո­բոս Վրդ. Քօ­սեան 20ա­կան թո­ւա­կան­նե­րուն եր­կու ան­ջատ հա­տոր­նե­րով լոյս ըն­ծա­յեր էր Կար­նոյ եւ շրջա­կայ հա­յաբ­նակ գիւ­ղե­րուն տե­ղագ­րու­թեան, պատ­մու­թեան եւ սո­վո­րու­թիւն­նե­րուն նո­ւի­րո­ւած իր ու­սում­նա­սի­րու­թիւ­նը, Հայր Հա­մա­զասպ Ոս­կեան հա­մա­պար­փակ սե­ւե­ռու­մի են­թար­կեր էր «­Բարձր Հայ­քի վան­քե­րը» (1951), Հայր Յա­կո­բոս Տա­շեան գրեր էր Կար­նոյ Խո­տոր­ջուր գա­ւա­ռա­կին ու շրջա­կայ հա­յաբ­նակ վայ­րե­րուն մա­սին ծա­ւա­լուն աշ­խա­տա­սի­րու­թիւն մը (որ հրա­տա­րա­կո­ւե­ցաւ հե­ղի­նա­կին մա­հէն 40 տա­րի ետք, 1973ին), նոյն Խո­տոր­ջու­րի պատ­մու­թեան, սո­վո­րու­թիւն­նե­րուն ու ճա­կա­տագ­րին մա­սին յու­շա­մա­տեան մը (1964) պատ­րաս­տեր էին Հայր Յա­րու­թիւն Հու­լու­նեան եւ Հայր Մատ­թէոս Հա­ճեան։ Յի­շեալ բո­լոր վար­դա­պետ­ներն ալ բնիկ կար­նե­ցի­ներ էին...։

Որ­քան որ գի­տենք, եր­կար տաս­նա­մեակ­նե­րէ ի վեր լու­ծար­քի են­թար­կո­ւած են Կար­նոյ Հայ­րե­նակ­ցա­կան Միու­թիւն­նե­րը…։ Ա՛լ Կա­րի­նը յի­շող չկայ, բա­ցի եր­բեմն-եր­բեմն գի­նար­բու­քի սե­ղան­նե­րէն լսո­ւող հի՜ն ու ա­նոյշ եր­գէ մը.- «­Ձայն մը հնչեց Էրզ­րու­մի հա­յոց լեռ­նե­րէն…»։

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ «­Նոր Յա­ռաջ»