­altՄինչ մի­ջազ­գա­յին թէ տե­ղա­կան բե­մա­հար­թակ­նե­րու վրայ սուր­ի­ա­կան տագ­նա­պի քա­ղա­քա­կան լուծ­ման մի­տող ջան­քե­րը կը շա­րու­նակ­ո­ւին, Հա­լէ­պը կը դի­մագ­րա­ւէ մերթ շր­ջա­փակ­ման, մերթ ջրազրկ­ման, մերթ ա­պա­հո­վա­կան դժ­ո­ւա­րու­թիւն­ներ:

Ա­ւե­լի քան տաս­ներ­կու օր շր­ջա­փակ­ման են­թարկ­ո­ւած Հա­լէ­պի բնակ­չու­թիւ­նը դէմ յան­դի­ման գտն­ո­ւե­ցաւ բազ­մա­կող­մա­նի տագ­նապ­նե­րու. ջու­րի, վա­ռե­լա­նիւ­թի, ե­լեկտ­րա­կա­նութ­եան, հա­մա­ցան­ցի ծա­ռա­յու­թեանց խա­փա­նու­մը, սղա­ճը, ան­գոր­ծու­թիւ­նը ա­ռա­ւել վատ­թա­րա­ցու­ցին բնակ­չու­թեան ար­դէն իսկ ծանր վի­ճա­կը:

Հա­լէ­պի շր­ջա­փա­կու­մով թէ­եւ քա­ղա­քի բնակ­չու­թիւ­նը սո­վի չմատն­ո­ւե­ցաւ, պե­տա­կան պատ­կան կող­մե­րուն բա­ւա­րար պա­հեստ­ներ ա­պա­հո­ված ըլ­լա­լուն բե­րու­մով, սա­կայն ջու­րի, ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեան եւ վա­ռե­լա­նիւ­թի տագ­նապն ու սնն­թա­մ­թեր­քի ո­րոշ տե­սակ­նե­րու անգ­տա­նե­լիու­թիւ­նը ա­նել կա­ցու­թեան մատ­նե­ցին բնակ­չու­թիւ­նը:

Կ­՛ակն­կալ­ո­ւէր, որ նա­հան­գա­յին պա­տաս­խա­նա­տու­ներ քա­ղա­քի շր­ջա­փակ­ման հա­ւա­նա­կա­նու­թիւ­նը կան­խա­տե­սե­լով առն­ո­ւազն վա­ռե­լա­նիւ­թի պա­հեստ­ներ ա­պա­հո­ված ըլ­լա­յին, ջր­հոր­ներ փո­րե­լու կող­քին, ջու­րը բնակ­չու­թեան հա­սա­նե­լի դարձ­նե­լու հա­մար ջրա­բաշխ­ման նոր դրու­թիւն ստեղ­ծե­լու ջան­քեր ի գործ դրած ըլ­լա­յին, սա­կայն նման շտապ աշ­խա­տանք­ներ տե­ղի չու­նե­ցան եւ բնակ­չու­թիւ­նը ստիպ­ո­ւե­ցաւ ան­գամ մը եւս «իր գլ­խուն ճա­րին նա­յե­լու»:

Բա­րե­բախ­տա­բար սուր­ի­ա­կան բա­նա­կը, երկ­րի պահ­պան­ման հիմ­նա­կան ե­րաշ­խի­քը, ո­գի ի բռին պայ­քա­րե­ցաւ ու ա­հա­բեկ­չա­կան գրո­հա­յին­նե­րէն ա­զա­տագ­րեց դէ­պի Հա­լէպ մուտ­քի մի­ակ ճա­նա­պար­հը` Աս­րիէ-­Խա­նա­սէ­րի ու­ղին եւ դժ­ո­ւա­րու­թիւն­նե­րը սկ­սան աս­տի­ճա­նա­բար յաղ­թա­հա­րո­ւիլ:

Հա­մայն­քա­յին ա­ռու­մով եւս, թէ­եւ շա­րու­նակ­ուե­ցան ջրա­մա­տա­կա­րար­ման, սնն­դա­կո­ղով­նե­րու, վա­ռե­լա­նիւ­թի յա­տուկ նիւ­թա­կան եւ այլ օ­ժան­դա­կու­թիւն­նե­րու զա­նա­զան աշ­խա­տանք­նե­րը, սա­կայն ակն­կա­լե­լի էր քա­ղա­քի շր­ջա­փակ­ման ծանր պա­րա­գա­նե­րուն տակ մի­աս­նա­կան, հա­մադր­ո­ւած շտապ աշ­խա­տանք­նե­րու ցան­ցի մը ստեղ­ծու­մը` ա­ւե­լի ընդգր­կուն եւ ամ­բող­ջա­կան դարձ­նե­լու հայ բնակ­չու­թեան ջու­րի, վա­ռե­լա­նիւ­թի եւ այլ կա­րիք­նե­րու բա­ւա­րար­ման գոր­ծը:

Բա­րե­բախ­տա­բար քա­ղա­քի շր­ջա­փա­կու­մը վերջ գտաւ, այն­ո­ւա­մե­նայ­նիւ պա­տե­րազ­մը կը շա­րու­նակ­ո­ւի, իսկ պա­տե­րազ­մա­կան պայ­ման­նե­րու մէջ անհ­րա­ժեշտ է պատ­րաստ ըլ­լալ տա­րաբ­նոյթ դըժ­­ւա­րու­թիւն­նե­րու յաղ­թա­հար­ման ու, մա­նա­ւանդ, ծա­ռա­յո­ղա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը հա­մադ­րել ու ժա­մա­նա­կի պա­հանջ­նե­րուն հա­մա­պա­տաս­խա­նեց­նել` հնա­րա­ւո­րինս օգտ­ո­ւե­լու մեր նո­ւիր­եալ ծա­ռա­յող­նե­րու նե­րու­ժէն եւ ա­ւե­լի կազ­մա­կերպ ու տու­եալ պա­հի պա­հանջ­նե­րուն յա­րիր դարձ­նե­լու օ­ժան­դա­կու­թիւն­նե­րու աշ­խա­տան­քը:

Սուր­ի­ա­հայ գա­ղու­թի զա­ւակ­նե­րուն մի­աս­նա­կան ո­գի­ին շնոր­հիւ, հա­մայն­քը անց­նող չորս տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին կու­տա­կեց դի­մադ­րո­ղա­կա­նու­թեան ուժ եւ ճկու­նու­թիւն, կը մնայ յու­սալ, որ, ար­տա­կարգ պա­րա­գա­նե­րու հա­ւա­նա­կա­նու­թիւն­նե­րը տե­ւա­բար աչ­քի ա­ռաջ ու­նե­նա­լով, հա­մայն­քէն ներս տար­ո­ւող օ­ժան­դա­կու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րը դառ­նան ա­ւե­լի կազ­մա­կերպ, հա­մալր­ո­ւած ու ընդգր­կուն եւ դուրս գան հատ­ո­ւա­ծա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու պա­րու­նա­կէն:

Հա­մալր­ո­ւած ճի­գե­րով ա­ռա­ւել նպա­տա­կասը­լաց ու ար­դիւ­նա­ւէտ կը դառ­նան տա­րո­ւող աշ­խա­տանք­նե­րը:

ԶԱՐՄԻԿ ՊՕՂԻԿԵԱՆ - «­Գան­ձա­սար»