Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու 75ամեակին առիթով, 1989 Ապրիլ 29ին հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Վազգէն Ա. եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Գարեգին Բ. «կ’առաջարկէին շարունակել Ցեղասպանութեան զոհերու սրբադասման նախապատրաստական աշխա տանքները»։ Արդարեւ, նահատակներու կրօնական ոգեկոչման գաղափարը սկիզբ կ՚առնէր Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան (1918-1920) տարիներուն, երբ կառավարութիւնը արդէն պաշտօնապէս դիմած էր Գէորգ Ե. Կաթողիկոսին, որպէսզի մարտիրոսները ընդգրկուին Հայոց Եկեղեցւոյ պաշտամունքային օրացոյցին մէջ։
Նոյեմբեր 2014ին, զոյգ կաթողիկոսներու հովանաւորութեամբ կայացած Եպիսկոպոսական համաժողովը յայտարարեց, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերը պաշտօնապէս պիտի սրբադասուին 2015 Ապրիլ 23ին։ Հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի կ՚ունենար Սուրբ Էջմիածնի մէջ, ուր Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով Հայոց Եկեղեցւոյ նոր սուրբերը կը յայտարարուէին եւ կը մեծարուէին։
Սրբադասումը սրբութեան հռչակման վերջին հանգրուանն է - Հայոց Եկեղեցւոյ կողմէ վերջին սրբադասումը կայացած էր աւելի քան 500 տարի առաջ -, որով կը հաստատենք թէ անձ մը կամ խումբ մը կը նկատուին Աստուծոյ սրբութիւնը բաժնող եւ թէ անոնց կեանքը վկայութիւնն իսկ է Քրիստոնէական Աւետարանի (Christian gospel) ճշմարտութեան եւ վաւերականութեան։ Սուրբերը կը միանան Աստուծոյ եւ կը բաժնեն երկնային կեանքի յաւերժականութիւնը ամէն պղծութենէ հեռու՝ Աստուածային անվախճան կեանքի մը մէջ, եւ կը գտնեն իրական կեանքը Աստուծոյ կողքին։ Այս առումով հնագոյն ժամանակներէն սկսեալ իրենց օրինակելի կեանքով սուրբերը քրիստոնէութեան անբաժանելի մասնիկն են եւ իրենց յատկանշական տեղը ունին «մէկ, տիեզերական եւ առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ» վարդապետական, ծիսակատարական եւ պաշտամունքային աւանդութիւններուն մէջ։
Վերջին երեք տասնամեակներուն Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու սրբադասման հարցը յանձնուած էր զանազան յանձնաժողովներու եւ եկեղեցական պատասխանատուներու սեղմ շրջանակի մը։ Սրբացման աստուածաբանական ճշգրիտ իմաստը եւ անոր կապը՝ հաւատամքի եւ բարեպաշտութեան հետ, երբեք լայնօրէն չէ ներկայացուած հայ հաւատացեալին։ Նախ եւ առաջ սուրբերը սրբադասուած են հաւատացեալներուն համար։ Ցեղասպանութեան նահատակներուն սրբացումը չի նշանակեր անոնց «պատուոյ շքանշան» շնորհել, այլ զանոնք կը դարձնէ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ Հայց. Եկեղեցւոյ աւետարանչական եւ հոգեկրթական առաքելութիւնը շարունակելու ծառայող օրինակներ։ Արդեօք Ցեղասպանութեան զոհերու եկեղեցւոյ կողմէ սրբադասումը 100ամեակի առիթով «խորհրդանշական արժէ՞ք» մը կը ներկայացնէ միայն, թէ նոր սուրբերու հռչակումը պիտի ծառայէ որպէս բացառիկ առիթ մը վերանորոգելու եւ վերակենդանացնելու Հայց. Առաքելական Եկեղեցին՝ այս 21րդ դարուն։ Այս հարցադրումը լուրջ խորհրդածութեան կը կարօտի։
Քաղաքական
եւ աստուածաբանական հարցեր
Հիմա որ Ցեղասպանութեան նահատակները սրբադասուեցան, Հայոց Եկեղեցին կը գտնուի ծիսակատարողական հրամայականի մը առջեւ, այսինքն անոնք այլեւս զոհեր չեն, այլ Քրիստոսի յաղթականները։ Այլեւս չենք կրնար իրենց մահը ողբալու համար հոգեհանգիստներ կատարել, ինչպէս որ սովոր էինք։ Փոխարէնը Ս. Պատարագի ընթացքին պէտք է յիշենք իրենց անունները, խնդրելով անոնց միջնորդութիւնը եւ տօնելով իրենց յաղթանակը մահուան վրայ, Յիսուսի մէջ եւ Յիսուսի միջոցաւ։ Ցեղասպանութեան յիշատակութեան սգապատիր եւ տխուր մթնոլորտը այժմ պէտք է փոխարինուի «տօնակատարութեամբ»։ Զոհերը այլեւս զոհ չեն, այլ սուրբեր, որոնք կ՚ապրին Աստուծոյ փառքին համար, այսինքն միացած են Աստուծոյ՝ անվախճան կեանքի մը մէջ, զերծ ամէն պղծութենէ եւ գտած են Անոր ճշմարտութիւնը։ Ուրեմն՝ հարց կը ծագի, թէ արդեօք հայերը պատրա՞ստ են իրենք զիրենք նկատելու Քրիստոսի մահուան եւ յարութեան վկաներ, որու համար հարիւր հազարաւորներ իրենց կեանքը տուին - փոխանակ տեւաբար իրենք զիրենք զոհեր նկատելու։
Քաղաքականօրէն Ցեղասպանութեան 50ամեակէն ի վեր հայերը հաւաքաբար ընդհանրապէս ամբողջ աշխարհէն եւ յատկապէս Թուրքիայէն արդարութիւն կը պահանջեն Ցեղասպանութեան մէկ ու կէս միլիոն զոհերուն համար։
Մինչ զոհերուն սրբադասումը փաստօրէն (de facto) կը լուծէ անոնց կեանքի համար արդարութեան հարցը, եկեղեցւոյ սուրբերուն համար քաղաքական արդարութեան պահանջը կը մնայ խնդրայարոյց։ Առաւել, Թուրքիոյ հետ հողային հարցը կրնայ աւելի եւս կնճռոտիլ։ Ինչպէս սովորութիւն է այլ սուրբերու պարագային, արդեօ՞ք հայերու նահատակութեան վայրերը պէտք է որպէս սրբավայրեր նկատուին կամ՝ «Սուրբ Հողեր»։ Տակաւին շատ քաղաքական անուղղակի անդրադարձներ կան որոնք պէտք է ուշադրութեամբ քննարկուին։
Ցեղասպանութեան մարտիրոսներու սրբադասումը պէտք չէ բնաւ նկատուի որպէս 100ամեակի իրադարձութեանց յաւելեալ «փայլք» բերող եղելութիւն մը։ Նոյնիսկ եթէ Թուրքիան եւ աշխարհի ուրիշ երկիրներ կը շարունակեն ժխտել Ցեղասպանութիւնը, սրբադասումը պէտք չէ նկատուի իբրեւ այս ուրացման հակադարձ պատասխան մը եւ մեր զայրոյթին մէջ մեր զոհերը մեծարելու գերագոյն ճիգ մը, զանոնք որպէս սուրբեր յայտարարելով։
Մեր զոհերուն հանդէպ անարդարութիւն պիտի ըլլայ նկատի չառնել անոնց Քրիստոսի համար նահատակութիւնը եւ ասոր անդրադարձը մեր կեանքերուն վրայ որպէս անհատներ եւ որպէս ազգ։ Եկեղեցւոյ սուրբերը «ինչպէս աշխարհիկ կեանքի երեւելիները այսօր» պաշտամունքի առարկաներ եւ հետեւելու արժանի օրինակներ են։ Հայ քրիստոնեաները պէտք է կարենան յայտնաբերել սուրբերու արժանիքները եւ հետեւիլ անոնց «երկնային թագաւորութեան» հասնելու օրինակին։ Ցեղասպանութեան զոհերու սրբադասումը՝ անոնց Հայ Եկեղեցւոյ առաքելութեան եւ ընդհանրապէս Աւետարանի քարոզչութեան միջոցաւ Քրիստոսի վկայութեան յաւիտենականացումն է։
Դոկտ. ՀՐԱՉ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆ
- Օքսֆորտ համալսարանի հետազօտող