Ֆրանսայի Նափոլէոն կայսրը ֆրանսական բանակին մէջ ներառած էր շարք մը օտարազգիներէ բաղկացած զօրախումբեր։ Անոնց շարքին էին նաեւ հայեր։ Մեմլուքները արաբական կայսրութեան շրջանին բռնագրաւուած երկիրներէ գերեվարուած եւ բռնի իսլամացուած ստրուկներ էին, որոնք կեդրոնացած էին Եգիպտոսի մէջ: Աբխազ, չերքէզ,
թուրք, վրացի, հայ, յոյն եւ ղպտի ռազմունակ ստրուկներէ կազմուած եգիպտական մեմլուքներու զօրաբանակը ժամանակի ընթացքին վերածուեցաւ կանոնաւոր հեծելազօրքի: Եգիպտոսի մէջ, Մեմլուքները 1250-1517ին Եգիպտոսի իշխանութեան ղեկը իրենց ձեռքը առին: 1798ի Յուլիս 21ին, «Բուրգերու ճակատամարտ»ին, Նափոլէոն պարտութեան մատնեց եգիպտացիներու մեմլուքներու բանակը եւ գերի վերցուց բազմաթիւ մեմլուք զինուորականներ: Նափոլէոն գերեվարուած մեմլուքներէն կազմեց նոր զօրասիւն մը՝ զայն անուանելով «Հանրապետութեան մեմլուքներ»ու զօրախումբը: Նափոլէոնի բանակին մէջ ծառայեցին շատ մը հայ «մեմլուք»ներ, որոնցմէ մեմլուք Ռուստամը պիտի դառնար Նափիլէոնի անձնական թիկնապահը:
Ստորեւ՝ 1986ին հրատարակուած Արտաշէս Քարտաշեանի գիրքէն քաղուած Նափոլէոնի բանակին մաս կազմած հայ մեմլուքներու մասին կարգ մը տեղեկութիւններ: Ուշագրաւ է, որ հայ «մեմլուք»ներուն մէջ մեծ է թիւը ղարաբաղցիներուն:
ԱԶԱՐԻԱ ԿՐՏՍԵՐ
Ծնած է 24 Փետրուար 1787ին, Ղարաբաղ։ 14 մարտ 1806ին դարձած է աւագ լէգէոնական։ Մասնակցած է 1086-1809 երկարող արշաւներուն։ Մահացած է 24 Յունուար 1812ին, Մելունի մէջ։
ԴԱՆԻԷԼ ՄԻՐԶԱ ԿՐՏՍԵՐ
Ծնած է 30 Մարտ 1784ին, Շուշի։ Զաւակն է Յովհաննէսի եւ Ազիզի։ 14 Մարտ 1806ին կը դառնայ լեգէոնական։ Մասնակցած է 1806-1815 երկարող արշաւներուն։ Կայսրէն օժիտ ստացած է։
ՀԱՅԱՍՏԱՆՑԻ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ
Ծնած է 12 Սեպտեմբեր 1781ին, Շուշի։ Զաւակն է Փիերի եւ Մարկրիթի։ 14 Մարտ 1806ին դարձած է լեգէոնական։ Մաթարիյէի ճակատամարտի ընթացքին ձախ զիստէն գեղարդի հարուած մը ստանալով վիրաւորուած է։ Օսթերլիցի ճակատամարտին ձախ ականջին մօտ գլուխէն փամփուշտ մը ստանալով վիրաւորուած է։ 29 Դեկտեմբեր 1808ին, Պենավանթէի մէջ սուրի չորս հարուած ստանալով կը վիրաւորուի։ Մասնակցած է 1806-1811 երկարող արշաւներուն։ Մահացած է Մարսէյլի մէջ 1 Օգոստոս 1813ին։
ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ ԱՆՏՈՒՆԻ
Ծնած է 15 Մարտ 1781ին, Շուշի։ 14 Մարտ 1805ին դարձած է լեգէոնական։ 1806-1812 մասնակցած է արշաւներու։ 9 Դեկտեմբեր 1812ին, Ռուսիայէն նահանջի ընթացքին, կորսուած է։
ԱԶԱՐԻԱ ԵՐԷՑ
Ծնած է 15 Հոկտեմբեր 1782ին, Թիֆլիս։ 16 Փետրուար 1807ին դարձած է գնդապետ։ Մասնակցած է 1806էն 1814 երկարող արշաւներուն։ Ծանրօրէն վիրաւորուած է։ Ապա 16 Մայիս 1815ին վերադարձած է բանակ։5 Յուլիս 1815ին, հիւանդ ըլլալով մնացած է Փարիզի մէջ։
ՄՈՒՍԹԱՖԱ ՊԱՂՏՈՒՆ
Ծնած է 2 Փետրուար 1777ին Պաղտատ։ Հայ է։ Մասնակցած է 1806էն 1813 երկարող արշաւներուն։ 27 Օգոստոս 1813ին սպաննուած է Տրեստի մէջ։
ԱՆԹՈՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ
Ծնած է 1 Փետրուար 1759ին, Եաֆա։
ՄԵԾ ՀԱՅՔԷՆ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ
Ծնած է 15 Յունուարին, Հայաստան։ Մահացած է Մելունի հիւանդանոցին մէջ։
ՓՈՔՐ ՀԱՅՔԷՆ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ
Ծնած է Հայաստան 17 Մայիս 1782ին։ Ձախ այտին վրայ սպի ունէր։ Մահացած է Մարսէյլ 15 Նոյեմբեր 1808ին։
ԺԱՆ ՄԱՐՏԻՐՈՍ
Ծնած է 18 Փետրուար 1786ին, Հայաստան։ Յունական լեգէոնի անդամ։
ԺՈԶԵՖԼԻԽ ԱԼՄԱՆԵԱՆ ԿՐՏՍԵՐ
Ծնած է 1 Յունուար 1781ին, Հայաստան։ Մահացած է 1 Փետրուար 1808ին Մարսէյլի մէջ։
ՄԻՐԶԱ ԵՐԷՑ
Ծնած է 1 Հոկտեմբեր 1782ին, Հայաստան։
ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ ՊԱՂՏԱՍԱՐ
Ծնած է 22 Հոկտեմբեր 1775ին, Հայաստան։ Մասնակցած է 1806էն 1815 երկարող արշաւներուն։ Մահացած է 1 Նոյեմբեր 1815ին։
ՓԵԹՐՈՒՍ
Ծնած է 27 Մարտ 1765ին, Ուերաքեմ, Հայաստան։ Մասնակցած է 1806-1807 ի արշաւներուն։ 11 Մարտ 1808ին անցած է Իտալիոյ փոխարքայ Էօժեն Նափոլէոնի անձնական ծառայութեան։
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԿԻՐՊԱՆ
(Նախանձոտ Ժանը) ծնած է 1 Մայիս 1779ին, Կեսարիա, Հայաստան։ Մահացած է 13 Յունուար 1807ին Վարշաւիոյ մէջ։
ԺՈԶԷՖ ՍԵՐԱ
Ծնած է 17 Փետրուար 1790ին (կամ 1791ին)։ Զաւակն է Ժոզէֆի եւ Մարիի։ Մասնակցած է 1810-1812 երկարող արշաւներուն։ 16 Հոկտեմբեր 1812ին գերեվարուած է Մոսկուայի մէջ։ 10 Յունուար 1815ին բանտէն ազատ արձակուելով վերադարձած է Ֆրանսա։ Մասնակցած է 1815ի արշաւին։ Մահացած է 4 Նոյեմբեր 1815ին։
ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ ԺՈԶԷՖ
Ծնած է 15 Փետրուար 1759ին, Հայաստան։
ՌՈՒՍԹԱՄ ՐԱԶԱ
Ան Նափոլէոնի հռչակաւոր թիկնապահ մեմլուքն է։ Թիֆլիս ծնած հայ մըն է։ Զաւակն է Ռազա Յոնանի եւ Վարիի կամ Վարիայի։
ԹՈՄԱՍ
1790ին Սալմաստ ծնած հայ մըն է։ Զաւակն է Լազարի եւ Մարիի։ Զինուորագրուած է 24 Փետրուար 1814ին։ 1813ին մեմլուքներու կողքին մասնակցած է արշաւին։ 18 Յուլիս 1814ին (սխալմամբ) կարծուած է անյայտ կորած։ Վերազինուորագրուած է 2 Մայիս 1815ին։ Բանակէն հանգստեան կոչուած է 1 Նոյեմբեր 1815ին։