Սիրելիներ,
Ուրախութեամբ կը կարդամ ձեր գրածները, որոնք լոյս կը տեսնեն հայկական մամուլին մէջ եւ կամ առանձին հատորներով, ըլլան անոնք արձակ կամ  բանաստեղծութիւն։
Կը գնահատեմ հայերէնով արտայայտուելու ձեր սէրն ու եռանդը, որոնք յուսադրիչ երեւոյթներ են մեր ազգային կեանքին մէջ, մանաւանդ Սփիւռքի տարուէ տարի տժգունող իրականութեան մէջ։


Ազգային զօրաւոր կամք ունեցող  օրինակելի աղջիկներ ու մանչեր էք դուք, որ բախտը ունեցած էք հայկական դպրոց յաճախելու եւ կամ հայկական միջավայրի մէջ - ընտանիք եւ ընկերային կեանք - կազմաւորուելու, հայկական ոգիով ամրանալու։
Ամէն անգամ երբ նոր գրութիւն մը կը կարդամ ձեզմէ, կը հրճուի հոգիս ու մեր երիտասարդ սերունդին հանդէպ իմ ունեցած հաւատքս, աւելի ու աւելի կը զօրանայ։
Ու որպէս հայկական վարժարաններու երկար տարիներու դաստիարակ ու տնօրէն, անշուշտ իրաւունքը ունիմ այդ հրճուանքը վայելելու,  երբ երբեմն դէմ յանդիման գամ աշակերտուհիիս կամ աշակերտիս ստորագրութեան։
Այսպիսի յուսատու ապրումներ կը պատճառէք դուք ինծի, երբ ձեր ձայնը կը լսեմ եւ կամ ձեր գրածները կը կարդամ՝ ինծի հասած Հալէպէն, Պէյրութէն, Պոլսէն, Աթէնքէն, Թորոնթոյէն, Մոնթրէալէն ու այլ հայաբնակ ու հայադրոշմ քաղաքներէն, երբեմն նոյնիսկ Երեւանէն։
Հոս ՝ առայժմ անուններ չեմ տար, բայց դուք լաւ գիտէք թէ որու ուղղուած են այս անկեղծ մտորումներս։ Դուք զիս կը ճանչնաք, ինչպէս ես ձեզի։
Դուք գնատատուելու եւ գովաբանուելու համար չէք գրեր։ Պէտք չէ որ գրէք։ Անոնք սնամէջ ու անցողական փառաբանութիւններ են, որոնք ոչ մէկ կապ ունին ճշմարիտ գրականութեան հետ, որ ձերը պէտք է դարձնէք։
Ժամանակը՝ ամէն բանի մէջ ու յատկապէս արուեստի մէջ, ամենաարդար դատաւորն է։ Ու գրականութիւնը արուեստ է ու միտք, որ իրական, ապրուած կեանքէն պէտք է ծնունդ առնէ։
Ձեր զգացումները, ձեր ապրումները, ձեր մտորումները, ձեր ապրած կեանքը վերջապէս, մեծասքանչով թուղթին յանձնելը, հաւատացէ՛ք, յաղթանակ մըն է , զոր կþարձանագրէք ձեր կեանքին տեւողութեան։ Հպարտ զգացէք ձեր յաղթանակով։ Եւ լաւ իմացէք, որ ձեր յաղթանակը, ներկայիս, մեզի պէս երէցներուն ու առհասարակ հայապաշտ ու լուրջ գրասէրներուն կողմէ, անտես առնուելիք յաղթանակ մը չէ։
Բեղուն, տոկուն ու մեսրոպապաշտ բարի երթ կը մաղթեմ ձեզի հայ գրականութեան անդաստանէն ներս։ Ուրախ ու երջանիկ կեանքով ապրեցէք դուք։
Հոս՝ ձեր ներողամտութեամբ, օրէնքիս դէմ դուրս պիտի գամ ու պիտի յիշատակեմ  երիտասարդ աղջկան մը անունը, որ կþապրի եւ կը ստեղծագործէ Մոնթրէալի մէջ, որ տարիներ առաջ շրջանաւարտ եղած է տեղւոյն Ս. Յակոբ վարժարանէն։
Երեւանի մէջ հրատարակուող ու Հայաստանի գրողներու միութեան ձայնը հանդիսացող «Գրական Թերթ»ին մէջ լոյս տեսած (18 Նոյեմբեր, 2011) «Զգայապաշտ Հանդիպում» վերնագրով, այս աղջկան մէկ գրութիւնն է որ պատճառ դարձաւ այս յօդուածիս։
Ուշիէն, մեր բնակութեան գլխաւոր վայրէն, մշակութային գործով Երեւան իջած էինք։ Ըստ սովորութեան, հանդիպեցանք բարեկամիս, գրող Արշակին, որ ամէն Ուրբաթ «Գրական Թերթ» մը ձեռք ձգելով պահ կը դնէ ինծի համար, յարմար առիթով ինծի փոխանձելու։ Ան թերթերը յանձնած ատեն, վերջին թիւին 3-րդ էջը բանալով ըսաւ.
- Ճանաչո՞ւմ էք այս աղջկան։ Գանատայից է։ Հասուն եւ իմաստուն գրող է։ Հարկ է քաջալերել եւ գուրգուրալ նրան։
Արշակը գրական  զօրաւոր հոտառութիւն ունի։ Միշտ յարգած եմ իր կարծիքները գրականութեան կամ գրողներուն մասին։ Ինք՝ ազգային ջիղ ունեցող գրող է, որ գոյութիւն ունեցող «անուանացանկին» մաս չէ կազմած երբեք, սովետական համակարգէն սկսեալ, որուն մինչեւ օրս, թունդ ու ծայրայեղ հակառակորդ մըն է։
Հապճեպ ակնարկ մը նետեցի անունին ու խորագրին վրայ։ Փոքր լուսանկարը, որ գրութեան ձախին զետեղուած էր, անծանօթ էր ինծի։ Անունը սակայն յիշեցի։ Թորոնթօ եղած օրերուս, մեր «Հորիզոն» շաբաթաթերթի ամսական գրական յաւելուածին մէջ, իրմէ գրութիւններ կարդացած էի ու գնահատականս յայտնած ժամանակին՝ թերթի խմբագիր՝ Վրէժ Արմէնին ու տեղեկութիւններ ուզած այս անսովոր անունին մասին։ Սկիզբը նոյնիսկ մտածած էի, որ ան գրչանուն մըն է, որուն ետին պահուըտած իմաստը ջանացած էի վերծանել՝ Լորա Փաթաքֆալուի…
- Այո՛, ծանօթ է ըսի, իմ պատասխանիս սպասող Արշակին։ Իսկապէս լաւ կը գրէ։ «Հորիզոն»ի գրական յաւելուածի երիտասարդական խմբակի անդամ է։
- Կարդացէ՛ք, կարդացէ՛ք, հասուն գրող է։ Իմ գնահատանքը փոխանցէք նրան, շարունակեց Արշակ ու թերթը տուաւ ինծի։
Երբ Ուշի վերադարձանք, կարդացինք Լորային գրածը, որ յաջող հակազդեցութիւն մըն է, բնական առաջարկի մը, հինգ զգայարանքներու մասնակցութեամբ…
Լորային լեզուամտածողութիւնը հայկական է եւ զուրկ է օտար լեզուներու ազդեցութենէն, ըլլան անոնք ոճային թէ արտայայտչական։ Ան ոչ միայն հայերէն կը գրէ, այլ հայերէն կը մտածէ։ Հայկական ակունքներուն հետ, մտերիմ յարաբերութեան մէջ է։ Գնահատելի եւ օրինակելի երեւոյթ մըն է այս մէկը։ Կ'արժէ կարդալ զայն։
Ապրիս աղջիկս։ Շարունակէ գրել։
Ճիշդ ես սիրելի Լորա, որ մեր կեանքի տեւողութեան մեզի ուղղուած  ամէն առաջարկի պատասխանը պէտք է մեր զգայրանքներէն անդին գտնուի, սակայն սրտին յուշածը դժուար է շրջանցել։
Կարդացինք նաեւ «Գրական թերթ»ին կողմէ, նկարին կողքին գրուած ծանօթութիւնը, որ արդարացի կերպով կþըսէր,- «Լորա Փաթաքֆալուի ծնուել է Գանատայում, հունգարացի հօր եւ հայ մօր ընտանիքում։ Ստացել է հայկական կրթութիւն, ստեղծագործում է միայն հայերէն՝ լինելով աննախադէպ մի երեւոյթ, աւելի եւ աւելի օտարախօս եւ օտարագիր դարձող սփիւռքահայ իրականութեան համար»։
Շիտակ խօսքին դէմ, ո՞վ կրնայ հակառակը ըսել։

Մարգար Շարապխանեան
Ուշի