Անցեալ շա­բաթ ներ­կայ ե­ղանք եր­կու ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու, ուր մե­ծա­րո­ւե­ցան սփիւռ­քա­հայ եր­կու գրող­ներ՝ ար­ձա­կա­գիր Մով­սէս Պ­չաք­ճեան եւ բա­նաս­տեղծ Զահ­րատ։

Նո­յեմ­բեր 3ի կէ­սօ­րին, սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թիւ­նը գրող Մով­սէս Պ­չաք­ճեա­նը պա­տո­ւեց շքան­շա­նով մը։ Մօտ 40 հո­գի խռնո­ւած էին սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան սե­նեակ­նե­րէն մէ­կուն մէջ, ձո­ւա­ձեւ սե­ղա­նի մը շուրջ։ Մուտք գոր­ծեց նա­խա­րար Հ­րա­նոյշ Յա­կո­բեան եւ գրա­ւեց իր դիր­քը սե­ղա­նին գլու­խը։ Ան խօ­սե­ցաւ Մով­սէ­սի ու­սուց­չա­կան, ե­կե­ղե­ցա­սի­րա­կան եւ գրա­կան գոր­ծու­նէու­թեան մա­սին, դրո­ւա­տեց զայն եւ ա­պա ա­նոր յանձ­նեց Ո­ւի­լեամ Սա­րո­յեա­նի ա­նո­ւան նա­խա­րա­րու­թեան մե­տա­լը։ Այս առ­թիւ խօսք ա­ռին Մե­րու­ժան Տէր-­Գու­լա­նեան, Սու­րէն Դա­նիէ­լեան, Թո­րոս Թո­րա­նեան, Մար­գար Շա­րապ­խա­նեան, Գ­րի­գոր Ջա­նի­կեան, Վա­հագն Սարգ­սեան եւ նա­խա­րա­րի տե­ղա­կալ Սերժ Ս­րա­պիո­նեան։ Բո­լորն ալ շնոր­հա­ւո­րե­ցին Մով­սէ­սը եւ անդ­րա­դար­ձան իր վաս­տա­կին եւ խրա­խու­սե­ցին զինք, որ շա­րու­նա­կէ գրել։ Վեր­ջա­ւո­րու­թեան խօսք ա­ռաւ Մով­սէ­սը, շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց նա­խա­րա­րին եւ խոս­տո­վա­նե­ցաւ, որ ո­րոշ ժա­մա­նա­կէ ի վեր դադ­րած էր գրե­լէ, ա­ռող­ջա­կան պատ­ճառ­նե­րով, սա­կայն հի­մա ա­ւե­լի լաւ կը զգայ եւ պատ­րաստ է կրկին ստեղ­ծա­գոր­ծե­լու։

Կը զար­մա­նամ, որ ոչ ոք կ’անդ­րա­դառ­նայ Մով­սէ­սի իւ­րա­յա­տուկ լե­զո­ւին եւ ար­տա­յատ­չա­կան ո­ճին, որ ըստ ինձ, իր ա­մէ­նէն յատ­կան­շա­կան ա­ռա­ւե­լու­թիւնն է...

Հա­ւա­քէն ետք, մտանք նա­խա­րա­րի աշ­խա­տա­սե­նեա­կը, որ փոքր թան­գա­րա­նի մը տպա­ւո­րու­թիւ­նը կը ձգէ։ Ս­փիւռ­քի տա­րած­քին իր շրջա­գա­յու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին նա­խա­րա­րի ստա­ցած յու­շա­նո­ւէր­նե­րը դա­սա­ւո­րո­ւած են պա­տե­րուն վրայ, սե­ղա­նիկ­նե­րու վրայ եւ նոյ­նիսկ պա­տե­րուն տակ։ Այս յու­շա­նո­ւէր­նե­րու աշ­խար­հագ­րու­թիւ­նը այն­քան այ­լա­զան է, որ ինք­նա­բե­րա­բար կը տխրինք։ Աշ­խար­հի զա­նա­զան ան­կիւն­նե­րը ծո­ւա­րած հա­յե­րը, այս­պէս թէ այն­պէս, տա­կա­ւին կը կառ­չին ի­րենց ինք­նու­թեան...

Նո­յեմ­բե­րի 5ին, Գ­րող­նե­րու Միու­թեան Տան մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ պոլ­սա­հայ յայտ­նի բա­նաս­տեղծ Զահ­րա­տի ծննդեան 90ա­մեա­կին նո­ւի­րո­ւած մի­ջո­ցա­ռում մը, մէկ տա­րի ու­շա­ցու­մով։ Բա­նաս­տեղ­ծի կնոջ` Ա­նա­յի­սի ներ­կա­յու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­լու հա­մար ե­ղած է այս ու­շա­ցու­մը։ Յո­բե­լեա­նը կազ­մա­կեր­պո­ւած էր Գ­րող­նե­րու Միու­թեան եւ սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ։

Ձեռ­նար­կը տե­ղի ու­նե­ցաւ Գ­րող­նե­րու Միու­թեան Տան մեծ սրա­հին մէջ։ Բե­մին խոր­քը փակ­ցո­ւած Զահ­րա­տի նկա­րը մտա­ծել կու տայ ին­ծի, որ իս­կա­պէս վա­յե­լուչ եւ գե­ղա­դէմ ե­ղած է ան։

Ձեռ­նար­կը տե­ւեց եր­կու­քու­կէս ժամ։ Ո­մանք չսպա­սե­ցին ա­նոր ա­ւար­տին սրա­հը լքե­լու հա­մար։ Ափ­սո­սա­ցինք, որ մեր ժա­մա­նա­կա­կից բա­նաս­տեղծ­նե­րը, գրաքն­նա­դատ­ներն ու մտա­ւո­րա­կան­նե­րը ներ­կայ չէին։ Ս­րա­հը մե­ծաւ մա­սամբ լե­ցո­ւած էր ե­րի­տա­սարդ­նե­րով, հա­ւա­նա­բար բա­նա­սի­րա­կա­նի ու­սա­նող­ներ։ Զահ­րա­տը լայն ճա­նա­չում ու­նի հոս եւ լաւ համ­բաւ կը վա­յե­լէ։ Ար­դե­՞օք, Գ­րող­նե­րու Միու­թե­նէն օ­տա­րա­ցու­մով կա­րե­լի է բա­ցատ­րել այս բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը։ Միայն Պո­լի­սէն յա­տուկ այս ա­ռի­թով ե­կած յայտ­նի աս­մուն­քող` Սիլ­վա Կո­մի­կեա­նի Զահ­րա­տի բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րուն մեկ­նա­բա­նու­թիւ­նը լսե­լու հա­մար իսկ, կ­՛ար­ժէր ներ­կայ ըլ­լալ։ Ան թա­փան­ցած է բա­նաս­տեղ­ծի գոր­ծին էու­թեան եւ պարզ ու հա­ղոր­դա­կան ո­ճով կեն­դա­նա­ցուց Զահ­րա­տի բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րը։

Հան­դի­սա­վա­րը եւ գլխա­ւոր բա­նա­խօ­սը Գ­րող­նե­րու Միու­թեան քար­տու­ղար Պետ­րոս Տէ­միր­ճեանն էր, որ ար­ժե­ւո­րեց բա­նաս­տեղ­ծի վաս­տա­կը եւ անդ­րա­դար­ձաւ ա­նոր իւ­րա­յատ­կու­թիւն­նե­րուն։ Խօսք ա­ռին Գ­րող­նե­րու Միու­թեան նա­խա­գահ է­դո­ւարդ Մե­լի­տո­նեան, սփիւռ­քի նա­խա­րա­րի տե­ղա­կալ Սերժ Ս­րա­պիո­նեան, ե­րաժըշ­տա­հան Տիգ­րան Ման­սու­րեան, գրող եւ թարգ­մա­նիչ Ա­րեւ­շատ Ա­ւա­գեան, հա­լէ­պա­հայ գրող Թո­րոս Թո­րա­նեան եւ գրա­կա­նա­գէտ Սու­րէն Դա­նիէ­լեան։

Իր սրտի խօս­քը ը­սաւ նաեւ գրո­ղի կի­նը` Ա­նա­յիս Եալ­տըզ­ճեան, որ Պո­լի­սէն Ե­րե­ւան ժա­մա­նած էր այս ա­ռի­թով։ Ա­մէն ան­գամ, որ կը հան­դի­պիմ մա­հա­ցած գրո­ղի մը այ­րիին, որ իր կեան­քի նպա­տա­կա­կէ­տը դար­ձու­ցած է իր հան­գու­ցեալ ա­մուս­նոյն ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը միշտ կեն­դա­նի պա­հե­լը, կը յու­զո­ւիմ։ Ն­ման ե­րե­ւոյթ­ներ շատ են մեր ժա­մա­նա­կա­կից ի­րա­կա­նու­թեան մէջ։

Մաս­նա­գէտ չեմ, բայց ին­ծի կը թո­ւի, որ Զահ­րատ այն քի­չե­րէն է եւ թե­րեւս միա­կը, որ յա­ջո­ղե­ցաւ բա­նաս­տեղ­ծա­կան նոր շար­ժում­նե­րը ան­ցը­նել իր հո­գիի եւ հայ­կա­կան ա­ւան­դու­թեանց ու լե­զո­ւի բո­վէն եւ ստեղ­ծեց ու­րոյն վաս­տակ եւ աշ­խարհ։ Հե­տե­ւա­բար, ան հե­տե­ւորդ չէ այլ ա­ռաջ­նորդ՝ իր ընտ­րած ձե­ւին եւ բո­վան­դա­կու­թեան մէջ։ Այս ա­ռի­թով կրկին կը հա­ղոր­դո­ւինք իր բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րուն եւ իր խո­րունկ միտք բա­նիին հետ։ Հա­մա­ցան­ցին վրայ կը գտնենք աս­մուն­քող­նե­րու ամ­բողջ հոյլ մը, որ փոր­ձած է մեկ­նա­բա­նել զինք։

Է­լիզ Շա­րապ­խա­նեան