Յաճախ երբ Զահրատի մասին մտածեմ ու զինք փնտռեմ գրադարանիս մէջ, ընթերցումներուս ու երեւակայութեանս ազդեցութեանց տակ մտովին կը ճամբորդեմ Պոլիս ու կը մտաբերեմ իր տարեկիցներն ու գրչակիցները, որոնց մէջ կ՛իյնան նաեւ իր նախորդ մօտակայ սերունդի սքանչելի տղաքը, որոնք հիմնա
դիրները հանդիսացան յետ-եղեռնեան Պոլսահայ գրականութեան: Միտքս կու գան մանաւադ Կարպիս Ճանճիկեանը եւ Հայկազուն Գալուստեանը, որոնք նորաոճ փոքր ու իմաստալի քերթուածներով, իրենց բնատուր ապրումները տուին եւ նոր ուղի բացին Պոլսահայ արդի բանաստեղծութեան մէջ: Իրենց նորարարութիւններուն հետեւեցան նաեւ երիտասարդ ուրիշ բանաստեղծներ:
Ամէն անգամ, երբ Զահրատ կարդամ, ինքնաբերաբար միտքս կուգան Ռոպէր Հատտէճեանն ու Զարեհ Խրախունին: (Առաջինը՝ արձակագիր, երկրորդը՝ բանաստեղծ): Հատտէճեանին հանդէպ հիացում ունիմ: Իր վաստակը միշտ ներկայ է գրադարանիս մէջ: Հատտէճեան իր վէպերով, իր Յուշատետրերով, իր գրական յուշագրութիւններով ու քննադատութիւններով, իր հոյակապ լեզուով, իր «Մարմարա»յով, ուղղակի զարմացուցած է զիս զմայլանք պատճառելու աստիճան, երկար տարիներէ ի վեր: Իր վաստակին առջեւ անվերապահ խոնարհումի արժանի է ան: Սակայն ինչ մեղքս պահեմ, Խրախունիէն շատ գիրք չունիմ: Իրեն ծանօթ եմ սակայն, ինչպէս նաեւ իր բանաստեղծութեանց, որոնք արդարեւ խորիմաստ բանաստեղծութիւններ են: Իսկ Զահրատը, առանց բաղդատականի, ուրիշ գիծ է: Ան ունի մտածելու իր ինքնուրոյն եղանակը, գրելու ոճը, որ իր ընթերցողը յաճախ անակնկալի կը բերէ: Այսպէս է իրաւ գրականութիւնը: Ամէն գրող իր սեփական աշխարհն ու արտայայտուելու ոճը ունի: Կեանքը ընբռնելու իր յատուկ կարողութիւնը, որ անձնական է, անկասկած: Գրականութեան մէջ ճշմարտութիւնը աւելի գեղեցիկ է քան ինքը ընդունուած գեղեցկութիւնը, որուն «գեղեցիկ գրականութիւն» անունը կը տրուի, փոխանակ զայն ճշմարիտ եւ իրաւ գրականութիւն կոչելու, որ խորքին մէջ մարդուն կեանքն է: «Արուեստը արուեստի սիրոյն» եւ կամ գեղեցկութիւնը գեղեցիկի սիրոյն բացատրութիւնները իմ նախընտրած գրկանութեանց մէջ աննպատակ են ու անտեղի: Ամէն բանէ աւելի անոնց մէջ գտնուող իրական ու գոյութիւն ունեցող կեանքն է, որ գնահատելի է ինծի համար: Քանի մը օրով ու առիթով, վերստին Զահրատով կլանուած մնացի: Ահա՛ իմ հասկցած ու հաւատացած Զահրատը:
ՄԱՐԳԱՐ ՇԱՐԱՊԽԱՆԵԱՆ – Ուշի, Հայաստան
Զահրատի անթառամ յիշատակին
Անուն մը.
մարդ մը.
բանաստեղծ մը,
որ անսովոր իր տաղերով
հիմնաքար մը դրաւ
արդի հայ բանաստեղծութեան մէջ:
Հպարտացանք իրմով
ու այդպէս ալ կը մնանք տակաւին:
Գրասէր նոր սերունդը,
երբ իր գործին ծանօթանայ,
չի կրնար տարբեր
զգացումներ ունենալ:
Զահրատն եկաւ ու չգնաց,
այլ եկաւ ան ու մնաց:
Մեծ էր ան
ու մեծ ալ պիտի մնայ
որքան որ հայը փարած մնայ
Հայ Գրին ու Մտքին:
Մեծարել Զահրատը
կը նշանակէ մեծարել հայ գրականութիւնը:
Հպարտ զգանք հայ գրականութեամբ,
հպարտ զգանք հայ մտքի սպասարկուներով,
զի յաւերժ են անոնք
ու յաւերժ ալ պիտի մնան
որքան ատեն հայեր ըլլան:
Մեր անցողիկ կեանքին մէջ,
յաւիտենական շատ բան չկայ,
բացի Գիրէն, Մտածումէն, Գաղափարէն
ու Հայրենիքէն,
կը հաւատար Զահրատը անհունօրէն:
Մեղմ հեգնանքով
ու ժպիտով
մօտեցաւ ան կեանքին դէմ:
Բարի մարդոց ընկերն եղաւ,
չարերուն հետ գործ չունեցաւ:
Նոր սերունդին հետը եղաւ
ու մեծերուն խոնարհեցաւ,
որ բարձրութեան նշանն էր իր:
Բառախաղին վարպետն էր,
ու խաղին հետ այդ բառերուն,
ճշմարտութիւն ան բերաւ:
Կեանքէն բխող իրաւ բաներ,
երբեմն ծիծաղ,
երբեմն թախիծ,
ու երբեմն անաչառ սէր,
քողարկուած տուաւ մեզի
իր բառերով անկրկնելի:
Իր բառերուն տուած գոյնով
իմաստ տուաւ մեր կեանքին:
Կեանքը գործ է ու գործն ալ կեանք,
կ՛ըսէր ան:
Ճիշդ է որ ան հողին գնաց,
բայց իր գործով կեանքին մնաց:
Վստահ կերպով, ըսեմ ձեզի,
Հայ Գիրին մէջ, ան դեռ երկար
պիտի յիշուի:
ՄԱՐԳԱՐ ՇԱՐԱՊԽԱՆԵԱՆ 5 Նոյեմբեր 2Օ15