Ֆ­րան­սա­կան ­Դի­մադ­րու­թեան պատ­մու­թեան յատ­կա­ցո­ւած museedelaresistanceenligne.org կայ­քը կը ներ­կա­յաց­նէ գեր­մա­նա­ցի­նե­րու բռնագ­րա­ւու­մին դէմ ֆրան­սա­կան ­Դի­մադ­րու­թեան հե­րոս­նե­րէն Ա­լեք­սանտր ­Փել­թե­քեա­նի պատ­մու­թիւ­նը։

Ա­լեք­սանտր ­Փել­թե­քեան մաս կը կազ­մէ ­Դի­մադ­րու­թեան այն ան­դամ­նե­րուն, ո­րոնք ­Շո­լէ հա­սած են՝ փա­խուստ տա­լով մէկ այլ շրջա­նի մէջ ի­րենց նկատ­մամբ ծա­ւա­լած ­Կես­թա­փո­յի հե­տապն­դու­մէն։

«Ծ­նած է 10 ­Յու­նո­ւար 1912ին, ­Տէօրթ Եոլ (­Կի­լի­կիա): Ֆ­րան­սա­կան հպա­տա­կու­թիւն ստա­ցած է 22 ­Մա­յիս 1932ին»,- կը գրէ կայ­քը։ Բ. Աշ­խար­հա­մար­տի սկիզ­բը, ­Փել­թե­քեան ար­ձա­նագ­րո­ւե­լով ֆրան­սա­կան բա­նա­կին մէջ կը մաս­նակ­ցի պա­տե­րազ­մին։ 15 ­Մա­յիս 1940ին, ­Պել­ճի­քա­յի մէջ թշնա­միի զրա­հա­պատ մե­քե­նա­նե­րու յար­ձա­կու­մի մը ըն­թաց­քին կը վի­րա­ւո­րո­ւի, կը գե­րե­վա­րո­ւի եւ 19 ­Մա­յիս 1941էն մին­չեւ Օ­գոս­տոս 1941 կը բան­տար­կո­ւի ­Շար­լը­վիլ-­Մե­զիե­րի մէջ, ուր­կէ հե­տա­գա­յին փա­խուստ կու տայ։ 2 ­Յու­նիս 1943ին կը միա­նայ Ա­զա­տագ­րու­թիւն-­Հիւ­սիս շար­ժու­մին։

­Փետ­րո­ւար-­Նո­յեմ­բեր 1942ին, Ակ­տէի, ա­պա ­Նի­մի մէջ կը ղե­կա­վա­րէ հնդկա­չին աշ­խա­տա­ւոր­նե­րու 65րդ ­գու­մար­տա­կը։ Այդ պաշ­տօ­նէն կը հրա­ժա­րի եւ Ապ­րիլ 1943ին կը դառ­նայ ­Մար­սէյ­լի դի­մադ­րա­կան ու­ժե­րու ե­րի­տա­սար­դա­կան շար­քե­րու օգ­նա­կան պա­տաս­խա­նա­տու։ ­Կը մտա­ծէ Ալ­ճե­րիա անց­նե­լով միա­նալ Ա­զատ Ֆ­րան­սա­յի ու­ժե­րուն։ 26 Օ­գոս­տոս 1943ին ­Փեր­թու­սի մէջ կը ձեր­բա­կա­լո­ւի գեր­մա­նա­կան գաղտ­նի սպա­սար­կու­թեան՝ ­Կես­թա­փո­յին կող­մէ։ Կ­՚ար­գե­լա­փա­կո­ւի ­Փեր­փի­նիա­նի մէջ, ուր­կէ չորս ա­միս ետք կը յա­ջո­ղի փա­խուստ տալ։ ­Մա­յիս 1944ին կ­՚ա­պաս­տա­նի ­Շո­լէ, ուր մէկ այլ նախ­կին զի­նո­ւո­րա­կա­նի մը՝ ­Քո­լա­յի հետ կը կազ­մա­կեր­պէ Ա­զա­տագ­րու­թիւն-­Հիւ­սի­սի 20 ան­դամ­նե­րէ կազ­մո­ւած խմբակ մը։

26 Օ­գոս­տոս 1943ին, ­Հիւ­սի­սա­յին Ափ­րի­կէի մէջ Ա­զատ Ֆ­րան­սա­յի ու­ժե­րուն միա­նալ փոր­ձե­լուն ըն­թաց­քին, ­Փել­թե­քեան վերս­տին կը ձեր­բա­կա­լո­ւի ­Կես­թա­փո­յի կող­մէ։ ­Չորս ա­միս կը բան­տար­կո­ւի ­Սի­թա­տել տը ­Փեր­փի­նիա­նի մէջ եւ 31 ­Դեկ­տեմ­բեր 1943էն 1 ­Յու­նուար 1944 լուս­ցող գի­շե­րը, գնդա­կա­հա­րո­ւե­լուն նա­խօ­րեա­կին, կը յա­ջո­ղի կո­յու­ղի­նե­րու ճամ­բով փա­խուստ տալ։

17 Օ­գոս­տոս 1944ին, ­Շա­թի­յոն-սիւր-­Սեւ­րի մէջ գոր­ծո­ղու­թիւն մը ղե­կա­վա­րե­լով՝ կը յա­ջո­ղի ձեռք ձգել գնդա­ցիր­ներ եւ ձեռ­նա­ռում­բեր։ 26 Օ­գոս­տոս 1944ին, ­Սեր­քէօ-սու-­Փա­սա­ւա­նի մօտ յար­ձա­կում կը գոր­ծէ գեր­մա­նա­կան բա­նա­կի շա­րա­սիւ­նի մը թի­կուն­քը ա­պա­հո­վող ի­տա­լա­կան ու­ժե­րու վրայ։ ­Փել­թե­քեան ի­տա­լա­ցի­նե­րը կը գե­րե­վա­րէ եւ կը գրա­ւէ ա­նոնց զէն­քե­րը, ո­րոնց հետ իր զի­նեալ խմբա­կը 31 Օ­գոս­տոս 1944ին կը մաս­նակ­ցի ­Շո­լէի ա­զա­տագ­րու­թեան գոր­ծո­ղու­թեան։

30 ­Յու­լիս 1945ին, Ա­զա­տագ­րու­թիւն-­Հիւ­սի­սի շրջա­նա­յին պա­տաս­խա­նա­տու Ալ­ֆոնս ­Լես­թի­ւեց կը վկա­յէ, որ Ա­լեք­սանտր ­Փել­թե­քեան «քա­ղա­քի ա­զա­տագ­րու­թեան օ­րը պա­տի­ւը ու­նե­ցաւ ­Շո­լէի առ­ժա­մեայ հրա­մա­նա­տա­րը նշա­նա­կո­ւե­լու»։ ­Շո­լէի ա­զա­տագ­րու­թեան կո­մի­տէի նա­խա­գահ ­Ռո­ժէ ­Կուր­տոն 16 ­Յու­նո­ւար 1945ին կը վկա­յէ, որ ­Փել­թե­քեան այդ պաշ­տօ­նը վա­րած է մին­չեւ, որ քա­ղա­քա­յին եւ զի­նո­ւո­րա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը 31 Օ­գոս­տոս 1944ի ե­րե­կո­յեան շուրջ ժա­մը 7ին հաս­նին քա­ղաք՝ ա­ւելց­նե­լով, որ ­Փել­թե­քեան այդ պաշ­տօ­նը վա­րած է ի շահ ­Շո­լէի։

28 ­Սեպ­տեմ­բեր 1948ին, Ֆ­րան­սա­կան Ա­զատ ­Բա­նա­կին պատ­կա­նե­լու­թեան վա­ւե­րա­գիր մը կը նշէ, որ ­Փել­թե­քեան այդ ու­ժե­րուն մաս կազ­մած է 2 ­Յու­նիս 1943էն 31 Օ­գոս­տոս 1944 ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի ըն­թաց­քին։

­Հե­տա­գա­յին գնդա­պե­տի աս­տի­ճան ստա­նա­լով՝ ­Փել­թե­քեան կա­նո­նա­ւոր բա­նա­կին մաս կազ­մե­լով՝ Ֆ­րան­սա­կան Ա­զատ ­Բա­նա­կին հետ կը մեկ­նի ա­րե­ւելք։ Ա­պա ­Փետ­րո­ւար 1945ին կ­՚ու­ղար­կո­ւի Աւր, ուր պա­տե­րազ­մը կ­՚ա­ւար­տէ ­Ռան գե­տի վրայ զօ­րա­վար ­Փա­թը­նի հրա­մա­նա­տա­րու­թեան տակ գտնո­ւող ու­ժե­րուն մէջ։

Ան ստա­ցած է բազ­մա­թիւ պար­գե­ւատ­րում­ներ՝ ­Պա­տո­ւոյ լե­գէո­նի աս­պետ, զի­նո­ւո­րա­կան մե­տալ, պա­տե­րազ­մա­կան խաչ 39/45 եւ ար­տա­քին գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու թա­տե­րա­բեմ, ­Դի­մադ­րու­թեան մե­տալ, փախս­տա­կան­նե­րու մե­տալ, կա­մա­ւոր զի­նո­ւո­րի խաչ, ֆրան­սա­կան ե­րախ­տա­գի­տու­թեան մե­տալ եւ ­Դի­մադ­րու­թեան կա­մա­ւոր զի­նո­ւո­րի խաչ։

­Մա­հա­ցաւ 1992ին, Ֆ­րան­սա։