Գնումի համար շուկան կը շրջիմ, ութսունի մօտ կին մը դողդղալով կը փորձէ վերցուցած հացերը տոպրակին մէջ տեղաւորել, օգնութեան ձեռք կ՛երկարեմ, կը տեղաւորենք միասին, դէմքիս կը նայի ու չեմ գիտեր ինչպէ՞ս կը կռահէ. «Օտա՞ր ես, Հալէպէն ես, չէ՞». լեզուն արեւելահայերէն չէ, բայց ա րեւմտահայերէնն ալ յստակ չի խօսիր: «Այո» կ՛ըսեմ ու տարեցին աչքերը կը փայլին, կարծես երկար ժամանակէ ի վեր կարօտով յիշած բան մը տեսած ըլլար։ Երջանկութիւն կը զգամ անոր նայուածքին մէջ, կը ժպտի ու կը շարունակէ.-
Ես ալ Հալէպէն եմ, աղջի՛կս։ Մենք հոս եկանք 1946ի հայրենադարձներուն հետ։ Շատ դժուար տարիներ անցուցինք։ Ուտելու հաց իսկ չունէինք։ Հիմա այդ ժամանակներուն հետ բաղդատելով շատ լաւ է վիճակը, բայց նորէն ալ ապագայ չի խոստանար:
Հարցումներ կը տեղացնէ, բայց պատասխանները լսելով ժամանակ չ՛ուզեր կորսնցնել, կարծես խօսելով կ՛ուզէ իր յիշատակները վերապրիլ, ապա.-
Անունս Աննա է։ Մենք կը բնակէինք Կիւրինցիներուն քէմբը, հայրս Քասթալ Մուշտ թաղամասը սուրճի խանութ ունէր, ես Հայկազեան մանկապարտէզէն շրջանաւարտ եմ, դժբախտաբար չեմ յիշեր ուսուցչուհիներուս անունները, միայն կը յիշեմ մեր գանգրահեր արաբերէնի ուսուցչուհիին դէմքը, շատ սիրալիր էր։ Կը յիշեմ նաև մեր դպրոցին կից եկեղեցին՝ Քառասուն Մանուկ էր, չէ՞, անունը (գլխով այոս տեսնելով կը կրկնապատկէ ժպիտը), շաբաթը մէյ մը եկեղեցի կ՛առաջնորդէին մեզ մեր ուսուցչուհիները...:
Կ՛ընկերակցի ինծի, կը փափաքի ձեւով մը օգնել, ցոյց կու տայ յարմարագոյն եւ թարմագոյն մթերքները, բանջարեղէններս ինք կ՛ընտրէ, կաթնեղէններուն մօտ կը զգուշացնէ թուականներուն ուշադրութիւն դարձնել, մինչ կը շարունակէ իր նիւթերը՝ ընտանեկան պարագաներ, զաւակներուն և թոռներուն մասին տեղեկութիւններ։ Անզգալաբար արդէն գնումը աւարտած է ու դուրսն ենք շուկայէն:
Տիկին Աննան տակաւին կը խօսի, չ՛ուզեր հրաժեշտ տալ, հազիւ գտած է իր ծննդավայրը յիշեցնող մը:
Հեռախօսս հետս չեմ առած, աղջի՛կս, արձանագրէ՛ իմ թիւը եւ անպայման զանգէ, երբ որ ըլլայ, մեղքը վիզդ, եթէ բանի մը պէտք ունենաս անպայման ինծի կը դիմես, մեր բնակարանը հոս է (ցուցամատով ցոյց կու տայ), դուն ո՞ւր կը բնակիս:
Մօտ եմ ձեզի:
Աւելի լաւ, ուրեմն յաճախ կը տեսնուինք:
Անպայման, տիկին Աննա, մօտ օրէն կը տեսնուինք ու երկա՜ր կը զրուցենք, շատ հաճելի էր:
Ապշահար կ՛ուղղուիմ բնակարանս, վաթսունինն տարիներ ետք, տակաւին տիկին Աննա կը պահէ իր ծննդավայրին յուշերը, կը պահէ իր լեզուն՝ արեւմտահայերէնը, կը հրճուի ծննդավայրէն մէկը տեսնելով։
Մի քանի օր անց այցելեցի տիկին Աննային։ Ան արդէն յաճախ, գուրգուրոտ մօր նման, կը հեռաձայնէր ու կը հարցնէր իմ մասին։ Այնպիսի ջերմութեամբ դիմաւորեց զիս, որ կարծես օտարութեան գացած ու վերադարձող զաւակն ըլլայի։
Ընտանիքին մէջ մեծապէս յարգուած՝ տիկին Աննա ծանօթացուց ինծի իր աղջկան, թոռան ու փեսային հետ։ Հայկական աւանդական հիւրասիրութենէ, երկար-երկար զրոյցներէ ետք, տիկ. Աննա ներսէն մանկական դպրոցական խմբանկար մը բերաւ, յանձնեց ուշադրութեանս, առանց այդ մասին բան մը յայտնելու։
Խմբանկարը կը պատկերէր Հալէպի Ազգ. Հայկազեան վարժարանի 1941-1942-1943 (յստակ թուականը չէր յիշեր) ուսումնական տարեշրջանի Ա. կարգի աշակերտութիւնը։ Տնեցիներուն վկայութեամբ՝ տիկին Աննա իր ննջասենեակին պատէն կախած է այս խմբանկարը միշտ և մասունքի պէս կը պահէ զայն։ Հանեցի հեռաձայնս և նկարեցի հնացած ու պղտորած խմբանկարը։ Ան խմբանկարին մէջ ցոյց տուաւ ինքզինք ու յայտնեց, որ մեծ յոյս ունի այդ տարիներու իր դասընկերներուն հանդիպելու, քանի որ սուրիական պատերազմական իրավիճակին բերմամբ մեծաթիւ հալէպահայեր կը փոխադրուին հայրենիք։
Անցեալի եւ ներկայի առնչուածութիւնը զգալ կարելի է, բայց տիկին Աննային ծանօթանալով՝ ոչ միայն անցեալն ու ներկան առնչուեցան մտապատկերիս մէջ, այլեւ հալէպահայու կեանքին երեք ժամանակահատուածները իրերայաջորդ ու միաձուլուած պատկերացումով դիտելու բախտն ունեցայ։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ - Երեւան