Օ­րե­րը կ­՛անց­նին, կեան­քը կը շա­րու­նա­կո­ւի, իսկ ա­րիւ­նով կեր­տո­ւած պատ­մու­թիւ­նը կրնայ նո­ւի­րա­գոր­ծո­ւիլ ու փո­խան­ցո­ւիլ սե­րունդ­նե­րուն հա­մա­պա­տաս­խան բարձ­րո­րակ մշա­կոյ­թով միայն: Ի զուր չէ, որ Յով­հան­նէս Քա­ջազ­նու­նին կ­՛եզ­րա­կաց­նէ, թէ` «ազ­գը մշա­կոյթ է»: Իսկ ազ­գա­յին գո­յա­տեւ­ման պայ­քա­րը ու­րոյն մշա­կոյթ մը պահ­պա­նե­լու եւ

զար­գաց­նե­լու հա­ւա­քա­կան գոր­ծըն­թաց մըն է:

Ա­յո՛, սե­փա­կան ա­րիւ­նով պատ­մու­թիւն կեր­տած մու­սա­լեռ­ցին կը շա­րու­նա­կէ բարձ­րո­րակ մշա­կոյ­թով ու ճա­կա­տա­բաց նո­ւի­րա­գոր­ծել ինք­նա­պաշտ­պա­նա­կան հա­րիւ­րա­մեայ իր սխրան­քը, իսկ ժա­մա­նա­կի դա­տաս­տա­նին դի­մաց գլու­խը ծռած մեր թշնա­մին կը շա­րու­նա­կէ ու­րա­նալ հա­րիւ­րա­մեայ իր ա­մօ­թան­քը:

Ա­յո՛, որ­սոր­դա­կան հրա­ցան­նե­րով պաշտ­պա­նո­ւած մու­սա­լեռ­ցի­նե­րը դի­մադ­րե­ցին թնդա­նօթ­նե­րով ու գնդա­ցիր­նե­րով զի­նո­ւած եւ հա­մե­մա­տա­բար չա­փա­զանց մեծ թի­ւով թրքա­կան կա­նո­նա­ւոր զօր­քին ու յաղ­թա­նա­կով պսա­կե­ցին ի­րենց «սրբա­զան խեն­թու­թիւ­նը»:

Քիչ թի­ւով շա­տին դի­մադ­րե­լու եւ յաղ­թե­լու վճռա­կա­մու­թեամբ տո­գո­րուած էին նաեւ Սա­սու­նի, Զէյ­թու­նի, Շա­պին Գա­րա­հի­սա­րի, Ուր­ֆա­յի, Վա­նի եւ այլ շրջան­նե­րու կտրիճ­նե­րը, ո­րոնք զէնք վեր­ցու­ցին պար­զա­պէս գլուխ չծռե­լու եւ պա­տո­ւով ազ­գա­յին դի­մա­գիծն ու ար­ժէք­նե­րը պաշտ­պա­նե­լու խո­րին հա­մոզ­մամբ:

Ա­յո՛, ան­հա­ւա­սար կռիւ­նե­րու շա­րան մըն է ողջ հա­յոց պատ­մու­թիւ­նը, ուր յաղ­թա­նակ­նե­րը քիչ չեն, սկսեալ` Հայկ Նա­հա­պե­տէն ու Տիգ­րան Մե­ծէն, մին­չեւ Վա­հան Մա­մի­կո­նեանն ու Ա­շոտ Եր­կա­թը եւ դեռ մին­չեւ Սար­դա­րա­պա­տի եւ Շու­շիի վճռո­րոշ ճա­կա­տա­մար­տե­րը: Իսկ պար­տու­թիւն­նե­րը դա­ւադ­րու­թիւն­նե­րու եւ դա­ւա­ճան­նե­րու հե­տե­ւանք էին պար­զա­պէս: Հա­կա­ռակ ա­նոր որ ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին հայ ժո­ղո­վուր­դը են­թար­կո­ւած է դա­ժան ու վայ­րագ բա­զում հա­շո­ւե­յար­դար­նե­րու, այ­դու­հան­դերձ՝ իր հեր­թին դա­ժա­նու­թեան ու վայ­րա­գու­թեան օ­րի­նակ­ներ չէ տո­ւած, նոյ­նիսկ` Մեծն Տիգ­րա­նի աշ­խա­րհա­կա­լու­թեան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին:

Հին ու բար­գա­ւաճ մշա­կոյ­թի տէր ժո­ղո­վուրդ­նե­րը, սկսեալ` Չի­նաս­տա­նէն, Հնդ­կաս­տա­նէն ու Պարս­կաս­տա­նէն մին­չեւ Յու­նաս­տան, Հ­ռոմ ու Գեր­մա­նիա ու դեռ մին­չեւ ին­քա-մա­յա­ներն ու ազ­թեկ­նե­րը, ու­նե­ցած են ի­րենց ա­ռաս­պել­նե­րը, վի­պասք­ներն ու ազ­գա­յին հե­րոս­նե­րը: Ա­նոնց դիւ­ցա­զուն­նե­րը յայտ­նի են ի­րենց ռազ­մա­տեն­չու­թեամբ, ըն­չա­քաղ­ցու­թեամբ, վրէժխնդ­րու­թեամբ, վայ­րա­գու­թեամբ ու մա­սամբ նո­րին: Ա­նոնք այս բո­լո­րը կը շփո­թէին քա­ջու­թեան, հե­րո­սու­թեան եւ նոյ­նիսկ վե­հանձ­նու­թեան հետ:

Ողջ աշ­խար­հի ազ­գա­յին հե­րոս­նե­րէն միակն է Սա­սուն­ցի Դա­ւի­թը, որ ո՛չ ռազ­մա­տենչ է, ո՛չ վայ­րագ եւ ո՛չ ալ` վրէժխն­դիր, այլ` միա­միտ ըլ­լա­լու չափ բա­րի, ազ­նիւ, նե­րող ու վե­հանձն է: Ան նոյ­նիսկ երբ կռի­ւի կ­՛եր­թայ, փո­խա­նակ դա­ւադ­րե­լու իր թշնա­մի­նե­րու նման` լուր կու տայ ա­նոնց, որ արթն­նան ու պատ­րաստ ըլ­լան կռի­ւի: Ա­յո՛, խա­ղա­ղա­սէր է ան, աշ­խա­տա­սէր ու ստեղ­ծա­գործ` նման իր ժո­ղո­վուր­դին:

Այս­պէ՛ս է նաեւ մու­սա­լեռ­ցին, թէեւ դա­րե­րու ըն­թաց­քին վայ­րագ ու դա­ժան թշնա­մի­նե­րով շրջա­պա­տո­ւած ըլ­լա­լու ի­րո­ղու­թիւ­նը զինք հար­կադ­րա­բար մղած է մար­տու­նա­կու­թեան, սա­կայն այդ մար­տու­նա­կու­թիւ­նը պայ­մա­նա­ւո­րո­ւած է նախ եւ ա­ռաջ գո­յա­տե­ւե­լու եւ ազ­գա­յին մշա­կոյ­թը պաշտ­պա­նե­լու եւ զար­գաց­նե­լու խո­րին գի­տակ­ցու­թեամբ:

Այս բո­լո­րով հան­դերձ, սա­կայն, չես գի­տեր ին­չո՛ւ շա­տեր մու­սա­լեռ­ցի­նե­րը կը հա­մա­րեն ռազ­մա­տենչ ժո­ղո­վուրդ եւ քա­ջու­թիւնն ու մար­տու­նա­կու­թիւ­նը կը շփո­թեն ռազ­մա­տեն­չու­թեան հետ:

Սա­կայն ի­րո­ղու­թիւ­նը այն է, որ մու­սա­լեռ­ցին մար­տու­նա­կու­թեան զու­գա­հեռ է՛ նաեւ մշա­կու­թա­սէր, խա­ղա­ղա­սէր, շի­նա­րար ու ստեղ­ծա­գործ ժո­ղո­վուրդ: Ա­նոր հա­մար ազ­գա­յին մշա­կոյ­թը թէ՛ մի­ջոց է եւ թէ՛ նպա­տակ միա­ժա­մա­նակ: Երբ տուն կը կա­ռու­ցէ մու­սա­լեռ­ցին, ան զի­նա­դա­րա­նի կող­քին ան­պայ­մա՛ն գրա­դա­րա­նի չափն ու ձե­ւը կ­՛ո­րո­շէ` հա­մա­ձայն իր կա­րո­ղու­թեան: Այ­ցե­լե­ցէք Այն­ճա­րի եւ կամ հայ­րե­նի­քի մէջ ապ­րող մու­սա­լեռ­ցի­նե­րու տու­նե­րը, դուք ոչ միայն յա­տուկ գրա­դա­րան­ներ պի­տի գտնէք հոն, այլ նաեւ պի­տի նշմա­րէք, որ ա­նոնց­մէ շատ շա­տե­րու բնա­կա­րան­նե­րը զար­դա­րո­ւած են նաեւ բնօ­րի­նակ գե­ղան­կար­նե­րով ու քան­դակ­նե­րով: Հե­րոս­նե­րու, քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­նե­րու, զի­նո­ւո­րա­կան­նե­րու բարձ­րաս­տի­ճան կղե­րա­կան­նե­րու եւ կամ գիտ­նա­կան­նե­րու կող­քին, մու­սա­լեռ­ցին տո­ւած է նաեւ բազ­մա­թիւ կա­յա­ցած ու ա­կա­նա­ւոր գրող­ներ, գե­ղան­կա­րիչ­ներ, քան­դա­կա­գործ­ներ, ե­րա­ժիշտ­ներ, դե­րա­սան­ներ, տնօ­րէն­ներ, ու­սու­ցիչ­ներ, խմբա­գիր­ներ եւ այլ մշա­կոյ­թի գոր­ծիչ­ներ, ո­րոնց­մէ շա­տե­րու համ­բա­ւը դուրս ե­կած է ազ­գա­յին սահ­ման­նե­րէն ու յայտ­նի դար­ձած` մի­ջազ­գայ­նօ­րէն: Պէտք չէ մտա­հան ը­նել, որ մու­սա­լեռ­ցին ու­նե­ցած է հա­րուստ բա­նա­հիւ­սու­թիւն ու բա­նա­հա­ւաք­ներ: Այն­ճար գիւ­ղա­ւա­նի մէջն իսկ մու­սա­լեռ­ցին ու­նե­ցած է ո­րա­կեալ թա­տե­րա­խումբ, երգ­չա­խումբ, պա­րա­խումբ, կեր­պա­րո­ւես­տի ու­սում­նա­րան ու նոյ­նի՛սկ թեր­թեր հրա­տա­րա­կո­ւած են գիւ­ղին մէջ գիւ­ղին ա­նու­նով:

Ա­յո՛, մու­սա­լեռ­ցին մար­տու­նակ է ու հպարտ է իր մար­տու­նա­կու­թեամբ, սա­կայն միա­ժա­մա­նակ մշա­կու­թա­սէր է, ո­րուն հա­մար ոչ միայն հպարտ է այլ նաեւ պատ­րաստ է ի սպաս դնե­լու իր մար­տու­նա­կու­թիւ­նը՝ պա­հե­լու, պաշտ­պա­նե­լու եւ զար­գաց­նե­լու հա­մար ազ­գա­յին մշա­կոյ­թը, բա­ռին ա­մէ­նէն լայն տա­րո­ղու­թեամբ:

Ա­պա­ցոյց կ­՛ու­զէ՞ք: Թեր­թա­տե­ցէք մօ­տիկ ան­ցեա­լը ու պի­տի նշմա­րէք, որ (ըլ­լայ հայ­րե­նի­քի, Այն­ճա­րի մէջ, թէ այ­լուր) քա­նի-քա­նի՜ յատ­կան­շա­կան մշա­կու­թա­յին ձեռ­նարկ­նե­րով մու­սա­լեռ­ցիք տօ­նե­ցին ի­րենց «սրբա­զան խեն­թու­թեան» հա­րիւ­րա­մեա­կը:

Ա­պա­ցոյց կ­՛ու­զէ՞ք: Այ­ցե­լե­ցէք Հա­յաս­տա­նի Մու­սա Լե­րան յու­շար­ձան-թան­գա­րա­նը: Ե­թէ պայ­ման­նե­րը նե­րէին, այս տա­րի մենք ա­ռիթ պի­տի ու­նե­նա­յինք նաեւ այ­ցե­լե­լու Այն­ճա­րի Մու­սա Լե­րան թան­գա­րա­նը: Զի­րար ամ­բող­ջաց­նող այս եր­կու հա­ւա­քա­ծո­նե­րու մէջ խտա­ցուած կը թո­ւի ըլ­լալ Մու­սա Լե­րան եւ Այն­ճա­րի մօ­տիկ ան­ցեա­լի պատ­մու­թիւնն ու մու­սա­լեռ­ցիի հա­ւա­քա­կան կեր­պա­րը` իր մար­տու­նա­կու­թեամբ, տո­կու­նու­թեամբ ու մա­նա­ւա՛նդ հնա­րամ­տու­թեամբ, ուր դրսե­ւո­րո­ւած է իւ­րա­յա­տուկ ժո­ղո­վուր­դի մը մտքի լոյսն ու ստեղ­ծա­գործ ո­գին:

Իւ­րա­յա­տուկ է եւ ու­շադ­րու­թեան ար­ժա­նի Մու­սա Լե­րան ժո­ղովր­դա­կան պա­րա­րո­ւես­տը եւս: Շարք մը պա­րե­ղա­նակ­նե­րու կող­քին, յատ­կան­շա­կան ե­րե­ւոյթ է մար­տա­կան պա­րը (չալ­մը դան­կէն), որ դա­շոյն­նե­րով կը պա­րո­ւի եւ ինք­նա­պաշտ­պա­նա­կան կռի­ւի կը նա­խա­պատ­րաս­տէ հայ ֆե­տա­յին ու զի­նուո­րը: Իբ­րեւ մար­տա­կան պար, սա­սուն­ցի­նե­րէն ետք, մե­զի յայտ­նի երկ­րորդն է այս մէ­կը, որ բա­րե­բախ­տա­բար վեր­ջին տա­րի­նե­րուն Մու­սա Լե­րան միւս պա­րե­ղա­նակ­նե­րու կող­քին սկսած է ժո­ղովր­դա­կա­նա­ցո­ւիլ նաեւ հայ­րե­նի­քի մէջ:

Ու տա­կա­ւին ա­մե­նա­կա­րե­ւո­րը, մու­սա­լեռ­ցի­նե­րը, յատ­կա­պէս Այն­ճա­րի, ո­գի ի բռին կեն­դա­նի ու կեն­սու­նակ կը պա­հեն ի­րենց սրբու­թիւն սրբո­ցը` Մու­սա Լե­րան բար­բա­ռը` մշա­կու­թա­յին մե­ծա­գոյն գան­ձը: Իմ սի­րե­լի ու յար­գար­ժան դա­սա­խօս­նե­րէս փրոֆ. Է­դիկ Ա­ղա­յեա­նը, օր մը դա­սի պա­հուն, մէջ­բե­րեց հան­ճա­րեղ Ա­ճա­ռեա­նի վկա­յու­թիւ­նը, ո­րուն հա­մա­ձայն՝ «Շ­նոր­հիւ մու­սա­լեռ­ցի­նե­րուն, գրա­բա­րը տա­կա­ւին կ­՛ապ­րի, քսան հա­զար մու­սա­լեռ­ցի­ներ այ­սօր կը խօ­սին գրա­բա­րեան մէկ են­թա­բար­բա­ռով:

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ