­Իր պաշ­տօ­նէու­թեան ժա­մա­նակ ա­ռաս­պե­լա­կան հարս­տու­թեան տի­րա­ցած նա­խա­րար մը, երբ կը խօ­սի կա­շա­ռա­կե­րու­թեան ու փտա­ծու­թեան մա­սին, չես կրնար զսպել խնդուքդ: Ա­ւե­լի ճիշդ՝ ցա­ւա­գին քրքիջդ:

Հա­յաս­տա­նի ֆի­նանս­նե­րու նա­խա­րար Գա­գիկ Խա­չատ­րեանն է այս ան­գամ խնդրոյ ա­ռար­կայ պաշ­տօ­նեան: Եր­կու­շաբ­թի, 2 Նո­յեմ­բե­րին, Ազ­գա­յին ժո­ղո­վին մէջ ա­նոր ե­լոյ­թը գնա­հա­տե­լու պար­ տա­ւո­րո­ւած կը զգանք:

Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նին՝ քա­րոզ­չա­կան գոր­ծին մէջ զգայ­նու­թիւն կամ ո­րոշ հմտու­թիւն ու­նե­ցող խորհր­դա­կան­նե­րը պէտք է յու­շեն ի­րենց ղե­կա­վար­նե­րը, որ այս­պի­սի ան­յար­մար վի­ճակ­ներ չստեղ­ծո­ւին ու ըստ կա­րել­ւոյն՝ Հա­յաս­տա­նի եւ ար­տա­սահ­մա­նի մէջ հարս­տու­թիւն դի­զած ֆի­նանս­նե­րու նա­խա­րար Գա­գիկ Խա­չատ­րեա­նի նման պաշ­տօ­նեա­ներ խու­սա­փին հրա­պա­րա­կա­յին ե­լոյթ­նե­րէ, նոյ­նիսկ՝ փոր­ձեն Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի սրահ չմտնել:

Այ­լա­պէս, ե­կէք ու օ­տար ներդ­րող­նե­րը հա­մո­զե­ցէք, որ Հա­յաս­տա­նի մէջ ձեռ­նար­կու­թիւն ստեղ­ծե­լու հա­մար ա­զատ դաշտ կայ, ու ո­րե­ւէ պե­տա­կան կա­ռոյց պի­տի չխո­չըն­դո­տէ ի­րենց գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ՝ կա­շա­ռա­կե­րու­թեան դէմ պայ­քա­րին մէջ, Խա­չատ­րեա­նի բա­ռե­րով՝ «փո­փո­խու­թիւն­ներ կան»:

Բայց Գա­գիկ Խա­չատ­րեան ի՛նչ մեղք ու­նի, ե­թէ նա­խա­գահ Սարգ­սեա­նը, քա­ղա­քա­կան յստակ նկա­տա­ռու­մով ա­հա­բե­կե­լու եւ ոչն­չաց­նե­լու հա­մար ի­րեն մրցա­կից ըլ­լա­լու յանդգ­նու­թիւն ցոյց տո­ւած Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցի մը՝ ա­նոր տնտե­սա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը ստու­գե­լու հրա­հանգ կու տայ ֆի­նանս­նե­րու նա­խա­րա­րին: Փա՜ռք Աս­տու­ծոյ, որ նա­խա­գահն ու այդ գոր­ծա­տէ­րը (­Գա­գիկ Ծա­ռու­կեան) հաշ­տո­ւե­ցան ու ստու­գում­նե­րը լուրջ խախ­տում­ներ չյայտ­նա­բե­րե­ցին: Չէ՛, տա­կա­ւին մէկ գոր­ծա­րան կը մնայ ստու­գե­լու, այդ ալ՝ հա­ւա­նա­բար կը պա­հո­ւի հե­տա­գայ ըմ­բոս­տու­թիւն­նե­րը ճզմե­լու հա­մար:

Խօ­սե­լով կա­շա­ռա­կե­րու­թեան մա­սին՝ ֆի­նանս­նե­րու նա­խա­րա­րը յայ­տա­րա­րած է. «­Մենք այ­սօր պա­տե­րազ­մող եր­կիր ենք, դժո­ւար խնդիր­ներ կան, նաեւ՝ կո­ռուպ­ցիան: Բայց կո­ռուպ­ցիա­յի դէմ պայ­քա­րի շրջա­նակ­նե­րում փո­փո­խու­թիւն­ներ կան»:

Մենք, բո­լորս, լրագ­րող­ներ եւ յատ­կա­պէս գոր­ծա­րար ու դրա­մա­տէր ար­տա­սահ­ման­ցի­ներ, պէ՛տք է նկա­տենք այս փո­փո­խու­թիւն­նե­րը: Ար­տա­քին հա­յեաց­քով ան­շուշտ նկա­տո­ւած է փո­փո­խու­թիւն, միայն դժբախ­տա­բար՝ դէ­պի վատ: Ե­թէ դրա­կան փո­փո­խու­թեան նշոյլն իսկ ե­րե­ւէր, հա­ւա­տա­ցէք, որ օ­տար ներդ­րում­նե­րը կը հո­սէին դէ­պի Հա­յաս­տան։

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ