­1956ի Սո­ւէ­զի եւ Հուն­գա­րիոյ զոյգ տագ­նապ­նե­րէն ետք, մօ­տա­ւո­րա­պէս 10 տա­րի, աշ­խար­հը բո­լո­րեց հա­մե­մա­տա­կան խա­ղաղ, այ­սինքն ա­րիւ­նա­լի պա­տե­րազմ­նե­րէ հե­ռու ժա­մա­նա­կաշըր­ջան մը, մին­չեւ որ հա­մաշ­խար­հա­յին թա­տե­րա­բե­մին վրայ ու­ժե­րու հա­ւա­սա­րակ­շու­թիւ­նը նոր ցնցու­մի են­թար­կո­ւե­ցաւ, այս

ան­գամ 1967ի ա­րաբ-իս­րա­յէ­լեան պա­տե­րազ­մով: Իս­րա­յէլ գրա­ւեց Սի­նա­յի թե­րակղ­զին, Ա­րեւմ­տեան Ա­փը, ինչ­պէս նաեւ Կո­լա­նի բար­ձունք­նե­րը: Այս պա­տե­րազ­մը հիմ­նո­վին տակ­նուվ­րայ ը­րաւ ոչ միայն Մ. Ա­րե­ւել­քը, այ­լեւ լուրջ ցնցում­ներ յա­ռա­ջա­ցուց հա­մաշ­խար­հա­յին ու­ժե­րու հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թեան մէջ, ստեղ­ծե­լով նոր տի­պի մրցակ­ցու­թիւն­ներ, ցնցում­ներ եւ տագ­նապ­ներ, ինչ­պէս նաեւ այս բո­լո­րին իբ­րեւ ար­դիւնք՝ մագըլ­ցո­ղա­կան նոր քայ­լեր:

1968ին, Չե­խոս­լո­վա­քաիոյ մէջ «Փ­րա­կա­յի գար­նան» ճզմո­ւի­լը Վար­շա­ւիոյ Ուխ­տի ու­ժե­րուն կող­մէ, ինչ­պէս նաեւ Փա­րի­զի ու­սա­նո­ղա­կան ցոյ­ցե­րը ա­պա­ցոյց­ներն էին թէ՛ Ա­րե­ւել­քի (Խ. Միու­թեան) եւ թէ՛ դրա­մա­տի­րա­կան աշ­խար­հի գա­ղա­փա­րա­կան սնան­կա­ցու­մին: Չե­խոս­լո­վա­քիոյ մէջ, Ա­լեք­սանտր Տիւպ­չէ­քի ղե­կա­վա­րած շար­ժու­մը ա­պա­ցոյցն էր խորհր­դա­յին այս­պէս կո­չո­ւած ըն­կեր­վա­րու­թեան գա­ղա­փա­րա­կան սնան­կու­թեան ու միա­ժա­մա­նակ՝ ժխտու­մը դրա­մա­տի­րու­թեան էա­պէս վայ­րագ ու ա­գահ նկա­րագ­րին: Ա­տոր հա­մար ալ, երբ Վար­շա­ւիոյ Ուխ­տի հրա­սայ­լե­րը ներ­խու­ժե­ցին Փ­րա­կա, Ա­րեւ­մուտ­քը միայն կո­կոր­դի­լո­սի ար­ցունք­ներ թա­փեց, միա­ժա­մա­նակ շա­հա­գոր­ծե­լով այդ ներ­խու­ժու­մը իր հա­կա­խորհր­դա­յին քա­րոզ­չու­թեան հա­մար: Ոչ՝ ա­ւե­լին:

Միա­ժա­մա­նակ պա­ղես­տի­նեան ա­զա­տագ­րա­կան շար­ժու­մը նոր ազ­դակ մը կը հա­ղոր­դէր Մ. Ա­րե­ւել­քի մէջ տե­ղի ու­նե­ցող Ա­րե­ւելք-Ա­րեւ­մուտք հա­կա­մար­տու­թեան:

Պաղ Պա­տե­րազ­մը թե­ւա­կո­խած էր նոր փուլ մը:

Հայ­կա­կան ի­րա­կա­նու­թեան մէջ սա­կայն, մեծ ցնցու­մը ար­դէն իսկ տե­ղի ու­նե­ցած էր 1965ին: Այդ ալ՝ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան յիս­նա­մեակն էր: Սա պար­զա­պէս կլոր թո­ւա­կա­նի խնդիր չէր ան­շուշտ. այլ՝ մտա­ծո­ղու­թեան հիմ­նա­կան բա­րեշր­ջու­մի ազ­դան­շան մը: Մ­տա­ծո­ղու­թիւն մը, ո­րուն ա­ռանց­քը կը կազ­մէր հայ ժո­ղո­վուր­դի պա­հան­ջա­տի­րու­թիւ­նը, հիմ­նա­կա­նին մէջ՝ հո­ղա­յին հար­ցը: Հա­յու­թե­նէն բռնագ­րա­ւո­ւած հո­ղե­րու նկատ­մամբ պա­հան­ջը, ար­դա­րու­թեան վե­րա­հաս­տա­տու­մի գա­ղա­փա­րը:

Ի­րե­րու այս դրու­թեան մէջ էր ա­հա­ւա­սիկ, որ հայ քա­ղա­քա­կան միտ­քը, յատ­կա­պէս դաշ­նակ­ցա­կան քա­ղա­քա­կան միտ­քը, ինք­զինք դէմ յան­դի­ման կը գտնէր նոր մար­տահ­րա­ւէ­րի մը դի­մաց: Պէտք էր հա­շո­ւի առ­նել հա­մաշ­խար­հա­յին թա­տե­րա­բե­մին վրայ տե­ղի ու­նե­ցող զար­գա­ցում­նե­րը, որ­պէս­զի կա­րե­նա­յինք նա­ւար­կել այս փո­թո­րիկ­նե­րուն մէջ: Որ­պէս­զի կա­րե­նա­յինք ա­մէ­նէն ազ­դու կեր­պով հե­տապն­դել մեր ժո­ղո­վուր­դին ար­դար դա­տը:

Դաշ­նակ­ցա­կան քա­ղա­քա­կան միտ­քը եր­բեք չէ գոր­ծած քա­ղա­քա­կան դա­տար­կու­թեան մէջ: Մեր աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան մտա­ծո­ղու­թիւ­նը ե­ղած է ի­րա­պաշտ: Ա­ռաջ­նոր­դո­ւած է ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րը սթափ գնա­հա­տե­լու մօ­տե­ցու­մով: Մեր պատ­մու­թիւնն ալ այդ կը վկա­յէ, երբ կը մաս­նակ­ցէինք Պարս­կաս­տա­նի յե­ղա­փո­խա­կան-սահ­մա­նադ­րա­կան շար­ժու­մին: Այդ օ­րե­րուն, այ­սինքն մօ­տա­ւո­րա­պէս դար մը ա­ռաջ, դաշ­նակ­ցա­կան քա­ղա­քա­կան միտ­քը կը տրա­մա­բա­նէր, որ հայ­կա­կան ա­զա­տագ­րա­կան շար­ժու­մին հա­մար անհ­րա­ժեշտ է քա­ղա­քա­կան ու գա­ղա­փա­րա­կան նպաս­տա­ւոր մի­ջա­վայր, յատ­կա­պէս տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին ի­մաս­տով, որ ժո­ղովր­դա­վար ու սահ­մա­նադ­րա­կան կար­գե­րով օժ­տո­ւած Պարս­կաս­տա­նը, ռազ­մա­վա­րա­կան ա­ռու­մով, մեր ա­զա­տագ­րա­կան շար­ժու­մը կրնայ օժ­տել նոր ո­րա­կի յե­նա­րա­նով մը, որ միա­ժա­մա­նակ կրնար յա­ւե­լեալ ճկու­նու­թիւն ու թափ հա­ղոր­դել մե­զի, յատ­կա­պէս աչ­քի առ­ջեւ ու­նե­նա­լով օս­մա­նեան ու ցա­րա­կան բռնա­տի­րա­կան կար­գե­րու տակ մեր ժո­ղո­վուր­դին ար­դար ի­րա­ւունք­նե­րը յա­ռաջ մղե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը:

Հա­մաշ­խար­հա­յին ու տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին վե­րի­վայ­րում­նե­րու մէջ ճիշդ ու գի­տա­կան կողմ­նո­րո­շում որ­դեգ­րե­լու այս ճի­գը ակ­նա­ռու է նաեւ դաշ­նակ­ցա­կան քա­ղա­քա­կան միտ­քի ար­տադ­րած գոր­ծե­րուն մէջ:

Լաւ ըմբռ­նե­լու հա­մար այս մէ­կը, պէտք է լաւ կար­դալ ու ճի՛շդ գնա­հա­տել Յով­հան­նէս Քա­ջազ­նու­նիի «Ազգ Եւ Հայ­րե­նիք»ը, ինչ­պէս նաեւ «­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը Ա­նե­լիք Չու­նի» գոր­ծե­րը,

Պէտք է լաւ կար­դալ ու ճի՛շդ ըմբռ­նել Սի­մոն Վ­րա­ցեա­նի պա­տաս­խա­նը՝ «­Խար­խա­փում­ներ»ը, ի պա­տաս­խան Քաչազ­նու­նիին,

Պէտք է լաւ կար­դալ ու խո­րա­պէս ըմբռնել նոյն Սի­մոն Վ­րա­ցեա­նի «­Հա­յաս­տան Թր­քա­կան Սա­լի Ու Բոլ­շե­ւի­կեան Մուր­ճի Մի­ջեւ» վեր­լու­ծու­մը,

Մե­զի հա­մար ան­նե­րե­լի է մո­ռա­ցու­թեան տալ Զա­րե­ւան­դի «­Միա­ցեալ, Ան­կախ Թու­րա­նիա»ն,

Բայց մա­նա­ւանդ պէտք է լաւ կար­դալ ու ճի՛շդ ըմբռ­նել Ռու­բէ­նի «­Հա­յաս­տան Միջ-ցա­մա­քա­յին Ու­ղի­նե­րու Վ­րայ» կո­թո­ղա­կան գոր­ծը,

Որ­պէս­զի հա­մո­զո­ւինք, որ դաշ­նակ­ցա­կան քա­ղա­քա­կան միտ­քին հա­մար թէ՛ մեկ­նա­կէ­տը եւ թէ՛ վերջ­նա­կան նպա­տա­կը Հա­յաս­տանն ու հա­յու­թիւնն են, այ­սինքն՝ մեր գե­րա­գոյն շա­հե­րը:

Եւ ու­րեմն, հա­մաշ­խար­հա­յին քա­ղա­քա­կան ու գա­ղա­փա­րա­կան այս պայ­քար­նե­րու մի­ջա­վայ­րին մէջ էր, որ մե­զի հա­մար կը ստեղ­ծո­ւէին 3 անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն­ներ՝ գա­ղա­փա­րա­կան վե­րա­նո­րոգ­ման, հա­յու­թեան ի­րա­ւունք­նե­րու պայ­քա­րի նոր ռազ­մա­վա­րու­թեան, բայց մա­նա­ւանդ՝ կազ­մա­կեր­պա­կան ներ­քին վե­րա­նո­րոգ­ման ու ար­դիա­կա­նաց­ման բնա­գա­ւառ­նե­րէն ներս:

Այս հար­ցե­րուն պա­տաս­խանն էր որ տուին, այս խնդիր­ներն էին, ո­րոնք լու­ծե­ցին Հայ Յե­ղա­փո­խա­կան Դաշ­նակ­ցու­թեան 19րդ­ եւ 20րդ­ Ընդ­հա­նուր Ժո­ղով­նե­րը 1968ին եւ 1973ին:

Այս­պէս, Դաշ­նակ­ցու­թեան Ծ­րա­գի­րի վե­րամ­շակ­ման գոր­ծըն­թա­ցին սկիզ­բը կը դրո­ւէր՝ գա­ղա­փա­րա­կան մեր սկզբունք­նե­րու թար­մա­ցու­մով ու յատ­կա­պէս ե­րի­տա­սար­դու­թեան մօտ տա­րա­ծու­մով, նոյն այդ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը ա­ռողջ կեր­պով դաս­տիա­րա­կե­լու ճամ­բով:

Երկ­րորդ՝ Հայ Դա­տի հե­տապնդ­ման ա­ւե­լի ազ­դու ռազ­մա­վա­րու­թիւն մը կը մշա­կո­ւէր, մեր ա­ւանդ­նե­րուն հա­մա­պա­տաս­խան մար­տա­վա­րու­թեամբ եւ

Եր­րորդ, հի­մը կը դրո­ւէր Դաշ­նակ­ցու­թեան ար­դիա­կա­նա­ցու­մին ու քատ­րե­րու ե­րի­տա­սար­դա­ցու­մին, յատ­կա­պէս Ե­րի­տա­սար­դա­կան Միու­թիւն­նե­րու հիմ­նու­մով ու նոյն այդ ե­րի­տա­սար­դու­թեան գա­ղա­փա­րա­կան դաս­տիա­րա­կու­թեամբ: Ա­սոր լա­ւա­գոյն օ­րի­նակ­ներն են Լ.Ե.Մ.ի (Հ.Յ.Դ. Լի­բա­նա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան Միու­թեան) դպրո­ցը, Զ.Ո.Մ.էն (Հ.Յ.Դ. Զա­ւա­րեան Ու­սա­նո­ղա­կան Միու­թիւն) ներս ինք­նա­դաս­տիա­րակ­չա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը՝ նոյն այդ տա­րի­նե­րուն, ե­րի­տա­սար­դա­կան եւ ու­սա­նո­ղա­կան հա­մա­հայ­կա­կան բա­նա­կում­ներն ու խորհր­դա­ժո­ղով­նե­րը:

Չոր­րորդ, մա­մու­լի բնա­գա­ւա­ռէն ներս, կը հիմ­նո­ւէր Մամ­լոյ Դի­ւա­նը եւ գա­ղա­փա­րա­կան ու քա­ղա­քա­կան կեդ­րո­նա­ցու­մի ճամ­բով, Դաշ­նակ­ցու­թեան «մե­սէյ­ճի», խօս­քի մէ­կու­թիւնն ու միաս­նու­թիւ­նը կ­՛ա­պա­հո­վո­ւէր:

Նոյն այս ար­դիա­կա­նա­ցու­մի ծի­րէն ներս ալ, հա­մա­պա­տաս­խան փո­փո­խու­թիւն­ներ կը մտնէին Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի կազ­մէն ներս, զայն օժ­տե­լով նոր ու­ժե­րով՝ ինչ­պէս Հ­րայր Մա­րու­խեան, տոքթ. Բաբ­գէն Փա­փա­զեան, Հ­րաչ Տաս­նա­պե­տեան եւ Սար­գիս Զէյթ­լեան:

Ինչ որ մեզ կը հասց­նէ այ­սօ­րո­ւան հա­ւա­քի հիմ­նա­կան նիւ­թին:

19րդ Ընդ­հա­նուր Ժո­ղո­վէն ետք ար­դէն, Սար­գիս Զէյթ­լեան պա­տաս­խա­նա­տու պաշ­տօ­նի վրայ էր, իբ­րեւ «Ազ­դակ Շա­բա­թօ­րեակ-Դ­րօ­շակ»ի օգ­նա­կան խմբա­գիր: Իր աշ­խար­հը այդ էր, Դաշ­նակ­ցու­թեան մա­մու­լին ճամ­բով՝ Դաշ­նակ­ցու­թեան միտ­քը եւ խօս­քը բա­ցատ­րե­լու, վեր­լու­ծե­լու, այդ խօս­քով ու միտ­քով հայ­կա­կան հա­ւա­քա­կան կար­ծիք ստեղ­ծե­լու, ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կան կամք ստեղ­ծե­լու դժո­ւա­րին ու պա­տաս­խա­նա­տու ու­ղին: Իր աշ­խար­հը գա­ղա­փար­նե­րու աշ­խարհն էր: Ինք այդ գա­ղա­փա­րի աշ­խար­հի, գա­ղա­փա­րի պա­տե­րազ­մի խրա­մատ­նե­րու զի­նո­ւորն էր:

Այս պատ­ճա­ռով ալ Սար­գիս Զէյթ­լեա­նին տրո­ւած է «­Գա­ղա­փա­րի Մար­տիկ» մակ­դի­րը՝ շատ ար­դա­րա­ցիօ­րէն:

Ար­դա­րեւ «Ազ­դակ Շա­բա­թօ­րեակ-Դրօշակ»ի 6րդ թի­ւին մէջ ար­դէն լոյս կը տես­նէր «­Հայ­կա­կան օ­րիան­տա­ցիա» խո­րա­գի­րով իր խմբագ­րա­կա­նը, որ նոյ­նիսկ լե­զո­ւա­կան ու ո­ճի ի­մաս­տով կը յատ­կան­շէր Սար­գիս Զէյթ­լեա­նը՝ իբ­րեւ հար­ցե­րը ու­ղիղ ու ճա­կա­տէն դի­մագրա­ւող դաշ­նակ­ցա­կան մտա­ւո­րա­կա­նի: Ո­ճը մարդն իսկ է:

Խմ­բագ­րա­կա­նը կը սկսի այս­պէս՝

«­Կը հարց­նենք ուղ­ղա­կի.- Ի՞նչ է հայ ժո­ղո­վուր­դի քա­ղա­քա­կան գե­րա­գոյն նպա­տա­կը: «­Կը պա­տաս­խա­նենք ան­վա­րան.- Հայ Դա­տի լու­ծու­մը.

«­Միա­ցեալ Հա­յաս­տա­նի եւ ան­կախ ու ամ­բող­ջա­կան հա­յու­թեան վե­րա­կեր­տու­մը: Վե­րա­հա­յա­ցու­մը Հայ­կա­կան լեռ­նաշ­խար­հի եւ հայ­րե­նա­ցու­մը տա­րաս­փիւռ հա­յու­թեան», այս­քան յստակ:

Ան կը շա­րու­նա­կէ ը­սե­լով՝ «…հայ ժո­ղո­վուր­դի գե­րա­գոյն շա­հե­րու ա­պա­հո­վու­թիւ­նը ար­տա­քին ա­րե­ւե­լու­մի հարց չէ ան­պայ­ման, այլ գլխա­ւո­րա­բար՝ ներ­քին ամ­րու­թեան… էա­կա­նը այն չէ, թէ մենք ո­րո՞ւ հետ ենք եւ ի՛նչ չա­փով թեր ենք այս կամ այն քա­ղա­քա­կան ա­րե­ւե­լու­մին կամ ճա­կա­տին. էա­կա­նը այն է, թէ ով թեր է եւ հե­տա­մուտ է Հայ Դա­տի լուծ­ման եւ ինչ հա­մե­մա­տու­թեա՛մբ թեր է»:

Սար­գիս Զէյթ­լեա­նի այս տո­ղե­րը էա­պէս բա­րա­ցու­ցա­կան են դաշ­նակ­ցա­կան քա­ղա­քա­կան միտ­քին հա­մար, ո­րով­հե­տեւ, իր իսկ բա­ռե­րով՝ «մենք դէմ ենք բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք Հայ Դա­տը կ­՛ու­զեն վե­րա­ծել ռու­սա­կան հար­ցի մէկ բաղ­կա­ցու­ցիչ մաս­նի­կին, նաեւ բո­լոր ա­նոնց, որ զայն պի­տի ու­զէին ա­րեւմ­տաեւ­րո­պա­կան կամ ա­մե­րի­կեան հար­ցին մէկ բաղ­կա­ցու­ցիչ մա­սին վե­րա­ծել»:

Ներ­քին ամ­րու­թեան մա­սին իր ակ­նար­կու­թիւ­նը խոր­քին մէջ հա­րա­զատ ցո­լա­ցումն է Ընդ­հա­նուր Ժո­ղով­նե­րու որ­դեգ­րած ներ­քին կազ­մա­կեր­պա­կան վար­քա­գի­ծին: Ներ­քին ամ­րու­թիւն, որ չի վե­րա­բե­րիր մի­միայն Դաշ­նակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պա­կան կա­ռոյ­ցին, այ­լեւ ու մա­նա­ւանդ՝ հա­մա­հայ­կա­կան տա­րո­ղու­թիւն ու ծիր ու­նի: Այս մա­սին Սար­գիս Զէյթ­լեան յա­ւե­լեալ յստա­կա­ցում­ներ կը կա­տա­րէր տա­րի­ներ ետք, երբ «Ա.Շ.-Դ­րօ­շակ»ի խմբագ­րա­կան­նե­րէն մէ­կուն մէջ կ­՛ընդգ­ծէր.- «­Քա­լել ժա­մա­նա­կին հետ, կազ­մա­կեր­պո­ւիլ ար­դի ժա­մա­նակ­նե­րու ո­գիին ու պա­հանջ­նե­րուն հա­մա­ձայն, ար­դիա­նալ ու ար­դիաց­նել կազ­մա­կեր­պա­կան մեր կա­ռոյց­ներն ու գոր­ծե­լա­կեր­պը՝ հա­մա­հայ­կա­կան ընդ­հան­րա­կան մեր տես­լա­կան­նե­րու ներշնչու­մով եւ հա­յու­թեան յա­ռաջ­դի­մու­թիւ­նը, ան­հա­տա­կան թէ հա­ւա­քա­կան գետ­նի վրայ, ա­նոր կու­տա­կած եւ դեռ կու­տա­կե­լիք մշա­կու­թա­յին ու քա­ղա­քակր­թա­կան կամ նիւ­թա­կան ու հո­գեմ­տա­ւոր հա­րուստ դրա­մագ­լու­խը վե­րա­ծել քա­ղա­քա­կան ու­ժի, քա­ղա­քա­կան ո­րա­կի, քա­ղա­քա­կան կամ­քի ու կշի­ռի»:

Այս ձե­ւով ան հան­դի­սա­ցաւ կազ­մա­կեր­պա­կան ու­ժե­ղա­ցու­մին հա­մա­հայ­կա­կան տա­րո­ղու­թիւն տո­ւող ան­նա­հանջ մար­տի­կը, ո­րուն հա­մար տես­լա­կանն ու նպա­տա­կը յստակ էին: Իր խմբագ­րա­կան­նե­րով ու ա­ռաջ­նոր­դող յօ­դո­ւած­նե­րով, Սար­գիս Զէյթ­լեան ե­ղաւ այս հա­մա­հայ­կա­կան տես­լա­կա­նին յա­ռա­ջա­պահն ու ա­ռաջ­նոր­դը: Այս պատ­ճա­ռով ալ ան հան­դի­սա­ցաւ իս­կա­կան ղե­կա­վար՝ ոչ ան­պայ­ման մար­մին­նե­րու ան­դա­մակ­ցու­թեան ի­մաս­տով: Ան կը ղե­կա­վա­րէր իր մտա­ծում­նե­րով ու գա­ղա­փար­նե­րով, ո­րով­հե­տեւ կը հա­ւա­տա­րար գա­ղա­փա­րի կե­նա­րար ու­ժին, կը հա­ւա­տար, որ այդ գա­ղա­փա­րա­կան ու­ժով պէտք է մեր ժո­ղո­վուր­դին մօտ հա­մազ­գա­յին մտա­ծո­ղու­թիւ­նը եւ ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կան կամ­քը ամ­րապն­դել:

Հա­մազ­գա­յին մտա­ծո­ղու­թեամբ ա­ռաջ­նոր­դո­ւե­լու այս սկզբուն­քը ան ան­շե­ղօ­րէն պահ­պա­նեց նաեւ քա­ղա­քա­կան ու գա­ղա­փա­րա­կան բա­նա­վէ­ճե­րու ըն­թաց­քին, երբ, օ­րի­նակ, Խ. Հա­յաս­տա­նի Կոմ­կու­սի Ա. Քար­տու­ղար Կա­րէն Դե­միր­ջեան 27 Յու­նիս 1979ին Ե­րե­ւա­նի մէջ կոչ կ­՛ուղ­ղէր Դաշ­նակ­ցու­թեան գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան դէմ «ան­զի­ջում պայ­քա­րի»: Եր­կու յա­ջոր­դա­կան խմբագ­րա­կան­նե­րով (1979 թիւ 27 եւ 28), Սար­գիս Զէյթ­լեան ազ­գա­յին գե­րա­գոյն շա­հե­րու տե­սան­կիւ­նէն ան­հիմն ու ան­տե­ղի կ­՛ո­րա­կէր այդ պայ­քա­րը, ու միա­ժա­մա­նակ կոչ կ­՛ուղ­ղէր, որ խորհր­դա­հայ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը վե­րա­տե­սու­թեան են­թար­կեն ի­րենց այս մօ­տե­ցու­մը, ո­րով­հե­տեւ, խմբագ­րա­կա­նին բա­ռե­րով՝ «այս կը պա­հան­ջեն ո՛չ միայն սփիւռ­քա­հա­յու­թեան, այ­լեւ նոյ­նինքն Խ. Հա­յաս­տա­նի կեն­սա­կան շա­հե­րը, թէ՛ գա­ղա­փա­րա­կան, թէ՛ ազ­գա­յին եւ թէ քա­ղա­քա­կան տե­սա­կէ­տէն»: Ժո­ղովր­դա­յին բա­ռա­պա­շա­րով, ան կ­՛ը­սէր՝ «­Խել­քի ե­կէք տղաք»:

Նոյն այս ծի­րէն ներս ալ, ան չէր խոր­շեր բա­նա­վէ­ճե­րէ՝ ըլ­լա՛յ նե­րազ­գա­յին հար­ցե­րու շուրջ, ըլ­լա՛յ մեր հա­մա­հայ­կա­կան ու ծրագ­րա­յին ի­տէալ­նե­րը խո­չըն­դո­տել փոր­ձող ար­տա­քին ու­ժե­րու դէմ: Հա­կա­ռակ իր ե­րե­ւու­թա­պէս կարծր ու եր­բեմն կո­պիտ թո­ւա­ցող մօ­տե­ցում­նե­րուն, բա­նա­վէ­ճե­րու մէջ ան խստօ­րէն կը յար­գէր դաշ­նակ­ցա­կան հրա­պա­րա­կա­գի­րէ մը ակն­կա­լո­ւած պար­կեշ­տու­թիւ­նը: Ընդ­դի­մա­խօս­նե­րու տե­սա­կէտ­նե­րը կը զե­տե­ղէր ի­րենց հա­րա­զատ պա­րու­նա­կին մէջ, ի հար­կին ըն­դար­ձակ մէջ­բե­րում­նե­րով ու ա­պա միայն կը ներ­կա­յաց­նէր իր փաս­տարկ­նե­րը: Իր այս մե­թո­տա­բա­նու­թիւ­նը կը մնայ օ­րի­նա­կե­լի բո­լո­րիս հա­մար:

Այս­պէս, «Ա.Շ.-Դ­րօ­շակ»ի 1978ի վեր­ջին թի­ւին մէջ, տեղ տրո­ւած է Վա­հէ Օ­շա­կա­նի «Ե­ռան­կիւն» խո­րա­գի­րով յօ­դո­ւա­ծին, ուր ան կ­՛ա­ռա­ջադ­րէր հիմ­նո­վին փո­փո­խու­թեան են­թար­կել հա­յե­ցի կրթու­թեան մեր ըմբռ­նո­ղու­թիւ­նը Ա­մե­րի­կա­յի մէջ, ջնջել հա­յե­րէն լե­զո­ւի, պատ­մու­թեան ու գրա­կա­նու­թեան դա­սա­պա­հե­րը ու զա­նոնք փո­խա­րի­նել հայ ֆոլք­լո­րի, հայ ի­մա­ցա­կան պատ­մու­թեան ու հայ ինք­նու­թեան կազ­մու­թեան դա­սա­պա­հե­րով:

Թեր­թի չորս գրե­թէ յա­ջոր­դա­կան թի­ւե­րուն մէջ, Ս. Զէյթ­լեան կէտ առ կէտ կը քննար­կէ Օ­շա­կա­նի բո­լոր թէ­զե­րը, եւ որ­պէս­զի ըն­թեր­ցո­ղին մօտ չձգէ այն տպա­ւո­րու­թիւ­նը, որ ըստ յար­մա­րու­թեան կտրա­տած է յօ­դո­ւա­ծա­գի­րին տե­սա­կէտ­նե­րը, զա­նոնք կը ներ­կա­յաց­նէ ըն­դար­ձակ մէջ­բե­րում­նե­րու կար­գով ու ան­կէ ետք է միայն, որ կը ներ­կա­յաց­նէ իր հա­կա­փաս­տարկ­նե­րը, ընդգ­ծե­լով մայ­րե­նի լե­զո­ւին ան­փո­խա­րի­նե­լի դե­րը նոյն այդ մշա­կոյ­թի, ի­մա­ցա­կա­նու­թեան ու հայ ինք­նու­թեան պահ­պան­ման ու զար­գաց­ման գոր­ծին մէջ:

Ս. Զէյթ­լեան կ­՛ընդգ­ծէր.- «…քաջ գի­տենք, որ ազ­գա­յին լե­զուն, ազ­գա­յին մեր ա­ւան­դա­վէ­պե­րուն պէս, իր բա­ռա­յին, շա­րա­հիւ­սա­կան, հնչիւ­նա­բա­նա­կան եւ կէ­տադ­րա­կան կա­ռոյ­ցով …­ ու մա­նա­ւանդ իր ո­գե­ղէն յօ­րի­նո­ւած­քով ու վեր­բե­րու­մով ազ­գը կը մարմ­նա­ւո­րէ… Բա­ռա­յին ու շա­րա­հիւ­սա­կան այս ճար­տա­րա­պե­տու­թիւ­նը… զոր ցե­ղը յօ­րի­նած, ունկնդ­րած եւ վե­րա­նո­րո­գած է դա­րեր շա­րու­նակ, զայն միայն հա­րա­զա­տօ­րէն իւ­րաց­նե­լով, միայն ա­նով հա­ղոր­դո­ւե­լով կա­րե­լի է հա­յա­նալ ու հա­յաց­նել նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րը»: Այս նիւ­թին Օ­շա­կան-­Զէյթ­լեան ա­ռողջ բա­նա­վէ­ճը լուրջ թե­լադ­րա­կա­նու­թիւն ու­նի այ­սօր՝ յատ­կա­պէս Մ. Նա­հանգ­նե­րու մէջ հայ­կա­կան դպրո­ցա­կան հա­մա­կար­գը իր ճիշդ հու­նին մէջ դնե­լու հա­մար:

Մեր լե­զո­ւին նկատ­մամբ իր այս բծախն­դիր մօ­տե­ցումն էր պատ­ճա­ռը, որ այդ օ­րե­րու «Ազ­դակ»ի խմբա­գիր­նե­րը իր­մէ յա­ճա­խա­կի հե­ռա­ձայն­ներ կը ստա­նա­յին, լե­զո­ւա­կան այս կամ այն նրբու­թիւն­նե­րուն նկատ­մամբ բծախն­դիր մօ­տե­ցու­մի պա­հան­ջով:

Ու ոչ միայն լե­զո­ւա­կան հար­ցե­րու բնա­գա­ւա­ռէն ներս: Ամ­բողջ տա­րի­ներ, Սար­գիս Զէյթ­լեան հան­դի­սա­ցաւ դաշ­նակ­ցա­կան մա­մու­լի իւ­րա­յա­տուկ կեդ­րո­նա­կան դէմ­քը, որ կը գուր­գու­րար երբ կ­՛ա­ռաջ­նոր­դէր, կը գուր­գու­րար երբ կը ղե­կա­վա­րէր, կը գուր­գու­րար երբ մղում կու տար ու կը քա­ջա­լե­րէր, կը գուր­գու­րար նոյ­նիսկ երբ կը յան­դի­մա­նէր, բան մը, ո­րուն մա­սին կրնամ անձ­նա­պէս վկա­յել: Իմ խոր հա­մո­զու­մովս, այս է Սար­գիս Զէյթ­լեան դաշ­նակ­ցա­կան մտա­ւո­րա­կա­նին ա­մէ­նէն մեծ ար­ժա­նի­քը:

Փա­կե­լէ ա­ռաջ, ան­հա­տա­կան կար­գով, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան կրթու­թեան եւ գի­տու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան կ­՛ու­զեմ յայտ­նել իմ ջերմ փա­փաքս եւ ա­ռա­ջարկս, որ Հա­յաս­տա­նի հա­մալ­սա­րան­նե­րէն ներս ար­դի հայ քա­ղա­քա­կան միտ­քի պատ­մու­թեան դա­սած­րա­գիր­նե­րուն մէջ, ան­պայ­ման նե­րառ­նո­ւի «Ա.Շ.-Դ­րօ­շակ»ի մէջ Սար­գիս Զէյթ­լեա­նի կող­մէ գրո­ւած բո­լոր ա­ռաջ­նոր­դող յօ­դո­ւած­նե­րը եւ խմբագ­րա­կան­նե­րը, ո­րոնք լոյս տե­սած են «­Սար­գիս Զէյթ­լեան» խո­րա­գի­րը կրող հա­տո­րով:

Ոչ միայն իբ­րեւ յար­գանք Սար­գիս Զէյթ­լեա­նի հսկա­յա­կան վաս­տա­կին, այլ իբ­րեւ անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն հայ ե­րի­տա­սարդ հա­մալ­սա­րա­նա­կան սե­րուն­դին ազ­գա­յին դաս­տիա­րա­կու­թեան հա­մար:

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ