Կարգ ու կանոնի հասկացողութիւնը քաղաքակիրթ աշխարհի ամէնէն կարեւոր երեւոյթն է: Հասարակական կամ ընկերային կեանքի առաջին պայմանները կը սկսին կարգ ու կանոնի ըմբռնումէն: Հոն, ուր կարգ կանոն չկայ, հաւաքական թէ անհատական մարդկային կեանքը կը դառնայ քաոս, ուրկէ խոյս կ՛ուզեն տալ անոնք, որոնք արժանապատիւ կեանքով ապրելու երազը ունին իրենց սիրտին մէջ:Ընկերաբանութիւնը ցոյց կու տայ, թէ անցեալ դարերու ընթացքին, ինչքան ալ հաւասարութեան քարոզներ կարդացուած են մարդկութեան գլխուն, ինչքան ալ համայնավարական կարգեր հաստատուած են, դարձեալ մարդկային ընկերութեան կեանքէն խաւեր ու դասակարգեր անպակաս եղած են: Այդ դասակարգերը՝ պաշտօնապէս ընդունուած կամ անպաշտօն ըմբռնուած, սակայն բոլորն ալ գոյութիւն ունեցած են եւ նոյնիսկ, որոշ չափով, այսօր ալ գոյութիւն ունի՛ն, ուզենք կամ չուզենք: Հարուստի ու աղքատի եւ մեծի ու փոքրի տարբերութենէն բացի, անպաշտօն ըմբռնուածներն են՝ գեղեցիկի ու տգեղի, ուսեալի եւ անուսի, քաղաքացիի եւ գիւղացիի, ինչպէս նաեւ նման կարգ մը բացայայտ տարբերութիւններ:
Երրորդ աշխարհեան երկիրներու ղեկավար տարրի ձեռքերուն մէջ տակաւին իբրեւ «զէնք» օգտագործուող երեւոյթ է կարգ կանոնի քմահաճ խախտումը: Անոնք ամէն իրաւունք իրենց վերապահելու մենաշնորհը ունին:
Տկարը ճզմելու, անզօրը սպաննելու, անզէնը կալանաւորելու եւ նոյնիսկ գերի՛ն ստրկացնելու «քաջագործութիւններ»ը, այս անձերուն մասնագիտութիւնները կը համարուին: Աշխարհը երբեմն ականատես կը դառնայ, թէ ինչպէս բռնատէրեր կը կորսնցնեն անձեռնմխելիութեան իրաւունքը, զոր առանց նախապայմաններու շահած կամ իրենց նախնիներէն ժառանգած ըլլալ կը խորհէին: Անձեռնմխելիութիւնը եւ անպատժելիութիւնը քաղաքակիրթ աշխարհի օրինագիրքէն դուրս կը մնան անկասկած, այլապէս մարդկային իրաւանց պաշտպան որեւէ քաղաքակիրթ երկիր կամ հաւաքականութիւն ամէնէն մեծ խախտումը կատարած կ՛ըլլայ: Ի՞նչ իմաստ ունի համաերկրացիներու եւ համաքաղաքացիներու միջեւ հաւասարութեան սկզբունք հռչակել, երբ երկրի որոշ խաւերուն համար օրէնք գոյութիւն չունի, կամ՝ որեւէ օրէնք ըստ կամս եւ ըստ հաճոյս փոփոխութեան կրնայ ենթարկուիլ ու օրէնքի դիմաց կանչուած մարդուն կացութեան կրնայ «յարմարցուիլ»… Այդ երկիրը կը դադրի այլեւս օրէնք ունեցող երկիր ըլլալէ ու կը դառնայ բռնատիրական համակարգ, որուն ստիպողաբար կ՛ենթարկուի մեծ զանգուածը, իսկ որոշ խաւ մը դուրս կը մնայ որեւէ օրէնքի ենթակայութենէն:
Ամէն մարդ Աստուծոյ աչքին հաւասար է: Այս կը սորվեցնէ կրօնքը, ու մանաւանդ քրիստոնէութիւնը, որ հին կրօններուն եւ երբեմն ապրող կրօններէ ոմանց կողմէ քարոզուող, նոյնիսկ սեռերու միջեւ գոյութիւն ունեցող տարբերութիւնները չէզոքացուցած է հիմնովին: Փրկութեան խնդիրին դիմաց ո՛չ արուի եւ էգի տարբերութիւն կը դնէ քրիստոնէութիւնը եւ ո՛չ ալ՝ հրեայի եւ հեթանոսի:
Մկրտութեամբ Աստուծոյ որդեգիր դառնալու շնորհքին արժանացած մարդուն համար, այլեւս մնացեալ տարբերութիւնները արժէք չեն ունենար (Հմմտ Գղ 3.27-29): Ուրեմն, Աստուծոյ աչքին սեւ ու սպիտակ, դեղին ու կարմիր, հարուստ ու աղքատ, գեր ու նիհար, տգեղ ու գեղեցիկ մարդիկ չկան, այլ համահաւասար հոգիներ միայն: Այս իմաստով յաճախ ըսուած է, թէ հոգեկան գեղեցկութիւն եւս գոյութիւն ունի, հակառակ անոր, որ հոգին աննիւթեղէն իրականութիւն է: Երբեմն արտաքնապէս շատ տգեղ ու տխեղծ մարդիկ, այնքա՜ն «գեղեցիկ» հոգի կ՛ունենան իրենց ներսիդին, որուն գեղեցկութիւնը կ՛արտացոլայ անոնց ծառայական կեանքի հայելիին ընդմէջէն…
Մարդկութեան միջեւ ցանկալի հաւասարութիւնը, ուրեմն, կը հաւասարակշռուի ներքին եւ արտաքին գեղեցկութիւններով եւ մանաւանդ այն իրողութեամբ, որ ո՛չ մէկ մարդ կրնայ արդարանալ Աստուծոյ աչքին: Հաւասարութիւնը Աստուած ի՛նք կը պահպանէ մարդկութեան միջեւ, մէկուն խելք, միւսին՝ դրամ, երրորդին՝ ֆիզիքական գեղեցկութիւն, չորրորդին՝ հոգեկան բարձրութիւն եւ այլ շնորհքներ պարգեւելով: Ո՛չ ոք ինք իր անձը զրկեալ համարելու իրաւունք ունի, որովհետեւ արդարացի չի՛ կրնար ըլլալ իր այդ մտածումը, այլ՝ չափազանց հիւանդագին:
Արեւմտեան քաղաքակիրթ երկիրներուն մէջ յաճախ երեւցող ու օրինակելի երեւոյթներէն է հերթի կանգնիլը, կամ՝ որեւէ հանրային հիմնարկութեան մէջ կարգ պահելը: Նման վայրերու մէջ կանգնած հսկիչներն ու կարգի պահպանման ուշադրութիւն դարձնող պատասխանատուները, յաճախ ձանձրոյթէ կը տառապին ու յօրանջելով կը սպասեն իրենց աշխատանքային ժամի աւարտին: Մինչ նոյն բաժինի պաշտօնեաներ, նոյնիսկ զինուած ոստիկաններ, Արեւելեան երկիրներու մէջ, ամէն վայրկեան խիստ հսկողութիւն կը կատարեն, կը վիճաբանին հերթի կանգնողներուն հետ, երբեմն բռնի ուժ կը գործադրեն կարգը խախտողներուն դէմ: Հեգնական ու ծիծաղելի երեւոյթը այն է, որ հերթին հսկողները յաճախ իրե՛նք կը խախտեն կարգը, գաղտնաբար իրենց ծանօթները տեղափոխելով երկա՜ր հերթին ամէնէն առջեւի գիծը… Ոմանք զուր տեղ կը համարձակին բարձրաձայն «Այստեղ կա՛րգ կայ» ըսել, որովհետեւ օրէնքը պահպանելու կոչուած անձը, որ այդ պահուն օրէնքը կը խախտէ, երրորդ աշխարհեան երկիրներուն մէջ ինք իր անձը կը նկատէ նաեւ նոյն օրէնքին օրէնսդիրը…
Անարդարութիւններու պարագային ոմանք բողոքի իբրեւ արտայայտութիւն կը սկսին՝ «Քո՛ւ ալ կարգդ կու գայ», «Կարգը քեզի՛ ալ կը հասնի», «Դո՛ւն ալ կարգի կը մտնես» յարձակողական ու միաժամանակ իրենց իրաւազրկուած անձին համար մխիթարական խօսքեր ըսելու բարձրաձայն, իրենցմէ իրաւունք խլող մարդուն երեսին:
Մինչեւ հիմա բազմաթի՜ւ անգամներ կեանքը ներկայացուած է անիւի պատկերով, որ անընդհատ կը դառնայ: Այսինքն, այսօր եթէ քո՛ւ օրն է, վաղը իմս պիտի ըլլայ, միւս օրը՝ անորը: Եւ այսպէս, միշտ պիտի փոխուի հերթը մարդկային կեանքի: Առիթները եւս նոյն իրավիճակը կը պարզեն: Չկայ մարդ, որ յանդգնի ըսել, թէ իրեն առիթ չէ՛ ներկայացած այս կեանքին մէջ յաջողելու: Թերեւս ի՛նք տեղեակ չէ եղած այդ առիթին իրեն մօտեցած ըլլալէն, ու առանց իր գիտնալուն այդ առիթը եկած ու անցած է: Սակայն եկա՛ծ է, այդ առիթը իրեն տրուա՛ծ է: Ուրեմն, կեանքին անիւը դառնալով, իրեն ալ բախտ եղած է յաջողելու, սակայն ինք անտեղեակ եղած է: Ափսո՜ս…
Ալեհեր փորձառու բարեկամս այս մասին յաճախ կ՛ըսէր.- Մէ՛կ բան միայն կարգ չունի… մահը:
Իրաւունք ունէր ան, որովհետեւ մահուան հերթագրուած բազմաթիւ անձերուն մէջէն ընտրութիւնը որո՞ւն պիտի ըլլայ, կամ որո՞ւն կեանքին դուռը պիտի թակեն այդ օր, ո՛չ ոք գիտէ: Մահը հերթ չի՛ ճանչնար: Անիկա շարքի մէջ կեցած բազմաթիւ մարդոցմէ կրնայ ոեւէ մէկը ընտրել, առանց նայելու թէ շարքին ամէնէն առջեւը ո՛վ կանգնած է: Իրենց մահուան սնարին մէջ կռնակի վրայ փռուած մարդիկ, որոնց սեւեռաբիբ աչքերուն մէջ մահէն բացի այլ պատկեր կարելի չ՛ըլլար տեսնել, երբ իմանան իրենց հարազատներէն երիտասարդի մը մահը, խոր ցաւով կը հառաչեն՝ ըսելով. «Կարգը իմս էր…»: Իրենց հաշուով, այո՛, սակայն միակ ա՛յս է, որ կեանքի մէջ հերթ չունի:
Անբուժելի հիւանդութեամբ տառապող մը զարմացուցած էր իր բժիշկին, որ քննելէ ետք հիւանդին, մահուան վերջնագիրը տուած էր:
Սակայն հիւանդը դեռ ողջ էր եւ իր բախտակից հիւանդներէն շատ աւելի լաւ վիճակի մէջ: Իսկ բժիշկը կ՛ըսէր, թէ նման հիւանդութիւն ունեցողներ քանի մը շաբաթուան մէջ արդէն հանդերձեալ կեանք կը տեղափոխուին… Ուրեմն, գիտութիւնն ալ չի՛ կրնար հերթագրել մահուան կարաւանին ճամբորդները, ո՛չ ալ անոր գնացքին տոմսակները կրնայ համարակալել, ինչքան ալ «ճամբորդելու» պատրաստ անձեր գտնուին «կայարան»ին մէջ:
Մահը կարգ չի՛ ճանչնար, ո՛չ ալ հանգամանք ու իշխանութիւն: Անիկա մեր չակնկալած պահուն, ամէն կարգ ու կանոն խախտելով, ամէն հերթ ու հերթականութիւն անտեսելով, յանկարծ մեզի կը հասնի…
ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ