Դա­տա­րա­նի ո­րո­շու­մով կ­ը ս­տա­ցո­ւի այն պատ­կե­րը, որ Փե­րին­չէք Զո­ւի­ցե­րիոյ ար­դա­րա­դա­տու­թեան կող­մէ ա­նի­րա­ւո­ւած ան­հատ մըն է։ Ի­րա­կա­նու­թիւ­նը ճիշտ հա­կա­ռակն է։ Փե­րին­չէք ա­նի­րա­ւո­ւած մը չէ։ Ան ա­նի­րա­ւող մըն է, ինչ­պէս իր ե­տին կե­ցող Թուրք Պե­տու­թիւ­նը։ Այս պարզ և­ ան­վի­ճե­լի ի­րո­ղու­թիւ­նը գի­տակ­ցա­բար ա­ղա­ւա­ղո­ւած է Դա­տա­ րա­նի ծուռ կողմ­նո­րո­շու­մով։

 Վեր­ջերս, Մարդ­կա­յին Ի­րա­ւանց Եւ­րո­պա­կան Դա­տա­րա­նի Վե­րին Ա­տեա­նը վերջ­նա­կան վճիռ կա­յա­ցուց «­Փե­րին­չէք ընդ­դէմ Զո­ւի­ցե­րիոյ» դա­տա­կան գոր­ծի ա­ռն­չու­թեամբ։ Ա­տեա­նին ո­րո­շումն էր ան­պարտ ար­ձա­կել Զո­ւի­ցե­րիոյ մէջ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հրա­պա­րա­կա­յին ու­րաց­ման յան­ցան­քով դա­տա­պար­տո­ւած Տո­ղու Փե­րին­չէ­քը. անձ­նա­ւո­րու­թիւ՛ն՝ որ յայտ­նի է հա­մաշ­խար­հա­յին հան­րու­թեան իր փան­թուր­քիստ, ցե­ղա­պաշտ և հա­կա­հայ գոր­ծու­նէու­թեամբ եւ­ որ ե­կած էր Զո­ւի­ցե­րիա Թուրք Պե­տու­թեան խա­փա­նա­րար քա­ղա­քա­կա­նու­թեան որ­պէս հետեւորդ եւ­ ե­կած էր Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան փաս­տը հրա­պա­րա­կաւ ժխտե­լու գրգռիչ իր պատ­գա­մով, ուղ­ղո­ւած՝ Զո­ւի­ցե­րիոյ թուրք զան­գո­ւա­ծին։

Բազ­մա­հա­րիւր է­ջե­րու վրայ փռո­ւած դա­տա­կան գոր­ծի զե­կոյ­ցը կը փոր­ձէ հա­ւաս­տիաց­նել, որ Դա­տա­րա­նի մեկ­նա­կէ­տը ան­հա­տի ի­րա­ւունք­ներն են եւ­ ոչ ու­րիշ բան։ Այ­սինքն ա­զատ խօս­քի նո­ւի­րա­գոր­ծո­ւած սկզբու՛ն­քը Եւ­րո­պա­յի մէջ՝ թէ­կուզ այն հետ­ևան­քով, որ Դա­տա­րա­նի այս վճռով էա­պէս պաշտ­պա­նու­թիւն կը տրո­ւի ֆա­շիզ­մի բա­ցա­յայտ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան։ Զե­կոյ­ցը կը փոր­ձէ այս գա­ղա­փա­րա­խօ­սա­կան դիր­քե­րէ՛ն ար­դա­րաց­նել Դա­տա­րա­նի ո­րո­շու­մը միա­ժա­մա­նակ խնդրոյ ա­ռար­կայ դարձ­նե­լով զո­ւի­ցե­րիա­կան ար­դա­րա­դա­տու­թեան մա­կար­դա­կը դա­տա­կան այս գոր­ծին մէջ։

Նախ պէտք է մատ­նան­շել, որ Դա­տա­րա­նի այս մօ­տե­ցու­մը բա­ցէ ի բաց կը հա­կա­սէ Եւ­րոխորհրդա­րա­նի 28 Նո­յեմ­բեր 2008 թո­ւի Ու­ղեգ­ծա­յին Ո­րո­շու­մին (Decision-Cadre 2008/913/JAI du Conseil du 28 Novembre 2008), որ յստակ սահ­ման­ներ կը դնէ ա­զատ խօս­քի չա­րա­շա­հու­թեան վրայ, երբ հար­ցը կը վե­րա­բե­րի ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու հրա­պա­րա­կա­յին ու­րաց­ման եր­ևոյ­թին։

Ճիշտ է, որ Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նի ու­ղեգ­ծա­յին ո­րո­շում­նե­րը օ­րէն­քի հան­գա­մանք կը ս­տա­նան ան­դամ եր­կիր­նե­րու ազ­գա­յին խորհր­դա­րան­նե­րու յա­տուկ օ­րի­նագ­ծե­րով միայն, որ­պէս­զի կի­րա­ռե­լի ըլ­լան տուեալ երկ­րին մէջ. բա՛ն մը՝ որ ար­դէն իսկ պա­րա­գան է քա­նի մը ան­դամ եր­կիր­նե­րու։ Իսկ այլ եր­կիր­ներ (ինչ­պէս Ֆ­րան­սան) ներ­կա­յիս կը պատ­րաս­տո­ւին այդ ուղ­ղու­թեամբ շօ­շա­փե­լի քայ­լեր առ­նե­լու։ Ճիշդ է նաև, որ Զուի­ցե­րիան մաս չի կազ­մեր Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան։ Եւ սա­կայն Զո­ւի­ցե­րիան իր օ­րէնսդ­րա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ ե­ղած է փայ­լուն օ­րի­նակ մը Եւ­րո­պա­յի մնա­ցեալ մա­սին և­ օ­րի­նա­կե­լի նա­խան­ձախնդրու­թեամբ կի­րար­կա՛ծ՝ իր հա­կաժխ­տո­ղա­կան օ­րէն­քը բո­լոր ան­սաս­տող­նե­րուն դէմ անխ­տիր, նե­րա­ռեա՛լ Տո­ղու Փե­րին­չէ­քի, ա­ռանց ան­սա­լու Թուր­քիոյ ճնշում­նե­րուն։

Բայց հարց տանք, թէ ի՞նչ չա­փով Դա­տա­րա­նը ե­ղած է հետ­ևո­ղա­կան ան­հա­տի ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան խնդրին մէջ։ Փաս­տը այն է, որ Դա­տա­րա­նը նոյն իր ո­րո­շու­մով բա­ցէ ի բաց ոտ­նա­կո­խած է իր իսկ «դա­ւա­նած» սկզբուն­քը կո­պիտ բա­ցա­ռու­թիւն ը­նե­լով Հ­րէա­կան Ցե­ղաս­պա­նու­թեան (Holocaust)՝ զայն ա­զատ կա­ցու­ցա­նե­լով­…ան­հա­տի ի­րա­ւունք­նե­րու իր գա­ղա­փա­րա­խօ­սա­կան նոր­մե­րէն։ Այս բա­ցա­ռու­թեամբ, Դա­տա­րա­նը ոչ միայն վար­կա­բե­կած է ինք­զինք, այլեւ ոտ­նա­կոխ ը­րած է Եւ­րո­պա­յի հա­յե­րու՛ մարդ­կա­յին ի­րա­ւունք­նե­րը՝ իր թե­րի վճռա­հա­տու­թեամբ օ­րի­նա­կա­նաց­նե­լով Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան դէմ կի­րա­ռո­ւող յայտ­նի խտրա­կա­նու­թիւ­նը։

Միա­ժա­մա­նակ գի­տակ­ցե­լով այս հսկայ մե­ղան­չու­մի հետեւանք­նե­րուն՝ Դա­տա­րա­նը փոր­ձած է դուրս գալ յի­շեալ ո­րո­գայ­թէն յայ­տա­րա­րե­լով, որ կ­՚ըն­դու­նի հա­յոց ի­րա­ւուն­քը հա­յու­թեան հա­ւա­քա­կան յի­շո­ղու­թիւ­նը պաշտ­պա­նե­լու՝ կա­պո­ւած հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մա­կան փոր­ձա­ռու­թեան։ Կ­՚ու­զեմ յի­շեց­նել, որ այդ ի­րա­ւուն­քը Դա­տա­րա­նը չէ, որ պի­տի տայ մե­զի և յա­մե­նայն դէպս այս ու­շա­ցած «նրբազ­գա­ցու­թիւն»ը ոչ մէկ ձեւով կը պարտ­կէ Դա­տա­րա­նին կող­մէ գոր­ծո­ւած ա­նար­դա­րու­թիւ­նը, որ յղի է ծան­րակ­շիռ հետ­ևանք­նե­րով և­ ա­ռա­ջին հեր­թին՝ Հ­րէա­կա՛ն Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­մար։

Կը խօ­սո­ւի այն մա­սին, թէ Դա­տա­րա­նը ա­նուղ­ղա­կիօ­րէն ճա­նա­չում տո­ւած է Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան՝ որ­դեգ­րած չըլ­լա­լով Նա­խա­դատ Ա­տեա­նի ո­րո­շու­մը այս մա­սին։ Ըստ իս, այս տե­սա­կէ­տը չի հա­մա­պա­տաս­խա­ներ ի­րա­կա­նու­թեան։ Դա­տա­րա­նի մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը մեր­ժած է յա­րիլ փոք­րա­մաս­նա­կան վեց դա­տա­ւոր­նե­րու յստակ եզ­րա­կա­ցու­թեան Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան փաս­տը ան­վի­ճե­լի հռչա­կե­լու։ Դա­տա­րա­նը, իր մե­ծա­մաս­նու­թեամբ, տե­սա­կէտ յայտ­նած է ը­սե­լով, որ Նա­խա­դատ Ա­տեա­նը պէտք չէր մտնէր ճա­նաչ­ման հար­ցին մէջ և սա­կայն ան բա­ռա­ցիօ­րէն չե­ղեալ չէ հռչա­կած Նա­խա­դատ Ա­տեա­նի ո­րո­շու­մը։ Կարեւոր նրբու­թիւ՛ն մը՝ որ պէտք չէ վրի­պի հայ­կա­կան կող­մի ու­շադ­րու­թե­նէն։ Ա­սի­կա խնդիր մըն է, որ մեկ­նա­բա­նու­թեան հսկայ շփոթ մը կ­ը ս­տեղ­ծէ եւ հս­կայ բա՛ց մը՝ Եւ­րո­պա­յի Խորհր­դա­րան­նե­րէն ներս օ­րէնսդ­րա­կան յա­ռա­ջի­կայ քայ­լե­րը լրջօ­րէն խո­չըն­դո­տող։

 Ի­րա­կա­նու­թիւ­նը այն է, որ Դա­տա­րա­նը գոր­ծած է շատ թա­փան­ցիկ քա­ղա­քա­կան հա­շիւ­նե­րով։ Ան ո­րո­շում ա­ռած է ա­ռանց իս­կա­պէս յաղ­թա­հա­րե­լու այդ հա­շիւ­նե­րէն բխող իր ներ­քին եր­կո­ւու­թիւն­նե­րը։ Ի­րա­ւա­կան այս թե­րի գոր­ծըն­թա­ցէն նպաս­տա­ւո­րո­ւած է յան­ցա­գոր­ծը՝ ի՝նք եւ­ իր ե­տին կե­ցող Թուրք Պե­տու­թիւ­նը։ Դա­տա­րա­նի ո­րո­շու­մով կը ս­տա­ցո­ւի այն պատ­կե­րը, որ Փե­րին­չէք Զո­ւի­ցե­րիոյ ար­դա­րա­դա­տու­թեան կող­մէ ա­նի­րա­ւո­ւած ան­հատ մըն է։ Ի­րա­կա­նու­թիւ­նը ճիշտ հա­կա­ռակն է։ Փե­րին­չէք ա­նի­րա­ւո­ւած մը չէ։ Ան ա­նի­րա­ւող մըն է, ինչ­պէս իր ե­տին կե­ցող Թուրք Պե­տու­թիւ­նը։ Այս պարզ և­ ան­վի­ճե­լի ի­րո­ղու­թիւ­նը գի­տակ­ցա­բար ա­ղա­ւա­ղո­ւած է Դա­տա­րա­նի ծուռ կողմ­նո­րո­շու­մով։­ Դա­տա­րա­նը նաև ան­փոյթ վա­րո­ւած է իր իսկ ա­ռա­քե­լու­թեան հան­դէպ։ Քաջ գիտ­նա­լով՝ որ իր ո­րո­շու­մը վերջ­նա­կան է, ան այ­նուա­մե­նայ­նիւ ան­տե­սած է իր կազ­մէն ներս գտնուող փոք­րա­մաս­նա­կան մեծ շեր­տի առ­կա­յու­թիւ­նը և յան­ցա­գոր­ծին շնոր­հած՝ ան­վե­րաքն­նե­լիու­թեան ի­րա­ւա­կան հզօր զրա­հը։ Դա­տա­րա­նի այս ո­րոշ­ման քա­ղա­քա­կան հետ­եւանք­նե­րը դեռ մեր առջեւն են։ Ա­նոնք կու գան ա­ւել­նա­լու յա­ռա­ջի­կայ տա­րի­նե­րուն Եւ­րո­պա­յի և­ առ­հա­սա­րակ Արեւ­մուտ­քի մէջ մեր դի­մագ­րա­ւե­լիք միւս մար­տահրա­ւէր­նե­րուն։ Մենք այս ո­րոշ­ման մէջ յաղ­թա­նակ­ներ փնտռե­լու բա­րո­յա­կան ի­րա­ւուն­քը չու­նինք, ինչ­պէս կ­՚ը­նեն Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան փաս­տա­բան­նե­րը՝ Րա­պըրթ­սըն և Ք­լու­նի։ Ա­նոնք կը խօ­սին ի­րենց նեղ տե­սա­դաշ­տի ե­լա­կէ­տե­րէն։ Հայ­կա­կան կող­մը ի­րա­ւունք չու­նի ա­նոնց խօս­քը թու­թա­կա­բար իւ­րաց­նե­լու։ Մեր խնդիրն է այ­սօր ճիշտ արժ­եւո­րել հետ­ևանք­նե­րը այս ո­րոշ­ման և­ ըստ այնմ նա­խագ­ծել մեր վա­ղո­ւան ռազ­մա­վա­րու­թիւ­նը։

Կա­րօ Ար­մե­նեան