­Գիր­քը որ­պէս ար­տադ­րու­թիւն

Գիր­քը որ­պէս սպա­ռո­ղա­կան ապ­րանք, ինչ­պէս ո­րե­ւէ այլ ար­տադ­րու­թիւն, կ­՛են­թար­կո­ւի ար­տադ­րու­թեան եւ պաhանջ­քի (supply & demand) օ­րէնք­նե­րուն:

Հա­կա­ռակ այն ի­րա­կա­նու­թեան, որ անգ­րա­գի­տու­թեան ե­րե­ւոյ­թը բա­ւա­կան նո­ւա­զած է հայ ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն մօտ, նա­մա­նա­ւանդ ե­րի­տա­սարդ սե­րուն­դին մօտ, հա­յե­րէն գիր­քի hրա­տա­րա­կու­թեան ճար­տա­րա­րո­ւես­տը եւ hոն օգ­տա­գոր­ծո­ւող թեք­նի­քը տա­կա­ւին բա­ւա­կա­նին տկար են ու ան­բա­ւա­րար, hա­մե­մա­տած ու­րիշ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու գիր­քե­րու ար­տադ­րու­թեան ճար­տա­րա­րո­ւես­տին:

Իւ­րա­քան­չիւր մէկ մի­լիոն ան­ձի hա­մե­մա­տու­թեամբ hրա­տա­րա­կո­ւած գիր­քա­նուն­նե­րու թի­ւը մեր մօտ շատ ա­ւե­լի նո­ւազ է՝ քան քա­ղա­քակր­թո­ւած ազ­գե­րու ար­տադ­րած գիր­քա­նուն­նե­րու թի­ւը:

Ե­թէ ըն­դու­նինք այն կէ­տը, թէ գիր­քը որ­պէս սպա­ռո­ղա­կան ապ­րանք՝ կ­՛են­թար­կո­ւի ար­տադ­րու­թեան եւ պաhանջ­քի օ­րէնք­նե­րուն, այ­սինքն, չ­՛ար­տադրուիր, ե­թէ պաhանջ­քը չկայ, պի­տի տես­նենք, որ կարգ մը հայ աղ­բիւր­նե­րու տո­ւած պատ­ճա­ռա­բա­նու­թիւ­նը, թէ ե­լեկտ­րո­նա­յին սար­քե­րու գո­յու­թիւ­նը, hա­մա­կար­գի­չի գո­յու­թիւ­նը եւ արhես­տա­գի­տու­թեան սրըն­թաց զար­գա­ցու­մը բա­ցա­սա­կան ե­րե­ւոյթ­ներ են կամ պատ­ճառ­ներ՝ hայ ժո­ղո­վուր­դի մօտ ըն­թեր­ցա­սի­րու­թեան եւ hե­տե­ւա­բար գիր­քի պաhանջ­քի նո­ւա­զու­մին, այն­քան ալ ճիշդ չէ, նա­մա­նա­ւանդ երբ նկա­տի ու­նե­նանք, թէ Հա­յաս­տա­նի մէջ օ­րի­նա­կի hա­մար, ըստ վեր­ջին տո­ւեալ­նե­րուն (մէկ տա­րո­ւան հա­շո­ւար­կով), հոն ապ­րող բնակ­չու­թեան իւ­րա­քան­չիւր մէկ մի­լիոն ան­ձի hա­մե­մա­տու­թեամբ hրա­տա­րա­կո­ւած է 105 ա­նուն գիրք, երբ հա­մա­ցան­ցի (Internet) օգ­տա­գոր­ծող ան­ձե­րուն թի­ւը կը կազ­մէ Հա­յաս­տա­նի բնակ­չու­թեան 4% տո­կո­սը: Մինչ օ­րի­նա­կի հա­մար երբ Ճա­փո­նի մէջ հա­մա­ցանց օգ­տա­գոր­ծող ան­ձե­րուն թի­ւը կը կազ­մէ բնակ­չու­թեան 40% տո­կո­սը (ուր օգ­տա­գոր­ծո­ւող ե­լեկտ­րո­նա­յին սար­քե­րու եւ hա­մա­կար­գիչ­նե­րու թի­ւե­րու hա­մե­մա­տու­թիւ­նը եւ արhես­տա­գի­տու­թեան զար­գա­ցու­մը կա­րե­լի չէ ո՛չ մէկ ձե­ւով բաղ­դա­տել Հա­յաս­տա­նի hետ), հոն hրա­տա­րա­կո­ւող գիր­քի ա­նուն­նե­րու թի­ւը (միեւ­նոյն տա­րո­ւան տո­ւեալ­նե­րով), մէկ մի­լիոն բնակ­չու­թեան hա­մե­մա­տու­թեամբ, ե­ղած է 450 ա­նուն գիրք… այ­սինքն՝ քա­ռա­պա­տիկ ա­ւե­լին քան Հա­յաս­տա­նի մէջ hրա­տա­րա­կո­ւած գիր­քե­րու թի­ւին hա­մե­մա­տու­թիւ­նը:

Անձ­նա­կան hե­տաքրք­րու­թեամբ կա­տա­րած այ­ցե­լու­թիւն­նե­րովս գրա­խա­նութ­նե­րու, գիր­քե­րու ցու­ցաhան­դէս­նե­րու եւ գրա­դա­րան­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ hիմ­նո­ւե­լով ծնող­նե­րու եւ ու­սու­ցիչ­նե­րու hետ փո­խա­նա­կած խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րուս ար­դիւնք­նե­րուն վրայ, ին­ծի hա­մար յստակ է այ­լեւս, թէ տար­բեր տա­րիք­նե­րու ճա­շակ­ներն ու hե­տաքրք­րու­թիւն­նե­րը գոhաց­նող hա­յե­րէն գիր­քե­րու զա­նա­զա­նու­թիւն մը գո­յու­թիւն չու­նի hրա­պա­րա­կին վրայ, իսկ ա­մե­նա­կա­րե­ւո­րը գո­յու­թիւն չու­նի որ­պէս ար­տադ­րու­թիւն, գիր­քի վա­ճա­ռու­նա­կու­թեան (marketing) ոչ մէկ սեր­տո­ւած ու գի­տա­կան ձեւ:

Շատ յա­ճախ hա­յե­րէն գիր­քեր կը hրա­տա­րա­կո­ւին՝ hրա­տա­րա­կո­ւե­լու սի­րոյն, տրցակ­նե­րով դի­զո­ւե­լու hա­մար hրա­տա­րա­կող ազ­գա­յին hաս­տա­տու­թեանց ամ­բար­նե­րուն մէջ: Գ­րա­սէր անhատ­նե­րու մե­կե­նա­սու­թիւնն ու այլ բա­րե­սի­րա­կան hաս­տա­տու­թիւն­նե­րու նիւ­թա­կան մեծ ներդ­րում­ներն ալ կը վատ­նո­ւին այս ձե­ւով:

Հե­տե­ւա­բար ե­թէ դար­ձեալ hիմնուինք ար­տադ­րու­թեան եւ պաhանջ­քի օ­րէն­քին վրայ, կա­րե­լի է եզ­րա­կաց­նել, թէ hա­յե­րէն գիր­քին բո­վան­դա­կու­թիւնն  ու ձե­ւը ե­թէ ժա­մա­նա­կավ­րէպ են եւ ոչ քա­շո­ղա­կան ու սպա­ռո­ղին (ըն­թեր­ցո­ղին) ճա­շակն ու պէտ­քը չեն գոhացներ, եւ ե­թէ մա­նա­ւանդ չեն յար­գո­ւիր վա­ճա­ռու­նա­կու­թեան գի­տա­կան մի­ջոց­նե­րը, ո­րոնք են Ար­տադ­րու­թեան Պի­տա­նե­լիու­թիւ­նը, Գի­նը, Ներ­կա­յաց­ման ձեւն ու ա­նոր Օգ­տա­կա­րու­թիւ­նը ցոյց տա­լու աշ­խա­տան­քը եւ Ցր­ւու­մի Մե­քա­նիզ­մը (The Four “P”s: Product, Price, Promotion, Place), այս պա­րա­գա­յին հայ գիր­քի պաhանջք տե­ղի պի­տի չու­նե­նայ, այ­սինքն hա­յե­րէն գիր­քի պաhանջ­քը պի­տի պակ­սի, hե­տե­ւա­բար նաեւ hա­յե­րէն ըն­թեր­ցա­սի­րու­թիւ­նը:

Անց­նինք այլ կա­րե­ւոր hար­ցի մը, որն է ա­նըն­թեր­ցա­սի­րու­թիւ­նը։

 Ա­նըն­թեր­ցա­սի­րու­թիւ­նը

 Ա­նըն­թեր­ցա­սի­րու­թեան (aliteracy) խնդի­րը եւ ան­կէ բխող hե­տե­ւանք­նե­րը շատ ա­ւե­լի լուրջ եւ վտան­գա­ւոր են, քան ինք­նին անգ­րա­գի­տու­թիւ­նը: Ա­նըն­թեր­ցա­սէր­նե­րը այն ան­ձերն են, ո­րոնք կա­րո­ղու­թիւ­նը ու­նին կար­դա­լու, սա­կայն կը նա­խընտ­րեն չկար­դալ: Ա­նըն­թեր­ցա­սէր­նե­րու գրա­գի­տա­կան կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը շատ յա­ճախ բա­ւա­րար են hա­մալ­սա­րա­նա­կան պաhանջք­նե­րուն, սա­կայն ա­նոնք hա­ճոյք մը չեն տես­ներ ըն­թեր­ցա­նու­թեան մէջ եւ ոչ ալ ա­նոր կը ձեռ­նար­կեն՝ բա­ցի չա­փա­զանց կա­րե­ւոր պա­րա­գա­նե­րուն, ուր ա­նոնք ստի­պո­ւած կը զգան քա­նի մը տող կար­դա­լու կամ գրե­լու:

Ա­նըն­թեր­ցա­սի­րու­թիւ­նը կը ծնեց­նէ անգ­րա­գի­տու­թիւն: Ա­նըն­թեր­ցա­սէր­նե­րը երբ ծնողք կը դառ­նան, շատ գէշ օ­րի­նակ կը hան­դի­սա­նան ի­րենց զա­ւակ­նե­րուն, քա­նի ոչ մէկ ձե­ւով ա­նոնք չեն քա­ջա­լե­րեր կամ չեն մղեր ի­րենց զա­ւակ­նե­րը գիրն ու գրա­կա­նու­թիւ­նը սի­րե­լու:

Ըն­տա­նի­քը մա­նուկ­նե­րու դաս­տիա­րա­կու­թեան գոր­ծըն­թա­ցին մէջ ա­ռա­ջին կա­րե­ւոր ազ­դակն է: Հոն է, որ փոք­րի­կը ա­ռա­ջին ան­գամ կ­՛ըն­կա­լէ մարդ ա­րա­րա­ծի յա­տուկ կեն­սա­կան գի­տե­լիք­ներ, իսկ այդ ըն­կա­լու­մը շատ յա­ճախ կը կա­տա­րո­ւի ծնող­նե­րը կապ­կե­լով: Հե­տե­ւա­բար երբ տան մը մէջ ծնող­քը չի կար­դար` փոք­րի­կը պի­տի չկար­դայ:

Գի­տա­կան լուրջ փաս­տեր չկան, թէ ըն­թեր­ցա­սի­րու­թիւ­նը կը փո­խան­ցո­ւի ժա­ռան­գու­թեամբ: Ու­րեմն ըն­թեր­ցա­սի­րու­թիւ­նը, ինչ­պէս այլ ար­ժէք­ներ կամ ժխտա­կան մո­լու­թիւն­ներ, տան մթնո­լոր­տին ար­դիւնքն են, որ շատ կա­րե­ւոր դեր կը խա­ղայ այս եւ նման պա­րա­գա­նե­րուն:

Միւս կող­մէ ըն­թեր­ցա­սի­րու­թեան զար­գաց­ման շատ ա­ւե­լի վտանգ կը hան­դի­սա­նան ա­նըն­թեր­ցա­սէր ու­սու­ցիչ-ու­սուց­չուhի­նե­րը, մա­նա­ւանդ ե­թէ ա­նոնք լե­զու­նե­րու եւ գրա­կա­նու­թեան դա­սա­տու­ներ են։ Ա­նըն­թեր­ցա­սէր ու­սու­ցիչ-ու­սուց­չուhի­նե­րը երբ շատ գէշ ձե­ւով կը ներ­կա­յաց­նեն կա­րե­ւոր նիւ­թե­րը, ա­նոնց դա­սա­պաhե­րը շատ անhրա­պու­րիչ եւ վա­նո­ղա­կան կ­՛ըլ­լան ու զուրկ ընդhա­նուր գի­տե­լիք­նե­րէ եւ կը սաhմա­նա­փա­կո­ւին դա­սա­գիր­քի պա­րու­նա­կու­թիւ­նը միայն գոց սոր­վիլ տա­լով, ա­ռանց նոր եւ hե­տաքրք­րա­կան տե­ղե­կու­թիւն մը փո­խան­ցե­լու ա­շա­կեր­տին, ո­րուն հա­մար դա­սա­պաhը կը վե­րա­ծո­ւի պա­տի­ժի, ըմ­բոս­տաց­նե­լով փոք­րիկ­նե­րը եւ ա­նոնց մէջ սեր­մա­նե­լով ու­սու­ցի­չին, hե­տե­ւա­բար եւ ա­նոր սոր­վե­ցու­ցած գի­րին ու ըն­թեր­ցա­նու­թեան դէմ ժխտա­կան կողմ­նո­րո­շում: Այ­սօր փաստ է, թէ այն փոք­րիկ­նե­րը, ո­րոնք ի­րենց դպրո­ցա­կան տա­րի­նե­րը որ­պէս ա­շա­կերտ կ­՛ան­ցը­նեն ա­նըն­թեր­ցա­սէր ու­սու­ցիչ-ու­սուց­չուhի­նե­րու դա­սա­րան­նե­րուն մէջ, ի­րենց կար­գին ա­նըն­թեր­ցա­սէր դառ­նա­լու լուրջ վտան­գին առ­ջեւ կը գտնուին: Իսկ երբ այդ փոք­րիկ­նե­րը կու գան նաեւ ա­նըն­թեր­ցա­սէր կամ անգ­րա­գէտ տու­նե­րէ կամ ծնող­նե­րէ, վտանգն ու փոր­ձան­քը կը դառ­նան կրկնա­պա­տիկ:

Գիր­քին եւ ըն­թեր­ցա­սի­րու­թեան hան­դէպ սէ­րը՝ մա­նու­կին քով կը զար­գա­նան իր կեան­քի ա­ռա­ջին տա­րի­նե­րուն, այ­սինքն նա­խադպ­րո­ցա­կան եւ դպրո­ցա­կան ա­ռա­ջին տա­րի­նե­րուն: Ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րը ցոյց կու տան, թէ ըն­թեր­ցա­սէր տու­նե­րէ ե­կող փոք­րիկ­ներ շատ ա­ւե­լի լաւ ար­դիւնք ձեռք կը ձգեն դպրո­ցին մէջ: Հե­տե­ւա­բար ըն­թեր­ցա­սէր սե­րունդ մը պատ­րաս­տե­լու մէջ մեծ դեր ու­նին ծնող­ներն ու մա­նա­ւանդ ման­կա­պար­տէ­զի եւ նա­խակր­թա­րա­նի ու­սու­ցիչ-ու­սուց­չուhի­նե­րը:

Կա­նուխ տա­րի­քին՝ ան­գամ մը որ գիր­քը փոք­րի­կին յա­ջո­ղինք սիրց­նել, ան hա­ճոյք պի­տի զգայ զայն կար­դա­լով։ Եւ ո­րովhե­տեւ այ­սօ­րո­ւայ փոք­րի­կը վա­ղո­ւայ մարդն է, ա­պա­գա­յի hա­մար մենք ստեղ­ծած պի­տի ըլ­լանք ըն­թեր­ցա­սէր գլխա­գիր Մար­դիկ:

 Հա­յե­րէն լե­զո­ւի եր­կո­ւու­թեան հար­ցը

 Հայ փոք­րիկ­նե­րուն hա­մար hա­յե­րէն ըն­թեր­ցա­նու­թիւ­նը ու­նի իր դժուա­րու­թիւն­նե­րը: Ս­փիւռ­քաhայ (ա­րեւմտաhայ) փոք­րիկ­նե­րը, ո­րոնց բա­ցար­ձակ մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը ար­դէն իսկ ա­րե­ւե­լաhայ գրա­կա­նու­թիւն ըն­թեր­ցե­լու ան­կա­րե­լիու­թեան առ­ջեւ կը գտնուին (նկա­տի ա­ռած նաեւ տար­բեր ուղ­ղագրու­թեանց պա­րա­գան), ու­նին նաեւ այլ շատ կա­րե­ւոր դժո­ւա­րու­թիւն մը, որն է այն hսկայ տար­բե­րու­թիւ­նը, որ կայ այ­սօր սփիւռ­քաhայ տան խօ­սակ­ցա­կան լե­զո­ւին եւ սփիւռ­քաhայ գրա­կան լե­զուին մէջ: Այս ի­րա­վի­ճա­կը լուրջ պա­րա­գայ մըն է, որ hե­ղի­նակ­նե­րը, մա­նա­ւանդ փոք­րիկ­նե­րու գրա­կա­նու­թեամբ զբա­ղող hե­ղի­նակ­նե­րը պէտք է մղէ պար­զեց­նե­լու ի­րենց գոր­ծա­ծած գրա­կան լե­զուն, բա­ռերն ու ո­ճը, որ­պէս­զի ըն­կա­լե­լի ըլ­լան փոք­րիկ ըն­թեր­ցո­ղին կող­մէ:

Ըն­թեր­ցող­նե­րը ի­րենց փոր­ձա­ռու­թե­նէն գի­տեն, թէ երբ կը կար­դան բան մը, որ լաւ չեն hասկ­նար, այս մէ­կը կ­՛ա­ռաջ­նոր­դէ զրկո­ւա­ծու­թեան զգա­ցու­մին (frustration), hե­տե­ւա­բար գիր­քը մէկ կողմ նե­տե­լու փոր­ձու­թեան:

Ար­դէն իսկ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող լե­զո­ւա­կան դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րուն վրայ՝ պէտք է ա­ւելց­նել նաեւ հա­յե­րէն լե­զուի ու­սուց­ման ձե­ւը եւ մի­ջոց­նե­րը, հա­յե­րէն լե­զուի դպրո­ցա­կան ծրա­գիր­նե­րու եւ դա­սա­գիր­քե­րու, այլ լե­զու­նե­րու գիր­քե­րու հետ հա­մե­մա­տած անhրա­պու­րիչ, ժա­մա­նա­կավ­րէպ եւ աղ­քատ ո­րա­կով ըլ­լա­լու փաս­տը, ո­րոնք բնաւ չեն գոhաց­ներ հայ ա­շա­կեր­տին ըն­կե­րա­յին, մտա­յին եւ դաս­տիա­րակ­չա­կան պէտ­քե­րը։ Վե­րո­յի­շեալ տխուր ի­րա­կա­նու­թիւ­նը ա­ւե­լի եւս վա­նո­ղա­կան կը դարձ­նէ ըն­թեր­ցա­սի­րու­թիւ­նը հայ ա­շա­կեր­տին մօտ:

 Լու­ծում­նե­րու ա­ռա­ջարկ­ներ

 Որե­ւէ hար­ցի ար­մա­տա­կան լու­ծու­մը կա­րիք ու­նի գի­տա­կան լուրջ ու­սում­նա­սի­րու­թեան, բան մը որ դժբախ­տա­բար կը պակ­սի մեր ժո­ղո­վուր­դին մօտ, ուր ընդhան­րա­պէս լու­ծում­ներ կը փոր­ձենք գտնել շատ յա­ճախ hիմ­նո­ւե­լով մեր ողջմ­տու­թեան (common sense) վրայ, որ կրնայ դժբախ­տա­բար զուրկ ըլ­լալ գի­տա­կան hիմ­քէ:

Հիմ­նո­ւե­լով կա­րիք­նե­րը ար­ժե­ւո­րե­լու գի­տա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թե­նէ բխող ար­դիւնք­նե­րուն վրայ, պէտք է կազ­մա­կեր­պել ծրագ­րո­ւած վար­ժա­նիս­տեր (workshops) ուղ­ղո­ւած ծնող­նե­րուն, ու­սու­ցիչ-ու­սուց­չուhի­նե­րուն, գրա­դա­րա­նա­պե­տե­րուն եւ փոք­րիկ­նե­րուն hետ աշ­խա­տող այլ անhատ­նե­րուն:

Երբ փոք­րիկ­նե­րը կու գան ըն­թեր­ցա­սի­րու­թեան մթնո­լոր­տէ զուրկ տու­նե­րէ, ա­նոնց գրա­ճա­նա­չու­մի եւ ըն­թեր­ցա­սի­րու­թեան ծա­նօ­թա­նա­լու ա­ռի­թը պի­տի յե­տաձ­գո­ւի մին­չեւ ի­րենց դպրոց մուտք գոր­ծե­լը, ուր դար­ձեալ շատ մը պա­րա­գա­նե­րուն՝ hար­ցա­կան կը մնայ այս ուղ­ղու­թեամբ կա­տա­րո­ւող ճշգրիտ աշ­խա­տան­քը: Հե­տե­ւա­բար մա­նու­կը զրկո­ւած պի­տի ըլ­լայ գիրն ու գիր­քը սի­րե­լու ա­ռի­թէն, իր կեան­քի սկզբնա­կան շատ կա­րե­ւոր տա­րի­նե­րուն:

Ե­թէ կ­՛ու­զենք բա­րե­փո­խել այս տխուր ի­րա­վի­ճա­կը եւ մա­նու­կին ա­ռիթ տալ՝ լա­ւա­գոյնս օգ­տո­ւե­լու ըն­թեր­ցա­սի­րու­թեան կա­պո­ւե­լու այդ շատ կեն­սա­կան տա­րի­նե­րէն, hիմ­նա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րու պէտք է ձեռ­նար­կենք եւ փոր­ձենք ծնող­ներն ու ու­սու­ցիչ-ու­սուց­չուhի­նե­րը ու­սու­ցա­նել եւ մար­զել այդ ուղ­ղու­թեամբ: Ա­նոնց պէտք է տրո­ւին բո­լոր կա­րե­ւոր տե­ղե­կու­թիւն­ներն ու ռազ­մա­վա­րա­կան մի­ջոց­նե­րը, որ­պէս­զի կա­րո­ղա­նան զա­նոնք ի գործ դնել՝ ըն­թեր­ցա­սէր սե­րունդ­ներ պատ­րաս­տե­լու hա­մար:

Գիր­քե­րու գո­յու­թիւ­նը մե­ծա­պէս կա­խեալ է ա­նոնց ստեղ­ծած պաhանջ­քէն: Տա­րի­քա­յին խում­բե­րու հետ յար­մա­րող հա­յե­րէն լե­զո­ւով գրո­ւած քա­շո­ղա­կան եւ hե­տաքրք­րա­կան գիր­քե­րու չգո­յու­թիւ­նը՝ իր ժխտա­կան ազ­դե­ցու­թիւ­նը ու­նի hա­յե­րէն ըն­թեր­ցա­սի­րու­թեան զար­գա­ցու­մին վրայ: Միու­թե­նա­կան թէ անhա­տա­կան hրա­տա­րակ­չա­տու­ներն ու hե­ղի­նակ­նե­րը պէտք է նկա­տի ու­նե­նան այս պա­րա­գան: Գիրք ստեղ­ծե­լէ ա­ւե­լի կա­րե­ւոր է՝ ճի՛շդ գրա­կա­նու­թիւն ստեղ­ծե­լը: Լաւ կ­՛ըլ­լայ օգ­տո­ւիլ ա­րեւմ­տեան աշ­խարhի այս դաշ­տին մէջ կա­տա­րած փոր­ձէն եւ ա­նոնց hրա­պու­րիչ ու օգ­տա­կար ման­կա­կան hրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րէն: Ա­պա թէ ոչ՝ հա­յե­րէն գիր­քե­րուն մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը պի­տի hրա­տա­րա­կո­ւի hրա­տա­րա­կո­ւե­լու սի­րոյն եւ ի զուր պի­տի եր­թան ա­նոր hա­մար տրա­մադրած մար­դու­ժը, ժա­մա­նա­կը եւ մա­նա­ւանդ նիւ­թա­կա­նը:

Մե­րօ­րեայ փոք­րիկ­նե­րուն ուղ­ղո­ւած գրա­կա­նու­թիւ­նը պէտք է ար­տա­ցո­լացնէ ա­նոնց ժա­մա­նա­կա­կից ըն­կե­րա­յին, մտա­յին եւ մշա­կու­թա­յին պէտ­քե­րը։ Իսկ նիւ­թե­րը ըլ­լան ի­մաս­տա­լից եւ օգ­տա­շատ ու անդ­րա­դառ­նան մե­րօ­րեայ կա­րե­ւոր ըն­կե­րա­յին ար­ժէք­նե­րուն, ինչ­պէս գոր­ծակ­ցու­թեան ո­գի, ծա­գած hար­ցե­րու խա­ղաղ լու­ծում, պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան գի­տակ­ցու­թիւն, hան­դուր­ժո­ղա­կա­նու­թիւն, ե­ւայլն:

Ա­մե­նա­կա­րե­ւո­րը՝ լե­զուն պէտք է ըլ­լայ hասկ­նա­լի, որ­պէս­զի դիւ­րաց­նէ փոք­րի­կին իր կար­դա­ցած գիր­քէն ըն­կա­լած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը՝ իր հեր­թին օգ­տա­գոր­ծե­լու իր ա­մէ­նօ­րեայ խօ­սակ­ցու­թեան, մտա­ծե­լա­կեր­պին եւ վա­րո­ւե­լա­կեր­պին մէջ:

Գանք այլ կեն­սա­կան hար­ցի մը. hրա­տա­րա­կու­թեամբ զբա­ղող կող­մե­րը պէտք է լա­ւա­տե­ղեակ ըլ­լան վա­ճա­ռու­նա­կու­թեան (marketing) բո­լոր մի­ջոց­նե­րուն եւ գի­տե­լիք­նե­րուն, ա­մէն ա­ռի­թով գոր­ծի դնե­լով զա­նոնք:

 Իսկ ո՞վ պի­տի ընէ այս բո­լո­րը

Պա­տաս­խա­նե­լու hա­մար այս հար­ցին՝ նախ պի­տի շեշ­տեմ, թէ կա­րե­նա­լու hա­մար ու­նե­նալ յա­րա­ճուն եւ շա­րու­նա­կա­կան մարդ­կա­յին զար­գա­ցում (Sustainable Human Development), ազգ մը կա­րի­քը ու­նի պե­տու­թեան եւ hա­սա­րա­կա­կան ու անhա­տա­կան hաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք եր­բեմն ձեռք ձեռ­քի տա­լով, շատ յա­ճախ ալ ի­րար ամ­բող­ջաց­նե­լով՝ կը սա­տա­րեն ի­րենց ժո­ղո­վուր­դի զար­գաց­ման:

Ի չգո­յու­թիւն «Ս­փիւռ­քաhայ Պե­տու­թեան», այս hար­ցի լուծ­ման նա­խա­ձեռ­նող­նե­րը պէտք է ըլ­լան հայ­կա­կան հաս­տա­տու­թիւն­ներն ու միու­թիւն­նե­րը՝ ի­րենց ներ­կա­յա­ցու­ցած ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան-hա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րով եւ լրա­տո­ւա­կան մի­ջոց­նե­րով՝ մե­տիա­յով (media), ինչ­պէս նաեւ մենք՝ որ­պէս գի­րով, գրա­կա­նու­թեամբ եւ սե­րունդ­նե­րու դաս­տիա­րա­կու­թեամբ  զբա­ղող անhատ­ներ, իւ­րա­քան­չիւրս իր կա­րո­ղու­թիւն­նե­րով եւ hմտու­թիւն­նե­րով, որ բնաւ չեն պակ­սիր, ե­թէ ան­շուշտ ճիշդ ձե­ւով օգ­տա­գոր­ծո­ւին: Ա­յո՛, մենք ու­նինք ու­ժեր եւ ար­ժէք­ներ, ո­րոնք մե­ծա­պէս կրնան սա­տա­րել այս եւ նման hար­ցե­րու լուծ­ման:

Սա­կայն ո՞ւր են ա­նոնք: Պատ­մա­կա­նօ­րէն hա­յերս բա­ցա­ռիկ կա­րո­ղու­թիւ­նը ու­նինք նե­ղաց­նե­լու եւ խրտչեց­նե­լու մեր hան­ճար­ներն ու ար­ժէք­նե­րը, ո­րոնք շատ յա­ճախ hա­յու­թեան մէջ գոր­ծե­լա­դաշտ չգտնե­լով եւ կամ սրտնե­ղած՝ կը փնտռեն ու կը գտնեն օ­տար դաշ­տեր, ուր կ­՛աշ­խա­տին ու կը փայ­լին որ­պէս անhատ աշ­խարhա­քա­ղա­քա­ցի­ներ եւ բնա­կա­նա­բար այ­լեւս հայ չեն մնար:

Ու­նինք նաեւ այլ մո­լու­թիւն մը, որն է տեղ տալ մի­ջա­կու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնց­մով դժբախ­տա­բար քիչ բա­ցա­ռու­թեամբ կը ղե­կա­վա­րո­ւին մեր ազ­գա­յին եւ կրթա­կան hաս­տա­տու­թիւն­նե­րը՝ պատ­ճառ դառ­նա­լով ա­նոնց ձա­խո­ղու­թեան։ Այս մո­լու­թիւն­նե­րը ե­թէ չսրբագրո­ւին՝ ար­ժէ­քա­ւոր տղաք պի­տի շա­րու­նա­կեն եր­թալ աշ­խա­տե­լու օ­տար դաշ­տե­րուն մէջ՝ փառք ու պա­տիւ ստա­նա­լու լուրջ ամ­պիոն­նե­րու վրայ, իսկ հայ­կա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը պի­տի չկա­րե­նան կա­տա­րել ի­րենց վստահուած լուրջ դե­րը:

Սե­ւակ Յա­կո­բեան