Հ.Օ.Մ.ի ռազ­մա­վա­րու­թիւ­նը

Ան­նա ­Գա­զան­ճեան

Հ.Օ.Մ.ի ­Հա­մա­հայ­կա­կան 71րդ ­Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ­Ժո­ղո­վի օ­րա­կար­գի կա­րե­ւոր հար­ցե­րէն մէ­կը ե­ղաւ կազ­մա­կեր­պու­թեան ռազ­մա­վա­րա­կան ծրագ­րու­մը։ Այս պատ­ճա­ռով, ան­ցեալ քա­ռա­մեայ

նստաշր­ջա­նին կազ­մո­ւած էր հա­մա­պա­տաս­խան յանձ­նա­խումբ մը՝ բաղ­կա­ցած 11 փոր­ձա­ռու ան­դամ­նե­րէ Ա.Մ.Ն.ի Ա­րե­ւե­լեան եւ Ա­րեւմ­տեան շրջան­նե­րէն, ­Գա­նա­տա­յէն, ­Հա­յաս­տա­նէն, ­Լի­բա­նա­նէն, ­Յու­նաս­տա­նէն եւ ­Հա­րա­ւա­յին Ա­մե­րի­կա­յէն։ ­Նախ­քան անց­նե­լու ռազ­մա­վա­րա­կան ծրագ­րի մշակ­ման, յանձ­նա­խում­բը տար­բեր հար­ցա­թեր­թիկ­ներ պատ­րաս­տած եւ յղած էր այդ ժա­մանա­կի եւ ան­ցեալ ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թիւն­նե­րու ան­դա­մու­հի­նե­րուն, Շր­ջա­նա­յին եւ ­Մե­կու­սի ­Վար­չու­թիւն­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ միա­ւոր­նե­րու պարզ ան­դամ­նե­րու։ Լ­րա­ցուած հար­ցա­թեր­թիկ­նե­րը ստա­նա­լէ ետք եւ նկա­տի առ­նե­լով տար­բեր աղ­բիւր­նե­րէ քա­ղո­ւած տո­ւեալ­ներ եւս, յանձ­նա­խում­բը ու­սում­նա­սի­րու­թիւն մը կա­տա­րեց, վեր­լու­ծե­լով ներ­կայ ի­րա­վի­ճա­կը եւ ա­ռա­ջարկ­ներ բե­րե­լով Հ.Օ.Մ.ի կազ­մա­կերպ­ման եւ իր գոր­ծու­նէու­թեան զար­գաց­ման նպա­տա­կով։ ­Ռազ­մա­վա­րա­կան յանձ­նա­խում­բի մշա­կած ծրա­գի­րը ժո­ղո­վին պար­զո­ւե­ցաւ իր ներ­կա­յա­ցու­ցի­չին կող­մէ եւ շատ գնա­հա­տա­կան խօս­քե­րու ար­ժա­նա­ցաւ, ո­րով­հե­տեւ լուրջ, բծախն­դիր ու մաս­նա­գի­տա­ցած աշ­խա­տան­քի ար­դիւնք էր։

Այս ծրա­գի­րը կեդ­րո­նա­ցաւ հե­տե­ւեալ կէ­տե­րուն վրայ.-

Հ.Օ.Մ.ի կազ­մա­կեր­պա­կան պատ­կեր. ­Յանձ­նա­խում­բը ու­սում­նա­սի­րած է վեր­ջին չորս ընդ­հա­նուր ժո­ղով­նե­րուն ներ­կա­յա­ցո­ւած պատ­կե­րը, ինչ կը վե­րա­բե­րի միու­թեան միա­ւոր­նե­րու եւ ան­դամ­նե­րու թի­ւին։ ­Մի քա­նի մաս­նա­ճիւ­ղեր լու­ծո­ւած են եւ ան­դամ­նե­րու ընդ­հա­նուր թի­ւը ո­րոշ չա­փով նո­ւա­զած է տար­բեր պատ­ճառ­նե­րով շրջա­նէ-շրջան։ ­Հարկ է նշել սա­կայն, որ գաղ­թի նոր ա­լի­քի հե­տե­ւան­քով մա­նա­ւանդ ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քէն, նոր միա­ւոր­ներ կը ստեղ­ծո­ւին Եւ­րո­պա­յի տա­րած­քին վրայ։ Հ.Օ.Մ.ի քար­տէ­սը կը փո­խո­ւի եւ պէտք է փո­փո­խու­թիւն­նե­րուն հե­տե­ւիլ եւ անհրա­ժեշտ ծրագ­րում­նե­րը կա­տա­րել։

Հ.Օ.Մ.ի ե­րի­տա­սար­դա­կա­նա­ցում. ­Տո­ւեալ­նե­րը յայտ­նե­ցին, որ Հ.Օ.Մ.ու­հի­նե­րու մեծ մա­սը նո­ւի­րեալ եւ փոր­ձա­ռու կա­մա­ւոր­ներ են, մի­ջին տա­րի­քէն վեր, ո­րոնք ա­ւե­լի պահ­պա­նո­ղա­կան մտայ­նու­թիւն ու­նին եւ վար­ժո­ւած են ա­ւան­դա­կան գոր­ծե­լա­ձե­ւին։ Ի­րենց­մէ շա­տեր ծան­րա­բեռ­նո­ւած են եր­կար տա­րի­նե­րու գոր­ծու­նէու­թեան եւ պա­տաս­խա­նա­տու դիր­քե­րու պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րու բե­ռը վերց­նե­լով։ Ու­րեմն զգա­լի է միու­թեան ե­րի­տա­սար­դա­կա­նաց­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը, նոր մար­դու­ժի ներգ­րա­ւու­մը, որ նոր մտքեր ու գի­տե­լիք­ներ եւ տար­բեր փոր­ձա­ռու­թիւն ու­նի։ Այս ձե­ւով կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ նաեւ բնա­կա­նոն սերն­դա­փո­խու­թիւ­նը, որ պի­տի ե­րաշ­խա­ւո­րէ Հ.Օ.Մ.ի շա­րու­նա­կա­կա­նու­թիւ­նը։ Ան­դա­մար­շա­ւը պէտք է կա­տա­րո­ւի շրջան­նե­րէն ներս, միօ­րի­նակ ու­ղե­ցոյ­ցի մը հի­ման վրայ։

Տն­տե­սա­կան կա­յու­նու­թիւն. ­Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն Հ.Օ.Մ.ի ­Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թիւ­նը մեծ դժո­ւա­րու­թիւն դի­մագ­րա­ւած է ակն­կա­լո­ւած հա­սոյ­թը ա­պա­հո­վե­լու եւ իր ծրա­գիր­նե­րը գոր­ծադ­րե­լու գծով, տար­բեր շրջան­նե­րու մէջ ծա­գած լուրջ հար­ցե­րու պատ­ճա­ռով (օ­րի­նակ՝ պա­տե­րազմ, գաղ­թա­կա­նու­թիւն, տնտե­սա­կան տագ­նապ)։ ­Հարկ է վե­րար­ժե­ւո­րել տա­րի­նե­րէ ի վեր գոր­ծադ­րո­ւող ծրա­գիր­նե­րը՝ ի մտի ու­նե­նա­լով ստեղ­ծո­ւող նոր կա­րիք­նե­րը։ Անհ­րա­ժեշտ է նաեւ օգ­տա­գոր­ծել բո­լոր հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը իբ­րեւ ոչ-կա­ռա­վա­րա­կան եւ ոչ-շա­հա­բեր կազ­մա­կեր­պու­թիւն, նոր նիւ­թա­կան աղ­բիւր­ներ ա­պա­հո­վե­լու նպա­տա­կով։ ­Հա­սու­թա­բեր ծրա­գիր­նե­րու նա­խա­ձեռ­նու­մը եւ Հ.Օ.Մ.ի հիմ­նադ­րա­մի յա­ջո­ղու­թեան հե­տապն­դու­մը՝ հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տան­քի կը կա­րօ­տին, սա­կայն կրնան ա­նե­լի առ­ջեւ գտնո­ւե­լու եւ միու­թեան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը խափա­նե­լու վտան­գը դի­մագ­րա­ւել։

­

Դաս­տիա­րակ­չա­կան-հա­ղոր­դակ­ցա­կան. ­Յա­տուկ նշա­նա­կու­թիւն ու­նի Հ.Օ.Մ.ի հա­մար իր ան­դա­մու­հի­նե­րու դաս­տիա­րա­կու­մը, մա­նա­ւանդ ա­ւե­լի ե­րի­տա­սարդ­նե­րու եւ նո­րա­գիր­նե­րու պա­րա­գա­յին։ ­Գի­տա­կից ըն­կե­րու­հի մը կրնայ ա­ւե­լի ար­դիւ­նա­բեր ձե­ւով աշ­խա­տիլ եւ հիմ­նա­ւո­րո­ւած ձե­ւով քա­րո­զել իր շրջա­պա­տին իր կազ­մա­կեր­պու­թեան մա­սին։ Ա­ռա­ւել, ցա­մա­քա­մա­սա­յին սե­մի­նար­նե­րը յա­տուկ օ­րա­կար­գե­րով օգ­տա­կար կը նկա­տո­ւին ոչ միայն տե­ղե­կա­տո­ւա­կան ի­մաս­տով, այլ շրջան­նե­րը յու­զող հար­ցե­րու քննարկ­ման, գի­տե­լիք­նե­րու եւ փոր­ձա­ռու­թեան փո­խանց­ման, ինչ­պէս նաեւ աշ­խա­տան­քի հա­մադ­րու­մի ա­ռու­մով։

Հ.Օ.Մ.ի ար­դիա­կա­նա­ցում. Ն­կատուած է որ ար­դիա­կան մի­ջոցնե­րու կի­րար­կու­մը, նո­ւա­զա­գոյն չա­փով կ­’ըլ­լայ, մինչդեռ, ե­թէ մեր գոր­ծե­լա­ձե­ւը վե­րաքն­նենք, կրնանք մե­ծա­պէս օգտո­ւիլ հա­մա­կարգ­չա­յին դիւ­րու­թիւն­նե­րէ։ ­Կա­տա­րո­ւող աշ­խա­տանք­նե­րու փո­խա­դարձ զե­կու­ցու­մը շրջան­նե­րու մի­ջեւ կամ միա­ւոր­նե­րու եւ ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թեան մի­ջեւ, ինչ­պէս նաեւ մտքե­րու փո­խա­նա­կու­մը, միա­ւոր­նե­րը մտա­հո­գող հար­ցե­րու շուրջ, կրնան ա­րագ եւ ան­մի­ջա­կան ձե­ւով ըլ­լալ ու սա­տա­րել հեր­թա­կան յա­րա­բե­րու­թեան ստեղծ­ման։ ­Միա­ժա­մա­նակ, մեր գոր­ծու­նէու­թեան դրսե­ւո­րու­մը հա­մա­ցան­ցի մի­ջո­ցաւ, կրնայ գրա­ւիչ նկա­տո­ւիլ ա­ւե­լի ե­րի­տա­սարդ ան­ձեր Հ.Օ.Մ.ին մօ­տեց­նե­լու տե­սա­կէ­տով։

Ար­տա­քին յա­րա­բե­րա­կան-քա­րոզ­չա­կան. ­Մեր կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը լայ­նա­ծա­ւալ գոր­ծու­նէու­թիւն ու­նի, որ կ’ամ­փո­փո­ւի «­Ժո­ղո­վուր­դիս հետ, ժո­ղո­վուր­դիս հա­մար» կար­գա­խօ­սին մէջ, սա­կայն, ան չի դրսե­ւո­րո­ւիր բա­ւա­րար չա­փով կամ յար­մար ձե­ւով։ ­Հա­մա­կարգ­չա­յին եւ հա­մա­ցան­ցի ըն­ծա­յող հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը պէտք է օգ­տա­գոր­ծել, որ­պէս­զի զգա­լի դարձ­նենք մեր ներ­կա­յու­թիւ­նը, տե­ղա­կան թէ մի­ջազ­գա­յին մա­կար­դա­կի վրայ։ Աս­կէ ան­դին, կա­րե­ւոր է զարկ տալ յա­րա­բե­րա­կան (public relations) բաժ­նին, որ­մով կա­րե­լի է մե­զի զօ­րակ­ցող անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ գտնել, կամ ընդ­լայ­նել նման նպա­տակ­նե­րու ծա­ռա­յող կազ­մա­կեր­պու­թիւնն­նե­րու հետ մեր գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը։

 

Արժանապատուութեան դասեր կամ ... ապրելով նոր իրականութեան մը մէջ

Հ­ռիփ­սի­մէ ­Յա­րու­թիւ­նեան

­

altՄե­զի ծա­նօթ ­Յու­նաս­տա­նի սի­րո­ւած կղզի­նե­րը, Ե­գէա­կան կա­պու­տակ ծովն ու գե­ղե­ցիկ ա­ւա­զոտ ծո­վափ­նե­րը, որ ա­մառ­նա­յին ան­հոգ ար­ձա­կուրդ­նե­րու պատ­կեր­ներ միայն կը բե­րէին մեր մտքին, բո­լո­րո­վին նոր ի­րա­կա­նու­թեան մը պատ­կա­նող պատ­կեր­նե­րու վե­րա­ծո­ւե­ցան, երբ ­Մի­ջերկ­րա­կան ծո­վը Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան ա­մէ­նէն վտան­գա­ւոր ու մա­հա­ցու սահ­մա­նին վե­րա­ծո­ւե­ցաւ, ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քէն եւ Ա­սիա­յէն գաղ­թա­կան­նե­րու բազ­մա­մարդ հոս­քե­րը ըն­դու­նե­լով։

Ար­հես­տա­գի­տու­թեան ճնշիչ ու մե­քե­նա­յա­ցած աշ­խար­հը պար­տա­ւո­րո­ւե­ցաւ դէմ յան­դի­ման գա­լու հսկայ ըն­կե­րա­յին-տնտե­սա­կան-հո­գե­բա­նա­կան ծալ­քեր ընդգր­կող գաղ­թա­կա­նու­թեան հար­ցին հետ։ ­Հա­մաշ­խար­հա­յին Երկ­րորդ Պա­տե­րազ­մէն ետք, գաղ­թա­կա­նու­թեան ա­մէ­նէն մեծ ե­րե­ւոյ­թը կը դի­մագ­րա­ւենք հա­մաշ­խար­հա­յին ա­ռու­մով։ Ա­ւե­լի քան 4 մի­լիոն մարդ փա­խուստ տո­ւած է ­Սու­րիա­յէն, 2011ի ­Մար­տէն ետք։ ­Բայց միայն ­Սու­րիա­յէն չէ, որ փա­խուստ կու­տան մար­դիկ։ Է­րիթ­րէա, ­Նի­կէ­րիա, Ե­մէն, ­Սո­մա­լիա, ­Սու­տան, ­Կամ­պիա եւ ­Պանկ­լա­տէշ, Աֆ­ղա­նիս­տան եւ ­Փա­քիս­տան...։ ­Պա­տե­րազմ­նե­րու, տնտե­սա­կան ու ըն­կե­րա­յին ճնշում­նե­րու եւ ան­յոյս ա­պա­գա­յի մը ան­հե­ռան­կար ի­րա­վի­ճակ­նե­րը՝ մար­դիկ կը մղեն հե­ռա­նա­լու ի­րենց հայ­րե­նի­քէն։ ­Յու­նաս­տան, այն եր­կիր­նե­րու շար­քին է, որ գաղ­թա­կան­նե­րու մեծ հոսք մը պար­տա­ւո­րո­ւե­ցաւ ըն­դու­նե­լու։ ­Թուր­քիոյ սահ­մա­նա­մերձ իր կղզի­նե­րը յոր­դե­ցան՝ ա­մէն օր փլաս­տիք նա­ւե­րով ժա­մա­նող հա­րիւր հա­զա­րա­ւոր թշո­ւառ­նե­րը ըն­դու­նե­լով։ Ա­նոնք փա­խուստ տո­ւած էին ան­կա­յուն կեան­քէ մը, հաս­նե­լով ա­ւան­դա­բար հիւ­րա­սէր եր­կիր՝ ­Յու­նաս­տա­նի ա­պա­հով գիր­կը։ Ա­նոնք կու­գա­յին սա­կայն եր­կիր մը, ուր բնակ­չու­թեան մէկ քա­ռոր­դէն ա­ւե­լին գոր­ծա­զուրկ վի­ճա­կի մէջ է, ուր ե­կա­մու­տը նո­ւա­զած է ա­ւե­լի քան 30 առ հա­րիւ­րով, ուր փխրուն դրա­մատ­նա­յին հա­մա­կարգ մը կը գոր­ծէ, քա­ղա­քա­կան ան­կա­յուն պայ­ման­նե­րու տակ։ ­Բո­լոր այս տո­ւեալ­նե­րու հի­մամբ՝ ­Յու­նաս­տա­նի բնակ­չու­թիւ­նը ան­տար­բեր կամ նոյ­նիսկ բռնի կե­ցո­ւածք­նե­րով կրնար հա­կա­դար­ձած ըլ­լալ կա­ցու­թեան։ Ոչ միայն այդ­պէս չե­ղաւ, այլ հա­ւա­քա­կան թէ ան­հա­տա­կան մեծ ճի­գե­րով, հոգ տա­րո­ւե­ցաւ փախս­տա­կան­նե­րու ամ­բողջ ըն­տա­նիք­ներ ընդգր­կող հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րուն։ ­Դէպ­քեր պա­տա­հե­ցան, ուր մո­լե­ռան­դու­թիւ­նը եւ մանր հա­շիւ­նե­րը ի­րենց տգեղ ե­րե­սը ցոյց տուին, բայց նման դէպ­քեր ե­կան պար­զա­պէս շեշ­տե­լու մնա­ցեալ­նե­րու՝ ջախ­ջա­խիչ մե­ծա­մաս­նու­թեան հաս­կա­ցո­ղու­թիւնն ու օգ­տա­կար գտնո­ւե­լու բա­րեա­ցա­կամ կեցո­ւած­քը։

Ինչ որ մե­զի ան­մի­ջա­պէս մտա­ծել կու­տայ, թէ Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան հա­մար փոր­ձա­քար դար­ձած այս հար­ցը, շու­տով ցոյց տո­ւաւ ­Միու­թեան սկզբունք­նե­րու լուրջ խախ­տում, երբ յատ­կա­պէս հիւ­սի­սի եր­կիր­նե­րէն ցոյց տրո­ւե­ցան ծայր աս­տի­ճան նեղմ­տու­թիւն ու ցե­ղա­պաշ­տու­թիւն։ ­Մար­դիկ ի­րենց ի­րա­կան ե­րե­սը ցոյց կու­տան տագ­նա­պի մը դի­մագ­րաւ­ման պա­հուն։ Եւ Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թիւ­նը իր իս­կա­կան խառ­նակ ու ե­սա­կեդ­րոն ե­րե­սը ցոյց տո­ւաւ, երբ ան­կա­րող գտնո­ւե­ցաւ մարդ­կա­յին մօ­տե­ցու­մով ա­ռաջ­նոր­դո­ւե­լու՝ բո­լո­րի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը եւ հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը պա­հան­ջող նուրբ հար­ցին ուղ­ղու­թեամբ։ ­Քա­ղա­քա­կան խա­ղեր, տնտե­սա­կան հար­ցեր, ըն­կե­րա­յին տագ­նապ­ներ, ուժ ու հա­ւա­սա­րակշռու­թիւն­ներ՝ ա­ւե­լիով դժո­ւա­րա­ցու­ցին հար­ցը, ո­րով­հե­տեւ ա­ւե­լի՛ ծանր կշռե­ցին ղե­կա­վար­նե­րու ու­շադ­րու­թեան վրայ։

­Մար­դոց ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պան ու ջա­տա­գով եր­կիր Ֆ­րան­սան լուրջ երկընտ­րան­քի մէջ մտաւ, ­Գեր­մա­նիա եւ Անգ­լիա ի­րենց ներ­քին քա­ղա­քա­կան խա­ղե­րուն ծա­ռա­յե­ցու­ցին գաղ­թա­կա­նու­թեան հար­ցը, ­Տա­նը­մարք մտա­հոգ գտնուե­ցաւ, իսկ ­Հուն­գա­րիա ա­տե­լի դար­ձաւ բո­լո­րին, երբ ծայ­րա­յեղ պահ­պա­նո­ղա­կա­նու­թեամբ մօ­տե­ցաւ հար­ցին։ Չ­կայ եւ­րո­պա­կան այլ եր­կիր, որ այն­քան կո­պիտ մե­ղադ­րանք­նե­րու ար­ժա­նա­ցած ըլ­լայ, որքան ­Հուն­գա­րիան՝ գաղ­թա­կա­նու­թեան հար­ցով իր կե­ցո­ւածք­նե­րուն հա­մար։ ­Բայց բնա­կան է, թէ նման ռիսք պի­տի վերց­նես, երբ սկսիս պա­տեր հիւ­սել սահ­ման­նե­րուդ վրայ, մար­դի­կը դուրս պա­հել փոր­ձե­լով։

Եւ­րո­պան կա­ռու­ցո­ւած է հա­սա­րա­կաց ար­ժէք­նե­րու հի­ման վրայ։ ­Գա­ղա­փար­նե­րու եւ խօս­քի ա­զա­տու­թիւ­նը, ա­զատ տե­ղա­շար­ժը, ա­զատ ա­ռեւ­տուրն ու փո­խա­դարձ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան գա­ղա­փար­նե­րը դժո­ւար է ան­ջա­տել Եւ­րո­պա­յի սկզբուն­քա­յին կե­ցո­ւածք­նե­րէն։ Ան­շուշտ ոչ ոք միա­միտ է հա­ւա­տա­լու, որ այս կամ այն եր­կի­րը՝ խիղ­ճով միայն պի­տի ուղ­ղո­ւի լու­ծում­ներ գտնե­լու ճամ­բուն վրայ։ Երբ խիղ­ճի փո­խա­րէն շահն է փնտռո­ւա­ծը, պարզ կը դառ­նայ թէ գաղ­թա­կան­նե­րու հոս­քը «օրհ­նո­ւած փրոպ­լէմ» է ճար­տա­րա­պե­տա­կա­նա­ցած եր­կիր­նե­րուն մէջ, ուր աշ­խա­տան­քա­յին ձեռ­քեր կը պակ­սին, կամ բնակ­չու­թեան ընդ­հա­նուր տա­րի­քը շու­տով կը ծե­րա­նայ...։ ­Նոյն պա­հուն՝ հայ­րե­նա­հա­նո­ւած բազ­մու­թիւն­նե­րը օ­տար եր­կիր­նե­րուն մէջ ա­պաս­տա­նե­լով, դեռ եր­կար պի­տի փոր­ձեն, որ­պէս­զի ի­րենց ինք­նու­թիւ­նը չկորսնց­նեն, կրօնք, լե­զու ու մշա­կոյթ պա­հեն, բազ­մամ­շա­կու­թա­յին հսկայ հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րու վե­րա­ծո­ւե­լով։ ­Մենք հա­յերս լաւ գի­տենք այս պայ­ման­նե­րը։ ­Գի­տենք նաեւ, թէ ի՞նչն է այն, որ շատ դիւ­րին է կորսնց­նել օ­տա­րու­թեան մէջ։ Որ­քան ժա­մա­նակ, որ ան­հան­դուր­ժո­ղու­թիւ­նը եւ մո­լե­ռան­դու­թիւնն ու ան­սահ­ման ե­սա­կեդ­րո­նու­թիւնը առ­կայ կը մնան մար­դոց մօտ, ոե­ւէ անձ, կամ ո­րե­ւէ հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն ա­պա­հով ու զար­գա­ցող պայ­ման­նե­րու մէջ չի կրնար ապ­րիլ։

Եւ լաւ է որ բո­լո­րը գի­տակ­ցին այս ի­րո­ղու­թեան, ո­րով­հե­տեւ ­Հիւ­սի­սա­յին Ափ­րի­կէի եւ ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ ան­կար­գու­թիւն­նե­րը ոչ միայն չեն նո­ւա­զիր, այլ հետզ­հե­տէ սաստ­կա­ցող պայ­ման­ներ կը ստեղ­ծեն հոն ապ­րող մար­դոց հա­մար։ Եւ կայ պատ­ճառ վախ­նա­լու, թէ ճգնա­ժա­մը դեռ հա­զիւ սկսած է...

Օ­տար լե­զու­նե­րու մա­սին

­Նա­զիկ ­Ճա­մու­զեան

­

altՄար­դիկ կա­րի­քը կը զգան օ­տար լե­զու­ներ սոր­վե­լու զա­նա­զան պատ­ճառ­նե­րով. ո­մանք՝ ո­րով­հե­տեւ կը սի­րեն ճամ­բոր­դել, ու­րիշ­ներ՝ օ­տար մշա­կոյթ­ներ ճանչ­նա­լու նպա­տա­կով. ո­մանք՝ որ­պէս­զի կա­րե­լիու­թիւ­նը ու­նե­նան ու­սա­նե­լու կամ ի­րենց ու­սու­մը շա­րու­նա­կե­լու օ­տար երկ­րի մը մէջ։ ­Բայց մար­դիկ օ­տար լե­զու­ներ կը սոր­վին մա­նա­ւանդ զա­նոնք գոր­ծա­ծե­լու հա­մար ի­րենց աշ­խա­տան­քի աս­պա­րէ­զին մէջ։ Օ­տար լե­զո­ւի վկա­յա­կան մը եւ մա­նա­ւանդ գոր­ծա­ծե­լու կա­րո­ղու­թիւ­նը կա­րե­ւոր ազ­դակ­ներ են աշ­խա­տան­քի շու­կա­յին մէջ։

­Գա­լով յու­նա­կան ի­րա­կա­նու­թեան. նկա­տի առ­նե­լով որ յու­նա­րէ­նը ան­գոր­ծա­ծե­լի է ­Յու­նաս­տա­նի սահ­ման­նե­րէն դուրս, յոյ­նե­րը ստի­պո­ւած կը զգան օ­տար լե­զու­ներ սոր­վե­լու։ Ըստ EUROBAROMETERի հե­տա­զօ­տու­թեան, յոյն ա­շա­կերտ­նե­րու 92%ը առ նո­ւազն մէկ օ­տար լե­զու կը սոր­վի, ինչ որ ա­մե­նա­մեծ հա­մե­մա­տու­թիւնն է Եւ­րո­պա­յի մէջ. երկ­րորդ եր­կիրն է Ի­տա­լիան (74%) իսկ եր­րոր­դը՝ Իր­լան­տան (73%)։ ­Սա­կայն ա­ւե­լի տա­րեց­նե­րու մէջ եւս հա­մե­մա­տու­թիւ­նը բարձր է. 25-64 տա­րե­կան յոյ­նե­րուն 44,8%ը կը խօ­սի առ նո­ւազն մէկ օ­տար լե­զու, երբ Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան եր­կիր­նե­րու մի­ջինն է 35,7 առ հա­րիւր։

Բ­նա­կա­նա­բար ու­սու­ցո­ւող լե­զու­նե­րու ա­ռիւ­ծի բա­ժի­նը կը պատ­կա­նի անգ­լե­րէ­նին։ ­Յու­նաս­տա­նի մէջ չկայ ըն­տա­նիք, որ չ­‘անդ­րա­դառ­նար ա­նոր անհ­րա­ժեշ­տու­թեան։ Ծ­նող­նե­րը ճիգ չեն խնա­յեր, ե­թէ հարկ ըլ­լայ նոյ­նիսկ ի­րենք զի­րենք ու­րիշ բա­նե­րէ զրկե­լով, որ­պէս­զի ի­րենց զա­ւակ­նե­րը ու­ղար­կեն անգ­լե­րէ­նի դա­սե­րու։ ­Մի­ջան­կեալ նշենք նաեւ, թէ յա­ճախ կը հաս­նին ծայ­րա­յե­ղու­թեան, ի­րենց զա­ւակ­նե­րը ար­դէն ման­կա­պար­տէ­զէն ու­ղար­կե­լով յա­տուկ դպրոց, կար­ծես վա­ղը փոք­րի­կին դի­մա­ցը պի­տի ել­լէ Օ­պա­ման ու հե­տը պի­տի զրու­ցէ...

­Վե­րա­դառ­նա­լով՝ նշե­ցինք ար­դէն, թէ անգ­լե­րէնն է ու­սու­ցո­ւող օ­տար լե­զու­նե­րէն ա­ռա­ջի­նը։ Երկ­րորդ լե­զո­ւի պա­րա­գա­յին, ան­ցեա­լին կը նա­խընտ­րո­ւէր ֆրան­սե­րէ­նը, իսկ այժմ ա­ռաջ­նու­թիւ­նը կը շա­հի գեր­մա­նե­րէ­նը։

­Հե­տաքրք­րա­կան է, թէ Ա­թէն­քի հա­մալ­սա­րա­նի օ­տար լե­զու­նե­րու ու­սուց­չա­նո­ցին մէջ ու­սա­նող­նե­րու ա­ռա­ջին ընտ­րու­թիւ­նը սպա­նե­րէնն է. կը յա­ջոր­դեն անգ­լե­րէ­նը, ի­տա­լե­րէ­նը, գեր­մա­նե­րէ­նը, ճա­փո­նե­րէ­նը, ա­րա­բե­րէ­նը, չի­նա­րէ­նը եւ ռու­սե­րէ­նը։

­Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ­Յու­նաս­տա­նի տնտե­սա­կան տագ­նա­պին իբր հե­տե­ւանք, բազ­մա­թիւ ե­րի­տա­սարդ­ներ կը ստի­պո­ւին կամ կը փա­փա­քին ար­տա­գաղ­թել, ա­ւե­լի լաւ ա­պա­գա­յի մը հե­ռան­կա­րով։ Այս պատ­ճա­ռով, մեծ ժո­ղովր­դա­կա­նու­թիւն կը վա­յե­լեն լե­զու­ներ՝ զո­րս ան­ցեա­լին կ’ընտ­րէր միայն անձ մը, ո­րու հա­մար օ­տար լե­զու սոր­վի­լը «հո­պի» էր։

Այս­պէս, ով որ հե­ռա­տես է, կը փոր­ձէ սոր­վիլ չի­նա­րէն։ ­Չի­նաս­տան կը փա­փա­քի ըլ­լալ ա­պա­գա­յի գե­րու­ժը։ Դժ­բախ­տա­բար, չի­նա­րէն լե­զո­ւի փի­լի­սո­փա­յու­թիւ­նը բո­լո­րո­վին տար­բեր է մե­զի ծա­նօթ լե­զու­նե­րէն, ինչ որ շատ կը դժո­ւա­րաց­նէ չի­նա­րէն սոր­վող­նե­րու գոր­ծը։ Ա­րա­բե­րէն կը սոր­վին ա­նոնք, ո­րոնք կը փա­փա­քին աշ­խա­տիլ ­Քա­թա­րի կամ ­Տու­պա­յի մէջ։ Ա­նոնց մե­ծա­մաս­նու­թիւնն են դրա­մա­տան պաշ­տօ­նեա­ներ, ար­հես­տա­ւոր­ներ եւ ու­սու­ցիչ­ներ։ ­Մեծ ժո­ղովր­դա­կա­նու­թիւն կը վա­յե­լէ նաեւ ռու­սե­րէ­նը։ Այժմ ռու­սե­րէն կը սոր­վին նոյ­նիսկ նա­խակր­թա­րա­նի ա­շա­կերտ­ներ. նաեւ ու­սա­նող­ներ, կամ նա­ւար­կու­թեամբ, զբօ­սաշր­ջի­կու­թեամբ եւ ա­ռեւ­տու­րով զբա­ղող­ներ։ Ա­նոնք, ո­րոնք ի­րենց գի­տե­լիք­նե­րու ցան­կը կը փա­փա­քին ճո­խաց­նել, ա­պա­գա­յին ա­ւե­լի լաւ գործ մը գտնե­լու հե­ռան­կա­րով՝ կ­‘ընտ­րեն թրքե­րէ­նը։ ­Յու­նա­րէն գիտ­ցո­ղին հա­մար, թրքե­րէ­նը ա­ւե­լի դի­ւրին կը հնչէ, նկա­տե­լով որ բազ­մա­թիւ թրքե­րէն բա­ռեր թա­փան­ցած են յու­նա­րէն լե­զո­ւին մէջ։ ­Վեր­ջա­պէս շո­ւէ­տե­րէն կը սոր­վին տնտե­սա­գի­տու­թեան կամ լրա­տո­ւու­թեան վկա­յեալ­նե­րը եւ մա­նա­ւանդ բժիշկ­նե­րը։ Կ’ար­ժէ նշել, թէ ­Շո­ւէ­տի մէջ իւ­րա­քան­չիւր բժիշ­կի գոր­ծի հա­մար դի­մում կը կա­տա­րեն հինգ շո­ւէ­տա­ցի եւ վաթ­սուն յոյն բժիշկ­ներ։

Այս ա­մրան ըն­թաց­քին, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թիւ­նը կազ­մա­կեր­պեց դէ­պի ­Հա­յաս­տան եւ Ար­ցախ պտոյտ մը,
ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցան միու­թե­նա­կան մօ­տա­ւո­րա­պէս 60 ան­դամ-ան­դա­մու­հի­ներ: Ար­ցա­խի մէջ ա­նոնք այ­ցե­լե­ցին զօ­րա­բա­նա­կը:
Այս ա­ռի­թով եւ վեր­ջին շրջա­նին Ար­ցախ-Ատր­պէյ­ճան սահ­մա­նին վրայ պա­տա­հար­նե­րու լոյ­սին տակ,
Կ­նո­ջա­կան է­ջի խմբագ­րա­կան կազ­մը դի­մեց ­Լո­ռի ­Գու­յում­ճեա­նին, որ­պէս­զի այդ
փոր­ձա­ռու­թե­նէն իր մտա­ծում­ներն ու զգա­ցում­նե­րը փո­խան­ցէ մե­զի:

­Մե­րօ­րեայ հե­րոս­նե­րը

­Լո­ռի ­Գու­յում­ճեան

altՀ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան շրջապտոյտը դէ­պի ­Հա­յա­սա­տան եւ Ար­ցախ ա­ռիթ ե­ղաւ մաս­նակ­ցող ե­րի­տա­սարդ­նե­րուս հա­մար, որ այդ օ­րե­րուն Ե­րե­ւա­նի մէջ տի­րող ­Հա­մա­հայ­կա­կան մար­զա­կան Խա­ղե­րու մթնո­լոր­տին մէջ եւ մեր այ­ցե­լած վայ­րե­րու հմայ­քին տակ, բո­լո­րիս հայ­րե­նա­սի­րա­կան զգա­ցում­նե­րը արթն­նան եւ ազ­գա­յին ո­գին զօ­րա­նայ:

Դպ­րո­ցա­կան գրքե­րուն մէ­ջէն մեր ճանչ­ցած հայ­րե­նի­քը կեանք ա­ռաւ, իր ար­քա­յա­կան ան­վերջ լեռ­նե­րով, գե­ղե­ցիկ բնու­թեամբ եւ հա­րիւ­րա­ւոր ե­կե­ղե­ցի­նե­րով:

Որ­քան ալ յու­զիչ եւ հա­ճե­լի էր ­Հա­յաս­տա­նը վա­յե­լե­լը, որ ին­ծի հա­մար երկ­րորդ ան­գամն էր, զիս իս­կա­պէս հպար­տա­ցու­ցին Ար­ցա­խի հա­յու­թիւ­նը եւ մա­նա­ւանդ Ար­ցա­խի զի­նո­ւոր­նե­րը, զօ­րա­բա­նա­կը: Ար­ցախ մեր կե­ցու­թեան ըն­թաց­քին, Ե­րի­տա­սար­դա­կա­նի կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան յա­տուկ կար­գադ­րու­թեամբ, մեր խում­բը քա­նի մը ժա­մո­ւայ հա­մար գտնո­ւե­ցաւ զօ­րա­նոց:

­Մե­զի տա­րե­կից հայ տղաք են Ար­ցա­խի զի­նո­ւոր­նե­րը: Ա­նոնք հե­ռո­ւէն իսկ հա­զիւ լսեն ի­րենց զօ­րա­պետ­նե­րուն ձայ­նը, կազմ ու պատ­րաստ կը կե­նան: ­Տա­րօ­րի­նակ չէ ի­րենց հա­մար ան­խօս ճա­շե­լը, ան­խօս մարզո­ւի­լը, նոյ­նիսկ հանգս­տա­նալ ա­ռանց ի­րա­րու հետ զրու­ցե­լու: ­Խիստ ու չար­քաշ է ի­րենց կեան­քը, հե­ռու ի­րենց ըն­տա­նիք­նե­րէն ու բա­րե­կամ­նե­րէն:

­Զօ­րա­նո­ցին մէջ քա­նի մը վայր­կեան պտը­տե­լէ ետք անդ­րա­դար­ձանք, թէ զի­նո­ւոր­նե­րուն ար­տօ­նո­ւած չէր մե­զի հետ յա­րա­բե­րո­ւիլ, նոյ­նիսկ ա­նոնք մեր կող­մը չէին նա­յեր: Ս­կիզ­բը զար­մա­նա­լի էր մե­զի հա­մար այս ե­րե­ւոյ­թը, մա­նա­ւանդ որ մենք կը փա­փա­քէինք ծա­նօ­թա­նալ եւ զա­նա­զան հար­ցում­ներ ուղ­ղել ի­րենց: Վս­տա­հա­բար զօ­րա­նո­ցի օ­րէն­քը այդ­պէս ճշդո­ւած է, որ­պէս­զի տղոց միտ­քը եւ ու­շադ­րու­թիւ­նը չշե­ղի ի­րենց ա­ռա­քե­լու­թե­նէն, հայ­րե­նի հո­ղե­րը պաշտ­պա­նե­լու նպա­տա­կէն: Ար­ցա­խի բա­նա­կին մէջ ծա­ռա­յո­ղը չի նմա­նիր ­Յու­նաս­տա­նի կամ այլ խա­ղաղ երկ­րի բա­նա­կին մէջ ծա­ռա­յող զի­նո­ւո­րին. ան ա­մէն վայր­կեան պատ­րաստ պէտք է ըլ­լայ թշնա­միին յար­ձա­կո­ղա­կան ա­խոր­ժակ­նե­րը դի­մադ­րե­լու եւ հայ­րե­նի­քին տէր կանգ­նե­լու: Իսկ... սփիւռ­քի ե­րի­տա­սարդ­նե­րուս հետ յա­րա­բե­րո­ւի­լը, մեր տար­բեր-տար­բեր հե­տաքրք­րու­թիւն­նե­րը, ան­հոգ զբօ­սաշր­ջի­կի տրա­մադ­րու­թիւ­նը եւ կեան­քի այլ պայ­ման­նե­րը, հա­ւա­նա­բար ան­յար­մար կը նկա­տո­ւին զօ­րա­պետ­նե­րուն կող­մէ ե­րի­տա­սարդ զի­նո­ւոր­նե­րուն կար­գա­պա­հու­թեան հա­մար: ­Նոյ­նիսկ երբ վո­լէյ­պո­լի խաղ մը տե­ղի ու­նե­ցաւ մեր ե­րի­տա­սար­դա­կա­նի տղոց եւ զի­նո­ւոր­նե­րու խում­բի մը մի­ջեւ, ա­տի­կա ո­րո­շո­ւե­ցաւ ի­րենց հրա­մա­նա­տար­նե­րու հրա­հան­քով եւ խա­ղը ան­ցաւ ա­ռանց ո­րե­ւէ խօ­սակ­ցու­թեան փո­խա­նա­կու­թեան: ­Նոյնն էր ճա­շի ժա­մուն, ուր մենք հիւ­րա­սի­րո­ւե­ցանք զօ­րա­բա­նա­կին կող­մէ: ­Սա­կայն թէեւ շատ չխօ­սե­ցանք, զգա­ցում­նե­րով հարստա­ցանք: Այս­պէս ու­րեմն զօ­րա­նո­ցին մէջ մենք զրու­ցե­ցինք միայն եր­կու զօ­րա­պետ­նե­րու հետ եւ երբ ան­կէ մեկ­նե­ցանք ա­ւե­լի հպարտ կը զգա­յինք:

­Պա­տե­րազ­մի ի­րա­կա­նու­թիւ­նը մե­զի հա­մար հե­ռա­ւոր կա­ցու­թիւն մըն է, լու­րե­րէն տրո­ւած դէպ­քեր են: ­Բախ­տա­ւոր ենք ա­նոր հա­մար: ­Ղա­րա­բա­ղի բնակ­չու­թեան հա­մար մօ­տիկ ան­ցեա­լի ի­րա­կա­նու­թիւն մըն է եւ ներ­կա­յի ան­գութ սպառ­նա­լիք: ­Հա­կա­ռակ ա­սոր, ա­զատ հայ­րե­նիք կեր­տած ըլ­լա­լու հպար­տու­թիւ­նը ու­նին Ար­ցա­խի բո­լոր ե­րի­տա­սարդ­նե­րը:

­Զօ­րա­բա­նա­կի կեան­քի պատ­կե­րը դրոշ­մո­ւած մնաց մեր մտքե­րուն եւ մա­նա­ւանդ մեր սրտե­րուն մէջ: ­Յու­նաս­տան վե­րա­դար­ձիս ա­ւե­լի յա­ճախ Ար­ցա­խի լու­րե­րով կը հե­տաքրք­րո­ւիմ: ­Վեր­ջին շրջա­նին Ար­ցախ-Ատր­պեյ­ճան սահ­մա­նին վրայ պա­տա­հած դէպ­քե­րը ա­ւե­լի կը ցնցեն մե­զի քան ան­ցեա­լին: Ա­զե­րի­նե­րու յար­ձա­կո­ղա­կա­նու­թիւ­նը ա­ւե­լի կ­՛ընդ­վ­զեց­նէ մեզ: ­Զոհո­ւած հայ զի­նո­ւոր­նե­րու լու­րը ա­ւե­լի ցա­ւա­լի կը լսուի: ­Պատ­ճա­ռը այն է որ, զօ­րա­բա­նակ այ­ցե­լե­լէ ետք, ա­մէն մէկ նա­հա­տա­կո­ւած զի­նո­ւոր կար­ծես ըն­կեր մըն էր որ կոր­սո­ւե­ցաւ...

Դպ­րո­ցը սոր­ված ենք մեր ան­ցեա­լի հե­րոս­նե­րուն մա­սին: ­Մեր տե­սած ե­րի­տա­սարդ զի­նո­ւոր­նե­րը ներ­կա՛յ ժա­մա­նա­կի մեր ազ­գի հե­րոս­ներն են:

­Զօ­րա­նո­ցին մէջ կեան­քը տես­նե­լով ինք­նա­բե­րա­բար բաղ­դա­տա­կան մը ե­կաւ մտքիս մէջ՝ մեր եւ ա­նոնց մի­ջեւ: ­Բո­լորս ալ ե­րի­տա­սարդ­ներ, ա­պա­գա­յի ե­րազ­նե­րով եւ ծրա­գիր­նե­րով, սա­կայն ա­նոնք ա­մէն բա­նէ ա­ռաջ կը դնեն հայ­րե­նի­քի անվ­տան­գու­թիւ­նը, նոյ­նիսկ ի­րենց սե­փա­կան կեան­քը վտան­գե­լով: Իսկ մենք, սփիւռ­քա­հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը, հայ­րե­նի­քէն հա­զա­րա­ւոր քի­լո­մեթր հե­ռու, որ­քա՜ն պզտիկ է մեր բա­ժի­նը մեր դա­տի ար­դա­րաց­ման պայ­քա­րին մէջ:

Երբ կը յի­շեմ մեզ բո­լորս միա­սին զօ­րա­նո­ցին մէջ, ա­նոնք՝ ի­րենց չար­քա­շու­թեամբ եւ մենք՝ մեր խան­դա­վա­ռու­թեամբ, ա­մէն բան կը պար­զա­նայ մտքիս մէջ: ­Կը բա­ւէ որ մենք չըլ­լանք ան­տար­բեր եւ մա­կե­րե­սա­յին, մեր բա­ժի­նը ը­նենք ա­ռա­ւե­լա­գոյն ճի­գով եւ նպա­տա­կին հա­ւա­տա­լով: Այն ա­տեն բաղ­դա­տա­կա­նին տար­բե­րու­թիւն­նե­րը կը մեղ­մա­նան եւ կը փոք­րա­նան: Չ­մոռ­նանք, թէ որ­քան ալ աշ­խար­հի մէջ տա­րա­ծո­ւած ենք, դեռ կա՛նք եւ որ­քան ալ տար­բեր ենք, ե­թէ մեր ու­ժը միա­ցած պա­հենք, այն ա­տեն իս­կա­կան ու­ժի կը վե­րա­ծո­ւինք, «կը լի­նենք ու դեռ կը շա­տա­նանք»:

 Հա­մա­ցան­ցին մէջ «­Բան­տար­կո­ւած»
Fear Of Missing Out (FOMO)-­Կորսնց­նե­լու ­Վա­խը

­Ռոզ­մա­րի Ե­դի­մեան

 altԼուր մը կորսնց­նե­լու (ան­ցու­դար­ձէն դուրս մնա­լու) այս վա­խը նոր տա­րօ­րի­նակ ան­հանգս­տու­թիւն մըն է, կա­պո­ւած ին­թեր­նե­թին հետ:

Օ­րա­կան քա­նի՞ ան­գամ կը զգանք on-line ըլ­լա­լու կա­րի­քը, կը պա­տաս­խա­նենք մեր բջի­ջա­յին հե­ռա­ձայ­նին, կը քննենք մեր ան­պա­տաս­խան մնա­ցած հե­ռա­ձայ­նի կո­չե­րը, կը մտնենք ֆէյս­պու­քի մեր է­ջին մէջ, կը ստուգենք մեր ե­լեկտ­րո­նա­յին նա­մա­կագ­րու­թիւ­նը, եւ այս բո­լո­րը նոյ­նիսկ ար­ձա­կուր­դի ա­տեն: ­Նա մա­նա­ւանդ ա­ւե­լի ե­րի­տա­սարդ տա­րի­քով ան­ձե­րը, ո­րոնց հա­մար ա­րհես­տա­գի­տա­կան նո­ւա­ճում­նե­րը ա­ռօ­րեայ վար­ժու­թիւն դար­ձած են: Ի­րենց բթա­մա­տը շա­րու­նակ iphoneին կո­ճա­կի մը վրայ փա­կած է, ստա­նա­լու եւ ու­ղար­կե­լու հա­մար ի­րենց անս­պառ լրա­տո­ւու­թիւ­նը:

­Մեր օ­րե­րու սոյն ա­նա­պա­հո­վու­թիւ­նը նկա­րագ­րե­լու հա­մար կը գոր­ծա­ծո­ւի Fear Of Missing Out (FOMO)-­Կորսնց­նե­լու ­Վա­խը եզ­րա­բա­նու­թիւ­նը եւ հո­գեpու­ժա­կան տե­սա­կէ­տէն հա­սա­րա­կա­կան մտա­տան­ջու­թիւն է: Այդ վախն է, թէ կը կորսնց­նես բա­րե­կամ­նե­րուդ եւ նոյ­նիսկ պարզ ծա­նօթ­նե­րուդ ա­մէ­նօ­րեա­յի ա­մե­նա­լաւ վայր­կեան­նե­րը, օ­րի­նակ՝ երբ ճա­շա­րա­նի մը մէջ հա­մով ճաշ մը կ՛ընթ­րեն, կամ երբ ի­րենց տա­րե­դար­ձը կը տօ­նեն կամ ալ ար­ձա­կուր­դի կ­՛եր­թան: ­Հա­մա­ցան­ցի ըն­կե­րա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու է­ջե­րու (facebook, Instagram, twitter եւ այլն) մի­ջո­ցաւ հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը կը տրո­ւի հե­ռո­ւէն դի­տելու եւ հե­տե­ւելու ի­րենց կեան­քին: ­Նոյն ձե­ւով՝ ու­րիշ­ներ կա­րի­քը կը զգան նկա­րե­լու ի­րենք զի­րենք եւ նկա­րը տե­ղադ­րե­լու ի­րենց է­ջին վրայ կամ ար­տա­յայ­տե­լու իւ­րա­քան­չիւր վայր­կեան ի­րենց «ա­մե­նաչն­չին» մտա­ծում­նե­րը, որ­պէս­զի ստա­նան մեծ թի­ւով հա­մակ­րու­թիւն­ներ եւ մեկ­նա­բա­նու­թիւն­ներ (likes & comments):

 «Թայմս» պար­բե­րա­թեր­թը հրա­տա­րա­կած է վեր­ջերս հե­տա­զօ­տու­թիւն մը, ո­րուն հա­մա­ձայն Ա­մե­րի­կա­յի, Անգ­լիոյ, ­Չի­նաս­տա­նի եւ Աւստ­րա­լիոյ չա­փա­հաս բնակ­չու­թեան մէկ եր­րոր­դը կ’ըն­դու­նի, թէ ա­րհես­տա­գի­տու­թիւ­նը եւ ըն­կե­րա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու է­ջե­րը (facebook, Instagram, twitter եւ այլըն)   ո­րոշ կեր­պով ճնշում կը պատ­ճա­ռեն ի­րենց հո­գե­կան վի­ճա­կին եւ ինք­նավստա­հու­թեան վրայ, քա­նի որ ա­նոնք մաս­նա­ւոր ջանք պէտք է թա­փեն ար­հես­տա­գի­տու­թեան եւ ին­թեր­նե­թի ըն­կե­րա­կան պա­հանջ­նե­րուն հա­մա­պա­տաս­խան գտնո­ւե­լու հա­մար: ­Նաեւ՝ կը նկա­տո­ւի, թէ այս վեր­ջին տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին շա­րու­նակ կ­՛ա­ճի թիւը այն կի­նե­րուն, ո­րոնք յան­կարծ սկսած են ար­տա­յայ­տել ա­րհես­տա­գի­տու­թեան եւ ին­թեր­նե­թի նկատ­մամբ «հա­կում» մը եւ ամ­բողջ օ­րը կառ­չած կը մնան ի­րենց հա­մա­կար­գի­չի պաս­տա­ռէ:

 ­Եզրակացնելով՝ կա­րե­ւոր է նշել եր­կու հիմ­նա­կան կէ­տեր: ­Նախ եւ ա­ռաջ՝ ըն­կե­րա­կան մե­կու­սաց­ման վա­խը բո­լո­րո­վին բնա­կան վախ մըն է մար­դուս հա­մար. երկ­րորդ՝ ա­րհես­տա­գի­տու­թիւ­նը իր «ըն­կե­րա­յին» յա­րա­բե­րու­թեանց տար­բեր կի­րար­կու­թիւն­նե­րով ան­շուշտ եւ պէտք է յա­ռաջ­դի­մէ: ­Սա­կայն, նոյ­նը պետք է պա­տա­հի մեր մտա­ծե­լու ձե­ւին մէջ:

 Դժ­բախ­տա­բար յա­ճախ կը նկա­տենք, որ հա­մա­ցան­ցի գոր­ծա­ծու­թիւ­նը կ­’ու­նե­նայ իբր հե­տե­ւանք ան­հա­սուն վա­րո­ւե­լա­կերպ, պա­տա­նե­կան բար­դոյթ­ներ եւ զա­նա­զան նոր հո­գե­կան բար­դոյթ­նե­րու յա­ռա­ջա­ցում, նոյ­նիսկ հա­սուն տա­րի­քի ան­ձե­րու վրայ: ­Լաւ է քիչ մը մտա­հո­գո­ւիլ այս հար­ցե­րով եւ փոր­ձել լա­ւա­գոյն ու չա­փա­ւոր ձե­ւով ընդգր­կել յա­րա­բե­րու­թեան այս նոր ձե­ւե­րը մեր կեան­քին մէջ:

Մեծ սի­րոյ մը պատ­մու­թե­նէն
«Ես սի­րում եմ քեզ, սի­րում եմ խե­լա­գա­րի պէս,
գա­զա­նի նման, ինչ­պէս հի­ւանդ»

­

altՄեր մեծ բա­նաս­տեղծ ­Պա­րոյր Սեւա­կը և ­Սու­լա­մի­թա ­Ռուդ­րիկ Ֆ­րիդ­բեր­կը ծա­նօ­թա­ցեր են 1957ի ­Դեկ­տեմ­բե­րի 1ին, բա­նաս­տեղծ ­Գե­նիէ Այ­գիի հար­սա­նի­քին: Այդ նոյն գի­շե­րը Ս­ևա­կը սկսած է գրել իր «Երգ եր­գոց»ը` նո­ւի­րե­լով այն կնոջ, ո­րուն տե­սած էր ըն­դա­մէ­նը մի քա­նի ժամ: Եւ անս­պա­սե­լի սի­րա­հա­րո­ւե­լով՝ Ս­եւա­կին կը թո­ւի, թէ ձմրան մէջ գա­րուն է ե­կեր: Ս­եւա­կի մեծ սէ­րը ազ­գու­թեամբ հրեայ էր: Ս­եւա­կը կը սի­րէր ­Սու­լա­մի­թա­յին ար­բե­ցած սի­րով, մոռ­նա­լով ա­մէն ին­չի մա­սին: ­Սա­կայն ա­նոնք հե­ռու են ի­րար­մէ։ ­Բայց սրտին չես կրնար ը­սել մի՛ սի­րեր, ու Ս­եւակն ա­նընդ­հատ կը փնտռէր ի­րեն: Ան ­Սու­լա­մի­թա­յին գրած է շարք մը նա­մակ­ներ, ո­րոնց­մէ ա­հա­ւա­սիկ մէկ օ­րի­նակ.-
«Ես սի­րում եմ քեզ, սի­րում եմ խե­լա­գա­րի պէս, գա­զա­նի նման, ինչ­պէս հի­ւանդ: ­Հէնց նոր ստա­ցայ հե­ռա­գիրդ: Ան­հան­գիստ եմ քեզ հա­մար: ­Թող նա չտան­ջի քեզ, թող չհա­մար­ձա­կո­ւի, թէ չէ ես նրան կը սպա­ննեմ: ­Թող նա շատ սի­րի քեզ, շ­-ա-տ, թէ չէ…Ինքս էլ չգի­տեմ: Շ­տապ ինձ գրիր, թէ ինչ­պէս ես ­եւ­ ինչ կայ: ­Շատ ան­հան­գիստ եմ: Էլ գրել չեմ կա­րո­ղա­նում: ­Սու­լաաա: Ես սի­րում եմ քեզ, սի­րում եմ խե­լա­գա­րի պէս, գա­զա­նի նման, ինչ­պես հի­ւանդ: Գր­կում եմ քեզ, հպւում եմ քեզ, միա­նում եմ քեզ հետ: Եւ լա­լիս եմ: Եւ լա­լիս եմ: Աս­տուած մի ա­րաս­ցէ, որ քեզ հա­մար էլ այս­քան ան­մարդ­կա­յին տխուր լի­նի: ­Սի­րե­լիս: ­Սի­րե­լիս: ­Սի­րե­լիս: ­Շատ վատ եմ աշ­խա­տում: Այ­սինքն` չեմ աշ­խա­տում: ­Վա­ղո­ւա­նից սկսե­լու եմ: ­Դու ինձ շատ ես պէտք: ­Մի կոր­չիր: Ես միշտ քոնն եմ լի­նե­լու: Ոչ մի է­ժան բան մի ա­րայ,- սա խանդ չէ, այլ եղ­բայ­րա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն: ­Քեզ օգ­նել, հա­րա­զատս, ցա­ւօք չեմ կա­րող, ինչ որ կերպ ապ­րիր, մին­չեւ որ փող կը յայտ­նո­ւի: ­Չի կա­րող պա­տա­հել, որ մին­չեւ գա­րուն չհան­դի­պենք.- կը խե­լա­գա­րո­ւեմ կամ ինք­նաս­պան կը լի­նեմ: …­Խա­բում եմ (բա­նաս­տեղ­ծօ­րէն), թէ գի­տեմ քո ա­նո­ւան գոյ­նը: ­Բայց թէ ինչ բոյր ու­նես դու, դա ար­դէն հաս­տատ գի­տեմ, էլ չեմ ա­սում հա­մի մա­սին: Իմ բուր­մունք, ախր ես չեմ կա­րող ա­ռանց այդ բոյ­րի: ­Թոյլ տուր ինձ` ­Սո­ղո­մո­նիս, ընկ­նել քո ո­րո­վայ­նին ու հո­տո­տել այդ բոյ­րը…­Յան­կարծ հաս­կա­ցայ, ֆի­զի­քա­պէս, թէ ինչ­պէս եմ քեզ ցան­կա­նում, իմ է­գին…­Համ­բու­րում եմ ո­րո­վայնդ, և չ­գի­տեմ, թէ ինչ­պէս եմ քնե­լու: ­Քեզ եմ ու­զում, ու­զում, ու-զ­-ու-մ: Ու­զում եմ հայ­հո­յել…»