Կազ­մող եւ ծա­նօ­թագ­րող` բա­նա­սի­րա­կան գիտ. դոկ­տոր Մար­գա­րիտ Մա­մի­կո­նի Խա­չատ­րեան, Ներ­կա­յաց­նող՝

Թո­րոս Թո­րա­նեան:

Հի­մա պի­տի ը­սէք՝ այս ի՜նչ հե­ղե­ղա­յին գործ, որ Ա­րամ Հայ­կազ սփիւռ­քա­հայ գրո­ղէն կը հրա­տա­րա­կո­ւի 6 հա­տոր գիրք եւ այդ ալ մին­չեւ 1973-1975։ Այդ կը նշա­նա­կէ, թէ տա­կա­ւին յա­ջոր­դե­լիք հա­տոր­ներ կան, քա­նի որ Ա­րամ Հայ­կազ մա­հա­ցաւ 1986ի Մար­տին։ Ա­յո՛, կա՛ն։

Բայց ե­թէ կար­դա­լու ըլ­լաք նե­ր­կա­յա­ցուած հա­տո­րը, նախ՝ ան­պայ­ման պի­տի ա­ւել­նան ձեր գի­տե­լիք­նե­րը ու ե­րա­նի պի­տի տաք հա­տո­րը կազ­մող ու մա­նա­ւանդ ծա­նօ­թագ­րող Դոկտ. Մար­գա­րիտ Մա­մի­կո­նի Խա­չատ­րեա­նին, որ յանձն ա­ռած է խու­զար­կել հայ մա­մու­լը եւ ար­խի­ւա­յին նիւ­թեր ու կազ­մած մա­տե­նա­շա­րին այս հա­րուստ հա­տորն ալ՝ մո­ռա­ցու­մէ փրկե­լու հա­մար Ա­րամ Հայ­կա­զի գրա­կան ու հա­սա­րա­կա­կան ժա­ռան­գու­թիւ­նը։

Ա­պա՝ մաս­նա­ւո­րա­բար ա­ւե­լի մօ­տէն պի­տի ճանչ­նաք սփիւռ­քա­հա­յու­թեան հա­յօ­րէն ապ­րե­լու, վասն Հայ­րե­նի­քի ապ­րե­լու հսկա­յա­կան ճի­գե­րը։

Ու կը մաս­նա­ւո­րեմ այս կա­րե­ւոր հար­ցը, զի մենք զի­րար ճանչ­նա­լով միայն պի­տի զօ­րա­նա­նաք։ Յայտ­նի ե­րե­ւոյթ է, երբ կ­’ը­սեն, թէ մէկ ձեռ­քով կա­րե­լի է հա­րո­ւա­ծել թշնա­մին, իսկ եր­կու ձեռ­քով` ծափ տալ։ Աջ ձեռ­քը Հա­յաս­տանն է միշտ ու ձախ ձեռ­քը՝ Ս­փիւռ­քը։ Ուս­տի եր­կու ձեռ­քով կա­րե­լի է ծափ տալ։ Ծափ տալ ար­ժա­նա­ւո­րի՛ն։ Բան. գիտ. դոկ­տոր Մար­գա­րիտ Խա­չատ­րեա­նի ծա­փե­րը ար­ժա­նի­նե­րո՛ւն կը տրո­ւին, այս պա­րա­գա­յին՝ Ա­րամ Հայ­կա­զին, որ ոչ միայն որ­պէս հայ­րե­նա­կի­ցը ազ­գա­յին մեծ հե­րոս Զօ­րա­վար Անդ­րա­նի­կին, մաս­նակ­ցած է Շա­պին Գա­րա­հի­սա­րի հե­րո­սա­մար­տին, այլ նաեւ հե­ռա­ւոր Ա­մե­րի­կա­յի մէջ, հա­յուն հայ մնա­լու պայ­քա­րին մէջ մես­րո­պեան տա­ռե­րու փամ­փուշտ­նե­րով շա­րու­նա­կած է ըմ­բոս­տի այդ պայ­քա­րը՝ սրբա­նո­ւէ՛ր պայ­քա­րը։

Մեծ պե­տու­թիւն­նե­րը, չեմ վա­րա­նիր ը­սե­լու՝ սրի­կա­յա­բար, յա­նուն ի­րենց ե­սա­սի­րա­կան շա­հե­րուն, միշտ մեր ժո­ղո­վուր­դը բաժ­նած են եր­կու­քի։ Մե­զի կը մնար միա­ւոր­ման հար­ցը լու­ծել։

Այս կա­պակ­ցու­թեամբ ար­ժա­նի է յի­շել ջան­քե­րը Մի­քա­յէլ Նալ­բան­դեա­նի, Յով­հան­նէս Թու­մա­նեա­նի, Ար­փիար Ար­փիա­րեա­նի եւ այն­քա՜ն ու­րիշ­նե­րու, ո­րոնք գործ­նա­կան աշ­խա­տանք­ներ տա­րած են նախ մեզ ծա­նօ­թաց­նե­լու հա­մար ի­րա­րու։

Մեր օ­րե­րուն գա­ղա­փար մը կը շրջի նոյ­նիսկ հայ մա­մու­լին մէջ, այն սին եւ սխալ գա­ղա­փա­րը, որ մենք եր­կու ժո­ղո­վուրդ ենք՝ ա­րե­ւե­լա­հայ եւ ա­րեւմ­տա­հայ։ Ա­յո՛, նոյն իսկ մա­մու­լով։

Հա­զա՛ր ա­նէծք այս գա­ղա­փա­րը տա­րա­ծող­նե­րուն։

Մենք մէ՛կ ժո­ղո­վուրդ ենք՝ մէ՛կ լե­զո­ւով ու մէ՛կ պատ­մու­թեամբ ու մէ՛կ Հայ­րե­նի­քով, ո­րուն մե­ծա­գոյն հա­տո­ւա­ծը ե­թէ կը մնայ յափշ­տա­կեալ, ներ­կա­յի­նը գրա­ւա­կա՛նն է դար­ձեալ մեծ­նա­լու։

Հի­մա՝ հա­տո­րը՝ ջա­նա­սի­րու­թեամբ Դոկտ. Մար­գա­րիտ Մա­մի­կո­նի Խա­չատ­րեա­նի։

319 է­ջե­րու վրայ տրա­ծո­ւող այս հա­տո­րը կը սկսի այս­պէս.- «Ա­րամ Հայ­կա­զի յո­բե­լի­նա­կան հան­դէ­սը Մոնթ­րէա­լի մէջ»։ Կը նշա­նա­կէ՝ լե­ցուն սրահ­նե­րու մէջ։ Մ­տա­ծել պէտք է՝ ինչ­պէ՞ս կը լեցուէին այդ սրահ­նե­րը վասն հայ գի­րի ու վասն հայ գրո­ղի։

Կը կար­դաք ու բարձ­րօ­րէն կը գնա­հա­տէք ներ­կա­յա­ցո­ւած այդ եր­կու է­ջը՝ պարզ ստո­րագ­րու­թեամբ մը՝ Պ. Ս.։

Նա­մակ մը կայ Ա­րամ Հայ­կա­զէն, ուր ը­սած է. «­Քիչ մը ա­ւե­լի մօ­տէն ճանչ­ցայ իմ ժո­ղո­վուր­դը… ո­րուն կող­մէ հայ գի­րին ու մշա­կոյ­թին հան­դէպ ցոյց տրուած յար­գան­քը յու­զած է զիս խո­րա­պէս»։

Յա­ջորդ յօ­դո­ւա­ծը ստո­րագ­րո­ղը Գա­լուստ Պա­պեանն է` նո­րոգ հան­գուցեալ, վաս­տա­կա­շատ Կո­րիւն Սր­բա­զա­նին քա­նա­տաբ­նակ եղ­բայ­րը, որ կ­’ը­սէ, թէ այս ե­րե­ւոյ­թը «կ­’ար­ժէ խորհր­դա­ծու­թեանց նիւթ դարձ­նել` հան­դի­սու­թեանց ա­ւար­տին եւ Նոր Տա­րո­ւան սե­մին» (խօս­քը Ա­րամ Հայ­կա­զին նո­ւի­րուած հան­դի­սու­թեանց մա­սին է)։

Յա­ջոր­դը Ս. Սա­րու­նին է, որ կ­’ը­սէ. «Ա­նար­դար մե­ղադ­րանք մըն է հա­յե­րուս վե­րագ­րո­ւած «ան­միա­բա­նու­թեան» նկա­րագ­րա­յին յատ­կա­նի­շը»։ Ին­չո՞ւ այս խօս­քը, զի եր­կու կող­մե­րու թեր­թե­րը՝ «Աս­պա­րէզ» եւ «­Նոր օր», նոյն խան­դա­վա­ռու­թիւ­նը ու­նե­ցած են Ա­րամ Հայկ­ա­զի գրա­կան գոր­ծու­նէու­թեան նկատ­մամբ։ Յի­րա­ւի նշե­լի կէտ։

Այ­ցե­լու­թիւն հայ վար­ժա­րան­նե­րուն Տիթ­րոյ­թի մէջ։ Նոյն ո­գին կ­’ար­տա­յայ­տո­ւի՝ ցու­ցա­նիշ միաս­նու­թեան։

Յա­ջորդ գրու­թիւ­նը՝ «­Պա­տե­րազ­մէն վերջ», գողտ­րիկ պա­տում մըն է գրի­չէն Ա­րամ Հայ­կա­զի, որ ա­պա կը խօ­սի իր մէկ սի­րե­լի ըն­կե­րոջ՝ վա­նե­ցի Վահ­րամ Կա­քա­ւեա­նի մա­սին։ Ի­րեն կու­սա­կից մը չէ ֆրան­սա­գիր հա­յը, բայց Ա­րա­մին գրու­թիւ­նը գո­րո­վա­լի է։

Վիէթ­նա­մա­կան պա­տե­րազ­մէն գե­րու­թե­նէ վե­րա­դար­ձող ա­մե­րի­կա­ցի զինուոր­նե­րուն մա­սին է Ա­րամ Հայ­կա­զի յա­ջորդ գրու­թիւ­նը: Ա­նոնց ըն­դու­նե­լու­թեան ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը նո­րու­թիւն են մե­զի հա­մար։

«Կ­տոր մը գո­րով»ը Ա­րամ Հայ­կա­զի՝ հիւ­մը­րի վար­պե­տի գրի­չէն յի­շել կու տայ մե­զի Շա­հան Շահ­նու­րի «Պ­ճեղ մը ա­նոյշ սիրտ» պատ­մո­ւած­քը։

Ա. Ար­փի­նէն (Ար­փի­նէ Աբ­րա­հա­մեան) կը խօ­սի Ա­րամ Հայ­կա­զի «­Չորս տա­րի Քիւր­տիս­տա­նի լեռ­նե­րուն մէջ» հա­տո­րին մա­սին, ուր կ­’ը­սէ. «­Քիւր­տիս­տա­նի լեռ­նե­րուն «ա­հա­ւոր ու խո­րունկ» ձմե­ռը, յան­կար­ծա­հաս գա­րու­նը, ա­շու­նը, հե­ղե­ղան­ման անձ­րեւ­նե­րը իր գրչին տակ կը վե­րա­ծո­ւին ու­ժեղ ու գե­ղե­ցիկ պատ­կեր­նե­րու»։

Ա­պա խօս­քը եր­գա­հան­դէ­սի մը մա­սին է։ Երգ­չա­խումբ կազ­մե­լը դիւ­րին գործ չէ։

Մե­ծա­րեա­լին գրի­չէն «­Գիր­քերն ալ ո­դի­սա­կան կ­’ու­նե­նան» գրու­թիւ­նը ա­մե­րի­կեան կեան­քէն առ­նո­ւած ու­սա­նե­լի պատ­կեր մըն է, երբ Պէյ­րու­թէն Նիւ Եորք ղրկո­ւած եր­կու սնտուկ գիր­քե­րը՝ հե­ղի­նա­կին իսկ պատ­կա­նող, կը հաս­նին փշրո­ւած վի­ճա­կի մէջ՝ հե­ղի­նա­կին հա­մար յա­ւե­լեալ հա­րիւ­րա­ւոր տո­լար­նե­րու ար­ժե­ցող։ Մ­տա­հան չըլ­լա­լիք պատ­կեր, ո­րուն կը հե­տե­ւի միշտ Ա­րամ Հայ­կա­զի ստո­րագ­րած «­Զօ­րա­վար Անդ­րա­նիկ» յօ­դո­ւա­ծը՝ հո­գի­ներ ե­ռե­ւե­փող նկա­րագ­րու­թիւն­նե­րով մեծ հե­րո­սին կեան­քէն ու ա­նոր գոր­ծը բարձ­րօ­րէն գնա­հա­տող։ Անհ­պե­լի էր Անդ­րա­նիկ, որ ու­նէր սուր աչք ու մեր Եր­կի­րը գի­տէր քար առ քար, թուփ առ թուփ։

Է­լիզ Հա­սըր­ճեա­նի յօ­դո­ւա­ծը՝ Ա­րամ Հայ­կա­զի «­Չորս տա­րի Քիւր­տիս­տա­նի լեռ­նե­րուն մէջ» գիր­քին մա­սին, յու­զախռով խօսք է։

Մե­ծա­րեա­լին գրի­չէն` գի­սա­ւոր աստ­ղե­րու մա­սին գրու­թիւ­նը մեզ դէ­պի գի­տու­թիւն տա­նող, չհա­ւա­տա­լու ա­ռաջ­նոր­դող գրու­թիւն մըն է։

Սար­գիս Տէ­միր­ճեա­ն հար­ցազ­րոյց մը կ­’ու­նե­նայ Ա­րամ Հայ­կա­զին հետ։ Ո­գե­շունչ հարց ու պա­տաս­խան։

Ա­րամ Հայ­կա­զի Պէյ­րու­թի յո­բե­լի­նա­կան հան­դի­սու­թեան ըն­թաց­քին կը հնչէ ձայ­նը մե­ծա­րեա­լին։ Ա­մե­րի­կա, Գա­նա­տա ու վեր­ջա­պէս՝ Լի­բա­նան։ Ամ­բողջ Ս­փիւռ­քը` իր բո­լոր կող­մե­րով, կը յար­գէ յայտ­նի գրո­ղը։

Կան նաեւ տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը Լի­բա­նա­նէն՝ Ա­րամ Հայ­կա­զին դիտե­լու ե­ղա­նա­կէն, լաւը գո­վե­լու սկզբուն­քէն տարուած։

Հեն­րիկ Պու­տա­գեա­ն եւս ու­նի հար­ցազ­րոյց մը Ա­րամ Հայ­կա­զին հետ։ Հոս խօսք կայ նաեւ բա­րի մրցակ­ցու­թեան մը մա­սին՝ ընդ­մէջ ֆութ­պո­լի լի­բա­նա­նա­հայ­կա­կան եր­կու խում­բե­րուն՝ Հ. Մ. Ը. Մ. եւ Հ. Մ. Մ.՝ դաշ­նակ­ցա­կան ու հնչա­կեան։ Թող բա­րին շա­րու­նա­կո­ւի։

«­Մա­ծու­նը» գրու­թիւ­նը նոյն­քան հե­տաքրք­րա­կան է։ Դար­ձեալ գրի­չէն Ա­րամ Հայ­կա­զի, որ գի­տէ իր գրած­ներն ըմբռ­նե­լի ը­նե­լու ա­րուես­տը։ 1975էն` «­Գար­նա­նա­մուտ» գրու­թիւ­նը հե­ղի­նա­կի գրի­չէն. «Եր­կու գի­շեր հո­վը այն­քա՜ն ու­ժեղ էր, որ վախ­ցայ, թէ քա­մին մեր տա­նի­քը պի­տի առ­նէ ու տա­նի չես գի­տեր ո՞ւր»։ Ար­դէն սկիզ­բէն` շա­րու­նա­կու­թիւ­նը ձեզ հե­տաքրք­րու­թեան կը մղէ։

Ա­պա «­Մենք» պար­բե­րա­կա­նին մա­սին կը հո­լո­վո­ւի խօս­քը. ե­րի­տա­սարդ­ներ թերթ մը կը հրա­տա­րա­կեն Քա­նա­տա­յի մէջ, ո­րուն աշ­խա­տակ­ցե­լու՝ Ա­րամ Հայ­կա­զ մղեց զիս եւս։ Նո­ւի­րա­կան փոր­ձեր՝ ա­մե­րի­կեան ցա­մա­քա­մա­սին մէջ։

Դար­ձեալ խօսք «Կ­ռո­ւի սի­րա­հար» Անդ­րա­նի­կի մա­սին` միշտ ջեր­մա­ջերմ։

Շա­պին Գա­րա­հի­սա­րի հե­րո­սա­կան մար­տե­րու մա­սին յա­ւե­լեալ տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով հա­սանք հա­տո­րին 100րդ­ է­ջին։ Ե­թէ այս­պէս շա­րու­նա­կենք, պի­տի գրենք 15 էջ եւս։

«Այ­ցե­լու­թիւն մը հին թա­ղիս» գրու­թիւ­նը Ա­մե­րի­կա­յի մա­սին է։ Ե­թէ ներ­քա­շող ուժ մը ու­նի այդ ա­մե­րի­կեան հին թա­ղը, հա­պա Երկ­րին հին թա­ղե­րը որ­պի­սի՜ ու­ժով Ա­րամ Հայ­կա­զը կը մղեն դէ­պի Եր­կիր։ Ինչ որ կա­տա­րած է ան՝ ո­գե­ղի­նա­ցած է։

Խօսք կայ նաեւ գրաքն­նա­դատ, խմբա­գիր Գուր­գէն Մ­խի­թա­րեա­նի մա­սին, որ Շա­պին Գա­րա­հի­սա­րի մէջ Ա­րամ Հայ­կա­զի բա­րո­յա­գի­տու­թեան ու­սու­ցի­չը ե­ղած է։

Մենք եւս սի­րով կար­դա­ցած ենք Գուր­գէն Մ­խի­թա­րեա­նի «­Քա­ռորդ դար գրա­կա­նու­թիւն» գիր­քը։ Ա­հա թէ մշա­կոյ­թի ճա­կա­տին վրայ ինչ­պի­սի՜ հան­գի­տու­թիւն­նե­րու հաս­նիլ կա­րե­լի է։

Օ­զա­նեան­նե­րը յայտ­նի ըն­տա­նիք ե­ղած են Շա­պին Գա­րա­հի­սա­րի մէջ. Զօ­րա­վար Անդ­րա­նի­կի նման աշ­խոյժ մէկն ալ Մի­րի­ճան Օ­զա­նեանն է, որ­մէ յա­ւե­լեալ տե­ղե­կու­թիւն­ներ կը ստա­նայ Ա­րամ Հայ­կազ քա­ղա­քի հե­րո­սա­մար­տին շուրջ, ու ա­նոր մա­սին կը գրէ.- «­Ժո­ղով­նե­րու մէջ հա­կոտ­նեայ եզ­րե­րը ի­րա­րու բե­րե­լու, հաշ­տեց­նե­լու եւ ներ­դաշ­նա­կե­լու ձիրք ու կա­մե­ցո­ղու­թիւն ու­նէր։ Համ­բե­րող էր։

«Չէր բար­կա­նար, բայց ե­թէ բար­կա­նար, բոր­բո­քած Վե­սուֆ էր»։

Ու­նինք այս­տեղ մեր զոյգ կա­թո­ղի­կոս­նե­րուն – Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կոս Վազ­գէն Ա­ռա­ջի­նին եւ Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կոս Խո­րէն Ա­ռա­ջի­նին – շ­նոր­հա­ւո­րա­գիր­նե­րը ուղ­ղո­ւած Ա­րամ Հայ­կա­զին՝ ա­նոր գրա­կան գոր­ծու­նէու­թեան 50ա­մեա­կին ա­ռի­թով, նոյն սի­րա­լի­րու­թեամբ գրո­ւած։

Պօ­ղոս Ս­նա­պեա­նէն ըն­դար­ձակ գրու­թիւն­ներ կան։ Մէջ­բե­րենք. «Ըն­թեր­ցո­ղին այն­պէս կը թո­ւի եր­բեմն, որ կար­դա­ցած է­ջե­րը գրա­գէ­տի մը կող­մէ գրո­ւած չեն, այլ` կեն­սա­յորդ մար­դու մը հո­գիէն, ջի­ղե­րէն ու նեար­դե­րէն յոր­դած ու թուղ­թին ա­կօս­նե­րուն ան­ցած զգայ­նու­թիւն­ներ են, զե­ղում­ներ են, ա­րեան թրթռա­ցում­ներ, ար­ցուն­քի այ­րո­ւածք­ներ, ձայ­ներ, կա­րօտ­ներ, ո­րոնք բխե­լով ինքն իր հո­գիին հետ ան­կեղծ, խան­դա­բորբ, տա­ռա­պա­կոծ սրտի մը խո­րունկ ա­լիք­նե­րէն, ի­րենց կար­գին շնչա­ռու­թիւն մը կը բե­րեն, գու­նա­վա­ռու­թիւն մը, եր­բեմն՝ ծա­ւա­լուն բոյ­րեր ու հե­ռու­նե­րէն ե­կած թանկ ար­ձա­գանգ­ներ»։

Ն­ման վեր­լու­ծում­նե­րու քիչ ան­գամ կը հան­դի­պինք։

Այս հա­տո­րին մէջ այ­սու­հե­տեւ պի­տի հան­դի­պինք ա­նուն­նե­րուն Բաբ­գէն Փա­փա­զեա­նի, Ա­շոտ Նու­րեա­նի, Նու­պար Չար­խու­տեա­նի, Շա­հան­դուխ­տի, Մի­նաս Թէօ­լէօ­լեա­նի, Ար­մէն Տօ­նո­յեա­նի, Զա­ւէն-­Լե­ւոն Սիւր­մէ­լեա­նի, Գէորգ Ա­բէ­լեա­նի, Է­լօ Սա­րա­ֆեա­նի, Ք­նար Ճին­պա­շեա­նի, Յա­կոբ Օ­շա­կա­նի (թէ ինչ­պէս կը դա­սա­խօ­սէր ան), Յ. Ձո­րե­ցիի (­Յա­րու­թիւն Նա­ճա­րեան), նաեւ գրու­թիւն­ներ Ա­րամ Հայ­կա­զի ի Պէյ­րութ կե­ցու­թեան - ուր եւ իր յո­բե­լի­նա­կան հան­դի­սու­թիւ­նը -, Այն­ճար այ­ցե­լու­թեան մա­սին, ինչ­պէս նաեւ, իբ­րեւ «­Յա­ւե­լո­ւած», Ա­րամ Հայ­կա­զի եւ Վ­րէժ-Ար­մէն Ար­թի­նեա­նի շատ հե­տաքրք­րա­կան թղթակ­ցու­թեան, ո­րուն կը հե­տե­ւին մե­ծար­ժէք ծա­նօ­թագ­րու­թիւն­ներ՝ հարս­տաց­նե­լով հա­տո­րը։ Ա­հա վե­րին աս­տի­ճա­նի ան­կողմ­նա­կալ, ար­խի­ւա­յին նիւ­թե­րով խտա­ցած գործ մը։

Կը սպա­սենք Ա­րամ Հայ­կա­զի նուիրուած եօթ­նե­րորդ հա­տո­րին՝ կան­խաւ շնոր­հա­կա­լու­թեամբ։

Պի­տի գտնո­ւի՞ մե­կե­նաս մը, որ փա­փա­քի ա­նոր տպագ­րու­թիւ­նը հո­վա­նա­ւո­րել` իր ա­նու­նը կցե­լով ան­մա­հա­նուն Ա­րամ Հայ­կա­զին: