­­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կի ձեռ­նարկ­նե­րը հա­մա­կար­գող պե­տա­կան Յանձ­նա­ժո­ղո­վը ­Սեպ­տեմ­բեր 26ին Ե­րե­ւա­նի մէջ միա­ձայն ո­րո­շում ըն­դու­նեց ­Հա­մա­հայ­կա­կան Խոր­հուրդ ձե­ւա­ւո­րե­լու մա­սին: ­Նիս­տին ներ­կայ էին նաեւ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կի յանձ­նա­խում­բե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ աշ­խար­հի 40 եր­կիր­նե­րէ, բա­ցա­ռու­թեամբ Ա­րե­ւե­լեան եւ Ա­րեւմ­տեան ­Միա­ ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու յանձ­նա­խում­բե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն:
­Ձե­ւա­ւո­րո­ւե­ցաւ 12 ան­ձե­րէ բաղ­կա­ցած ­կազ­մա­կերպ­չա­կան յանձ­նա­խումբ մը, ո­րուն կազ­մին մէջ են ­Սահ­մա­նադ­րա­կան դա­տա­րա­նի նա­խա­գահ ­Գա­գիկ ­Յա­րու­թիւ­նեան, Հ.Հ. նա­խա­գա­հի աշ­խա­տա­կազ­մի ղե­կա­վար ­Վի­գէն ­Սարգ­սեան, Հ.Հ. սփիւռ­քի նա­խա­րար Հ­րա­նոյշ ­Յա­կո­բեան, ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ ­Մայր Ա­թոռ ­Սուրբ Էջ­միա­ծի­նի, ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան, ­Հայ կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղեց­ւոյ, ­Հայ ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ, ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ­Բիւ­րո­յի, Հ.Ռ.Ա.­Կ.ի, ­Սո­ցիալ ­Դե­մոկ­րատ Հն­չա­կեան ­Կու­սակ­ցու­թեան, ­Ռու­սաս­տա­նի Հա­յե­րու Միու­թեան եւ ­Հայ­կա­կան ­Բա­րե­գոր­ծա­կան Ընդ­հա­նուր ­Միու­թեան:

Հա­ւա­նա­բար ա­նու­շադ­րու­թեան պատ­ճա­ռով, ­կազ­մա­կերպ­չա­կան յանձ­նա­խում­բի կազ­մին մէջ չէ ընդգր­կո­ւած Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ: ­Սա­կայն, բա­նա­ձե­ւին մէջ յստակ սահ­մա­նո­ւած է, որ ­Հա­մա­հայ­կա­կան Խոր­հուր­դի կազ­մին մէջ պէտք է ընդգր­կո­ւին ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան, Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան, Ս­փիւռ­քի ա­ռանց­քա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու, պե­տա­կան կա­ռա­վար­ման կա­րե­ւո­րա­գոյն մար­մին­նե­րու, հո­գե­ւոր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու, քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­սա­րա­կու­թեան եւ կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ:

Ըն­դու­նո­ւած ո­րո­շու­մին հա­մա­ձայն՝ ­Հա­մա­հայ­կա­կան խոր­հուր­դը պի­տի կրէ խորհր­դա­տո­ւա­կան բնոյթ, պի­տի ու­նե­նայ տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին եւ թե­մա­տիկ յանձ­նա­խում­բեր, եւ տա­րե­կան նիս­տե­րը պի­տի գու­մա­րէ Ե­րե­ւա­նի մէջ. ­Խոր­հուր­դը պէտք է իր մշտա­կան օ­րա­կար­գին մէջ ընդգր­կէ հե­տե­ւեալ հար­ցե­րը. ա. աշ­խար­հի հա­յե­րու վի­ճա­կին մա­սին հա­մա­պար­փակ ա­մէ­նա­մեայ զե­կոյ­ցի քննար­կու­մը, բ. ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման, դա­տա­պարտ­ման եւ ա­նոր հե­տե­ւանք­նե­րու վե­րաց­ման առն­չո­ւող խնդիր­նե­րու քննար­կու­մը, եւ գ. հա­մա­հայ­կա­կան բնոյ­թի ձեռ­նարկ­նե­րու հա­մադ­րու­մը. Խոր­հուր­դը պէտք է իր անդ­րա­նիկ նիս­տը գու­մա­րէ Ե­րե­ւա­նի մէջ, 2016ի ­Սեպ­տեմ­բեր 20ին. ­Կազ­մա­կերպ­չա­կան յանձ­նա­խում­բը պէտք է մշա­կէ եւ մին­չեւ 2016 թո­ւա­կա­նի Ապ­րիլ 15 յանձ­նա­ժո­ղո­վի ան­դամ­նե­րուն եւ տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին յանձ­նա­խում­բե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն ա­ռա­քէ ­Հա­մա­հայ­կա­կան Խոր­հուր­դի ձե­ւա­ւոր­ման, հիմ­նա­դիր կազ­մի եւ կա­ռոյ­ցին մա­սին ո­րոշ­ման նա­խա­գի­ծը, պե­տա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի ան­դամ­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ կազ­մա­կեր­պէ խորհր­դա­տո­ւու­թիւն­ներ ­Խոր­հուր­դի հա­յե­ցա­կար­գի, կա­ռոյ­ցի եւ գոր­ծու­նէու­թեան կար­գին շուրջ, նա­խա­պատ­րաս­տէ խոր­հուր­դի ա­ռա­ջին նիս­տը եւ մին­չեւ 2016ի ­Յու­լիս 15 ի­րա­զե­կէ յանձ­նա­ժո­ղո­վի ան­դամ­նե­րուն ա­ռա­ջին նիս­տին ի­րա­կա­նաց­ման վայ­րի եւ ժա­մա­նա­կա­ցոյ­ցի մա­սին:
Ս­փիւռ­քի նա­խա­րա­րը՝ Հ.Հ. ար­տա­քին գոր­ծոց, մշա­կոյ­թի, կրթու­թեան եւ գի­տու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րու, պե­տա­կան մար­մին­նե­րու հետ փոխ¬­գոր­ծակ­ցու­թեամբ, ինչ­պէս նաեւ պե­տա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի կազ­մին մէջ ներգ­րա­ւո­ւած Ս­փիւռ­քի կա­ռոյց­նե­րուն եւ տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին յանձ­նա­խում­բե­րուն հետ խորհր­դա­տո­ւու­թիւն­ներ կազ­մա­կեր­պե­լու մի­ջո­ցով՝ պէտք է նա­խա­պատ­րաս­տէ «­Հա­յե­րու վի­ճա­կը աշ­խար­հի մէջ» ա­ռա­ջին զե­կոյ­ցը. մին­չեւ 2016ի ­Մա­յիս 1 զե­կոյ­ցի նա­խա­գի­ծը ներ­կա­յաց­նէ պե­տա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի ան­դամ­նե­րուն եւ տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին յանձ­նա­խում­բե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն՝ վեր­ջին­նե­րուս ա­ռա­ջար­կու­թիւն­նե­րը ստա­նա­լու եւ մին­չեւ 2016ի ­Սեպ­տեմ­բեր 20ին կա­յա­նա­լիք նիս­տը ամ­փո­փե­լու նպա­տա­կով, ինչ­պէս նաեւ խորհր­դա­տո­ւու­թիւն­ներ ի­րա­կա­նաց­նել տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին յանձ­նա­խում­բե­րուն հետ՝ նա­խա­պատ­րաս­տե­լով ա­ռա­ջարկ­ներ ­Հա­մա­հայ­կա­կան Խոր­հուր­դին հետ վեր­ջին­նե­րուս փոխ­¬գոր­ծակ­ցու­թեան ըն­թա­ցա­կար­գե­րուն վե­րա­բե­րեալ:
Քն­նարկ­ման ըն­թաց­քին ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ­Բիւ­րո­յի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Հ­րանդ ­Մար­գա­րեան ա­ռա­ջար­կեց, որ ի լրումն ­Հա­մա­հայ­կա­կան Խոր­հուր­դին, Ս­փիւռ­քի տար­բեր եր­կիր­նե­րու մէջ ձե­ւա­ւո­րո­ւին տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին յանձ­նա­խում­բեր՝ 2016 թո­ւա­կա­նի ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան 25րդ ­տա­րե­դար­ձին, եւ 2018ի Ա­ռա­ջին ­Հան­րա­պե­տու­թեան հիմ­նադր­ման 100ա­մեա­կի ձեռ­նարկ­նե­րուն կազ­մա­կերպ­ման ա­ջակ­ցե­լու նպա­տա­կով:
Իմ խօս­քիս մէջ հար­ցու­ցի, թէ ին­չո՛ւ ­Հա­մա­հայ­կա­կան Խոր­հուր­դին մէջ չեն ընդգր­կո­ւած հան­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, որ­պէս­զի հայ­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ան­դամ չհան­դի­սա­ցող հա­յե­րու մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը ներ­կա­յա­ցո­ւած ըլ­լայ Խոր­հուր­դին մէջ: Հ.Հ. նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան պա­տաս­խա­նեց, որ իր աշ­խա­տա­կազ­մը նման գա­ղա­փար մը ու­սում­նա­սի­րած է, սա­կայն հրա­ժա­րած է ան­կէ, հա­շո­ւի առ­նե­լով ­Հայ­կա­կան Ս­փիւռ­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու ընտ­րու­թեան բար­դու­թիւ­նը: Ես նշե­ցի, որ գո­յու­թիւն ու­նին մե­քա­նիզմ­ներ հայ հա­մայնք­նե­րէն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ ընտ­րե­լու հա­մար: ­Նա­խա­գա­հը խնդրեց, որ ­ կ­ազ­մա­կերպ­չա­կան խոր­հուր­դը նկա­տի ու­նե­նայ նման ա­ռա­ջարկ­նե­րը: ­Սահ­մա­նադ­րա­կան դա­տա­րա­նի նա­խա­գահ ­Գա­գիկ ­Յա­րու­թիւ­նեան եւ նախ­կին վար­չա­պետ ­Վազ­գէն ­Մա­նու­կեան եւս ար­տայայտո­ւե­ցան ­Հա­մա­հայ­կա­կան Խոր­հուր­դին մէջ հան­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու հնա­րա­ւոր ընդգրկ­ման մա­սին: Ինչ­պէս բա­ցատ­րած եմ իմ նա­խորդ յօ­դո­ւած­նե­րուս մէջ՝ ­Հա­մա­հայ­կա­կան Խոր­հուր­դը կը վե­րց­նէ իւ­րա­քան­չիւր հայ­կա­կան ճգնա­ժա­մի կամ խնդի­րի ա­ռի­թով ա­ռան­ձին յանձ­նա­ժո­ղով­ներ ստեղ­ծե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը: Իմ կար­ծի­քով, նա­խընտ­րե­լի է, որ ­Խոր­հուր­դի սփիւռ­քեան ան­դամ­նե­րը ընտ­րո­ւին հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րու մէջ ի­րա­կա­նա­ցո­ւող ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րու մի­ջո­ցով. այս մէ­կը շատ բարդ գոր­ծըն­թաց է, սա­կայն դրո­ւա­տի­քի ար­ժա­նի՝ յա­ջող ի­րա­գործ­ման պա­րա­գա­յին:
Եւ վեր­ջա­ւու­թեան, ­Սեպ­տեմ­բեր 2ի նիս­տին քննար­կում չե­ղաւ Հ.Հ. սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան դե­րին մա­սին ­Հա­մա­հայ­կա­կան Խոր­հուր­դի ձե­ւա­ւո­րու­մէն ետք: ­Կազ­մա­կերպ­չա­կան խոր­հուր­դը այս կա­րե­ւոր հար­ցը պէտք է դի­տար­կէ իր յա­ռա­ջի­կայ քննար­կում­նե­րու ըն­թաց­քին:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ