­Թուր­քիոյ սահ­մա­նադ­րու­թեան 103րդ­ են­թագ­լու­խին մէջ յստա­կօ­րէն նշո­ւած է երկ­րի նա­խա­գա­հին երդ­ման եւ ա­նոր գոր­ծե­լա­ձե­ւին մա­սին: Այդ յօ­դո­ւա­ծին մէջ ման­րա­մաս­նօ­րէն կը բա­ցատ­րո­ւի, թէ Թուր­քիոյ նա­խա­գա­հը եր­բեք չի կրնար, իր պաշ­տօ­նը օգ­տա­գոր­ծե­լով, «լծակ­ներ» գոր­ծի լծել, թէ՛ նիւ­թա­կան եւ թէ՛ բա­րո­յա­կան բնա­գա­ւառ­նե­րէն ներս, եւ ի շահ իր հա­շիւ­նե­րուն քա­րոզ­չա­կան աշ­խա­տանք­ներ, հա­ւաք­ներ եւ լո­պիինկ կա­տա­րել:

Դժ­բախ­տա­բար այս է որ պա­տա­հե­ցաւ Կի­րա­կի՝ 4 Հոկ­տեմ­բեր 2015ին Սթ­րազ­պուր­կի Ք­լե­պըր հրա­պա­րա­կին վրայ, ներ­կա­յու­թեամբ ա­ւե­լի քան 12 հա­զար «Էր­տո­ղա­նա­կան» հա­մա­կիր­նե­րու: Իր «­Սուլ­թա­նա­մէտ» ո­ճով, նա­խա­գահ Էր­տո­ղան եւ իր քա­րոզ­չա­կան մե­քե­նան խո­րա­մանկ քայ­լե­րով գոր­ծի լծո­ւած են, ոտ­նա­կոխ ը­նե­լով վե­րո­յի­շեալ սահ­մա­նադ­րու­թեան են­թագ­լու­խին հաս­տա­տում­նե­րը: «­Միա­կամ ձայն՝ ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ» նիւթն է, զոր կ­՛ար­ծար­ծէ Էր­տո­ղան, շրջե­լով Եւ­րո­պա­կան զա­նա­զան քա­ղաք­ներ: Սա­կայն, ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, իր ընտ­րա­կան մե­քե­նան է, որ կը գոր­ծէ՝ հա­մա­գոր­ծակ­ցե­լով իր մօ­տիկ գոր­ծա­կից ու «Ար­դա­րու­թիւն եւ Բար­գա­ւա­ճում» Կու­սակ­ցու­թեան գոր­ծըն­կեր վար­չա­պետ Ահ­մետ Տա­ւու­թող­լո­ւի հետ:

Այդ նիւ­թը ար­ծար­ծող հա­ւաք մը կա­տա­րո­ւած էր Սեպ­տեմ­բեր 22ին Պոլ­սոյ մէջ եւ այդ «ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րե­լու» նիւ­թին ընդ­մէ­ջէն ան շե­ղած էր նիւ­թէն եւ յայ­տա­րա­րած էր, թէ ի­րեն հա­մար Թուր­քիոյ խորհր­դա­րա­նը պէտք է որ բաղ­կա­նայ միայն ու միայն «տե­ղա­ցի» ե­րես­փո­խան­նե­րէ: Էր­տո­ղա­նի թի­րախն էր քրտա­մէտ Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու Ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան Կու­սակ­ցու­թիւ­նը, որ խորհր­դա­րա­նէն ներս ու­նի ութ­սուն ա­թոռ եւ կը հան­դի­սա­նայ լուրջ խո­չըն­դոտ մը՝ իր ա­պա­գա­յի մութ հա­շիւ­նե­րուն:

Միեւ­նոյն յան­կերգն է, որ կրկնո­ւե­ցաւ Սթ­րազ­պուր­կի մէջ: Սա­կայն հոս տե­ղին է նշել վայ­րին եւ պայ­ման­նե­րուն կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը: Այդ հա­ւա­քը դի­պուկ ձե­ւով կազ­մա­կեր­պո­ւած էր Ալ­զա­սի մայ­րա­քա­ղա­քին մէջ, ուր կը գտնո­ւին Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նի են­թա­յանձ­նա­խում­բե­րու կա­րե­ւոր գրա­սե­նեակ­ներ: «Ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քար»ի ե­տին պա­հո­ւը­տե­լով՝ Էր­տո­ղան ժա­մա­նած էր իր մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը դրսե­ւո­րե­լու:

Տեղ­ւոյն փոք­րա­մաս­նու­թիւ­նե­րը՝ քիւրտ, ա­լաո­ւի, այ­լա­խոհ թուրք թէ հայ չմնա­ցին ձեռ­նա­ծա­ւալ: Այլ՝ ա­նոնք ալ դի­մե­ցին բո­ղոք-ցոյ­ցի, յստա­կօ­րէն ար­տա­յայ­տո­ւե­լով, թէ էր­տո­ղան Սթ­րազ­պուրկ ժա­մա­նած է իր սուլ­թա­նա­կան մտայ­ղա­ցում­նե­րը բա­ցա­յայ­տե­լու եւ պար­զա­պէս քո­ւէ մու­րա­լու՝ փո­խա­նակ «ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քար»ե­լու:

Ֆ­րան­սա­յի եւ Ֆ­րան­սա­ցիին հա­մար յստակ էր Էր­տո­ղա­նի միտք բա­նին:

Այս­պէս, Էր­տո­ղան շա­րու­նա­կե­լով իր սահ­մա­նադ­րա­կան երդ­ման խախ­տու­մը, գու­մար­ներ կը մսխէ կազ­մա­կեր­պե­լով ընտ­րար­շաւ­ներ: Հե­տաքրք­րա­կան է մօ­տէն հե­տե­ւիլ այդ հա­զա­րա­ւոր հա­մա­կիր­նե­րու շար­ժում­նե­րուն, թէ ա­նոնք ինչ­պէ՞ս ժա­մա­նակ կը տրա­մադ­րեն եւ եր­բեմն հե­ռա­ւոր վայ­րե­րէ կը ժա­մա­նեն:

Ան­շուշտ նմա­նօ­րի­նակ գոր­ծե­լա­ձեւ կա­րե­լի չէ պար­տադ­րել ա­մէ­նու­րեք: Հե­տե­ւա­բար ա­նակն­կալ մը չե­ղաւ, երբ քա­նի մը օր ա­ռաջ Պել­ճի­քա­յի մայ­րա­քա­ղաք Պ­րիւք­սէ­լի (այլ կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցող քա­ղաք մը) քա­ղա­քա­պե­տու­թիւ­նը մեր­ժեց Էր­տո­ղա­նի ընտ­րար­շա­ւի քա­րոզ­չա­կան մե­քե­նա­յին ա­ռա­ջար­կը, հա­ւա­քի մը հա­մար վար­ձե­լու քա­ղա­քի վիթ­խա­րի սրահ­նե­րէն մէ­կը, որ կ­՛ըն­դու­նի 18 հա­զար հան­դի­սա­տես:

Քա­ղա­քա­պե­տու­թեան հա­մար յստակ էր չըն­դա­ռա­ջե­լու պատ­ճա­ռը: Առ հա­սա­րակ, այդ սրա­հը կը տրա­մադ­րո­ւի միայն գե­ղա­րո­ւես­տա­կան եւ մշա­կու­թա­յին բնոյթ ու­նե­ցող ձեռ­նարկ­նե­րու եւ ո՛չ ընտ­րար­շա­ւի: …Այ­սինքն կա­րե­լի է այդ սրա­հին մէջ ցու­ցադ­րել այ­լա­խոհ Ֆա­թիհ Ա­քի­նի «­Տը Քաթ»ը, կամ - ա­ւե­լի ծայ­րա­յեղ առ­ճա­կա­տում չա­ռա­ջաց­նե­լու հա­մար - բե­մադ­րիչ Նու­րի Պիլ­կը Չեյ­լա­նի «­Թուր­քիան եւ իր լուրջ ցա­ւե­րը» ա­մե­նայն հա­րա­զա­տու­թեամբ ներ­կա­յաց­նող ժա­պա­ւէն­նե­րէն փունջ մը:

«ՀԱՅՐԵՆԻՔ»