Որոշած էի Արարատեան դաշտի Այգեւան գիւղը այցելել Հայ Օգնութեան Միութեան Հայաստանի ընկերուհիներուն հետ, հանդիպելու 13 զաւակներով բախտաւորուած Մելքոնեաններուն, անոնց փոխանցելու համար Լոս Անճելըսէն Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեաններուն նուիրած 1300 տոլարը:
Առ ի յիշեցում, այգեւանցի Մելքոնեանները մամուլով յայտարարած էին, թէ իրենց զաւակներէն վեցը անկարող պիտի ըլլային դպրոց յաճախելու՝ պատշաճ հագուստ գնելու իրենց անկարողութեան պատճառով:
Այգեւան հասայ չնախատեսուած ձեւով: Պէտք է այստեղ յայտնեմ, որ Հայաստան ճամբորդութիւնս այս անգամ իրականացած էր Երեւանի «Արարատ» քոնեակի գործարանին հրաւէրով, շնորհիւ գործարանի արտադրանքի շուկայացման ամերիկեան ներկայացուցչութեան եւ անոր ղեկավար Կարէն Մեհրապեանին:
Այլ հրաւիրեալներու հետ, առիթը ունեցանք նախ պտըտելու Քոնեակի գործարանի ցուցասրահները, ծանօթանալու գործարանի պատմութեան, անոր աշխարհահռչակ արտադրանքներուն եւ համտեսեցինք քոնեակի տարբեր տարիքի տեսականիէն նմոյշներ:
Հիւրընկալողները նաեւ ուզեցին մեզ ծանօթացնել իրենց մթերման աշխատանքներուն, եւ այս նպատակով, հանրակառքերով մեզ տարին Արարատեան դաշտ, ուր բերքահաւաք տեղի կ՛ունենար։
Այդ օրուան վերջին հանգրուանը դուրս եկաւ զիս հետաքրքրող Այգեւան գիւղը, Մելքոնեաններու բնակավայրը:
Մինչ այդ, այս հիւրընկալութեան ընթացքին բարեբախտ առիթը ունեցայ մօտէն ծանօթանալու Զարեհ Իսախանեանին՝ ազնուագոյն հայորդի մը Լոս Անճելըսէն եւ «Ռեմըտի Լիքիըր» առեւտրական հաստատութեան սեփականատէրը:
Մեր ճանապարհորդութեան ամբողջ ընթացքին Զարեհին հետ կիսուեցանք Հայաստանի ու մեր ժողովուրդին հանդէպ մեր հպարտութիւնը, մեր սէրն ու ցաւերը: Զգացականօրէն եւ գաղափարականօրէն (ինք դաշնակցական չէ, բայց ամբողջապէս կը բաժնէ արժէքային այն համակարգը, զոր ի՛մն է՝ իբրեւ դաշնակցականի), շատ արագ ու հարազատ երանգներ գտանք իրարու մէջ:
Երբ հասանք Այգեւան, Զարեհին յայտնեցի Մելքոնեաններուն այցելելու իմ նախնական ծրագիրիս մասին: Ինք եւս հետաքրքրուեցաւ եւ փափաքեցաւ ընկերանալ ինծի: «Արարատ» գործարանի աշխատողները, երբ իմացան մեր ծրագիրին մասին, խանդավառուած՝ ամէն ինչ ըրին օգտակար հանդիսանալու. մեքենայ ճարուեցաւ ու երիտասարդ մը մեզ առաջնորդեց Մելքոնեաններու բնակարանը:
Ճամբեզրին կանգնած բնակարանի մը մէջ հանդիպեցանք Մելքոնեաններու ընտանիքի մէկ մասին: Մեծ տղան բանակ էր, աղջիկներէն երեքը ջուր բերելու գացած էին: Բնակարանը կարծէք նոր պիտի կառուցուէր: Սենեակներուն յատակը հող էր, պատուհան գրեթէ չկար: Շուտով ցուրտ օրերը պիտի գային ու այս մեծ ընտանիքը տաքուկ անկիւն մը կրնար չունենալ իր տան մէջ:
Պէտք է ըսել, որ համագիւղացիները անտարբեր չեն եղած այս ընտանիքին նկատմամբ: Ամէն մարդ իր կարելին ըրած է՝ օգնելու: Որոշ հնարաւորութիւն ունեցող անձ մը, օրինակ, բանուորներ բերած եւ ցանկապատ մը կառուցած է, որպէսզի ընտանիքի փոքրիկները ճամբայ դուրս չգային: Մարտիկը՝ ընտանիքի հայրը, գործունեայ մարդու անուն ունէր, աշխատասէ՛ր, բայց որքա՛ն ալ աշխատէր, ինչպէ՞ս պիտի կրնար այս մեծ ընտանիքին արժանապատիւ կեանք ապահովել:
Հետաքրքական էր, որ Մարտիկը «Ֆէյսպուք»ի (Martik Melkonyan) իր էջը ունէր. հաւանաբար, բարի կամք ունեցող անձ մը այդ էջը բացած էր իրեն համար, որպէսզի մարդիկ տեղեակ ըլլային իր կարիքներուն, իր վիճակին մասին:
Նկարուելու փափաք երբ յայտնեցինք, իրարանցում մը սկսաւ տան մէջ: Փոքրիկները այստեղէն-այնտեղէն կօշիկ կամ հողաթափ կը փնտռէին: Յայտնի էր, որ իրենց չափով զոյգ կօշիկը անիրականանալի շռայլութիւն մըն էր իրենց համար:
Զարեհը յայտնաբար յուզուած էր: Գաղտնօրէն երեք հարիւր տոլար դրաւ ձեռքս, որ աւելցնեմ Մելքոնեաններու գումարին: Յանձնեցի 1600 տոլարը՝ յանուն նուիրատուներուն ստանալով Մարտիկի մօր օրհնանքը:
Հեռացանք՝ իւրաքանչիւրս իր միտքերով տարուած: Զարեհին աչքերը բաւական խօսուն կ՛արտայայտէին իր զգացումները: Մեր յաջորդ հանդիպումին, Զարեհը հինգ հարիւր տոլար յանձնեց ինծի՝ փոխացնելու համար նահատակ զինուոր Հայկ Դեւոյեանի ընտանիքին:
Ուրախ եմ յայտնելու, որ այս երկու ընտանիքներուն յաւելեալ օգնութիւն կը հասնի: Մեր շրջանէն Պետրոս Աբէլեան, իր նախաձեռնութեամբ 1200 տոլար հաւաքած է, եւ այս Ուրբաթ օր, Արմինէ Գունտաքճեանի հետ միասին պիտի այցելէ թէ՛ Դեւոյեանի ընտանիքին եւ թէ Մելքոնեաններուն, իւրաքանչիւրին՝ 600ական տոլար փոխանցելու համար:
Ֆրեզնոյէն երկու հոգի իրենց հարիւրական տոլարի նուէրները (Ղազարոս Քլընեան եւ մի ոմն) փոխանցած էին խմբագրութեան: Այս գումարներն ալ փոխանցեցինք:
«Ազդակ»ի խմբագիր Շահան Գանտահարեան մեր ընկերոջ՝ Րաֆֆի Տուտագլեանի յիսնամեակին առթիւ, իր նուէրին մէկ մասը (հարիւր տոլար) յատկացուց Դեւոյեանի ընտանիքին:
Այս գումարը Հ.Օ.Մ.ի Երեւանի գրասենեակ փոխանցելու ժամանակ իմացայ, թէ Դեւոյեանի այրին եկած է Երեւան եւ իր զաւակներուն անունները փոխանցած է Հ.Օ.Մ.ին, որ իր ուշադրութեան տակ պիտի պահէ նահատակ զինուորի երեխաները:
Լոս Անճելըս վերադարձիս, նորանոր անձեր իրենց պատրաստակամութիւնը կը յայտնեն օգնութիւն հասցնելու այս ընտանիքներուն: Վահագն Սաւուլեանը մէկն է անոնցմէ: Վահագնը նաեւ կ՛առաջարկէ մշտական հիմնադրամ մը ստեղծել՝ ամսական դրութեամբ գումարներ հանգանակելու համար: Համաձա՛յն եմ: Դարձեալ կ՛առաջարկեմ, որ Հ.Օ.Մ.ը հաստատէ նման հիմնադրամ մը:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ