«­Լոս Ան­ճե­լըս Թայմզ» թեր­թը Եր­կու­շաբ­թի՝ 21 Սեպ­տեմ­բե­րին (2015) հա­ղոր­դեց, թէ քա­ղա­քի հռչա­կա­ւոր «­Կե­թի» թան­գա­րա­նը եւ Ա­րեւմ­տեան թե­մի Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նը յան­գած են հա­մա­ձայ­նու­թեան՝ «­Զէյ­թու­նի Ա­ւե­տա­րան» ա­նու­նով ճանչ­ցո­ւած ձե­ռա­գիր Ա­ւե­տա­րա­նի ա­ռա­ջին 8 գրչա­գիր ու նկա­րա­զարդ է­ջե­րուն կա­պակ­ցու­թեամբ:

Լու­րը հա­ղոր­դած էր նաեւ «Աս­պա­րէզ» (­Չո­րեք­շաբ­թի՝ 23 Սեպ­տեմ­բեր 2015):

Ա­ւե­տա­րա­նը նկա­րա­զար­դող ա­րո­ւես­տա­գէ­տը ու­րիշ մէ­կը չէ, ե­թէ ոչ միջ­նա­դա­րու ա­մէ­նէն յայտ­նի եր­կու գրիչ­նե­րէն մէ­կը՝ Թո­րոս Ռոս­լին (միւ­սը Սար­գիս Պի­ծակն է):

Ըստ լրա­տո­ւու­թեան՝ «­Կե­թի» այդ 8 է­ջե­րը գնած է 1994ին, ա­մե­րի­կա­հա­յէ մը՝ փո­խան այ­սօ­րո­ւան հա­շո­ւար­կով 1,5 մի­լիոն տո­լա­րի: Բուն Ա­ւե­տա­րա­նը կը գտնո­ւի Մա­տե­նա­դա­րա­նին մէջ, Ե­րե­ւան:

Դա­տա­կան եր­կար բա­րակ եւ քա­նի մը տա­րի տե­ւած գոր­ծըն­թա­ցէ ետք, կող­մե­րը Եր­կու­շաբ­թի օր հրա­պա­րա­կե­ցին ի­րենց հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը, ըստ ո­րուն Զէյ­թու­նի Ա­ւե­տա­րա­նին այդ է­ջե­րը «կը պատ­կա­նին Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ, միա­ժա­մա­նակ՝ Ա­րեւմ­տեան թե­մը կը յայ­տա­րա­րէ, որ է­ջե­րը կը նո­ւի­րէ թան­գա­րա­նին՝ գնա­հա­տե­լով զա­նոնք 21 տա­րի լա­ւա­պէս պահ­պա­նե­լու թան­գա­րա­նին քայ­լը» («Աս­պա­րէզ»):

Այս յօ­դո­ւա­ծա­գի­րին հե­տաքրք­րու­թեան սահ­ման­նե­րէն դուրս են այս հար­ցին դա­տա-օ­րի­նա­կան ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը, ո­րով­հե­տեւ բուն հար­ցը հոն չի կա­յա­նար:

Բուն հար­ցը կը կա­յա­նայ օ­րի­նա­կան ձե­ւա­կեր­պու­մին ու հա­մա­ձայ­նու­թեան հե­տե­ւեալ կէ­տե­րուն մէջ, ըստ ո­րոնց՝

Ա­ռա­ջի՛ն. ձե­ռա­գիր Ա­ւե­տա­րա­նը կը պատ­կա­նի Հայց. Ե­կե­ղեց­ւոյ,

Երկ­րո՛րդ. Հայց. Ե­կե­ղե­ցին Ա­ւե­տա­րա­նի այդ է­ջե­րը կը նո­ւի­րէ «­Կե­թի» թան­գա­րա­նին:

Այ­սինքն՝ մա­քուր ու պարզ հա­յե­րէ­նով, Թո­րոս Ռոս­լի­նի այդ ձե­ռա­գիր է­ջե­րուն տէ­րը հի­մա ոչ թէ հայ ժո­ղո­վուրդն է, ոչ թէ Հայց. Ե­կե­ղե­ցին է, ոչ թէ Ազգ. Ա­ռաջ­նոր­դա­րանն է, այլ՝ մի­լիա­ռա­տէր Փօլ Կե­թիի թան­գա­րա­նը…

Այս յօ­դո­ւա­ծա­գի­րին կար­ծի­քով՝ թէ՛ Զէյ­թու­նի Ա­ւե­տա­րա­նը եւ թէ ան­կէ փրցո­ւած, վա­ճա­ռո­ւած (եւ հի­մա «նո­ւի­րո­ւած») է­ջե­րը մաս կը կազ­մեն հա­յու­թեան մշա­կու­թա­յին հարս­տու­թեան: Այս հարս­տու­թիւ­նը ոչ միայն ու­նի տէր, այ­լեւ՝ հո­գա­ծու հաս­տա­տու­թիւն մը, որ այս ձե­ռա­գի­րի պա­րա­գա­յին Մա­տե­նա­դա­րանն է:

Այն­պէս որ, դա­տա­կան կամ օ­րի­նա­կան չո­րու­ցա­մաք տնօ­րի­նում­նե­րը, ո­րոնց ա­ռանց­քին շուրջ հա­մա­ձայ­նու­թեան յան­գած են եր­կու կող­մե­րու ի­րա­ւա­բան­նե­րը, բա­ցար­ձա­կա­պէս ոչ մէկ ար­ժէք ու­նին մե­զի հա­մար:

Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նին ո՞վ տո­ւաւ ի­րա­ւուն­քը հայ ժո­ղո­վուր­դին պատ­կա­նող հարս­տու­թեան այս կամ այն բա­ժի­նը «նո­ւէր» տա­լու, նոյ­նիսկ ե­թէ «նո­ւէր»ը ստա­ցո­ղը ըլ­լայ աշ­խար­հահռ­չակ թան­գա­րան մը («­Կե­թի»ն կամ «­Լուվր»ը, օ­րի­նա­կի հա­մար): 1980ա­կան թո­ւա­կան­նե­րուն, յոյն հռչա­կա­ւոր երգ­չու­հի Մե­լի­նա Մեր­քու­րի նշա­նա­կո­ւե­ցաւ Յու­նաս­տա­նի մշա­կոյ­թի նա­խա­րար: Իր ա­ռա­ջին գոր­ծե­րէն մէ­կը ե­ղաւ Բ­րի­տա­նա­կան թան­գա­րա­նէն պա­հան­ջել հին Յու­նաս­տա­նի ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին պատ­կա­նող ի­րեր, ո­րով­հե­տեւ, կը փաս­տար­կէր ան, այդ ա­րո­ւես­տի գոր­ծե­րը (ար­ձան­ներ եւ այլն) յոյն ժո­ղո­վուր­դին ստեղ­ծած մշա­կու­թա­յին հարս­տու­թեան մաս կը կազ­մեն եւ պէտք է վե­րա­դար­ձո­ւին ի­րենց ի­րա­ւա­տի­րոջ՝ Յու­նաս­տա­նին: Մե­լի­նա Մեր­քու­րի եր­կար պայ­քար մղեց (ժո­ղովր­դա­յին բա­ռա­պա­շա­րով՝ «կռիւ-փա­թըր­թի» ը­րաւ…) բրի­տա­նա­կան կայ­սե­րա­կան ամ­բար­տա­ւա­նու­թեամբ յատ­կան­շո­ւած օ­րի­նա­կան հա­մա­կար­գի մը դէմ ու լուրջ յա­ջո­ղու­թիւն ձեռք ձգեց:

Եր­կու պատ­կեր­նե­րուն հա­կադ­րու­թիւ­նը յստակ է, չէ՞:

Բայց ընդ­հա­նուր պատ­կե­րը կը մնայ թէ՛ մտա­հո­գիչ եւ թէ ընդվ­զեց­նող: Տե­սէք, թէ ի՛նչ կը պա­տա­հի.

Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը, փո­խա­նակ տի­րու­թիւն ը­նե­լու 1918-20ի ա­ռա­ջին Հան­րա­պե­տու­թեան կա­ռա­վա­րու­թեան շէն­քին, կը վա­ճա­ռէ զայն Տա­շի­րի Սա­մո­յին: Նոյն իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ար­դէն վա­ճա­ռած են ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան շէն­քը (որ պան­դո­կի պի­տի վե­րա­ծո­ւի), կը պատ­րաս­տո­ւին վա­ճա­ռե­լու մար­զա­հա­մեր­գա­յին հա­մա­լի­րը, ան­տէր լքած են Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան կեր­տիչ Ա­րամ Մա­նու­կեա­նի բնա­կա­րա­նը Ե­րե­ւա­նի մէջ:

Հի­մա, Ազգ. Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նը հայ ժո­ղո­վուր­դին ստեղ­ծած մշա­կու­թա­յին հարս­տու­թե­նէն պա­տա­ռիկ մը… «կը նո­ւի­րէ» թան­գա­րա­նի մը, որ փո­խա­րէ­նը, հա­յու­թեան մեծ շնորհ մը պի­տի ը­նէ այդ մա­գա­ղա­թեայ է­ջե­րը իր այ­ցե­լու­նե­րուն ցու­ցադ­րե­լով (այ­լա­պէս, օ՜ ինչ սար­սափ… այդ է­ջե­րը կրնա­յին փտիլ Մա­տե­նա­դա­րա­նի անխ­նամ պա­հես­տա­րա­նին մէջ կամ նոյն­քան ան­փոյթ անձ­նա­կազ­մին ձեռ­քե­րուն մէջ, հա՞):

Ազ­գա­յին հպար­տու­թիւն պատ­ճա­ռող ի՜նչ մեծ նո­ւա­ճում:

Հի­մա, փաս­տօ­րէն, «­Կե­թի»ն­ է տէ­րը Թո­րոս Ռոս­լի­նի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան: Ազգ. Ա­ռաջ­նոր­դա­րան, «­Կե­թի» թան­գա­րան եւ փաս­տա­բան­ներ ե­ռան­կիւ­նին վրայ եր­կին­քէն ին­կան ե­րեք խնձոր­ներ: Եր­կու­քը՝ «­Կե­թի»ին, իսկ եր­րոր­դը… գիր­կը ի­րա­ւա­բան­նե­րուն, ո­րոնք կլո­րիկ գու­մար­նե­րով վե­րա­դար­ձան ի­րենց գրա­սե­նեակ­նե­րը:

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ