Հայաստանի անկախութեան 24րդ տարեդարձին առիթով ինծի պատիւ վիճակուած էր ըլլալու, Կլենտէլի մէջ, Հայաստանի հիւպատոսութեան կազմակերպած տօնակատարութեան գլխաւոր բանախօսը: Ահա իմ ելոյթէս հատուածներ, որոնք կ՝արտացոլեն մեր երկրի ձեռքբերումներէն քանի մը հատը, անկախացումէն ի վեր, եւ մարտահրաւէրները, որոնք մինչ օրս ծառացած են անոր առջեւ:
Առաջին տարիներուն Հայաստանի Հանրապետութեան առաւել նշանակալի ձեռքբերումը Ղարաբաղի ազատագրումն էր եւ Արցախի Հանրապետութեան հռչակումը: Իբրեւ արդիւնք, 20 տարեկանէն վար հայերու ամբողջ սերունդ մը, որ ծնած եւ մեծցած է անկախ Արցախի մէջ, նոյնիսկ մէկ օր չէ ապրած Ատրպէյճանի վարչակարգի լուծին տակ, եւ Աստուծոյ կամքով, այլեւս երբեք չ՝ապրիր… Արցախի անկախութիւնը անշրջելի իրողութիւն է: Արցախը այլեւս երբեք չ՝ըլլար Ատրպէյճանի կազմին մէջ…
Սակայն, մեր մարտահրաւէրները Արցախի մէջ դեռ չեն աւարտած: Թէեւ ճիշդ է, որ մենք զոհողութիւններու գնով յաղթեցինք պատերազմը, բայց այժմ ալ պէտք է նուաճենք խաղաղութիւնը… Դեռ շուտ է տկարացնելու մեր զգօնութիւնը: Հայաստանի սահմանամերձ քաղաքներն ու գիւղերը պարբերաբար կը յայտնուին ատրպէյճանական հրետակոծութիւններու տակ:
Շարք մը քայլերու պէտք է ձեռնարկենք՝ Արցախի անկախութիւնը ապահովելու նպատակով: Արցախը ոչ միայն պէտք է գոյատեւէ, այլեւ՝ բարգաւաճի… Այս հրատապ անհրաժեշտութիւնը իրականացնելու համար մենք պէտք է առաջին հերթին ամրապնդենք Արցախի պաշտպանութիւնը: Պատերազմէն խուսափելու լաւագոյն միջոցը` լաւ պաշտպանութիւն ունենալն է:
Ատրպէյճանցիներու համար Լեռնային Ղարաբաղը վերստանալը անիմաստ շքեղութիւն է, իսկ հայերու համար` Արցախի պահպանումն ու պաշտպանութիւնը՝ գոյատեւման անհրաժեշտութիւն…
Բացի Արցախի պաշտպանութեան ամրապնդումէն, պէտք է աւելցնենք նաեւ անոր բնակչութեան թիւը: Մենք պէտք է նոր փաստարկներ ստեղծենք, որպէսզի ատրպէյճանական վարչակարգը համոզուի, թէ հայերը Արցախը լքելու փոխարէն աւելի մեծ թիւով այնտեղ կը վերաբնակին, այդպիսով գրեթէ անհնար դարձնելով տարածքներուն վերադարձը:
Միւս կարեւոր նպատակն է` ամուր իրաւական հիմերու վրայ դնել Արցախի անկախութիւնը եւ միջազգային ճանաչում ձեռք բերել:
Ամերիկահայ համայնքը յաջողութեամբ կը դիմակայէ խոշոր չափերով ֆինանսաւորուող ատրպէյճանական լոպպին՝ Ուաշինկթընի եւ բոլոր 50 նահանգներուն մէջ:
Վերջապէս, մենք պէտք է աւելի լաւ կենսապայմաններ ստեղծենք` արցախցին ապահովելով բնակարանով եւ աշխատանքով, որպէսզի այնտեղ ապրող հայերը եւ անոնք, որոնք մտադիր են վերաբնակելու, կարենան ապրիլ անվտանգ եւ բարեկեցիկ կեանքով:
Սակայն դժուարութիւններու այս բեռը պէտք չէ ձգել միայն Արցախի ժողովուրդի ուսերուն, անիկա պէտք է յաղթահարել համայն հայութեան եւ անոր աջակիցներու միասնական կամքին շնորհիւ:
Արցախի վերածնունդը ապահովելու համար մենք պէտք է ունենանք ուժեղ Հայաստան, որ նաեւ աշխարհասփիւռ հայ համայնքներու պահպանման երաշխիքն է:
Այժմ, անկախութեան վերականգնումէն գրեթէ քառորդ դար անց, մենք հնարաւոր ամէն բան պէտք է ընենք` ապահովելու մեր հայրենիքի անվտանգութիւնն ու բարգաւաճումը:
Անկախ մեր գաղափարական, քաղաքական եւ կրօնական տարակարծութիւններէն` մենք ԲՈԼՈՐՍ պէտք է միաւորուինք մեր եռագոյն դրօշին տակ: Էական չէ, արդեօք մենք համաձայն ենք այս կամ այն ղեկավարին հետ, թէ` ոչ: Պետական պաշտօնեաները կու գան ու կ՝երթան, իսկ հայ ժողովուրդն ու հայրենիքը յաւերժական են…
Սակայն, մենք պէտք է հաշուի առնենք, որ փոխ-յարաբերութիւնը քաղաքացիներու եւ անոնց կառավարութեան միջեւ երկկողմանի փողոց է: Պետական պաշտօնեաները պարտաւոր են ստեղծելու հասարակական միջավայր մը, որ արդար է, բարեկեցիկ կեանքին նպաստող եւ խտրականութենէ ու ահաբեկումէ զերծ: Քաղաքացիները պէտք է հնարաւորութիւն ունենան ժողովրդավարական գործընթացներու միջոցով ընտրելու իրենց նախընտրած ներկայացուցիչները` առանց իշխանութիւններու միջամտութեան:
Միւս կողմէ, ընդդիմադրութիւնը պատասխանատու է հաշուետու պահել կառավարութիւնը անոր գործողութիւններուն համար` կառուցողական քննադատութեան եւ խաղաղ միջոցներով` առանց վտանգելու երկրի կայունութիւնն ու անվտանգութիւնը:
Ցաւօք, Հայաստանի մէջ դեռ մեծ չափերու կը հասնին աղքատութիւնը եւ գործազրկութիւնը:
Անյապաղ պէտք է լուծումներ գտնել սովածները կերակրելու, կարիքաւորներուն օգնելու եւ հիւանդները բուժելու համար, որ պիտի կանգնեցնէ արտագաղթի ալիքը` մեր հայրենիքի գոյատեւման սպառնալիքը…
Չնայած դժուարութիւններուն, որոնք կը շարունակեն ցաւ ու տառապանք պատճառել շատ հայերու, մաս մը մարդոց կողմէ ստեղծուած, միւս մասը՝ կապուած կառավարութեան վերահսկողութենէն անկախ հանգամանքներով, ինչպէս Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ շրջափակումներն են, պէտք է ընդունիլ, որ վերջին 24 տարիներու ընթացքին Հայաստանի բնակչութեան կենսապայմաններու աստիճանական յառաջընթաց արձանագրուած է:
Միւս նշանակալի ձեռքբերումը Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչումն էր ամբողջ աշխարհի մէջ՝ այս տարուայ սկիզբը:
Շնորհիւ Սփիւռքի յամառ ջանքերուն, վերջին հարիւր տարուան ընթացքին եւ վերջին քառորդ դարուն Հայաստանի կառավարութեան միջազգային դիւանագիտական շփումներուն` Ցեղասպանութեան ճանաչման փուլը մեծ մասամբ աւարտած է: Մենք այժմ պէտք է արդարութեան հասնինք՝ հատուցման միջոցով: Թրքական կառավարութիւնը պէտք է վերադարձնէ այն ամէնը, որ բռնագրաւած էր Ցեղասպանութեան ժամանակ եւ հատուցում վճարէ այն ամէնուն համար, զոր հնարաւոր չէ վերադարձնել:
Մեր առջեւ ծառացած հիմնախնդիրն է` աւելի արդիւնաւէտ մեքենականութիւն ստեղծել Հայաստանի, Արցախի եւ ամբողջ Սփիւռքի բոլոր 10 միլիոն հայերու ջանքերը համադրելու համար:
Այդպիսի մօտեցում մը կրնայ ըլլալ տարբեր երկիրներու մէջ գոյութիւն ունեցող Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի յանձնախումբերու, ինչպէս նաեւ Երեւանի մէջ գտնուող Հարիւրամեակի Պետական Յանձնաժողովի վերանուանումն ու վերածումը մշտապէս գործող մարմիններու, որոնք պատասխանատու պիտի ըլլան հետեւեալին համար.-
1) Կառավարել բոլոր համահայկական խնդիրները եւ ճգնաժամերը, որոնք կ՝ազդեն հայկական համայնքներուն վրայ, ինչպէս՝ Սուրիոյ պարագան։
2) Զօրացնել Արցախի անվտանգութիւնը, տնտեսութիւնը եւ ինքնավարութիւնը։
3) Դադրեցնել արտագաղթը Հայաստանէն եւ շրջել զայն։
4) Ձգտիլ հատուցման Թուրքիայէն` Ցեղասպանութեան ժամանակ հայ ժողովուրդի կրած բոլոր մարդկային եւ նիւթական կորուստներուն համար:
Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր»