Վեր­ջերս թրքա­կան մա­մու­լը տե­ղե­կա­ցուց, որ Կարս նա­հան­գի Տե­կոր գա­ւա­ռին մէջ գտնո­ւող հայ­կա­կան հինգ ե­կե­ղե­ցի­նե­րէն միակ կան­գուն մնա­ցա­ծը` Սուրբ Սար­գիս ե­կե­ղե­ցին, փլուզ­ման վտան­գի տակ է:

Թր­քա­կան «­Միլ­լի­յէթ» օ­րա­թեր­թը գրած է, որ ե­կե­ղե­ցին կարճ ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին վերջ­նա­կա­նա­պէս պի­տի կոր­ծա­նի` միւս չորս ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն նման:

Ա­խո­ռի վե­րա­ծո­ւած այս ե­կե­ղեց­ւոյ պա­տե­րը փլած են, իսկ քա­րե­րը` փո­խադ­րո­ւած տեղ­ւոյն բնա­կիչ­նե­րուն կող­մէ, նաեւ ե­կե­ղեց­ւոյ ո­րոշ հա­տո­ւած­նե­րը քան­դո­ւած են գան­ձա­խոյզ­նե­րու կող­մէ:

Օ­րին տրո­ւած լու­րին կցո­ւած էր լու­սան­կար մը, որ տար­բեր ե­կե­ղե­ցի է, Ս. Սար­գի­սը չէ, այլ Տե­կո­րի ե­կե­ղե­ցին է: Այս մատ­նան­շու­մը կա­տա­րեց պատ­մա­բան Ե­րո­ւանդ Փամ­պու­քեան:

«Այս լու­րին ըն­թեր­ցու­մը զիս տա­րաւ բա­ւա­կան ետ` 1966 թո­ւա­կան, երբ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րէն եր­կու ա­մե­րի­կա­ցի­ներ ե­կած էին Պէյ­րութ, ուր­կէ պի­տի անց­նէին Թուր­քիա` ա­րե­ւե­լեան նա­հանգ­ներ, կին մը ու այր մարդ մը` նախ­կին զի­նո­ւո­րա­կան եւ մաս­նա­գէտ ու­ժա­նա­կի (տի­նա­մի­թի), կի­նը խմբա­գիր էր ա­մե­րի­կեան թեր­թի մը` «­Ճիոկ­րա­ֆի­քըլ Մե­կե­զին»ին, որ բա­ւա­կան լուրջ թերթ մըն էր», այս մա­սին «Ազ­դակ»ի հետ ու­նե­ցած զրոյ­ցին ըն­թաց­քին ը­սաւ պատ­մա­բան Ե­րո­ւանդ Փամ­պու­քեան` անդ­րա­դառ­նա­լով Ա­րեւ­մը­տեան Հա­յաս­տա­նի մէջ հայ­կա­կան կո­թող­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ հսկա­յա­կան աշ­խա­տան­քի մը, որ 1972ին կա­տար-ւած էր:

Ան յայտ­նեց, որ երբ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 50ա­մեա­կին ա­ռի­թով ստեղ­ծո­ւած Հ.Յ.Դ. Հայ Դա­տի Մար­մի­նի ան­դամ­նե­րը ի­մա­ցած են, որ տո­ւեալ ան­ձե­րը նման ծրա­գիր մը ու­նին, ուղ­ղա­կի կապ հաս­տա­տած են ա­նոնց հետ` ա­ռա­ջար­կե­լով յա­ւե­լեալ բո­լոր ծախ­սե­րը հո­գալ` խնդրե­լով, որ ի­րենց մատ­նան­շած վայ­րերն ալ այ­ցե­լեն: «­Յատ­կա­պէս այս առն­չու­թեամբ մեծ հե­տաքրք­րու­թիւն ու­նէր Հ­րաչ Տաս­նա­պե­տեան, որ յա­տուկ սէր ու հա­կում ու­նէր հայ­կա­կան ճար­տա­րա­պե­տու­թեան նկատ­մամբ: Այս առն­չու­թեամբ նշեմ, որ երբ 50ա­մեա­կին ա­ռի­թով գրքոյկ­ներ պատ­րաս­տե­ցինք, ա­նոր մէջ պատ­մա­կան բա­ժի­նը ես կը ստանձ­նէի, ի­րա­ւա­կան բա­ժի­նը Շա­ւարշ Թո­րի­կեան կը գրէր, գրա­կան բա­ժի­նը` «Ե­ղեռ­նի զո­հեր» խո­րա­գի­րով, Վա­հէ Օ­շա­կան կը կա­տա­րէր, իսկ ճար­տա­րա­պե­տա­կան ցե­ղաս­պա­նու­թիւնն ալ Տաս­նա­պե­տեան կը ստանձ­նէր:

altՕ­րին Հ. Տաս­նա­պե­տեան կազ­մեց շատ ման­րա­մասն, շուրջ 20 էջ­նոց ցու­ցակ մը, թէ ո՛ր վայ­րե­րուն մէջ կան հայ­կա­կան պատ­մա­կան յու­շար­ձան­ներ, ո­րոնց վի­ճա­կը կ­՛ու­զէինք գիտ­նալ: Յի­շեալ ան­ձե­րը յանձն ա­ռին այս աշ­խա­տան­քը եւ մեր տո­ւած ու­ղե­ցոյ­ցին հի­ման վրայ գա­ցին: Բա­ւա­կան ժա­մա­նակ անց, շուրջ 50 օր ետք վե­րա­դար­ձան մե­զի հա­մար մեծ հարս­տու­թեամբ` 2000 գու­նա­ւոր լու­սան­կար­նե­րով, ո­րոնց հի­ման վրայ Հա­մազ­գա­յի­նի Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ հրա­տա­րա­կո­ւե­ցան «­Հայ­կա­կան ճար­տա­րա­պե­տու­թեան յու­շար­ձան­ներ» ա­նու­նով ե­ռա­լե­զու` հա­յե­րէն, անգ­լե­րէն եւ ֆրան­սե­րէն լե­զու­նե­րով գու­նա­ւոր շքեղ հա­տոր­ներ»,- ը­սաւ Ե. Փամ­պու­քեան:

Այդ լու­սան­կար­նե­րը պատ­կա­ռե­լի ու գե­ղե­ցիկ կեր­պով օգ­տա­գոր­ծո­ւած են այդ հա­տոր­նե­րուն մէջ, ուր եր­բեմն նաեւ այդ յու­շար­ձան­նե­րուն նախ­կին վի­ճա­կը պատ­կե­րող նկար­ներ զե­տե­ղո­ւած են` իբ­րեւ բաղ­դա­տա­կան:

«Այդ նկար­նե­րուն մէջ կան տե­ղե­կու­թիւն­ներ թէ՛ Տե­կո­րի եւ թէ՛ Խծ­կոն­քի մա­սին. վեր­ջի­նը հա­մա­լիր մըն է, զոր Պէշ Քի­նի­սէ կը կո­չէին, ո­րով­հե­տեւ բաղ­կա­ցած էր հինգ ե­կե­ղե­ցի­նե­րէ, ո­րոնք պայ­թե­ցո­ւած էին, սա­րա­հար­թին վրայ կը գտնո­ւէին, եւ գնդա­պե­տը ի­րեն հետ բե­րած էր արկ­ղի մը մէջ զե­տե­ղո­ւած քա­րի կտոր­ներ, զորս քի­միա­կան քննու­թիւն­նե­րու են­թար­կե­լէ ետք եզ­րա­կա­ցուց, որ ու­ժա­նա­կով պայ­թե­ցո­ւած էին: Քա­րե­րը օ­րին արկ­ղի մը մէջ յանձ­նեց Ճե­մա­րա­նի տար­րա­լու­ծա­րա­նին:

«­Հինգ ե­կե­ղե­ցի­նե­րէն կան­գուն մնա­ցած էր միայն Ս. Սար­գի­սը, ո­րուն նկա­րին երբ լա­ւա­պէս նա­յիս, կը տես­նես, որ պա­տե­րուն վրայ ճեղ­քեր կան, փլած բա­ժին­ներ ալ կան, սա­կայն հի­մե­րը չեն կրցած խախ­տել: Ա­սի­կա Վեստ Սար­գիս իշ­խա­նին շի­նել տո­ւած ե­կե­ղե­ցին էր: Վան­քը իր հա­մա­լի­րով կը կո­չո­ւէր Խծ­կոնք, ա­նոր հինգ ե­կե­ղե­ցի­ներն են` Սուրբ Կա­րա­պետ, Սուրբ Աս­տո­ւա­ծա­ծին, Սուրբ Ս­տե­փա­նոս, Սուրբ Գ­րի­գոր եւ Սուրբ Սար­գիս»,- ը­սաւ Ե. Փամ­պու­քեան:

Այս ե­կե­ղե­ցի­նե­րը ընդգր­կող վա­նա­կան հա­մա­լի­րը` Խծ­կոն­քը, որ կա­ռու­ցո­ւած է 1920 թո­ւա­կա­նին, ե­կե­ղե­ցի­նե­րու սքան­չե­լի ան­սամպլ մըն է: Ան ներք­նա­պէս քա­ռապ­սիտ է եւ ու­նի ան­կիւ­նա­յին չորս ա­ւան­դա­տու­ներ, բայց ար­տաք­նա­պէս առ­նո­ւած է բազ­մա­նիստ ծա­ւա­լի մէջ:

Պար­զու­թեան մէջ գե­ղեց­կու­թեան սքան­չե­լի կա­ռոյց մըն է ար­տա­քին ե­րես­ներն ու ան­կիւ­նա­յին գի­ծե­րը շեշ­տող որմ­նա­սիւ­նիկ­նե­րու եւ կա­մա­րա­շար­քե­րու դրու­թիւ­նը: Գմ­բէ­թը ու­նի հով­հա­րա­ձեւ ծածկ: Ար­տա­քին ե­րես­նե­րը կը կրեն բազ­մա­թիւ ար­ձա­նագ­րու­թիւն­ներ:

«Ա­մէ­նէն կա­րե­ւո­րը այն էր, որ մենք այդ լու­սան­կար­նե­րէն 500 հատ, լա­ւա­գոյն­նե­րը, ընտ­րո­վի ղրկե­ցինք Հա­յաս­տան` Մօ­րուս Հաս­րա­թեա­նին, Ե­րե­ւա­նի պե­տա­կան թան­գա­րա­նի տնօ­րէ­նին, որ մե­զի հետ սերտ կա­պի մէջ էր: Ու­րախ եմ ը­սե­լու, որ այդ նկար­նե­րը Հա­յաս­տա­նի մէջ օգ­տա­գոր­ծո­ւե­ցան Հան­րա­գի­տա­րա­նին մէջ, թէեւ մեր ա­նու­նը, բնա­կա­նա­բար այդ ժա­մա­նակ­նե­րուն չէ յի­շո­ւած: Հան­րա­գի­տա­րա­նին մէջ ե­ղած Ա­րեւմ­տեան Հա­յաս­տա­նի լու­սան­կար­նե­րուն մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը` Կար­սի, Տիգ­րա­նա­կեր­տի, Վա­նի, Ա­նիի, Վաս­պու­րա­կա­նի եւ այլն, մեր ու­ղար­կած­ներն են:

«­Տե­կո­րը բա­ւա­կան հին է, 5րդ դա­րու երկ­րորդ կի­սուն կա­ռու­ցո­ւած է, ժա­մա­նա­կաշր­ջան մը, երբ հա­յոց ճար­տա­րա­պե­տու­թեան մէջ բուն ազ­գա­յին ո­ճի ան­ցում կը կա­տա­րո­ւէր. հին յու­նա­կան ո­ճի պա­զի­լի­քա­յէն, ա­սո­րա­կան ձե­ւի ե­կե­ղե­ցի­նե­րէն հայ­կա­կան ո­ճի կազ­մա­ւո­րու­մը կը սկսէր, ինչ որ յստակ է Տե­կո­րի մէջ: Բայց դժբախ­տա­բար Տե­կո­րին նկար­նե­րուն մէջ յստակ կ­՛ե­րե­ւէր, որ ամ­բողջ սրբա­տաշ քա­րե­րը` ներ­սէն ու դուր­սէն, քա­կած ու տա­րած էին, ինչ որ թուր­քե­րուն կող­մէ գոր­ծադ­րո­ւած սո­վո­րա­կան ա­րարք մըն է. այդ քա­րե­րը իբ­րեւ պատ­րաստ քար կ­՛առ­նէին, կը տա­նէին ի­րենց տու­նե­րու շի­նու­թեան հա­մար օգ­տա­գոր­ծե­լու նպա­տա­կով:

«Խծ­կոն­քը 11րդ դա­րուն սկսած է կա­ռու­ցո­ւիլ, Ս. Սար­գիս ե­կե­ղե­ցին Վեստ Սար­գի­սը շի­նել տո­ւած է 1033ին, միայն ա­տի­կա կան­գուն էր, միւս­նե­րը հիմ­նա­յա­տակ քան­դո­ւած էին նոյ­նիսկ ա­նոնց հի­մե­րը կ’ե­րե­ւէին»,- դի­տել տո­ւաւ Ե­րո­ւանդ Փամ­պու­քեան:

Ըստ ա­նոր, Հա­յաս­տա­նի ե­կե­ղե­ցի­նե­րը շատ թանձր պա­տեր կ­՛ու­նե­նա­յին` եր­բեմն մէկ մեթր, նոյ­նիսկ եր­բեմն մէկ մեթր քա­ռորդ հաս­տու­թեամբ, եր­կու կող­մէ պա­տո­ւած սրբա­տաշ քա­րե­րով, ներ­քին եւ ար­տա­քին կող­մէ, մէ­ջը շա­ղախ կը լեց­նէին: Երբ թուր­քե­րը եր­կու կող­մի սրբա­տաշ քա­րե­րը հա­նած ու տա­րած են, ե­կե­ղեց­ւոյ պա­տե­րուն միայն շա­ղա­խի բա­ժի­նը մեր­կու­թեամբ մնա­ցած է, հա­ւա­նա­բար կան մին­չեւ հի­մա: Տե­կո­րի պա­րա­գա­յին այդ­պէս էր:

Եր­կու­քը կը գտնո­ւին նոյն վայ­րին մէջ, սա­կայն բա­ւա­կան հե­ռու են ի­րար­մէ, հա­սա­րա­կաց գե­տակ մը կայ, Տե­կոր ա­նու­նով, որ կ’եր­թայ ու կը թա­փի Ա­խու­րեա­նի մէջ: Եր­կուքն ալ այդ գե­տե­զեր­քին կա­ռու­ցո­ւած են:

«­Մինչ այդ ը­սեմ, որ Հա­յաս­տան կա­տա­րած իմ այ­ցե­լու­թիւն­նե­րէս մէ­կուն ըն­թաց­քին ին­ծի ը­սած են, թէ Գիւմ­րիէն (այն ա­տեն Լե­նի­նա­կան), որ սահ­մա­նին մօ­տիկ է, ուժ­գին պայ­թում­նե­րու ձայ­ներ լսած են սահ­մա­նին միւս կող­մէ, եւ ա­ւե­լի ուշ յստա­կա­ցաւ, որ ու­ժա­նա­կով հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րը պայ­թե­ցո­ւած են»,- ը­սաւ Փամ­պու­քեան:

Ան ա­ւել­ցուց, որ այս ա­ռի­թով ար­ժէ յի­շել, որ այս բո­լո­րը օ­րին լա­ւա­պէս ու­սում­նա­սի­րո­ւած են Թո­րոս Թո­րա­մա­նեա­նի կող­մէ, որ լաւ մարդ էր, Ի­տա­լիա ու­սա­նած էր, սա­կայն տեր­վի­շի նման կ’ապ­րէր, իր ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րուն հա­մար երբ հե­ռու տե­ղեր եր­թար, սո­վո­րա­կան հաց-պա­նիր տա­րած կ’ըլ­լար ի­րեն հետ, այդ պատ­ճա­ռով ալ զինք սո­վո­րա­կան մարդ կը կար­ծէին եւ վար­պետ կը կո­չէին: Ան յատ­կա­պէս նշա­նա­ւոր դար­ձաւ Զո­ւարթ­նոց տա­ճա­րի յա­տա­կա­գի­ծի վե­րա­կազ­մու­թեամբ, իր տե­սու­թեամբ, Զո­ւարթ­նո­ցը ե­ղած է բո­լո­րակ, ե­ռա­յարկ ե­կե­ղե­ցի: Օ­րին նշա­նա­ւոր ճար­տա­րա­պետ­ներ քննա­դա­տած են Թո­րա­մա­նեա­նի այս տե­սու­թիւ­նը, սա­կայն ա­ւե­լի ուշ փաս­տեր ե­կան ա­պա­ցու­ցե­լու, որ ան ճիշդ էր: Ա­նիի պե­ղում­նե­րուն ժա­մա­նակ ռու­սա­կան ա­կա­դե­միան Ս. Փե­թերս­պուր­կէն գիտ­նա­կան­նե­րու ար­շա­ւա­խումբ մը ղրկեց հոն` գլխա­ւո­րու­թեամբ Ն. Մա­ռի, որ Թո­րա­մա­նեա­նը նե­րա­ռեց աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ: Ա­նիի պե­ղում­նե­րուն ըն­թաց­քին ան յայտ­նա­բե­րեց ե­կե­ղե­ցի մը, որ Գագ­կա­շէն ե­կե­ղե­ցի կը կո­չո­ւի, ո­րով­հե­տեւ Գա­գիկ թա­գա­ւոր կա­ռու­ցել տո­ւած է զայն, եւ այդ ե­կե­ղե­ցին լման փլա­տակ էր, սա­կայն կա­յին հիմ­քե­րը, ո­րոնց ընդ­մէ­ջէն կա­րե­լի ե­ղաւ եզ­րա­կաց­նել, որ ա­նի­կա բո­լո­րա­կա­ձեւ ե­կե­ղե­ցի ե­ղած է, հոն կար նաեւ թա­գա­ւո­րին ար­ձա­նը, ձեռ­քը, իսկ ման­րան­կա­րէն կա­րե­լի ե­ղաւ փաս­տել, որ ա­նի­կա ե­ռա­յարկ եւ բո­լո­րա­կա­ձեւ է: Թո­րոս Թո­րա­մա­նեա­նը նաեւ մա­տե­նա­գի­տու­թեան մէջ գտաւ վկա­յու­թիւն մը, ըստ ո­րուն, թա­գա­ւո­րը այդ ե­կե­ղե­ցին այդ ձե­ւով շի­նել տո­ւած է, որ­պէս­զի ա­նի­կա յար եւ նման ըլ­լայ Զո­ւարթ­նոց ե­կե­ղե­ցիին, որ փուլ էր ե­կած: Այս փաս­տէն ետք բո­լոր քննա­դա­տու­թիւն­նե­րը ջրո­ւե­ցան,- ը­սաւ Փամ­պու­քեան:

Ներ­կա­յիս Ա­րեւմ­տեան Հա­յաս­տա­նի մէջ գտնո­ւող հայ­կա­կան կո­թող­նե­րուն եւ ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն վի­ճա­կին վատ­թա­րա­ցած ըլ­լա­լուն մա­սին խօ­սե­լով` Ե­րո­ւանդ Փամ­պու­քեան դի­տել տո­ւաւ, որ ո՛չ միայն բա­ւա­կան վատ վի­ճա­կի մէջ են հայ­կա­կան կա­ռոյց­նե­րը, այլ նաեւ վախ կայ, որ ա­նոնք այ­լա­կեր­պո­ւին: Ըստ ա­նոր, թէեւ Աղ­թա­մա­րի Ս. Խաչ ե­կե­ղեց­ւոյ պա­րա­գա­յին զբօ­սաշր­ջու­թեան նպա­տակ­նե­րով եւ ա­նոր վրայ ե­ղած լու­սար­ձակ­նե­րը նկա­տի առ­նե­լով` թուր­քե­րը չա­ղա­ւա­ղե­ցին հայ­կա­կա­նու­թիւ­նը, սա­կայն ա­ւե­լի լքեալ այլ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու պա­րա­գա­յին չեն բա­ցա­ռո­ւած նման ա­րարք­ներ` վե­րա­շի­նու­թեան պատ­րո­ւա­կով: Նաեւ ժո­ղովր­դա­յին մա­կար­դա­կի վրայ լու­րեր կը տա­րա­ծո­ւին այն մա­սին, որ տո­ւեալ կա­ռոյց­նե­րուն մէջ գան­ձեր կան, որ­պէս­զի սո­վո­րա­կան մար­դիկ այդ գան­ձի փնտռտու­քի ա­տեն ա­ւե­լի եւս քան­դեն հայ­կա­կան կա­ռոյց­նե­րը: Ե. Փամ­պու­քեան դի­տել տո­ւաւ, որ ա­սի­կա եւս պատ­մու­թիւ­նը ջնջե­լու քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մաս կը կազ­մէ:

Ան ը­սաւ, որ Թուր­քիոյ տա­րած­քին 2400 հայ­կա­կան վանք ու ե­կե­ղե­ցի կար, ցու­ցա­կագ­րո­ւած են ա­նոնք: Ը­սեմ նաեւ, որ կի­սա­կան­գուն կամ փլա­տակ վի­ճա­կի մէջ ե­ղող ե­կե­ղե­ցի­նե­րը ու­սում­նա­սի­րե­լու հա­մար նաեւ ֆրան­սա­ցի այլ զոյգ մը գնաց հոն, մաս­նա­գի­տա­կան կեր­պով սեր­տե­ցին կա­ցու­թիւ­նը եւ նախ պար­բե­րա­թեր­թե­րով, ա­պա յա­տուկ գիր­քով հրա­տա­րա­կե­ցին ի­րենց հա­ւա­քած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը:

Ան նաեւ ը­սաւ, որ խորհր­դա­յին ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին Հա­յաս­տա­նի մէջ ե­կե­ղե­ցի­նե­րը թէեւ չէին քան­դեր, սա­կայն այն­քան լքեալ վի­ճա­կի մէջ էին, որ ինք­նա­բե­րա­բար քիչ-քիչ կը քան­դո­ւէին: Իսկ այն ե­կե­ղե­ցի­նե­րը, ո­րոնք լաւ վի­ճա­կի մէջ էին, կոլ­խոզ­նե­րու պա­հես­տա­նո­ցի վե­րա­ծո­ւած էին: «1963 թո­ւա­կա­նին, երբ ու­սու­ցիչ­նե­րու խում­բի մը հետ Հա­յաս­տան գա­ցի, ես ա­ւե­լի եր­կար մնա­ցի, կրթու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան հիւ­րը ե­ղայ, եւ ա­նոնք ը­սին, թէ ի­րենք զիս պի­տի տա­նէին հոն, ուր կ’ու­զէի: Պէտք է ը­սել, որ հա­մայ­նա­վա­րու­թեան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին իշ­խա­նու­թեան վրայ գտնո­ւող­նե­րը եր­կու խմբա­կի կա­րե­լի է բաժ­նել. կա­յին վար­չա­կար­գին մար­դի­կը, ո­րոնք ա­մուր դիր­քեր ու­նէին, սա­կայն հայ­րե­նա­սէր­ներ էին խոր­քին մէջ, իսկ միւս­նե­րը ծայ­րա­յե­ղա­կան էին: Կր­թու­թեան նա­խա­րա­րը լաւ մարդ էր: Օ­րին կար նաեւ Ս­փիւռ­քի հետ Մ­շա­կու­թա­յին Կա­պի Կո­մի­տէ, որ ի­րենց զբօ­սաշր­ջու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թիւնն էր, Հա­յաս­տա­նի մէջ այդ կա­ռոյ­ցին տնօ­րէ­նը Փեր­սա­փէ Գ­րի­գո­րեանն էր, շատ հե­ղի­նա­կա­ւոր, զօ­րա­ւոր կին մը: Օր մը ան ու­զած էր տես­նո­ւիլ հետս, խնդրեց, որ տպա­ւո­րու­թիւն­ներս յայտ­նեմ: Մինչ այդ ա­նոնք նոր սկսած էին աշ­խա­տան­քի, մեզ­մէ տա­րի մը ա­ռաջ` 1962ին ա­ռա­ջին հրա­ւէ­րը ուղ­ղո­ւած էր, Լի­բա­նա­նէն գա­ցին Մու­շեղ Իշ­խա­նը, Հ­րաչ Տաս­նա­պե­տեա­նը, Հա­լէ­պէն Ե. Է­լո­յեա­նը, Գ. Տօ­նա­պե­տեա­նը, իսկ երկ­րորդ տա­րին 22 գա­ցող­նե­րուն մէջ էինք ես ու հայր Տաս­նա­պե­տեա­նը, որ այդ ա­տեն կու­սակ­ցա­կան չէր: Փ. Գ­րի­գո­րեան ը­սաւ, որ տպա­ւո­րու­թիւն­ներս կ’ու­զէ, որ­պէս­զի ե­թէ թե­րա­ցում­ներ կան, ուղ­ղեն: Դի­տո­ղու­թիւն­ներս ը­րի, մատ­նան­շե­ցի, որ մաս­նա­կից­նե­րը միայն պատ­մա­կան քա­նի մը վայր տա­րո­ւած էին, իսկ միւս յու­շա­կո­թող­նե­րուն եւ ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն այ­ցե­լու­թեան չէին տա­րած: Ան խոս­տա­ցաւ ծրա­գիր մը կազ­մել ին­ծի հա­մար, որ­պէս­զի փա­փա­քած վայրս եր­թա­յի, նոյ­նիսկ պզտիկ օ­դա­նա­ւով պատ­րաստ էին տա­նե­լու, ո­րով­հե­տեւ ճամ­բա­նե­րը ա­պա­հով չէին այն ա­տեն: Գա­ցի Հաղ­բատ, Սա­նա­հին, Սե­ւա­նի շրջան, Կար­միր Բ­լուր, Է­րե­բու­նի, պե­ղում­նե­րու շրջան­ներ եւ այլն: Իբր թէ ին­ծի հետ պտտե­լու հա­մար ճշդած էին ու­ղե­ցոյց մը… Այն ե­կե­ղե­ցի­նե­րը, ո­րոնք նշա­նա­ւոր էին իբ­րեւ զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րու այ­ցե­լու­թեան վայր, բա­ւա­կան բա­րե­կարգ վի­ճա­կի մէջ էին, սա­կայն մնա­ցեա­լը լքեալ էր: Իւ­րա­քան­չիւր շրջան, որ կ’եր­թա­յի, տեղ­ւոյն պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը, պե­տա­կան գոր­ծիչ­նե­րը ար­դէն տե­ղե­կա­ցած կ’ըլ­լա­յին, թէ ո՛վ է այ­ցե­լուն: Օ­րի­նակ` ես խնդրե­ցի եր­թալ Օ­ձուն, սա­կայն փոր­ձե­ցին խու­սա­փիլ շրջա­նի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը: Ին­ծի ըն­կե­րակ­ցո­ղը` Գ­րի­գոր Քէ­շի­շեան, ներ­գաղ­թած հայ մը, գրող էր, Մել­քո­նեան վար­ժա­րա­նէն շրջա­նա­ւարտ էր, մէկ­դի տա­րաւ այդ ան­ձե­րէն մէ­կը, քա­նի մը վայր­կեան խօ­սե­լէ ետք հա­մա­ձայ­նու­թիւն տո­ւին, որ եր­թամ:

Ին­ծի ըն­կե­րա­ցո­ղը յե­տոյ պատ­մեց, որ ա­նոնք չեն ու­զած Օ­ձուն եր­թամ, ո­րով­հե­տեւ ա­նի­կա կոլ­խո­զի պա­հես­տա­նո­ցի վե­րա­ծո­ւած էր, սա­կայն ըն­կե­րա­կիցս պա­տաս­խա­նած է, որ ես ար­դէն ա­մէն ինչ գի­տէի, ցան­կեր ու­նէի այդ մա­սին, ուս­տի ե­թէ չտա­նէին զիս, ա­ւե­լի մեծ կաս­կած­ներ կրնա­յի ու­նե­նալ: Գա­ցինք Օ­ձուն, սա­կայն դու­ռը չբա­ցո­ւե­ցաւ, միայն դուր­սէն կրցանք տես­նել: Այն ա­տեն մտա­ծե­ցի, որ թե­րեւս տեղ մը բա­րե­բախ­տու­թիւն էր պա­հես­տա­նո­ցի վե­րա­ծե­լը, որ­պէս­զի յա­ւե­լեալ ու­շադ­րու­թեան ար­ժա­նա­նար, այ­լա­պէս կա­տա­րեալ լքեալ վի­ճա­կի մէջ պի­տի մնա­յին ա­նոնք»,- եզ­րա­փա­կեց Ե­րո­ւանդ Փամ­պու­քեան:

Լու­սան­կար­նե­րը` 1972ին լոյս տե­սած «­Հայ­կա­կան ճար­տա­րա­պե­տու­թեան յու­շար­ձան­ներ» հա­տո­րէն

Նո­րա Բար­սե­ղեան