­­Աշ­խար­հի մէջ, ըստ Մ.Ա.­Կ.ի տո­ւեալ­նե­րուն, կան վաթ­սուն­հինգ մի­լիոն գաղ­թա­կան­ներ: Այ­սինքն մո­լո­րա­կի 1000 բնա­կիչ­նե­րէն 9ը  գաղ­թա­կան են: Այս տո­կո­սին մաս չեն կազ­մեր այն բո­լոր գաղ­թա­կան­նե­րը, ո­րոնք այս կամ այն ձե­ւով ի­րենց կայք հաս­տա­տած եր­կիր­նե­րուն քա­ղա­քա­ցի դար­ձած են, չեն գտնո­ւիր Մ.Ա.­Կ.ի յայ­տա­րա­ րած վաթ­սուն­հինգ մի­լիո­նին մէջ:

­Հար­ցը է, թէ ինչ­պէ՞ս կը սահ­մա­նենք գաղ­թա­կա­նու­թիւ­նը, ե­թէ նկա­տի ու­նե­նանք, որ ինք­նու­թեան կո­րուս­տի զգա­ցում կայ, նոյ­նիսկ քա­նի մը սե­րունդ ետք:

Ֆ­րան­սա հաս­տա­տո­ւած թու­նուզ­ցին, մա­րոք­ցին, ալ­ժե­րիա­ցին, Ափ­րի­կէի տար­բեր եր­կիր­նե­րէ ե­կած­ներ, ա­ւե­լի հի­ներ՝ ինչ­պէս հա­յե­րը, լե­հե­րը եւ ու­րիշ­ներ, ո­րոնք Ֆ­րան­սա­յի քա­ղա­քա­ցի դար­ձած են, սեր­պե­րը, ա­նոնց զա­ւակ­նե­րը, երկ­րին մէջ ծնած ըլ­լա­լու ի­րա­ւուն­քով ինք­նա­բե­րա­բար ֆրան­սա­ցի են, գաղ­թա­կան ըլ­լա­լէ դադ­րա՞ծ են: Այ­սօր Եւ­րո­պան կը դի­մագ­րա­ւէ բնա­կի­չի-քա­ղա­քա­ցիի եւ ազ­գի բարդ խնդիր­նե­րը: ­Քա­ղա­քա­ցիու­թիւ­նը կը լու­ծէ՞ ազ­գա­յին, մշա­կու­թա­յին, կրօ­նա­կան եւ պատ­մա­կան պատ­կա­նե­լիու­թիւն­նե­րու տար­բե­րու­թիւն­նե­րը: ­Կա­րե­լի՞ է ար­տօ­նա­գիր-թուղ­թով ձեռք բե­րո­ւած օ­րի­նա­կան ինք­նու­թեամբ փո­խա­րի­նել ար­մատ­նե­րու, մշա­կու­թա­յին եւ պատ­մա­կան յի­շո­ղու­թեան գու­մա­րով ինք­նու­թիւ­նը:

­Գաղ­թա­կան են նաեւ քա­ղա­քա­կան ա­պաս­տա­նեալ­նե­րը, ա­նոնք ալ, եր­կա­րա­տեւ կե­ցու­թեան ըն­թաց­քին, կ’ու­նե­նան քա­ղա­քա­ցիու­թիւն, երբ պայ­ման­նե­րը փո­խո­ւին, ո­մանք կը վե­րա­դառ­նան ի­րենց եր­կիր­նե­րը: ­Շա­տե­րը կը մնան:

­Գաղ­թա­կան են նաեւ այլ եր­կինք­նե­րու տակ աշ­խա­տան­քի հա­մար մեկ­նած-ըն­դու­նո­ւած­նե­րը, ո­րոնք կը մնան, քա­ղա­քա­ցիու­թիւն կը ստա­նան: ­Բայց մաս կը կազ­մե՞ն երկ­րի ազ­գա­յին հա­մայն­քին: ­Թէեւ այս «ազ­գա­յին» յղաց­քը տար­բեր սահ­մա­նում­ներ ու­նի՝ ըստ հա­յեացք­նե­րու: Կր­նա՞ն մաս կազ­մել ե­թէ ազ­գա­յին միու­թեան հա­սա­րակ յայ­տա­րար­նե­րը,- լե­զու, մշա­կոյթ (իր զա­նա­զան ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով), ար­ժէք­ներ,- հա­ւա­սա­րա­պէս չեն ըն­դու­նո­ւած եւ ապ­րո­ւած բո­լո­րին կող­մէ:

­Տե­սու­թիւն­նե­րէ բխած լայ­նամ­տու­թեամբ կը խօ­սո­ւի հա­մար­կում-մե­ր­­ւու­մի (intégration) մա­սին:

«­­Գաղ­թա­կա­նու­թիւն»ը շփոթ ստեղ­ծած եւ ստեղ­ծող եզր է, հա­կա­ռակ ­Մարդ­կա­յին Ի­րա­ւանց ­Յայ­տա­րա­րու­թե­նէն բխած գա­ղա­փար­նե­րու, քա­նի որ գաղ­թա­կա­նու­թիւն­նե­րու պատ­ճա­ռա­կա­նու­թիւն­նե­րը այն­քան տար­բեր են, եւ զա­նոնք խմբել մէկ սահ­մա­նու­մի տակ, չի դիւ­րաց­ներ կա­ցու­թիւն­նե­րու ըմբռ­նու­մը եւ լու­ծում­նե­րու ո­րո­նու­մը:

­Նոյն երկ­րին մէջ ազ­գա­յին միու­թիւն կա­րե­լի՞ է ստեղ­ծել ա­ռանց քա­ղա­քակըր­թա­կան եւ մշա­կու­թա­յին հա­սա­րա­կաց ըմբռ­նում­նե­րու եւ ա­ռանց ա­նոնց հե­տե­ւող իս­կա­կան հա­մար­կու­մի, որ կ’են­թադ­րէ հա­սա­րա­կաց պար­տա­ւո­րու­թիւն­ներ եւ ի­րա­ւունք­ներ միա­ժա­մա­նակ:

­Բայց նոյ­նինքն ­Մարդ­կա­յին Ի­րա­ւանց տե­սան­կիւ­նէ, հարց պէտք է տալ, թէ հա­մար­կու­մը պէ՞տք է նոյ­նաց­նել լուծ­ման (assimilation) հետ: ­Կա՞ն գաղ­թա­կա­նու­թիւն­ներ, ո­րոնք չեն կրնար հա­մար­կո­ւիլ եւ լու­ծո­ւիլ:

Ե՞րբ, ինչ­պէ՞ս եւ ո՞ր պայ­ման­նե­րու մէջ հա­մար­կում կա­րե­լի է եւ կա­րե­լի չէ, նկա­տի ու­նե­նա­լով ե՛ւ գաղ­թա­կա­նը, ե՛ւ ըն­դու­նո­ղը:

­Դէ­պի եւ­րո­պա­կան եւ այլ եր­կիր­ներ հզօր թա­փով գաղ­թա­կա­նու­թեան ա­լիք կայ այ­սօր մի­ջի­ն­-ա­րե­ւե­լեան սուր տագ­նա­պին եւ ա­նուն չու­նե­ցող հա­կա­քա­ղա­քակր­թա­կան պա­տե­րազ­մին պատ­ճա­ռաւ:

­Գաղ­թո­ղը ա­պա­հո­վու­թիւն կը փնտռէ, ա­ւե­լի լաւ կեան­քի հե­ռան­կար: Ըն­դու­նող­նե­րը կ’ան­սան ­Մարդ­կա­յին Ի­րա­ւանց հրա­մա­յա­կա­նին:

­Սա­կայն գաղ­թա­կա­նու­թիւն ըն­դու­նիլ հե­զա­սահ ըն­թացք չէ: Մ­շա­կու­թա­յին, քա­ղա­քակր­թա­կան եւ այլ ազ­դակ­նե­րու շար­քին, ան­խու­սա­փե­լի է կա­րե­լիու­թիւն­նե­րու նկա­տա­ռու­մը. աշ­խա­տանք, մի­ջոց­ներ, տնտե­սա­կան հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ, մէկ խօս­քով ըն­դու­նող երկ­րի ըն­կե­րատն­տե­սա­կան կա­ցու­թիւ­նը: Ե­թէ այդ կա­ցու­թիւ­նը լաւ չէ, նոր հաս­նող­նե­րու կա­րիք­նե­րուն բա­ւա­րա­րու­թիւն տալ ըն­կե­րա­քա­ղա­քա­կան լա­րո­ւա­ծու­թեան պատ­ճառ կրնայ ըլ­լալ: Այս մէկն ալ կ’ա­ւել­նայ նա­խա­պէս յի­շո­ւած դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րուն վրայ:

­Գաղ­թա­կա­նու­թիւն ըն­դու­նող եր­կիր­նե­րու տնտե­սա­կան կա­ցու­թիւ­նը հե­ռու է փայ­լուն ըլ­լա­լէ,- հա­ւա­նօ­րէն բա­ցի ­Գեր­մա­նիա­յէն,- գոր­ծազր­կու­թիւ­նը եւ ա­նոնց ար­տա­քին պարտ­քը փտախ­տի վե­րածուած են, ա­նոնք կա­յին գաղ­թա­կա­նա­կան ա­լի­քէն ա­ռաջ, բայց երբ անց­նի յուզ­ման պա­հը, ըն­դու­նող­նե­րը պի­տի սկսին նո­րե­րը պա­տաս­խա­նա­տու հա­մա­րել կա­ցու­թեան, եւ ծնունդ տալ լա­րո­ւա­ծու­թեան եւ ա­նոր հե­տե­ւանք­նե­րուն: Այդ­պէս է ամ­բո­խա­յին տրա­մա­բա­նու­թիւ­նը:

­Հի­մա ար­դէն կը խօ­սո­ւի այդ գաղ­թա­կա­նու­թիւ­նը իր երկ­րէն կամ մեր­ձա­ւոր շրջան­նե­րէն չհե­ռաց­նե­լու մա­սին, ե­թէ ար­դէն կա­ցու­թիւ­նը ան­վե­րա­դարձ չէ, ինչ որ պատ­ճառ պի­տի ըլ­լայ կարգ մը շրջան­նե­րու մէջ դժո­ւար հաս­տա­տո­ւած հաւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­նե­րու խախ­տու­մին: Ա­մէ­նէն յատ­կան­շա­կա­նը, օ­րի­նակ, ­Լի­բա­նանն է, ուր հա­սած են շուրջ մէ­կու­կէս մի­լիոն գաղ­թա­կան­ներ, երբ տնտե­սա­կան, կրօ­նա­կան, հա­մայն­քա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը դիւ­րա­թեք են այդ երկ­րին մէջ, աշ­խա­տան­քի կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը եւ են­թա­կա­ռոյց­նե­րը (յատ­կան­շա­կան է աղ­բի հա­ւաք­ման հար­ցը) խիստ ան­բա­ւա­րար են:

­Ճիշդ է, որ կը խօ­սո­ւի այդ գաղ­թա­կա­նու­թեան (­­Սու­րիոյ պա­րա­գա­յին) վե­րա­դար­ձին մա­սին: ­Բայց այդ կա­րե­լի դարձ­նե­լու հա­մար հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւ­նը եւ օ­րէն­քը խախ­տող ու­ժե­րը պէտք է վնա­սա­զեր­ծել, եւ այդ կա­րե­լի չէ զգա­ցա­կան յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով, բա­րե­սի­րու­թեամբ, ժո­ղով­նե­րով, գե­ղա­գի­տա­կան պա­տե­րազ­մով (օ­դա­յին ռմբա­կո­ծում­նե­րով): ­Մի­ջազ­գա­յին հա­մայն­քը, մա­նա­ւանդ ա­նոնք, ո­րոնք քիչ թէ շատ ի­րենք զի­րենք կո­չած են ի­րա­ւա­րա­րի կամ ոս­տի­կա­նի պաշ­տօ­նին, հար­կադ­րա­բար պի­տի մի­ջամ­տեն բիրտ ու­ժին հա­կադ­րե­լով բիրտ ու­ժը:

Ինչ կը վե­րա­բե­րի հա­ցի եւ աշ­խա­տան­քի հա­մար տե­ղի ու­նե­ցող գաղ­թին, մի­ջազ­գա­յին բա­րո­յա­կա­նը պի­տի ը­սէր, որ փո­խա­նակ հա­սու­թա­բեր կա­լո­ւած հա­մա­րե­լու հան­քա­յին հարս­տու­թիւն­ներ ու­նե­ցող եր­կիր­նե­րը, ո­րոնց ժո­ղո­վուրդ­նե­րը կ’ար­տա­գաղ­թեն, այդ հարս­տու­թիւն­նե­րը ծա­ռա­յաց­նեն նոյն այդ եր­կիր­նե­րու բար­գա­ւաճ­ման (նաւթ կամ իւ­րա­նիոմ ար­տադ­րող եր­կիր­նե­րու մեծ մա­սը չ’օգ­տո­ւիր այդ հարս­տու­թիւն­նե­րէն):

­Պէտք է մտա­ծել նաեւ վա­ղո­ւան մա­սին: ­Գաղ­թա­կա­նու­թիւն ըն­դու­նող եր­կիր­նե­րու բնակ­չու­թեան ազ­գա­յին-մշա­կու­թա­յին-քա­ղա­քակր­թա­կան պատ­կե­րը (ինք­նու­թիւն եւ հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն) պի­տի փո­խո­ւի: Ճ­կոյ­թի ե­տին պէտք չէ թաք­նո­ւիլ: ­Գաղ­թա­կա­նու­թիւն ըն­դու­նող եր­կիր­նե­րը ի­րենք պի­տի գտնո­ւին ա­նե­լա­նե­լի կա­ցու­թիւն­նե­րու առ­ջեւ, հե­տե­ւանք՝ ան­մի­ջա­կա­նի եւ զգա­ցա­կա­նի թե­լադ­րած ան­հե­ռան­կար եւ խար­խա­փու­մի քա­ղա­քա­կա­նու­թեան:

­Քա­ղա­քա­կան ղե­կա­վա­րը դիր­քա­պաշ­տու­թե­նէ ան­դին ե­ղող ա­պա­գան պէտք է տես­նէ, ինչ որ քա­ղա­քա­կան պար­կեշ­տու­թիւն կը պա­հան­ջէ, ընդ­դէմ փա­ռա­սի­րու­թեան, շա­հախնդ­րու­թեան, ե­սի:

Այս՝ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն կո­չո­ւած, կամ ինք­զինք այդ­պէս դա­ւա­նող մի­գա­մա­ծի բո­լոր մա­կար­դակ­նե­րուն:

Իւ­նես­քո­յի տնօ­րէն մը ը­սած էր՝ վա­ղը ար­դէն ուշ է…

­Կը փնտռո­ւին ի­մաս­տուն հռո­մէա­ցի ­Մար­կոս Աւ­րե­լիոս մը, հնդիկ ­Մա­հադ­մա ­Կան­տի մը, կամ վերս­տին կար­դալ ­Պիոս ԺԱ.ի 1931ի ­Գի­րը (encyclique) դրա­մի մի­ջազ­գա­յին կայ­սե­րա­պաշ­տու­թեան մա­սին, հասկ­նա­լու հա­մար, թէ ինչ­պէ՞ս կը դի­զո­ւի, ան­հա­տի մը կող­մէ, տա­սը, քսան, հա­րիւր եւ ա­ւե­լի մի­լիառ տո­լա­րը կամ եւ­րոն… եւ ո­րոնց­ ի­րա­ւազր­կու­մով:

Յ. ­Պա­լեան