­altՊատ­կեր հին­գե­րորդ

­

 

­Դէ­պի Ար­ցախ մեր ճամ­բուն վրայ յա­ջոր­դա­բար կը հան­դի­պինք ­­Խոր վի­րապ, ­­Նո­րա­վանք, ­­Ջեր­մուկ եւ ա­պա գի­շե­րե­լու հա­մար կանգ կ’առ­նենք ­­Զան­գե­զու­րի մայ­րա­քա­ղա­քը՝ ­­Գո­րիս: ­­Պո­ղո­տա­յի մը վրայ, խա­նութ­նե­րու առ­ջեւ, տեղ-տեղ քա­նի մը հո­գի­նե­րով նստած են գո­րիս­ցի­ներ՝ ­­Ճա­կա­տագ­րէն զար­նո­ւա­ծի ընկ­

ճո­ւա­ծու­թեամբ: Ա­ռա­ջին շփու­մէն, գոր­ծա­զուրկ մնա­լու բախ­տին հա­մա­կեր­պած լեռ­նա­կան մար­դու հան­դար­տու­թեամբ կ’ը­սեն, որ ա­ռաջ գոր­ծա­րան­ներ կա­յին, գէշ-ա­ղէկ կ’աշ­խա­տէին ու կեր­պով մը «եո­լա» կ’եր­թա­յին: ­­Տա­րի­ներ ա­ռաջ փա­կո­ւած են գոր­ծա­րան­նե­րը, եւ ի­րենք այս­պէս «պոշ-պոշ կայ­ներ ենք, չենք գի­տեր՝ ի՛նչ ա­նենք»: Ա­նոնց­մէ մէ­կը. «­­Լաւն է, որ դուք օ­տա­րերկ­րա­ցի էք, Ա­թէն­քից»: ­­Միւս­նե­րը գլուխ շար­ժե­լով հա­մա­միտ են ու կը կրկնեն. «Ա­յո՛, լաւն է, լա­ւը»: ­­Չեմ հասկ­նար. այդ «լաւն է»ն ­մեր հա­շո­ւո՞յն էր, թէ՞ «օ­տա­րերկ­րա­ցիի» նկատ­մամբ չխոս­տո­վա­նո­ւած նա­խանձ կ’ար­տա­յայ­տէր: ­­Թե­րեւս եր­կու­քը:

Ե­րե­ւան­ցին ըմ­բոստ է: Կ­ռի­ւի աս­պա­րէզ կար­դա­ցո­ղի բոր­բո­քու­մով կը գան­գա­տի իր վի­ճա­կէն: Իսկ գո­րիս­ցին մեղմ ու հան­դարտ՝ ստեղ­ծո­ւած կա­ցու­թեան հետ ներ­դաշ­նա­կո­ւե­լու բնա­ւո­րու­թիւ­նը ու­նի կար­ծէք: «­­Չորս կի­ներս ենք, որ այս մեծ հիւ­րա­նո­ցին բո­լոր գոր­ծե­րը կ’ը­նենք: Ա­մէն օր նա­խա­ճա­շի-ճա­շի պատ­րաս­տու­թիւն, սե­ղա­նա­տան դա­սա­ւո­րում, սե­նեակ­նե­րու-լո­ւա­ցա­րան­նե­րու-սրահ­նե­րու մաք­րու­թիւն, լո­ւացք եւ վեր­ջա­պէս ինչ որ պէտք է մեծ հիւ­րա­նո­ցի մը հա­մար: Ա­մէն օր 16-17 ժամ կ’աշ­խա­տինք, ա­ռա­ւօտ կա­նուխ 6ին գործ կը բռնենք մին­չեւ ե­րե­կո­յի ուշ ժա­մե­րը եւ մեր այս աշ­խա­տան­քին դի­մաց կը ստա­նանք միայն ե­րեք հա­զար դրամ (6,50 տո­լար): ­­Հաշ­տո­ւած ենք նաեւ, որ մեր այս գոր­ծը ե­ղա­նա­կա­յին է. Ձ­մեռ ե­կաւ, թու­րիստ չկայ՝ կ’ար­ձա­կո­ւինք գոր­ծէ...»:

­­Ներ­քին դառ­նու­թեամբ կ’ար­տա­սա­նո­ւին այս խօս­քե­րը, բայց ա­նոնց շեշ­տին մէջ ցա­սում չկայ, ոչ ալ գութ շար­ժե­լու նո­ւա­զա­գոյն փորձ: Ա­նոնք սիւ­նե­ցի են, ի­րենց դառ­նու­թեան մէջ հպարտ, ինչ­պէս որ էին իմ հան­դի­պած ան­գործ մար­դե­րը:

- Ք­սան­հինգ տա­րիէ ի վեր պե­տու­թիւն կը կա­ռու­ցենք, բայց այն­պէս կ’ե­րե­ւի, որ տա­կա­ւին չենք ու­նե­ցած աշ­խա­տան­քի հա­մար գոր­ծադ­րե­լի բա­րենը­պաստ օ­րէնսդ­րու­թիւն մը՝ մեր կա­ռու­ցա­ծին հիմ­նա­կան սիւ­նե­րէն մէ­կուն՝ աշ­խա­տա­ւո­րու­թեան վե­րա­բե­րող,- բարձ­րա­ձայն կը խորհր­դա­ծէ ­­Նա­զա­րէ­թը:

­­Յա­ջորդ ա­ռա­ւօտ ճո­պա­նու­ղի ենք՝ ­­Տա­թե՛ւ: ­­Հիա­ցում եւ վա­րա­նում: Ի­րար­մէ բա­ւա­կան հե­ռու հաս­տա­տո­ւած սլա­ցիկ ե­րեք ձո­ղե­րու յե­նա­րա­նով եւ միւս ծայ­րը հա­զիւ նշմա­րո­ւող հո­րի­զո­նա­կան եր­կու թե­լեր շատ բարձ­րե­րէն կ’եր­թե­ւե­կեն վա­խազ­դե­ցիկ ձո­րե­րու ու գա­գա­թա­ձեւ բար­ձունք­նե­րու վրա­յէն: ­­Թե­լե­րէն կա­խո­ւած եր­կու վա­կոն­ներ, ո­րոնք փոխն ի փոխ մար­դեր կը տա­նին-կը բե­րեն: Նս­տի՞լ վա­կո­նին մէջ թէ ոչ. ա­հա վա­րանքս ...:

- Հ­րաշք լեռ­նե­րու մէջ մար­դու ձեռ­քով ու խել­քով շի­նո­ւած ու­րի՛շ հրաշք մը՝ այս ճո­պա­նու­ղին, ձե­զի նկա­րագ­րա­ծիս պէս հիա­նա­լի չէ՞,- խան­դա­վառ ­­Սիւ­զանն է, որ երկ­րորդ ան­գամն ըլ­լա­լով կը գտնո­ւի այս «հրաշք»ին մէջ: Ա­յո՛, հիա­նա­լի է, ո՞վ կրնայ չըն­դու­նիլ: ­­Բայց ­­Սա­մոն իր պատ­ճա­ռը եւ... հա­կա­ռա­կը ար­տա­յայ­տե­լու իւ­րա­յա­տուկ ձե­ւը ու­նի.

- «­­Ծայ­րա­յե­ղու­թիւն­նե­րու եր­կիր ենք է­լի: Օ­շա­կա­նը ջու­րի մա­տա­կա­րա­րում չու­նի, Ու­շի գիւ­ղին մէջ մի հատ կար­գին ճամ­բայ չկայ մարդ քայ­լի, իսկ հոս ա­հա­գին փող կու տանք, որ աշ­խար­հի ա­մէ­նէն եր­կար ջո­պա­նու­ղի սար­քենք ­­Կի­նէ­սի մէջ գրո­ւինք:   Իմ՝ ­­Սա­մո­ւէլ ա­նու­նով ես ե­րա­խայ թոռ­նիկ ու­նեմ, է՛ս հա­սա­կիս ին­ծի ­­Սա­մօ կ’ը­սեն, բայց ե­րա­խա­յին ­­Սա­մո­ւէլ կը կան­չեն: ­­Մինչ­դեռ հա­կա­ռա­կը պէտք չէ՞ լի­նէր: ­­Ծուռ ազգ ենք է­լի, ծուռ ե­ղել ենք, ծուռ էլ պի­տի ապ­րենք»։

­­Ճո­պա­նու­ղիին վրայ յա­րա­փո­փոխ ու չբա­ցատրուող զգա­ցում­նե­րու խառ­նուրդ մը կ’ու­նե­նամ: ­­Ձո­ղե­րու գա­գա­թէն յան­կար­ծա­կի էջ­քին՝ վա­կո­նին հետ սիրտս ալ ա­նար­գել ին­կո­ղի ցնցու­մով կը թփռտայ: ­­Մէյ մը կ’ու­զեմ շու­տով հաս­նիլ հան­դի­պա­կաց ա­փը, մէյ մը կը ցան­կամ, որ եր­կա­րի ու­ղին, որ­պէս­զի եր­կար տե­ւէ չնաշ­խար­հիկ հա­մայ­նա­պատ­կե­րին տո­ւած վա­յել­քը:

Ա­հա ­­Տա­թե­ւը՝ ­­Սիւ­նեաց լեռ­նե­րուն փառ­քը ի՛նք, շալ­կած վա­նա­կան հա­մա­լիր մը, որ դա­րե­րուն յաղ­թած ըլ­լա­լու հպար­տու­թեամբ վե­հա­շուք բազ­մած՝ կ’իշ­խէ ժա­մա­նա­կին վրայ: ­­Հոս կ’ար­ժէ տես­նել, թէ ինչ­պէ՛ս պար­սիկ ու այ­լազ­գի բազ­մա­թիւ զբօ­սաշըր­ջիկ­ներ հիա­ցու­մով ու պատ­կա­ռան­քով կը շրջա­գա­յին հա­մա­լի­րին մէջ:

Ով որ ­­Հա­յաս­տա­նէն ­­Գո­րիս ու ­­Գո­րի­սէն Ար­ցախ ու ­­Գան­ձա­սար ու­ղե­ւո­րու­թիւ­նը չէ կա­տա­րած, չի կրնար ամ­բող­ջու­թեա­նը մէջ պատ­կե­րաց­նել վե­հու­թիւ­նը մեր լեռ­նաշ­խար­հին եւ ա­նոր դրած դրոշ­մը՝ այն­տեղ ապ­րող­նե­րու նկա­րագ­րին վրայ: ­­Մին­չեւ ­­Գո­րիս ու քիչ ան­դին կար­ծէք հսկայ ու տա­րա­ծուն ցայ­տաղ­բիւր­ներ յան­կարծ   քա­րա­ցած են ու լեռ դար­ձած: ­­Չոր ու ժայ­ռոտ լեռ­ներ, քա­րեր ու քա­րեր, բայց նաեւ քա­ղա­քակր­թու­թիւն:

Ար­ցա­խի դու­ռէն, ­­Լա­չի­նէն ան­դին, ծալ­քա­ւոր շա­րու­նա­կու­թիւ­նը միեւ­նոյն լեռ­նե­րուն, բայց այ­լեւս քա­րե­րու փո­խան՝ ծա­ռա­խիտ ան­տառ­նե­րու կա­նաչն է բնու­թեան   վրայ տի­րա­պե­տո­ղը:

Ար­ցա­խի տա­րած­քին ու Ս­տե­փա­նա­կեր­տի մէջ նկա­տե­լին անխ­ռով ապ­րե­լա­կերպն էր տե­ղի բնակ­չու­թեան: Ե­րե­կո­յեան Ս­տե­փա­նա­կեր­տի կեդ­րո­նա­կան հրա­պա­րա­կին վրայ հա­ւա­քո­ւած ժո­ղո­վուրդ ու բե­մին վրայ նո­ւա­գա­խումբ մը դա­սա­կան ե­րաժշ­տու­թիւն կը նո­ւա­գէ: Ա­յո՛, դա­սա­կան ե­րաժշ­տու­թիւն, ինչ որ են­թադ­րել կու տայ ա­րո­ւես­տի մշա­կո­ւած ճա­շակ ու զգա­ցո­ղու­թիւն՝ ժո­ղովր­դա­յին խա­ւին մէջ: Ին­ծի   այն­պէս թո­ւե­ցաւ, թէ Ար­ցա­խի կա­ցու­թեան նկատ­մամբ Ե­րե­ւա­նի եւ սփիւռ­քի հա­յե­րուն մէջ շատ ա­ւե­լի մտա­հո­գու­թիւն կայ, քան ի­րենց՝ ար­ցախ­ցի­նե­րուն մէջն է: Ա­նոնք ի­րենց կեան­քը կը կեր­տեն այն­պէս, կար­ծես գտնո­ւէին բնա­կա­նոն պայ­ման­նե­րու տակ, ա­ռանց դոյզն խու­ճա­պի: Օրհ­նեալ դրոշ­մը ­­Հա­յոց լեռ­նե­րուն:

­­Կը մտա­բե­րեմ նա­խակր­թա­րա­նի մէջ ու­սուց­չիս՝ ­­Հայ­կազ Թրթ­ռեա­նի սոր­վե­ցու­ցած ո­տա­նա­ւոր­նե­րէն այս տո­ղե­րը.

­­Մենք խա­ղաղ էինք մեր լեռ­նե­րի պէս,

­­Դուք հող­մե­րի պէս խու­ժե­ցիք վայ­րագ։

­­Մենք ձեր դէմ ե­լանք մեր լեռ­նե­րի պէս,

­­Դուք հող­մե­րի պէս ոռ­նա­ցիք վայ­րագ:

­­Բայց մենք յա­ւերժ ենք մեր լեռ­նե­րի պէս,

­­Դուք հող­մե­րի պէս կը կոր­չէք վայ­րագ:

­­Վե­րա­դար­ձին՝ օ­դա­նա­ւին մէջ կը մտա­ծեմ, որ ­­Հա­յաս­տա­նը շատ տո­ւեալ­ներ ու­նի, որ­պէս­զի կա­րե­նայ դառ­նալ մագ­նի­սաց­նող կեդ­րոն մը՝ յատ­կա­պէս Աս­տո­ւա­ծա­շուն­չին հա­ւա­տա­ցող մարդ­կու­թեան հա­մար: Ըստ Աս­տո­ւա­ծա­շունչ մա­տեա­նին, ջրհե­ղե­ղէն ու ­­Նո­յի տա­պա­նէն ետք մարդ­կու­թեան երկ­րորդ կեան­քը վերսկ­սած է Ա­րա­րա­տեան դաշ­տէն, Ա­դա­մի դրախտն ալ տար­տա­մօ­րէն այդ տե­ղե­րը ե­ղած ըլ­լալ կ’ե­րե­ւա­կա­յո­ւի: ­­Կան­գո՛ւն ու տա­կա­ւին գոր­ծուն քրիս­տո­նէա­կան ա­մէ­նէն հին ե­կե­ղե­ցին է Էջ­միա­ծի­նը: Իր հնա­դա­րեան վան­քե­րով բա՛ց, այ­լեւ պատ­կա­ռազ­դո՛ւ թան­գա­րան մըն է եր­կի­րը: Ուս-ու­սի տո­ւած ի­րար հրմշտկող, այ­լեւ ի­րա­րու նե­ցուկ լեռ­նե­րուն ու ա­նոնց ձե­ւա­ւո­րած ձո­րե­րուն գե­ղեց­կու­թիւ­նը դժուար թէ գտնո­ւի այլ տեղ: Իսկ Ե­րե­ւա­նը իր սքան­չե­լի ծա­ռու­ղի­նե­րով, պո­ղո­տա­նե­րով ու հրա­պա­րակ­նե­րով, լայն-լայն մայ­թե­րով ու ար­ձան­նե­րով, ­­Հիւ­սի­սա­յին պո­ղո­տա­յով, սրճա­րա­նա­յին-ճա­շա­րա­նա­յին սքան­չե­լի կեդ­րոն­նե­րով ու ժա­ման­ցի վայ­րե­րով եւ իր ա­պա­հով մի­ջա­վայ­րով, մա­նա­ւանդ բա­րե­սէր ու սրտբաց բնա­կիչ­նե­րով փնտռո­ւած մայ­րա­քա­ղաքն է ա­մէն զբօ­սաշր­ջի­կի:

Որ­քան զգա­լի է այս մար­զին մէջ կազ­մա­կեր­պուա­ծու­թեան եւ հա­մա­պա­տաս­խան քա­րոզ­չու­թեան պա­կա­սը, գրե­թէ չգո­յու­թիւ­նը: ­­Հա­րուստ տո­ւեալ­նե­րով օժ­տո­ւած եր­կիր, որ տա­կա­ւին զբօ­սաշր­ջու­թեան (թու­րիզ­մի) նա­խա­րա­րու­թիւն չու­նի: Ի՞նչ ը­սել:

­­Սա­կայն ինչ ալ ը­սենք, ի վեր­ջոյ մե՛րն է այս ­­Հա­յաս­տա­նը՝ ան­ցեա­լի փառ­քո­վը ու ներ­կա­յի դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րո­վը: ­­Մե՛րն են ա­նոր յա­ջո­ղու­թիւն­ներն ու բաց­թո­ղում­նե­րը: ­­Մե՛րն են ազ­գին պա­տիւ բե­րող մա­տե­նա­դա­րանն ու «կար­գին» ճամ­բայ չու­նե­ցող գիւ­ղե­րը:

­­Հա­յաս­տա­նը ա­պա­գա­յին նա­յե­լով եւ հնա­րա­ւոր բա­րե­փո­խու­թեանց ու զար­գաց­ման ու­ղիին մէջ՝ իր նոր կեան­քը կեր­տե­լու հա­մար կը մա­քա­ռի:

­­Վա՜յ մե­զի, ե­թէ ե­րե­ւան­ցիին ցա­սու­մը չքա­նայ: ­­Վա՜յ մե­զի, ե­թէ սիւ­նե­ցիին հպար­տու­թիւ­նը նսե­մա­նայ:

«­­Գօ­տի­նե­րը կա­պե­ցէ՛ք, օ­դա­նա­ւը էջ­քի կը պատ­րաս­տո­ւի»,- կը լսո­ւի բարձ­րա­խօ­սէն ...:

Խնդ­րեմ, նե­րո­ղա­միտ ե­ղի՛ր, ըն­թեր­ցող: Ա­ւե­լի վեր խոս­տա­ցած էի թապ­լէ­թա­յին ա­րագ պատ­կեր­ներ տալ, բայց եր­կա­րե­ցաւ: ­­Թե­րեւս ռո­ման­թիկ սփիւռ­քա­հա­յը արթն­ցաւ մէջս: ­­Բայց հաս­տատ դար­ձաւ, որ մեր ժա­մա­նա­կի անգ­րա­գէտ­նե­րէն եմ, այ­ֆո­նի-թապ­լէ­թի սե­րուն­դին չեմ պատ­կա­նիր:

Այն­պէս չէ՞...:  

ՄԻՀՐԱՆ ­ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ