Այն­թապ նա­հան­գին մէջ կ­՚ապ­րի 2 մի­լիոն քա­ղա­քա­ցի, ո­րուն միայն 5 առ հա­րիւ­րը բնիկ այն­թապ­ցի է։ Եւ այդ 5 առ հա­րիւ­րին գրե­թէ կէ­սը (այ­սինքն՝ 50 հա­զա­րը) կը կազ­մեն իս­լա­մա­ցած հա­յե­րը։ Սա­կայն ա­նոնց մեծ մա­սը, ըստ Մու­րաթ Ու­չա­նե­րի, կը մեր­ժէ իր հայ­կա­կան ծա­գու­մը՝ ը­սե­լով.- «­Մենք իս­լամ թուրք ենք»։

Շուրք 25 հա­զար իս­լա­մա­ցած հայ կ­՚ապ­րի Այն­թա­պի կեդ­րո­նը, իսկ Նի­զի­փի եւ Պի­րե­ճի­քի բնակ­չու­թեան մէկ եր­րոր­դը բաղ­կա­ցած է կրօ­նա­փոխ հա­յե­րէ։

Այս օ­րե­րուն «Հ­րանդ Տինք» Հիմ­նադ­րա­մի ծրա­գիր­նե­րու ծի­րին մէջ Հա­յաս­տան կը գտնո­ւի թուրք ու­սում­նա­սի­րող եւ թարգ­մա­նիչ Մու­րաթ Ու­չա­ներ։ Այն­թա­պի բնա­կիչ Ու­չա­ներ, Ե­րե­ւան գտնո­ւե­լու ըն­թաց­քին, այ­ցե­լած է նաեւ Ա­րեւմ­տա­հա­յոց Հար­ցե­րու Ու­սում­նա­սի­րու­թեան Կեդ­րոն։ Օգ­տո­ւե­լով ա­ռի­թէն՝ Մե­լի­նէ Ա­նու­մեան ա­նոր հետ հար­ցազ­րոյց կա­տա­րած է իս­լա­մա­ցած հա­յու­թեան խնդիր­նե­րուն շուրջ։

«Ու­չա­ներ մե­զի յայտ­նեց, որ երբ 2005ին սկսած է հե­տաքրք­րուիլ Այն­թա­պի պատ­մու­թեամբ, եր­բեմն հա­կա­սա­կան տե­ղե­կու­թիւն­նե­րու հան­դի­պած է այդ նա­հան­գին վե­րա­բե­րող թրքա­կան գիր­քե­րուն մէջ։ Երբ 2006ի վեր­ջա­ւո­րու­թեան Այն­թա­պի մէջ ծա­նօ­թա­ցած է ծա­գու­մով այդ նա­հան­գէն ե­ղող խումբ մը ա­մե­րի­կա­հա­յե­րու, ա­նոնց­մէ մէ­կը Այն­թա­պի մա­սին անգ­լե­րէ­նով գիրք մը նո­ւի­րած է ի­րեն։ Սա­կայն զայն կար­դա­լէ ետք իր գլխուն մէջ բազ­մա­թիւ հար­ցում­ներ ծա­գած են, եւ Ու­չա­ներ, ի վեր­ջոյ, ո­րո­շած է հա­յե­րէն սոր­վիլ, որ­պէս­զի կա­րո­ղա­նայ ո­րոշ սկզբնաղ­բիւր­ներ կար­դալ իր ապ­րած շրջա­նին վե­րա­բե­րեալ, ո­րով­հե­տեւ ինք հե­տաքրք­րո­ւած է յատ­կա­պէս Այն­թա­պի պատ­մու­թեամբ։

«­Թուրք մտա­ւո­րա­կա­նը կը կար­ծէ, որ Ա­րեւմ­տեան Հա­յաս­տա­նի հա­յու­թեան վե­րա­բե­րեալ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րը պէտք է կա­տա­րո­ւին շրջան առ շրջան, եւ այս տա­րած­քի պատ­մու­թեան վե­րա­բե­րեալ ճշգրիտ պատ­կե­րա­ցում կազ­մե­լու հա­մար անհ­րա­ժեշտ է հե­տա­զօ­տել ոչ միայն օս­մա­նեան, այլ նաեւ՝ հայ­կա­կան աղ­բիւր­նե­րը։

«­Ճիշդ այդ նպա­տա­կով Ու­չա­ներ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն սոր­ված է հա­մա­ցան­ցի մի­ջո­ցով։ Եւ ար­դէն սկսած է հա­յե­րէ­նէ թրքե­րէն գիր­քեր թարգ­մա­նել։ Մին­չեւ հի­մա ան թարգ­մա­նած է հե­տե­ւեալ ե­րեք գիր­քե­րը.«Այն­թա­պի գո­յա­մար­տը», Այն­թա­պի մէջ Հ.Յ.Դ. կու­սակ­ցու­թեան կո­մի­տէին պատ­մու­թիւ­նը ներ­կա­յաց­նող գիրք մը, ինչ­պէս նաեւ՝ «100 ժամ Այն­թա­պի մէջ» պատ­մո­ւած­քը։ Այս գիր­քե­րը, սա­կայն, տա­կա­ւին չեն հրա­տա­րա­կո­ւած։

«Ա­ռան­ձին-ա­ռան­ձին անդ­րա­դառ­նա­լով վե­րոն­շեալ գիր­քե­րուն՝ Մու­րաթ Ու­չա­ներ նշեց, որ «Այն­թա­պի գո­յա­մար­տը» գիր­քը թրքե­րէն թարգ­մա­նած է՝ մեկ­նե­լով հե­տե­ւեալ նկա­տա­ռու­մէն. թրքա­կան պաշ­տօ­նա­կան պատ­մագ­րու­թիւ­նը միշտ ներ­կա­յա­ցու­ցած է, թէ 1922ին Այն­թա­պի մէջ քե­մա­լա­կան­նե­րը «պայ­քա­րած են ֆրան­սա­կան գա­ղու­թա­տի­րա­կան ու­ժե­րու դէմ», մինչ վե­րո­յի­շեալ գիր­քը կը փաս­տէ, որ քե­մա­լա­կան ու­ժե­րը ի­րա­կա­նու­թեան մէջ ոչ թէ պայ­քար մղած են «գրա­ւող Ֆ­րան­սա­յի» դէմ, այլ՝ կռո­ւած այն­թա­պա­հա­յու­թեան դէմ։

«Ինչ կը վե­րա­բե­րի Այն­թա­պի մէջ Դաշ­նակ­ցու­թիւն կու­սակ­ցու­թեան կո­մի­տէին պատ­մու­թիւ­նը ներ­կա­յաց­նող գիր­քին, Ու­չա­ներ ընդգ­ծեց, որ ա­տի­կա ոչ թէ յա­տուկ նպա­տա­կով ընտ­րած է, այլ՝ զուտ պա­տա­հա­կա­նօ­րէն, ուղ­ղա­կի այդ գիր­քը ու­նե­ցած է ձեռ­քի տակ։ Թարգ­մա­նի­չի խօս­քով այդ գիր­քի շնոր­հիւ ակն­յայտ կը դառ­նայ, որ սխալ է Թուր­քիոյ մէջ եւ, յատ­կա­պէս, Այն­թա­պի մէջ տա­րա­ծո­ւած այն ըն­կա­լու­մը, թէ Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ա­հա­բեկ­չա­կան կա­ռոյց մըն էր, որ միայն զբա­ղած է մարդ սպան­նե­լով։ Ան շեշ­տեց, որ երբ կար­դա­ցած է այդ գիր­քը, հասկցած է, որ յի­շեալ կու­սակ­ցու­թեան ան­դամ­նե­րը իս­կա­կան մտա­ւո­րա­կան­ներ էին, ո­րոնք ի­րա­պէս կը սի­րէին ի­րենց ժո­ղո­վուր­դը եւ կը պայ­քա­րէին յա­նուն ա­նոր գո­յու­թեան…Ան նաեւ ընդգ­ծեց, որ ճիշդ այդ նպա­տա­կով զայն թարգ­մա­նած է, որ­պէս­զի Թուր­քիոյ մէջ վե­րա­նայ այդ թիւր մտայ­նու­թիւ­նը։ Մու­րաթ Ու­չա­ներ նաեւ յայտ­նեց, որ Դաշ­նակ­ցու­թեան կո­մի­տէին մա­սին գիր­քի խմբա­գի­րը Ու­միթ Քուրթն է։

«­Թուրք ու­սում­նա­սի­րո­ղը մեր հետ զրոյ­ցի ըն­թաց­քին յայտ­նեց, որ Ե­րե­ւան ե­կած էր յատ­կա­պէս Այն­թա­պի եւ ան­ձամբ ի­րեն հա­մար նշա­նա­ւոր ըն­տա­նի­քի մը կեն­սագ­րու­թիւ­նը գրի առ­նե­լու նպա­տա­կով։ Խօս­քը Խո­րէն Նա­զա­րէ­թեա­նի ըն­տա­նի­քին մա­սին է, որ մա­հա­ցած է 1951ին։ Ա­նոր եր­կու տղա­քը Ե­րե­ւա­նի մէջ շա­րու­նա­կած են զբա­ղիլ ի­րենց հօր մաս­նա­գի­տու­թեամբ՝ լու­սան­կար­չու­թեամբ։ Սա­կայն Ու­չա­ներ չէ կրցած այս­տեղ գտնել զա­նոնք. Ի յայտ ե­կած է, որ ա­նոնք մեկ­նած են Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ։

«­Թուրք մտա­ւո­րա­կա­նի խօս­քով՝ ե­թէ 2015 թո­ւա­կա­նը կա­րե­ւոր տա­րի է բո­լո­րիս հա­մար, ա­պա Այն­թա­պի պա­րա­գա­յին էա­կան տա­րի պի­տի ըլ­լայ 2022 թուա­կա­նը, ո­րով­հե­տեւ 1922ին Ֆ­րան­սան, Ան­գա­րա­յի պայ­մա­նագ­րով, Այն­թա­պը յանձ­նեց Թուր­քիոյ։ Այդ­տե­ղի հա­յե­րու մէկ մա­սը, որ փրկո­ւած էր 1915ի կո­տո­րած­նե­րէն, 1919ին վե­րա­դար­ձած էր Այն­թապ, սա­կայն 1922ին ա­նոնք դար­ձեալ հար­կադ­րո­ւած ե­ղան լքե­լու ի­րենց հայ­րե­նի­քը եւ այ­լեւս չվե­րա­դար­ձան…

«­Մու­րաթ Ու­չա­ներ ը­սաւ, որ ինք ո­րո­շած է 2022ին պատ­րաս­տել գիրք եւ հրա­տա­րա­կել այդ տա­րե­լի­ցի կա­պակ­ցու­թեամբ։ Գիր­քը պի­տի ներ­կա­յաց­նէ Հա­յաս­տա­նի եւ Ս­փիւռ­քի մէջ բնա­կող այն­թապ­ցի հա­յե­րու պատ­մու­թիւն­նե­րը։

«Ան նաեւ նշեց, որ Հա­յաս­տա­նի մէջ իր ակն­կա­լա­ծէն ա­ւե­լի այն­թապ­ցի հա­յե­րու հան­դի­պած է, ո­րով­հե­տեւ բա­ցի հա­յաս­տան­ցի­նե­րէն ե­ղած են նաեւ սու­րիա­հայ այն­թապ­ցի­ներ։ Գ­րե­թէ բո­լո­րի հետ հա­ղոր­դակ­ցած է ոչ թէ անգ­լե­րէ­նով, այլ՝ թրքե­րէ­նով։ Այ­սինքն՝ այս­տե­ղի այն­թապ­ցի­նե­րը կը տի­րա­պե­տեն թրքե­րէ­նին։

«Անդ­րա­դառ­նա­լով ընդ­հան­րա­պէս Թուր­քիոյ մէջ եւ մաս­նա­ւո­րա­բար Այն­թա­պի կրօ­նա­փոխ հա­յու­թեան խնդի­րին՝ թուրք ու­սում­նա­սի­րո­ղը մե­զի հա­ղոր­դեց, որ ներ­կա­յիս Այն­թապ նա­հան­գին մէջ կ­՚ապ­րի 2 մի­լիոն քա­ղա­քա­ցի, ո­րուն միայն 5 առ հա­րիւ­րը բնիկ Այն­թապ­ցի է։ Եւ այդ 5 առ հա­րիւ­րի գրե­թէ կէ­սը (այ­սինքն՝ 50 հա­զա­րը) կը կազ­մեն իս­լա­մա­ցած հա­յե­րը։ Սա­կայն ա­նոնց մեծ մա­սը, ըստ մտա­ւո­րա­կա­նի, կը մեր­ժէ իր հայ­կա­կան ծա­գու­մը՝ ը­սե­լով.«­Մենք իս­լամ թուրք ենք»։ Շուրք 25 հա­զար իս­լա­մա­ցած հայ կ­՚ապ­րի Այն­թա­պի կեդ­րո­նը, իսկ Նի­զի­փի եւ Պի­րե­ճի­քի բնակ­չու­թեան մէկ եր­րոր­դը բաղ­կա­ցած է կրօ­նա­փոխ հա­յե­րէ։

«Ու­չա­ներ ա­նոնց հայ ըլ­լա­լուն մա­սին տե­ղե­կա­ցած է իր կա­տա­րած բա­նա­ւոր պատ­մու­թեան ու­սում­նա­սի­րու­թեան շնոր­հիւ, ո­րով­հե­տեւ այն­տեղ բնա­կող բո­լոր տա­րեց­նե­րը գի­տեն իս­լա­մա­ցած հա­յե­րը։ Բա­ցի այդ՝ Այն­թա­պի մէջ կրօ­նա­փոխ հա­յե­րուն «կեա­ւուր Ահ­մե­տի» կը կո­չեն…

«­Թէեւ 100էն ա­ւե­լի տա­րի ան­ցած է, սա­կայն այն­տե­ղի հա­յե­րը տա­կա­ւին չեն ա­զա­տած «կեա­ւոր» պի­տա­կէն»։ Ա­նոնց բարձր պաշ­տօն­ներ չեն տար։ Ե­թէ նոյ­նիսկ սո­վո­րա­կան ար­հեստ­նե­րով կը զբա­ղին, եր­բեմն կը պա­տա­հին թուր­քեր, ո­րոնք ա­նոնց ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րէն չեն օգ­տո­ւիր կամ ա­նոնց ապ­րան­քը չեն գներ՝ ա­նոնց հայ ըլ­լա­լը գիտ­նա­լու պատ­ճա­ռով»,- նշեց Ու­չա­ներ։

«Ըստ ա­նոր, Այն­թա­պի գիւ­ղե­րուն մէջ մին­չեւ հի­մա կան վայ­րեր, ո­րոնք կը կո­չուին «­Յա­կո­բի թա­ղը» եւ այդ­պի­սի ա­նուն­նե­րով։

«Ու­չա­ներ հա­մո­զո­ւած է, որ «քա­նի տա­կա­ւին Թուր­քիան կը ղե­կա­վա­րո­ւի Ար­դա­րու­թիւն եւ Բար­գա­ւա­ճում կու­սակ­ցու­թեան կող­մէ, կրօ­նա­փոխ հա­յե­րը չեն կրնար ա­զա­տօ­րէն ար­տա­յայ­տել ի­րենց ինք­նու­թիւ­նը։ Եւ ա­նոնց մեծ մա­սը եր­բեմն թուր­քե­րէն ա­ւե­լի թունդ իս­լամ եւ ազ­գայ­նա­մոլ կը ձե­ւա­նայ։ Ես նկա­տի ու­նիմ Այն­թա­պի մահ­մե­տա­կան հա­յե­րը։ Ա­նոնք նաեւ կ­՚աշ­խա­տին լաւ յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ պահ­պա­նե­լու իշ­խա­նու­թեանց հետ»։

«Ու­չա­ներ նաեւ յայտ­նեց, որ Այն­թա­պի տե­ղա­կան իշ­խա­նու­թեան ղե­կա­վար­նե­րու շրջա­նա­կին մէջ եւս կան կրօ­նա­փոխ հա­յեր, սա­կայն խու­սա­փե­ցաւ ա­նուն­ներ տա­լէ՝ ա­նոնց վնաս չհասց­նե­լու նկատառու­մով։

«­Կան իս­լա­մա­ցած հա­յեր, ո­րոնք կա­րե­ւոր դիրք ու­նին Ար­դա­րու­թիւն եւ Բար­գա­ւա­ճում կու­սակ­ցու­թեան շար­քե­րուն մէջ։ Ա­նոնց­մէ մէ­կը, օ­րի­նակ, ին­ծի ա­ռի­թով մը ը­սաւ, որ ինք միայն 2 ղե­կա­վար կը ճանչ­նայ՝ Ապ­տուլ Հա­մի­տը եւ Ռե­ճեփ Թա­յիփ Էր­տո­ղա­նը։ Երբ ես ա­նոր ը­սի՝ «­Բայց չէ՞ որ Ապ­տուլ Հա­մի­տը մեծ բռնա­պէտ ե­ղած է, յայտ­կա­պէս հա­յե­րու նկատ­մամբ…», ան պա­տաս­խա­նեց.- «Ու­րեմն հա­յե­րը ար­ժա­նի ե­ղած են ա­տոր»։

Տո­ւեալ անձ­նա­ւո­րու­թեան զար­միկ­նե­րու մէջ կան ոչ միայն ի­րենց ինք­նու­թեան վե­րա­դար­ձած, այլ նոյ­նիսկ մկրտուած հա­յեր։ Այ­սինքն՝ այն­տե­ղի իս­լա­մա­ցած հա­յե­րը հա­կա­սա­կան դիր­քո­րո­շում ու­նին՝ կա­խեալ ի­րենց գրա­ւած դիր­քէն եւ պաշ­տօ­նէն…»,- զրոյ­ցի ըն­թաց­քին պատ­մեց թուրք մտա­ւո­րա­կա­նը։