Հե­տաքրք­րա­կան զու­գա­դի­պու­թեամբ մը վեր­ջերս, երբ հա­մալ­սա­րա­նի գրա­դա­րա­նի լե­զո­ւա­բա­նա­կան բաժ­նի ար­խիւ­նե­րը կը փորփ­րէի, ու­շադ­րու­թիւնս գրա­ւեց ա­մե­րի­կա­ցի լե­զուա­բան Joshua Fishmanի յօ­դո­ւած­նե­րէն մէ­կը, որ գլխա­ւո­րա­բար կ­՚անդ­րա­դառ­նար, թէ ինչ­պէ՞ս ժո­ղո­վուր­դի մը լե­զո­ւի կո­րուս­տը պատ­ճառ կը դառ­նայ նաեւ ա­նոր մշա­կոյ­թի կո­րուս­տին, հե­տե­ւա­բար նաեւ հա­ւա­քա­կա­նու­թեան մը ար­ժէք­նե­րուն, ապ­րե­լա­ձե­ւին եւ կեան­քի ջնջու­մին։

Այս ուղ­ղու­թեամբ, բո­լորս ալ, խոս­տո­վա­նինք կամ ոչ, կը գի­տակ­ցինք հա­ւա­նա­բար, որ մայ­րե­նիին կո­րուս­տը ժո­ղո­վուր­դի մը հա­մար ա­ղէտ մը կրնայ ըլ­լալ։ Ուս­տի՝ յօ­դո­ւա­ծին հե­տաքրք­րա­կան բա­ժի­նը լե­զո­ւի կո­րուս­տին պատ­ճա­ռով սահ­մա­նո­ւած «ա­ղէտ»ին ա­հա­զան­գու­մը չէր։ Յօ­դո­ւա­ծը ու­շագ­րաւ էր, ո­րով­հե­տեւ յայտ­նի լե­զո­ւա­բա­նը իր մաս­նա­գի­տու­թեան մէջ ու­նե­ցած հմտու­թե­նէն ե­լլե­լով կը խօ­սէր, թէ ին­չո՞ւ եւ ինչ­պէ՞ս, հա­կա­ռակ ի գործ դրո­ւած «պահ­պա­նում»ի բո­լոր ջան­քե­րուն, այ­սօր շատ մը լե­զու­ներ, հե­տե­ւա­բար նաեւ մշա­կոյթ­ներ, կո­րուս­տի եզ­րին մատ­նո­ւած են։ Այս ամ­փոփ յօ­դո­ւա­ծով՝ պի­տի փոր­ձեմ անդ­րա­դառ­նալ այս ուղ­ղու­թեամբ լե­զո­ւա­բա­նին կա­տա­րած կարգ մը հաս­տա­տում­նե­րուն, ո­րոնք շա­հե­կան կը գտնեմ եւ առն­չա­կից մեր մտա­հո­գու­թիւն­նե­րուն։

Ա.- Մ­շա­կոյ­թը՝ լե­զո­ւին մէջ

Joshua Fishman խօ­սե­լով լե­զու-մշա­կոյթ յա­րա­բե­րու­թեան մա­սին կը հաս­տա­տէ, թէ ժո­ղո­վուր­դի մը մշա­կոյ­թին մեծ մա­սը լե­զո­ւին մէջ է եւ լե­զո­ւով է, որ կ­՚ար­տա­յայ­տո­ւի։ Հաս­տա­տու­մը ինչ­քան ալ յան­դուգն կամ ծայ­րա­յեղ հա­մա­րո­ւի, անշր­ջան­ցե­լի ճշմար­տու­թիւն մը կ­՚ար­տա­յայ­տէ, քա­նի որ ոչ ոք կրնայ հեր­քել այն ի­րո­ղու­թիւ­նը, թէ ինչ­պէ՞ս լե­զուն իր մէջ կը խտաց­նէ մշա­կոյ­թի մը ա­ռանց­քը հան­դի­սա­ցող՝ ժո­ղո­վուր­դի մը կեն­ցա­ղին, հա­ւա­տա­լիք­նե­րուն եւ ար­ժէք­նե­րուն ե­րաշ­խի­քը հա­մա­րո­ւող ա­ռակ­նե­րը, ա­սա­ցո­ւածք­նե­րը, հա­նե­լուկ­նե­րը, ա­ղօթք­նե­րը, եր­գե­րը, բա­րե­ւե­լու, գո­վա­բա­նե­լու, գո­հու­նա­կու­թիւն յայտ­նե­լու ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը եւ, վեր­ջա­պէս, գրա­կա­նու­թիւ­նը։

Ի՞նչ կը մնայ լե­զո­ւէն, ե­թէ պար­պենք զայն այս բո­լո­րէն։

Աղ­քատ բա­ռա­կոյտ մը պի­տի ը­սէի, որ կեան­քի դժբախտ օ­րէն­քին հա­մա­ձայն, աղ­քա­տու­թեան մատ­նո­ւած ո­րե­ւէ ե­րե­ւոյ­թի նման, ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին կը հիւ­ծի, կը պար­պո­ւի կեան­քէն եւ կը դա­տա­պար­տո­ւի մա­շու­մի եւ, հե­տե­ւա­բար, մա­հո­ւան։ Ու­րեմն, լռու­թեան մատ­նել լե­զու մը, կը նշա­նա­կէ լռու­թեան մատ­նել մշա­կոյթ մը։

Ուս­տի՝ ի՞նչ ը­նել, որ լե­զու մը եւ մշա­կոյթ մը չդա­պար­տո­ւին լռու­թեան։ Fishman կը հաս­տա­տէ, թէ մայ­րե­նին լռեց­նե­լու հիմ­նա­կան սխա­լը կ’ա­ռա­ջա­նայ, երբ զայն փո­խան­ցե­լու, բա­նեց­նե­լու եւ նո­րո­գե­լու միակ «պար­տա­ւո­րու­թիւ­նը» կը վստա­հինք դպրո­ցին, ուր դժ­բախ­տա­բար, նաեւ մեր ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, շատ ա­ւե­լի շեշ­տը կը դրո­ւի լե­զո­ւի «գի­տու­թեան», քան ա­նոր «կեն­դա­նու­թեան» եւ մշա­կոյ­թին հետ օր­գա­նա­կան կա­պին վրայ։

Լե­զո­ւա­բա­նը կը հաս­տա­տէ, թէ դպրո­ցը հա­մա­րե­լով լե­զո­ւի փո­խանց­ման հիմ­նա­կան վայ­րե­րէն մէ­կը, անհը­րա­ժեշտ է նաեւ որ մտա­ծենք, թէ «այդ լե­զո­ւով ի՞նչ կ­՚ը­նենք նախ քան դպրոց յա­ճա­խե­լը, դպրո­ցէն ետք եւ դպրո­ցէն դուրս»։ Ուս­տի՝ սխալ հա­մո­զում մըն է, կամ գու­ցէ պատ­րանք մը պի­տի ը­սէի, երբ կը խոր­հինք թէ դպրո­ցա­կան սահ­մա­նա­փակ տա­րի­նե­րուն եւ մի­ջա­վայ­րին, ինչ­պէս նաեւ հա­շո­ւո­ւած դա­սա­պա­հե­րուն ըն­թաց­քին է մի­միայն, որ ե­րե­խա­նե­րը մայ­րե­նին կրնան այն­պէս մը իւ­րաց­նել, որ ի­րենք ալ ի­րենց կար­գին կա­րե­նան զայն յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րուն փո­խան­ցել։

Լե­զո­ւի մը զար­գաց­ման եւ գո­յա­տեւ­ման հա­մար կեն­սա­կա­նը ու­րեմն, կեան­քին մէջ, դպրո­ցա­կան մի­ջա­վայ­րէն ու դա­սա­պա­հէն դուրս ալ զայն բա­նեց­նե­լուն ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն տալն է։ Լե­զուն սահ­մա­նո­ւած չէ մի­միայն դպրո­ցա­կան դա­սա­նիւթ ըլ­լա­լու։ Նոյն սկսզբուն­քին մա­սին խօ­սե­լով եւ զայն տե­ղա­փո­խե­լով Հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թեան դաշտ, գա­նա­տա­հայ մտա­ւո­րա­կան-ու­սու­ցիչ Վի­գէն Թիւ­ֆէնք­ճեան «­Հոր­իզոն» շա­բա­թա­թեր­թին մէջ լոյս ըն­ծա­յած «­Հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը եւ մեր կա­ռոյց­նե­րուն ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը» յօ­դո­ւա­ծին մէջ, խօ­սե­լով հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թեան եւ ծնող­քի դե­րին մա­սին, կը գրէ.- «Ու­սու­մը զուտ գի­տե­լիք­նե­րու ամ­բա­րում է, որ կը տրո­ւի միայն կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու ճամ­բով, մինչ­դեռ դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը կրթու­թիւն է (upbringing), որ կու գայ նախ տու­նէն, ըն­տա­նի­քէն եւ ա­մէ­նօրեայ շրջա­պա­տէն, ա­պա միայն կրթա­կան հաս­տա­տու­թե­նէն: Դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը ապ­րե­լա­կերպ է, ու­սու­մը՝ գոր­ծիք այդ ապ­րե­լա­կեր­պով ինք­զինք ի­րա­գոր­ծե­լու»: Սա կը նշա­նա­կէ խօ­սիլ հա­յե­րէն ե­րե­խա­յին հետ նախ եւ ա­ռաջ որ­պէս ծնողք, մեծ ծնողք, ըն­տա­նի­քի ան­դամ եւ բա­րե­կամ։ Խօ­սիլ հա­յե­րէն, աշ­խար­հին նոր բա­ցո­ւող ե­րե­խա­յի լե­զո­ւին մէջ ջնջե­լով մշա­կոյ­թի մը հե­ռա­ւո­րու­թիւ­նը, մշա­կոյ­թի մը ան­ցեա­լը։ Այ­սինքն խօ­սիլ ներ­կան, ժա­մա­նա­կը, կեն­ցա­ղա­յի­նը։ Մէկ խօս­քով՝ լե­զո­ւին մէջ դնել կեան­քը, ա­ռօ­րեան, խա­ղը, փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րը, կեան­քին նե­տո­ւե­լու ա­ռա­ջին քայ­լե­րը։

Բ.- Լե­զուն բա­րո­յա­կան պար­տադ­րանք չէ

Լե­զո­ւի շա­րու­նա­կա­կա­նու­թեան եւ սե­րուն­դէ-սե­րունդ ա­նոր փո­խանց­ման հա­մար մշա­կո­ւած «պահ­պա­նում»ի քա­ղա­քա­կա­նու­թեանց մա­սին խօ­սե­լով՝ Fishman կ­՚անդ­րա­դառ­նայ այդ քա­ղա­քա­կա­նու­թեանց զու­գոր­դո­ւող զգա­ցա­կան շան­թաժ­նե­րուն (սպառ­նա­լիք), ո­րոնք յա­ճախ օգ­տա­կար դառ­նա­լու փո­խա­րէն բա­ցա­սա­կան ազ­դե­ցու­թիւն կը ձգեն լե­զուն իւ­րաց­նե­լու ձգտող սե­րունդ­նե­րուն վրայ։ Լե­զո­ւա­բա­նը իր փոր­ձէն ե­լլե­լով կը հաս­տա­տէ, թէ լե­զուի «պահ­պա­նում»ի մա­սին քա­րոզ­նե­րը յա­ճախ լե­զուն կը «սա­ռեց­նեն» ու թոյլ չեն տար, որ ան ապ­րի, ինք­զինք նո­րո­գէ եւ ժա­մա­նա­կին մէջ իր տե­ղը գտնէ։ Երբ մա­ն­կա­վար­ժա­կան սկզբունք­նե­րը ան­տե­սե­լով կը փոր­ձենք ե­րե­խա­նե­րուն լե­զու մը սոր­վեց­նել միայն յար­գե­լու ան­ցեալ մը, վե­րապ­րե­լու ան­ցեա­լէն ե­կող յաղ­թա­նակ մը, կամ ցու­ցադ­րե­լու բե­մի հա­մար լե­զու մը՝ լե­զուն իր նա­հան­ջը կ­՚ապ­րի։

Ուս­տի լե­զուն փո­խան­ցե­լու, սե­րունդ­նե­րուն հետ յա­րա­բե­րու­թեան մէջ դնե­լու կա­րե­ւո­րա­գոյն գրա­ւա­կա­նը կը հան­դի­սա­նայ ոչ թէ լե­զո­ւին մի­ջո­ցով ան­ցեա­լի մը հետ հա­ղոր­դակ­ցու­թեան մէջ մտնե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը, այլ ներ­կա­յին, ժա­մա­նա­կին ու ժա­մա­նա­կա­կի­ցին հետ առն­չո­ւե­լու ու, հե­տե­ւա­բար, լե­զո­ւին կեն­դա­նու­թիւն տա­լու հրա­մա­յա­կա­նը։ Այ­սինքն՝ խօ­սիլ հա­յե­րէն, ոչ թէ ո­րով­հե­տեւ պէ՛տք է խօ­սիլ, այլ խօ­սիլ «պար­զա­պէս»։ «­Պար­զա­պէ՜ս»ը բա­նա­լին է, նշա­նը՝ որ լե­զուն բեր­նին մէջ ապ­րող, աշ­խար­հը ըն­կա­լե­լու կո­չո­ւած ձգտումն է եւ ոչ թէ ան­ցեա­լին հետ առն­չա­կից դառ­նա­լու սահ­մա­նո­ւած գի­տե­լիք-մի­ջո­ցը։

Այս­տեղ, որ­պէս ընդգ­ծում, կ­՚ու­զեմ նշել, թէ «պար­զա­պէս»ը ան­շո՛ւշտ պար­զա­պէս չի գար։ Ե­թէ մեր կեան­քե­րը բնա­կա­նոն հու­նի մէջ ըլ­լա­յին, ապ­րէինք հայ­րե­նի մեր երկ­րին մէջ, ուր մեր լե­զուն ըլ­լար բո­լո­րին լե­զուն, պարզ է որ հար­ցը տար­բեր կ­՚ըլ­լար։ Սա­կայն հոն չենք։ Ըն­դու­նինք նաեւ, որ նոյ­նիսկ մե­զի մնա­ցած «միակ» հայ­րե­նի­քին մէջ ալ մեր լե­զուն «իր տու­նը» չէ։

Պանդխ­տու­թիւ­նը նաեւ լե­զո­ւա­կան պանդխ­տու­թիւն է։ Այս ի­րո­ղու­թեան ար­դէն գի­տա­կից ենք բո­լորս։ Կորսուած Երկ­րէն միակ ինչ­քը, որ մնաց մե­զի՝ այս լե­զուն էր։ Ե­ղեռ­նէն մա­զա­պուրծ սե­րունդ­նե­րուն յստակ էր ա­սի­կա եւ ա­նա­պա­տը կտրած մար­դոց ժա­ռան­գորդ­նե­րը դար­ձան հա­յա­խօս հսկա­յա­կան ճի­գի մը շնոր­հիւ, որ հիմնո­ւած էր պար­տադ­րո­ւած ի­րո­ղու­թեան մը հե­տե­ւանք­նե­րուն վրայ. պա­րիսպ­ներ բարձրացնել ինք­նիր շուրջ կա­րե­նալ ապ­րե­լու հա­մար այն­պէս, որ կար­ծես շատ բան փո­խո­ւած չըլ­լար։

Հե­տե­ւա­բար, կառ­չե­ցանք միակ ինչ­քին, որ մնա­ցած էր ու դար­ձանք զան­գո­ւա­ծա­բար հա­յա­խօս՝ մէկ սե­րուն­դէն միւ­սը, կա­մա­ւոր կեր­պով մէկ­դի դնե­լով ոչ միայն դա­րե­րու պար­տա­դրան­քին ժա­ռանգ դար­ձած երկ­րորդ լե­զուն, որ շա­տե­րուն հա­մար ա­ռա­ջին լե­զու էր, այ­սինքն թրքե­րէ­նը, բայց նաեւ կորսնցը­նե­լով ա­նոր հետ առն­չո­ւած ա­մէն բան։ Ա­սի­կա ի­րո­ղու­թիւն մըն է որ կը ծած­կո­ւի։

Հա­յա­խօ­սու­թիւ­նը իր մե­ծա­գոյն վե­րել­քը ապ­րե­ցաւ քսա­նե­րորդ դա­րու ա­ռա­ջին կի­սուն շնոր­հիւ պար­տադ­րուած, բայց նաեւ գի­տակ­ցո­ւած շրջու­մի գոր­ծո­ղու­թեան մը։ Շր­ջե­ցանք ամ­բող­ջո­վին հա­յե­րէ­նին՝ ազ­գա­յին ինք­նու­թեան ա­րե­ւե­լու­մով։

Չորս սե­րունդ­ներ ան­ցած են այդ օ­րե­րէն։ Նոր սե­րունդ­նե­րը կա­մաց-կա­մաց դար­ձան ինք­նա­բաւ, դար­ձան նիւ­թա­պէս ա­պա­հով, բա­ցո­ւե­ցան աշ­խար­հին, տարտղ­նո­ւե­ցան, նոր ճամ­բա­ներ փնտռե­ցին ու հա­սան բա­րօ­րու­թեան ո­րոշ աս­տի­ճան­նե­րու։

Այ­սինքն՝ սկսան ապ­րիլ բնա­կա­նոն կեանք մը։ Այս ա­մէ­նը բա­րի։ Մ­նաց սա­կայն շա­տե­րուն քով հին բար­դոյթ մը, աշ­խար­հի լե­զու­նե­րուն բա­ւա­րար չտի­րա­պե­տե­լու, աշ­խար­հէն կրկին նուաճուե­լու, ընկ­ճո­ւե­լու ու զոհ դառ­նա­լու ան­դա­մա­լու­ծող բար­դոյ­թը։

Տա­կա­ւին, ա­մէն սե­րուն­դի հետ ա­ճե­ցաւ թի­ւը լե­զու-կեդ­րո­նէն հե­ռա­ցող­նե­րուն։ Աշ­խար­հին հետ շփու­մը դա­ժան էր։ Հա­յե­րէ­նը, որ չորս սե­րունդ ա­ռաջ նկա­տո­ւած էր փրկու­թեան միակ լաս­տը, ժա­մա­նա­կի անց­քով ու ջու­րե­րուն խա­ղա­ղու­մով՝ սկսաւ կար­ծես ըն­կա­լո­ւիլ իբ­րեւ աղ­քատ մա­կոյկ, ան­բա­ւա­րար՝ աշ­խար­հի ջու­րե­րուն վրայ նա­ւար­կե­լու հա­մար։

Հաս­տա­տուն հող հաս­նո­ղը փրկու­թեան լաս­տի պէտք չ­՚ու­նե­նար։ Վ­կայ՝ հա­յե­րէ­նին հան­դէպ մե­ծա­մաս­նու­թեան կե­ցո­ւած­քը. հա­յե­րէ­նը կը նկատո­ւի երկ­րոր­դա­կան, ոչ-անհ­րա­ժեշտ պար­տադ­րանք մը։ Ի­րենց զա­ւակ­նե­րը օ­տար վար­ժա­րան ղրկող ծնող­նե­րը կը մեկ­նին, ի­րենց ըն­կա­լու­մով, ի­րենց զա­ւակ­նե­րուն լա­ւա­գոյն շա­հե­րէն մղո­ւած, այ­սինքն՝ ոչ թէ միայն տի­րա­պե­տել տե­ղա­կան լե­զո­ւին, այ­լեւ չզա­նա­զա­նուիլ ան­կէ, միա­ձու­լո­ւիլ ա­նոր՝ կա­րե­նալ լիու­լի օգ­տո­ւե­լու հա­մար ա­նով ե­կող բա­րիք­նե­րէն։ Այդ տար­բեր հարց, թէ այս ըն­կա­լու­մը որ­քան կը հա­մա­պա­տաս­խա­նէ ի­րա­կա­նու­թեան։

Ցա­ւը այն է, որ այդ ծնող­նե­րը չեն գի­տակ­ցիր, թէ բազ­մա­լե­զո­ւու­թիւ­նը ոչ թէ միայն չի խան­գա­րեր լե­զու­նե­րու տի­րա­պե­տու­թեան, այ­լեւ ընդ­հա­կա­ռա­կը, ա­նի­կա յա­ւե­լեալ կը զար­գաց­նէ մար­դուս մտա­յին կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը։ Երկ­րի լե­զո­ւին տի­րա­պե­տե­լու այս բար­դոյ­թը կու­գայ ծնող­նե­րուն փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րէն, ի­րենց ապ­րած եր­կիր­նե­րուն կամ կեան­քի պայ­ման­նե­րու հե­տե­ւանք­նե­րէն։ Գի­նը դժբախ­տա­բար ե­րե­խա­նե­րը կը վճա­րեն, կտրո­ւե­լով ի­րենց մայ­րե­նի լե­զուն հա­րա­զատ դարձ­նե­լու կա­րե­լիու­թե­նէն, զայն իր ամ­բող­ջու­թեամբ ապ­րե­լու ու ապ­րեց­նե­լու բախ­տէն։  

Ա­հա­ւա­սիկ չորս սե­րունդ ետք լե­զո­ւա­կան ա­ռա­ջին զան­գո­ւա­ծա­յին շրջու­մէն՝ կանգ­նած ենք երկ­րորդ շրջու­մի, չը­սե­լու հա­մար շի­ջու­մի, ե­րե­ւոյ­թի մը առ­ջեւ։

Հա­րիւր տա­րի ա­ռաջ հաս­տա­տո­ւած հին-ա­մե­րի­կա­հայ գա­ղութ­նե­րը ա­ռա­ջին սե­րուն­դէն կորսն­ցու­ցին լե­զուն ու դար­ձան զգա­ցու­մով միայն հայ։ Խար­բեր­դէն ու Երկ­րի զա­նա­զան գա­ւառ­նե­րէն հոն հաս­տա­տո­ւած մեծ մա­սամբ բա­նո­ւոր ու չքա­ւոր տղա­քը չու­նէին կա­րո­ղու­թիւ­նը լե­զո­ւա­կան պահ­պա­նու­մի ու վե­րըն­ձիւ­ղու­մի։

Պա­րա­գան նոյ­նը չէր ան­շուշտ յի­սուն տա­րի ա­ռաջ դէ­պի այս ա­փե­րը ե­կած մի­ջին-ա­րե­ւե­լան գա­ղութ­նե­րու գաղ­թին։ Մեր հա­յա­խօ­սու­թիւ­նը այդ եր­կիր­նե­րուն յա­տուկ ե­րե­ւոյթ էր, այդ ժա­մա­նա­կին մէջ ծա­գում ա­ռած ու ծաղ­կած ազ­գա­յին ինք­նու­թեան մը, զար­թօն­քի մը պտու­ղը։ Ա­նի­կա կա­մա­ւոր հա­յա­ցու­մի ար­դիւնք էր։

Պէտք է գի­տակ­ցիլ քա­նի մը կա­րե­ւոր կէ­տե­րու, ե­թէ կ­՚ու­զենք հա­յա­խօ­սու­թիւ­նը շա­րու­նա­կել հա­ւա­քա­բա՛ր։

Հա­յե­րէ­նը, մեր մայ­րե­նին, միշտ ալ գո­յակ­ցած է մե­ծա­մաս­նա­կան լե­զու­նե­րու կող­քին, երկ-լե­զո­ւու­թեան ու բազ­մա­լե­զո­ւու­թեան մի­ջա­վայ­րե­րու մէջ։ Եր­բեմն ալ կոր­սո­ւած է։ Լե­զուն կորսնցնող­նե­րը ի­րենք ալ ընդ­հան­րա­պէս կոր­սո­ւած են՝ լե­զո­ւին հա­մար։ Ու­րեմն՝ յա­րա­բե­րու­թիւ­նը եր­կուս­տեք է։

Երկ-լե­զո­ւու­թիւ­նը խան­գա­րող ե­րե­ւոյթ չէ, այլ՝ ընդ­հա­կա­ռա­կը։ Կար ժա­մա­նակ, յի­սուն տա­րի ա­ռաջ, երբ ա­մե­րի­կա­ցի ո­րոշ լե­զո­ւա­բան­ներ «մէկ լե­զուն միւ­սը կը խան­գա­րէ»ի գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թիւն մը կը ջա­տա­գո­վէին։ Այդ մէ­կը ամ­բող­ջո­վին սխալ ա­պա­ցու­ցո­ւած է եւ ներ­կա­յիս ճիշդ հա­կա­ռակ տե­սու­թիւնն է, զոր կը հրամց­նեն։

Ուս­տի՝ նկա­տի ու­նե­նա­լով այս բո­լո­րը, մե­զի կը մնայ գի­տակ­ցիլ, որ մեր բար­դոյթ­նե­րը, մա­նա­ւանդ ինչ կը վե­րա­բե­րի լե­զո­ւին, չփո­խան­ցենք յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րուն։ Ե­րե­խա­նե­րը բնա­կա­նա­բար հե­տաքրք­րիր են ու լե­զուն կը սոր­վին բնազ­դա­բար։ Ե­թէ գիտ­նանք զի­րենք ճիշդ ձե­ւով հրահ­րել, ի­րե՛նք է, որ լե­զուն կը դարձ­նեն ի­րեն­ցը։

Ու­րեմն, պէտք է խոր­հինք, թէ ինչ­պէ՞ս կրնանք հայ­թայ­թել լե­զո­ւին մի­ջա­վայ­րը։ Դպ­րո­ցը՞։ Դպ­րո­ցը միայն մա­սամբ կու տայ ա­սի­կա։ Պզ­տիկ­նե­րը պէտք է կա­րե­նան ա­մէն տա­րի­քի ի­րենց հե­տաքրք­րու­թիւն­նե­րը յա­ռաջ տա­նիլ նաեւ մայ­րե­նիով։ Այ­լա­պէս՝ մայ­րե­նին ա­կա­մայ կը դառ­նայ աղ­քատ ազ­գա­կա­նը՝ մե­ծա­մաս­նա­կան լե­զո­ւի կող­քին։

Հե­տե­ւա­բար, մե­զի կը մնայ յար­գել ե­րե­խա­նե­րը ի­րենց կազ­մա­ւոր­ման բո­լոր փու­լե­րուն մէջ, այս պա­րա­գա­յին՝ մա­նա­ւա՛նդ լե­զուն իւ­րաց­նե­լու ի­րենց ճի­գին մէջ։

Այն­քան ա­տեն որ լե­զուն կը հա­մա­րենք ան­փո­խանց­նե­լի, կամ փո­խան­ցու­մը կը նկա­տենք ոչ-անհ­րա­ժեշտ, նոյ­նիսկ ոչ-բաղ­ձա­լի, ար­դէն ո­րո­շած ենք ա­նոր ա­պա­գան։ Ե­րե­խա­նե­րը շատ լաւ կը զգան մեր կե­ցո­ւած­քը ա­մէն բա­նի նկատ­մամբ, նե­րա­ռեալ մեր կե­ցուած­քը մեր իսկ մայ­րե­նիին նկատ­մամբ։

Ու­րե՞մն։

Ե­թէ լե­զուն չփո­խան­ցո­ւի, յան­ցա­ւո­րը ո՛չ լե­զուն է, ոչ ալ ե­րե­խա­նե­րը։   Պար­զա­պէ՜ս...։

ՍՈՆԻԱ ՔԻԼԷՃԵԱՆ-ԱՃԷՄԵԱՆ