Պատմական մեր արժէքներուն նկատմամբ առեւտրական հոգեբանութեան դրսեւորումը, հայրենակերտ մեր հերոսները յարգելու եւ մեծարելու փոխարէն՝ անոնց յիշատակը մոռացութեան մատնելու հեղգամտութիւնը ամենավտանգաւոր դրսեւորումներէն են ազգային գիտակցութեան նահանջին, որ անընդունելի է, յատկապէս` հերոսածին ժողովուրդներու համար:
Անհասկնալի էր ու զարմանալի՝ մշակոյթի մեր բնօրրանը հանդիսացող Երեւանի սրտին մէջ տարիներ առաջ տեսնել Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կառավարութեան շէնքի պատմական կառոյցին վրայ պատուած նոր յարկերը, ոչ թէ լոկ ճարտարապետական ծայր աստիճան տգեղ երեւցող անոր պատկերին համար, այլեւ` պատմական այդ կառոյցը արժեզրկող անընդունելի վերաբերումին համար: Այն շէնքին, որուն պատշգամէն առաջին անգամ կարդացուած էր Հայաստանի անկախութեան հռչակագիրը, եւ ուրկէ առաջին անգամ բարձրացուած էր անկախ Հայաստանի դրօշը:
Կառոյցին արտաքին աղաւաղումը բաւարար չէ՞ր միթէ, որ ի գործ կը դրուէր աւելին ու մեր առաջին հանրապետութեան կառավարութեան շէնքը կը դառնար փիցցայի սպասարկման ճաշարան` արտաքին իր ճակատին զետեղուած մեծ ցուցանակով:
Յառաջադէմ ո՞ր երկրին մէջ նման պատեհապաշտ մօտեցում կը ցուցաբերուի պատմական արժէքներ կայացնող այսօրինակ ժառանգութեան նկատմամբ: Ազգեր պէտք է հպարտանան իրենց պատմութեամբ ու սերունդներուն փոխանցեն հպարտութեան այդ ապրումը զանազան միջոցներով, յատկապէս ազգային խորհրդանիշներու պահպանումով:
Ու տակաւին, օրեր առաջ լրատուական աղբիւրներէ կ’իմանանք, թէ Արամ Մանուկեանի տան հողատարածքը վաճառուած է` իր լքուած բնակարանի կանգուն մնացած քանի մը պատերով: Այն վայրը, ուր Հայաստանի Հանրապետութեան կերտիչը ապրած էր 1917 թուականէն` Երեւան իր տեղափոխուած օրէն մինչեւ իր անժամանակ մահը:
Եթէ Արամ Մանուկեանի տունը թանգարանի վերածելու ծրագիր մը նախատեսուած է, ապա սա ողջունելի քայլ է: Մեր սերունդները շատ բան ունին սորվելու Արամի օրինակէն` հայրենիք պահելու, հողին կառչելու, օտարամոլութեան ախտով չտառապելու ու ազգային մեր արժէքները վառ պահելու համար:
Պատմական մեր կառոյցները պէտք է օգտագործել որպէս ազգային ինքնութեան պահպանման ներշնչարան եւ ոչ թէ առեւտրական նպատակներու ծառայող սովորական շէնք կամ ճաշարան:
Պահ մը ձեր նայուածքը ուղղեցէ՛ք մեր ոսոխին, ու պիտի տեսնէք, թէ ինչպէ՛ս ան վերջին տարիներուն ձեռնարկած է Արեւմտեան Հայաստանի հայկական պատմական կարգ մը կոթողներու իբր թէ «վերանորոգման» աշխատանքին` զբօսաշրջիկներ գրաւելու, լայիք ձեւանալու եւ այդ իսկ հանգամանքով մեր կերտած պատմութիւնը շահագործելու յստակ նենգամտութեամբ:
Տէ՛ր կանգնինք մեր արժէքներուն:
Զարմիկ Պօղիկեան «Գանձասար» շաբաթաթերթ