(Սեպտեմբեր Քսանըմէկի առիթով)   

Կանգնած եմ ահա հողիս վրայ մեր շէն, 
որուն տենչալով երկար ապրեցայ
ուրիշի հողին օտար զգալով

ու մեր հողերուն կարօտ մնալով:

Հիմա որ ունինք սեփական հողեր,
օտարի հողին քալել չեմ տենչար:
Մեր հողերուն հետ մտերիմ են ես,
զայն մշակելով հպարտ ես կը զգամ:

Մեր նախնիներու ոգին ես կ՛ապրիմ
հոգիիս մէջը նաեւ իմ կեանքիս
ու նոր եռանդով ես կ՛ուղղուիմ առաջ
դէպի վերելքը իմ ժողովուրդիս:

Մեր հայրենիքէն ու ժողովուրդէս
ուրիշ նպատակ չեմ ունեցած ես:
Ամէն ինչ կ՛անցնին ու կ՛անհետանան
ու միայն անոնք ընդմիշտ կը մնան:

Աստուածներ կ՛ապրին մեր հողերուն վրայ,
Աստուածներ հզօր ու երկարամեայ,
ականջ դնենք մենք անոնց կանչերուն
որ յաւէտ ապրինք գալիք դարերուն:

Հիմա որ ունինք ազատ հայրենիք
պէտք է որ անսանք այս ճշմարտութեան,
օտար երկիրներ չեն խօսիր մեզի
ու հոգ չեն տանիր հայու գոյութեան:

Դարերով ապրած ժողովուրդ ենք մենք
ու դարեր կանգնող հայրենիք ունինք,
դեռ երկա՜ր երկա՜ր մենք պիտի տոկանք
հողերուն մեր սուրբ եթէ մենք դառնանք:  

Մարգար Շարապխանեան
Ուշի