Մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րը որ­քան ալ զա­նա­զան ըլ­լան, ի­րո­ղու­թիւ­նը յստակ է. Թուր­քիա կ­՛ապ­րի մտա­հո­գիչ օ­րեր, ո­րոնք դիւ­րաւ կրնան վե­րա­ծո­ւիլ ներ­քին պա­տե­րազ­մի փոր­ձան­քի մը:

Ժո­ղո­վուր­դին մէկ մա­սը զար­ման­քով կը դի­տէ պա­տա­հած­նե­րը եւ ինքն ի­րեն հարց կու տայ, թէ ինչ­պէ՞ս ե­կանք այս վի­ճա­կին: Սա­կայն քա­ղա­քա­կան ան­ցու­դար­ձե­րուն հե­տե­ւող­նե­րուն հա­մար անս­պա­սե­լի չէր այս պատ­կե­րը: Այդ իսկ պատ­ճա­ռաւ ալ, մար­դիկ սկսած են սար­սա­փազ­դու այս ըն­թաց­քը ա­նո­ւա­նե­լու «400 պատ­գա­մա­ւոր­նե­րու պա­տե­րազմ»:

Ի­րաւ ալ, 7 Յու­նի­սի ընտ­րու­թեանց ար­դիւն­քը տես­նե­լով՝ նա­խա­գահ Էր­տո­ղան մեծ հիաս­թա­փու­թիւն ապ­րե­ցաւ եւ ա­ռա­ջին վայր­կեա­նէն սկսեալ հո­լո­վեց ընտ­րու­թիւն­նե­րը կրկնե­լու վար­կա­ծը: Այս հիաս­թա­փու­թեան գլխա­ւոր ազ­դակն էր ՀՏՓ կու­սակ­ցու­թիւ­նը (քրտա­մէտ Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու Ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւն Կու­սակ­ցու­թիւն), որ տա­սը տո­կո­սի ար­գել­քը յաղ­թա­հա­րե­լէ զատ՝ ար­գելք ե­ղաւ ԱՔ­Փի (իշ­խող Ար­դա­րու­թիւն եւ Բար­գա­ւա­ճում Կու­սակ­ցու­թիւն) միա­հե­ծան կա­ռա­վա­րու­թիւն մը կազ­մե­լուն: Էր­տո­ղան գի­տէ, որ միայն ՀՏ­Փի խորհր­դա­րա­նէն դուրս մնա­լու պա­րա­գա­յին պի­տի տի­րա­նայ իր կու­սակ­ցու­թեան ա­ռան­ձին կա­ռա­վա­րու­թիւն կազ­մե­լու հնա­րա­ւո­րու­թեան: Հա­զիւ այդ­պէս կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ երկ­րի ներ­կայ վար­չա­ձե­ւը փո­խել եւ անց­նիլ նա­խա­գա­հա­կան դրու­թեան: Այդ ա­ռու­մով ալ խո­չըն­դո­տեց հա­մա­խո­հա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան մը կազ­մու­թիւ­նը եւ եր­կի­րը տա­րաւ դէ­պի քաոս:

Քաոս բա­ռը ինք­նին ա­մե­նայս­տակ բա­ցատ­րու­թիւնն է երկ­րի ներ­կայ կա­ցու­թեան: Ար­դա­րեւ, 120 հա­զար բնակ­չու­թիւն ու­նե­ցող Ճե­զի­րէ (­Ճիզ­րէ) քա­ղա­քը մատ­նո­ւած է շրջա­փա­կու­մի եւ կա­րե­լի չէ քա­ղա­քէն դուրս գալ նոյ­նիսկ ա­մե­նաանհ­րա­ժեշտ կա­րիք­նե­րու հա­մար: Օ­րեր ա­ռաջ ոս­տի­կա­նա­կան բռնու­թեամբ սպան­նո­ւած 12 տա­րե­կան աղջ­նա­կի դիա­կը կը մնայ իր տան մէջ, պա­տան­քո­ւած ու ա­պա սառ­նա­դա­րան դրո­ւած ձե­ւով: Քա­ղա­քին մէջ կան 73 ե­րի­կա­մի հի­ւանդ­ներ, ո­րոնք կը կա­րօ­տին տիա­լի­զի դրու­թեան:

Ի դէմ փո­ղոց ե­լե­լու ար­գել­քին, ժո­ղո­վուր­դը թա­ղա­մա­սե­րու մէջ փո­ղոց­ներն են եւ յա­րա­տեւ աղմ­կե­լով կը փոր­ձեն վառ պա­հել անհ­նա­զան­դու­թիւ­նը: Մինչ այդ ոս­տի­կան­նե­րը ո­րոշ հեր­թա­կա­նու­թեամբ կը խու­ժեն թա­ղա­մաս եւ զրա­հա­պատ ինք­նա­շար­ժե­րու մէ­ջէն կը կրա­կեն ժո­ղո­վուր­դին վրայ: Շր­ջա­փակ­ման օ­րե­րու տե­ւո­ղու­թեան մա­հա­ցած­նե­րու թի­ւը 9 Սեպ­տեմ­բե­րին հա­սած էր տա­սի: Նոյն 9 Սեպ­տեմ­բե­րին ՀՏՓ կու­սակ­ցու­թեան պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը կ­՛ու­զեն Ճե­զի­րէ եր­թալ, բայց ոս­տի­կա­նա­կան ար­գել­քը ի­րենց հա­մար ալ կը փա­կէ անց­քը: Նա­խա­պէս քա­ղաք մտնել յա­ջո­ղած պատ­գա­մա­ւոր­նե­րէն Այ­ճան Իմ­րես «Ա­կօս»ին կը տե­ղե­կաց­նէ, թէ ի­րա­վի­ճա­կը շատ ծանր է, քա­նի որ ոս­տի­կան­նե­րը չեն ար­տօ­ներ շտա­պօգ­նու­թեան ինք­նա­շարժ­նե­րուն եր­թե­ւե­կը: Իսկ քա­ղա­քի պե­տա­կան հի­ւան­դա­նոցն ալ խղճա­լի վի­ճա­կի մէջ է, ուր կ­՛աշ­խա­տի միայն մէկ ոչ-մաս­նա­գէտ բժիշկ:

Ժո­ղո­վուր­դը լուրջ դժո­ւա­րու­թիւն ու­նի նաեւ ա­մէնօրեայ կեն­ցա­ղի ա­ռու­մով: Ե­լեկտ­րա­կա­նու­թիւ­նը խզուած է: Ջու­րի մա­տա­կա­րար­ման ցան­ցը խան­գարո­ւած, հե­ռա­խօ­սա­կա­պը խզո­ւած: Հա­ցա­փու­ռե­րը, դե­ղա­րան­նե­րը եւ խա­նութ­նե­րը առ­հա­սա­րակ փակ են: Իսկ շէն­քե­րու տա­նիք­նե­րուն դիրք բռնած են դի­պու­կա­հար­ներ, ո­րոնք ընդ­միշտ պատ­րաստ են շար­ժող ա­մէն ին­չի վրայ կրա­կե­լու:

Սա­կայն դի­տե­լով երկ­րին մէջ տա­րա­ծո­ւած բռնու­թիւն­նե­րը, ա­րե­ւե­լեան այս քա­ղա­քը իր ար­տա­կարգ ապ­րում­նե­րով հան­դերձ դուրս կը մնայ հա­սա­րա­կու­թեան ու­շադ­րու­թե­նէն: 8 Սեպ­տեմ­բե­րի ե­րե­կո­յեան բո­վան­դակ երկ­րի տա­րած­քին ՀՏՓ կու­սակ­ցու­թեան ա­ւե­լի քան 130 շէն­քեր հրկի­զո­ւե­ցան կամ թա­լա­նո­ւե­ցան: Պոլ­սոյ Քա­ղըթ­հա­նէ թա­ղին մէջ 23ա­մեայ ե­րի­տա­սարդ մը դա­շու­նա­հա­րո­ւե­ցաւ՝ բջի­ջա­յին հե­ռա­խօ­սով քրտե­րէն խօ­սե­լուն հա­մար: Միւս կող­մէ ՓՔ­Քի յար­ձա­կում­ներն ալ նոյն թա­փով կը շա­րու­նա­կո­ւին: Հաք­քա­րիի Տաղ­լը­ճա ա­ւա­նին մէջ 16 զի­նո­ւոր­նե­րու սպա­նու­թե­նէն ետք Իգ­տի­րի մէջ ալ 14 ոս­տի­կան­ներ սպան­նո­ւե­ցան: Ա­նոնց կող­քին պէտք է յի­շել Տեր­սիմ, Տիար­պե­քիր եւ այլ քա­ղաք­նե­րու մէջ ան­հա­տա­բար սպա­նո­ւած­նե­րը:

Այս թո­հու­բո­հին մէջ ա­նար­ձա­գանգ կը մնայ ՀՏ­Փի վա­րիչ­նե­րուն բա­խում­նե­րէ հրա­ժա­րե­լու կո­չը: Հա­մա­նա­խա­գահ­ներ Տե­միր­թաշ եւ Եիւք­սեք­տաղ որ­քան ալ ՓՔ­Քին եւ կա­ռա­վա­րու­թեան նոյն կո­չը ուղ­ղեն, իշ­խա­նա­մէտ մա­մու­լը յա­մա­ռօ­րէն կը շա­րու­նա­կէ այս վեր­ջին­ներս ա­հա­բե­կիչ ա­նո­ւա­նել եւ բո­լոր պա­տա­հած­նե­րուն մեղ­քը բեռց­նել ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան շար­քե­րու ու­սե­րուն:

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ-«Ա­կօս»