Յունաստանի 20 Սեպտեմբերի խորհրդարանական արտահերթ ընտրութեանց կիզակէտը, անկասկա՛ծ, երկիրը իր տնտեսական ճգնաժամէն եւ պետական սնանկացումէն դուրս բերելու ընդունակ կառավարութեան մը ժողովրդավարական ճամբով ձեւաւորումն է։
Իսկ նման կառավարութեամբ մը Յունաստան կրնայ օժտուիլ միայն այն պարագային, երբ Կիրակի օրուան ընտրութեանց յոյն քուէարկողները յաջողին մեծամասնութեան կամք ու քուէ ձեւաւորել՝ իշխանութեան ղեկին բերելու համար ժողովուրդի վստահութեան արժանի կուսակցութիւն ու ղեկավարութիւն։
Դժուար է նախատեսել, որ ընտրազանգուածը ի վիճակի պիտի ըլլայ վճռական յաղթանակի արժանացնելու ընտրապայքարի գլխաւոր զոյգ մրցակիցներէն՝ Ցիփրայի Սիրիզա եւ Մէյմարաքիի Նէա Տեմոքրաթիա կուսակցութիւններէն որեւէ մէկը։
Թէեւ անհաւանական չէ, որ Սիրիզա ընտրութիւններուն ծանր ընկրկում կրէ՝ «Ո՛Չ»ի հանրաքուէէն ետք իր ունեցած վերիվայրումներուն ու մասնատումին հետեւանքով, այդուհանդերձ՝ նոյնպէս հաւանական չէ, որ Նէա Տեմոքրաթիա կառավարութիւնը կազմելու կանաչ լոյս ստանայ ընտրազանգուածի մեծամասնութենէն։
Նաեւ՝ հաւանական է, որ վերջին տարիներու խորհրդարանական ընտրութեանց շարքին՝ Սեպտեմբեր 20ի ընտրութիւնները արձանագրեն քուէարկութեան չմասնակցողներու բարձրագոյն տոկոս։
Նաեւ նկատելի է, որ առաջին դիրքի մրցակիցներուն հաւասարելու յոյս չունեցող կուսակցութիւնները եւ անոնց հաւատարիմ քուէարկողները ամէն ճիգ կը թափեն, որպէսզի բարելաւեն իրենց ստացած քուէներու տոկոսը եւ տկարացնեն դիրքերը գլխաւոր մրցակիցներուն՝ վաղուան կառավարութեան կազմութեան մէջ ազդեցիկ մասնակից դառնալու հաշուով։
Փաստօրէն Յունաստանի ներ-քաղաքական դաշտը այնքան կուսակցականացած եւ գաղափարականացած է, որ նոյնիսկ ընկերատնտեսական այս աստիճան ճգնաժամային տագնապի մէջ գտնուելով հանդերձ՝ յոյն քուէարկողը պատրաստ չ’երեւիր իր նախասիրութենէն զիջելու, առնուազն՝ քիչ մը ջուր խառնելու գինիին...
Ընդհանուր այդ մթնոլորտը իր բացասական անդրադարձը կ’ունենայ նաեւ յունահայութեան վրայ, որ ազգային իր կառոյցներու դիմագրաւած օրհասական աղէտը յաղթահարելու համար՝ յատկապէ՛ս կարիքը կը զգայ կայուն եւ ժողովուրդի մեծամասնութեան վստահութիւնը վայելող կառավարութեան մը առաջացումին։
Անշուշտ որ ամէն յոյն քուէարկողի պէս յունահայը եւս ժողովրդավարական անբռնաբարելի իրաւունքը ունի քաղաքական-կուսակցական իր նախասիրութիւնը ունենալու, ըստ այնմ նաեւ ընտրապայքարին մասնակցելու։
Ընդհանուր այդ կանոնին ենթակայ չեն սակայն Սեպտեմբեր 20ի ընտրութիւնները։
Երկիրը իր աղէտէն դուրս բերելու միակ օրակարգով տեղի կ’ունենան այս անգամ ընտրութիւնները։
Տեղի կ՛ունենան այնպիսի պայմաններու մէջ, երբ վարկաբեկուած են քաղաքական դաշտի բոլոր ուժերը, եւ երբ մեծագոյն մարտահրաւէրը ժողովուրդի մեծամասնութեան քուէն ձեւաւորելն է, համապատասխան վստահութեան արժանի կառավարութեան մը բաղադրիչները առաջացնելն է։
Ամբողջ յոյն հասարակութիւնը կանգնած է իր ապագային հետ ողջմտութեամբ եւ պատասխանատուութեան ոգիով վարուելու մարտահրաւէրին առջեւ։
Յանուն կուսակցութեանց միջեւ՝ կուսակցութիւններու նեղ շահերէն վեր բարձրանալու ընդունակ քաղաքական ուժերու համախմբումին եւ համագործակցութեան։
Իր կարգին յունահայութիւնը կանգնած է քաղաքացիական միեւնոյն մարտահրաւէրին՝ ժողովուրդի վստահութիւնը վայելող ղեկավարութեանց համախմբում եւ համագործակցութիւն առաջացնելու հրամայականին առջեւ։