­Սեպ­տեմ­բեր 21ի ­Հա­յաս­տա­նի նո­րա­գոյն ­Հան­րա­պե­տու­թեան պատ­մու­թիւ­նը՝ ե՛ւ ետ, ե՛ւ ա­ռաջ կը բե­րէ մեզ նոր ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րու դէմ յան­դի­ման, եւ կը հար­կադ­րէ հայ հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րը ան­կա­խու­թեան տար­բեր հանգ­րո­ւան­նե­րը տես­նե­լու բաց ու ի­րա­պաշտ աչ­քե­րով։

­Դի­տե­ցէք ձեր շուր­ջը. հայ ժո­ղո­վուր­դը ինքն իր մէջ փա­կո­ւած չէ, հա­կա­ռակ որ հա­մայն հա­յու­թիւ­նը կ­’ապ­րի սե­փա­կան տագ­նապ մը, հա­մա­տա­րած հա­ւա­քա­կան ներ­կայ տագ­նա­պի մը մէջ։ ­Հաս­տա­տե­լի է այ­լեւս, որ դիւ­րին դե­րե­րը եւ դիւ­րին լու­ծում­նե­րը վեր­ջա­ցած են։

Կ’ը­սենք. ազ­գը կը գնա­հա­տենք իր պատ­մու­թե­նէն։ ­Բայց ա­տե­նէ մը ի վեր մեր պատ­մու­թիւ­նը անհ­րա­ժեշտ չա­փով հայ­րե­նա­սի­րա­կան ըն­դու­նո­ւած ու նո­ւի­րա­կա­նա­ցած գա­ղա­փար­ներ չի ներշն­չեր, ո­րով­հե­տեւ քիչ մը ա­մէն տեղ կը յա­մե­նայ քա­ղա­քա­կան կաս­կա­ծամ­տու­թեան ու գա­ղա­փա­րա­կան եր­կընտ­րան­քի անվս­տա­հու­թիւ­նը։

­Հաշ­տո­ւա՞ծ ենք ներ­կայ ժա­մա­նակ­նե­րու գա­ղա­փա­րա­կան թե­րա­հա­ւա­տու­թեան հետ։

­Հաշ­տո­ւա՞ծ ենք այն գա­ղա­փա­րին հետ, որ յոյս կը ներշն­չէ, թէ՝ հա­յու­թիւ­նը ա­պա­գա­յին պի­տի գո­յա­տե­ւէ մեր ճանչ­ցած հա­յով, կամ ալ՝ ժա­մա­նա­կա­կից հա­յու խնդրա­կան ինք­նու­թեամբ ու այդ ինք­նու­թեան ձե­ւա­ւո­րո­ւող նկա­րագ­րով ու դի­մա­գի­ծով։ Ու­զենք թէ չու­զենք՝ ինք­նու­թիւ­նը կը ճշդէ գա­ղա­փա­րը, հա­յու­թիւ­նը, հայ­րե­նի­քը՝ գա­ղա­փա­րա­բա­նա­կան տե­սա­բա­նու­թիւն­նե­րով, ի հար­կին, նաեւ ա­ռանց ա­նոնց։

Ե­կէք բո­լորս հա­մա­ձայ­նինք մեր հա­րա­զատ ­Հա­յաս­տա­նին շուրջ։ Եր­կի­րը ա­րա­գօ­րէն իր վէր­քե­րը պէտք է բու­ժէ։ ­Բու­ժու­մը, ո­րե­ւէ բու­ժում լա­ւա­տե­սու­թեամբ կը բա­րե­լա­ւո­ւի, ե­թէ յա­մե­ցող ազ­գա­յին ա­նո­րո­շու­թիւ­նը չքա­նայ եւ լա­ւա­տե­սու­թեան ա­ռա­ջո­ւան հաս­տա­տա­կա­մու­թիւ­նը չտկա­րա­նայ։ Ե­կէ՛ք, չվախ­նանք տար­բեր ըլ­լա­լէ, ե­թէ հար­կը այդ կը պար­տադ­րէ։

Այ­սօր՝ ­Հա­յաս­տա­նի պատ­մու­թիւ­նը կը գրո­ւի մերթ կա­րե­ւո­րու­թեամբ, մերթ ալ ան­կա­րե­ւո­րու­թեամբ։ Ան­ցեալ ժա­մա­նակ­նե­րու կարգ մը քա­ղա­քա­կան մար­տա­վա­րու­թիւն­նե­րու եւ ռազ­մա­վա­րա­կան ա­րե­ւե­լում­նե­րու սխալ ընտ­րանք­նե­րը կրկնե­լու ո­րե­ւէ պատ­ճառ չու­նինք։

Այ­սօր՝ ա­ւե­լի քան ա­ռաջ­նա­հերթ է պահ­պա­նել ա­զա­տու­թեան ու ան­կա­խու­թեան ազ­գա­յին ու մշա­կու­թա­յին նկա­րա­գի­րը, քա­նի ան­կա­խու­թիւ­նը ա­մէն բա­նէ ա­ռաջ մշա­կու­թա­յին տո­ւեալ է, հիմ­նո­ւած հին ու նոր փո­խա­նա­կե­լի փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րու վրայ։ Այդ ան­կա­խու­թեան հա­մար՝ ա­ռաջ, հա­յե­րը ի­րա­րու հետ տաք աչ­քե­րով կը խօ­սէին։ ­Հի­մա եւս նոյն աչ­քե­րով պէտք է խօ­սին։

­Հա­յու­թիւ­նը ո­րոշ կա­րե­ւոր բա­ներ ար­ձա­նագ­րած է իր հա­ւա­քա­կան յու­շի պաս­տա­ռին վրայ։ Ե­թէ կ­’ու­զենք մեր ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րը գուր­գու­րան­քով պահ­պա­նել, ա­մէն բան իր ա­նու­նով պէտք է կո­չել։

­Մեր ա­պա­գա­յի ազ­գա­յին քա­լո­ւած­քը պահ­պա­նե­լու հա­մար, հրա­մա­յա­կա­նօ­րէն պար­տա­ւո­րիչ է ճշդել, թէ ի՞նչ տե­սակ նոր հան­րա­պե­տու­թիւն մը կ­’ու­զենք։ Ան­կա­խու­թեան ինք­նու­թեան բնո­րո­շու­մը բազ­մա­կող­մա­նի է։

Զ­գա­ցա՞ծ ենք ար­դեօք, թէ տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին ան­կա­խու­թիւ­նը կը կորսնց­նէ իր ա­ւան­դա­կան գրաւ­չու­թիւնն ու թի­րա­խը։ Ան­կա­խու­թեան նա­խա­պատուութիւ­նը ա­մէն բա­նէ վեր ­Հա­յաս­տանն է, մա­նա­ւանդ ­Հա­յաս­տա­նի գա­ղա­փա­րը։ ­Բայց ինչ­պէ՞ս կը պա­տա­հի, որ ար­ժէք­նե­րու հա­մա­տա­րած այս տագ­նա­պին մէջ հա­յե­րու խնդիր­նե­րը կը լու­ծո­ւին, սա­կայն ­Հա­յաս­տա­նի խնդիր­նե­րը չեն լու­ծո­ւիր։ ­Հա­յը՝ խզո­ւա՞ծ է ­Հա­յաս­տա­նէն, հա­յու­թե­նէն։

Ան­կա­խու­թիւ­նը միայն հա­յե­րու մե­նաշ­նոր­հը չէ։ ­Բայց մեր ան­կա­խու­թիւ­նը ճիշդ ձե­ւով բա­ցատ­րե­ցի՞նք մեր ժո­ղո­վուր­դին, մեր նոր սե­րունդ­նե­րուն։ Չ­մոռ­նա՛նք. լաւ քա­ղա­քա­ցին լու­սա­բա­նո­ւած քա­ղա­քա­ցին է։

Ան­կա­խու­թեան ճամ­բան կոյր ճամ­բայ մը չէ։ Ան­կա­խա­ցած զգա­ցող այ­սօ­րո­ւան քա­ղա­քա­կա­նա­ցած հա­յը ինչ­պէ՞ս է, դո՛ւր­սը, նե՛ր­սը։ Երկ­րին մէջ ո­րո՞նք պի­տի մնան. ան­կա­խա­ցած զգա­ցող «յոգ­նած­նե՞­րը», «տրտնջա­ցող­նե՞­րը»։ Որ­քա՞ն կը դի­մա­նայ ան­կա­խու­թիւ­նը հոն, ուր չի կի­րար­կո­ւիր։

Ի՜նչ է, յան­կարծ հա­յու­թիւ­նը խեն­թե­ցաւ։ ­Յան­կարծ Ս­փիւռ­քը խեն­թե­ցաւ։ ­Քա­ղա­քա­կան մշա­կոյ­թը դի­մա­գի՞ծ փո­խեց։

­Հայ­րե­նի­քը կը սի­րենք մօ­տէ՞ն, հե­ռո­ւէ՞ն։ ­Հա­ւա­տա­ցող­ներ կան, որ ­Հա­յաս­տա­նը կար­գի կրնան դնել երկ­րէն դուրս ապ­րող­նե­րը։ ­Կը տես­նէ՞ք, թէ ճեղ­քե­րը ինչ­պէ՞ս կը շատ­նան ժո­ղո­վուր­դին մէջ։ Ի՛նչ ալ ըլ­լայ՝ հա­ղոր­դակ­ցու­թեան ճա­նա­պարհ­նե­րը բաց պէտք է պա­հել ա­մէն ուղ­ղու­թեամբ։ Ու­զենք թէ չու­զենք, ­Հա­յաս­տան եւ Ս­փիւռք ան­բա­ժա­նե­լի հա­րա­զատ եղ­բայր­ներ են։ ­Հա­յաս­տանն ու Ս­փիւռ­քը փաս­տե­ցին թէ ա­րե­նակ­ցօ­րէն կրնան հա­մա­գո­յակ­ցիլ, քա­ղա­քա­կան հա­սու­նու­թեան բարձ­րա­գոյն ցու­ցա­նիշ­նե­րով։ ­Հա­յաս­տանն ու Ս­փիւռ­քը տեղ մը նոյն հաս­ցէն ու­նին։

­Սա­կայն ի­րա­պաշ­տօ­րէն դի­տե­լով ­Հա­յաս­տա­նը գա­հա­վէ­ժօ­րէն կը պար­պո­ւի։ Իշ­խա­նու­թիւն­ներ, կու­սակ­ցու­թիւն­ներ այս հար­ցով ներ­կա­յիս որ­քա­նո՞վ կը զբա­ղո­ւին՝ հռե­տո­րա­կան մի­ջամ­տու­թիւն­նե­րէ ան­դին։ ­Կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու հա­մար չէ­զոք գա­ղա­փար­ներ չկան։

­Գի­տէ՞ք. բո­լոր կու­սակ­ցու­թիւն­ներն ու կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րը ար­ժէք­նե­րու տագ­նապ կը դի­մագ­րա­ւեն, ի­տէալ չեն ար­տադ­րեր։ Ա­նոնց­մէ ո­մանք՝ պե­թո­նով պա­տո­ւած են։ Ա­նոնք որ գա­ղա­փա­րա­կան թար­մու­թիւն չեն ար­տադ­րեր՝ դա­տա­պար­տո­ւած են չքա­նա­լու ժա­մա­նա­կին մէջ, զոհ դառ­նա­լով գա­ղա­փա­րա­կան նոյ­նա­ցու­մին։

Ըստ Մ.Ա.Կ.ի 2015 թո­ւա­կա­նի «Աշ­խար­հի բնակ­չու­թեան հե­ռան­կար­նե­րը» զե­կոյ­ցին՝ կը նա­խա­տե­սո­ւի, որ մին­չեւ 2100 թո­ւա­կան ­Հա­յաս­տա­նի բնակ­չու­թիւ­նը պի­տի նո­ւա­զի մօտ կէս չա­փով, ներ­կա­յի 3 մի­լիոն բնակ­չու­թե­նէն հաս­նե­լով մօտ 1,8 մի­լիո­նի։

­Կը մտա­բե­րեմ. ա­ռաջ վա­հա­նը կորսն­ցու­ցինք, վեր­ջը սու­րը, վերջն ալ մեր պայ­քա­րու­նա­կու­թիւ­նը, յե­ղա­փո­խա­կա­նու­թիւ­նը։ Սկ­սած ենք չյի­շել կարգ մը կա­րե­ւոր բա­ներ, ուս­տի՝ հի­մա ժամն է չա­փո­ւե­լու մեր ան­ցեա­լի ու ներ­կա­յի պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն­նե­րուն հետ։ Ա­մէն բան գե­ղեց­կա­ցած ներ­կա­յաց­նե­լու մի­տու­մը լաւ տեղ չ­’ա­ռաջ­նոր­դեր ազ­գա­յին կա­ռոյց­ներն ու զան­գո­ւած­նե­րը, քա­նի պէտք չէ ան­տե­սել եր­բեք, որ մեր ան­կա­խու­թիւ­նը չա­փա­հաս դառ­նա­լու ճամ­բուն վրայ է, հա­զիւ բո­լո­րած քա­ռորդ դա­րու հապ­ճեպ ժա­մա­նա­կաշր­ջան մը։ Ուս­տի՝ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն­նե­րու վրայ հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­ներ պահ­պա­նե­լու չա­փա­նի­շը պէտք է գտնել ու պահ­պա­նել։

­Ճա­կա­տագ­րա­պաշ­տու­թիւ­նը կա­րե­ւոր դեր պէտք չէ խա­ղայ այ­լեւս հա­յու կեան­քին մէջ։ Այս զա­նա­զա­նու­թիւ­նը հասկ­նա­լու բնազ­դը պէտք չէ տկա­րա­նայ մեր մէջ։ Ազ­գա­յին ու պե­տա­կան մա­կար­դա­կի հար­ցե­րու հան­դէպ՝ խտա­ցած փոր­ձա­ռու­թե­նէ մեկ­նե­լով քննար­կող մօ­տե­ցում պէտք է որ­դեգ­րել։

­Շատ ժա­մա­նակ չմնաց ար­դէն։ ­Ժա­մա­նա­կին հետ խա­ղը դիւ­րին չէ։ ­Փոր­ձենք քննել ա­մէն ին­չի պատ­ճառ­նե­րը եւ ոչ միայն ա­ռիթ­նե­րը։

***

­Պաղ ­Պա­տե­րազ­մի աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան պա­տե­րը, ա­նոնք՝ որ տա­պա­լե­ցան, եւ ա­նոնք որ չին­կան ու դեռ կան­գուն կը մնան, որ­պէս յա­մա­ռող մնա­ցոր­դը ազ­գա­յին բա­խում­նե­րու եւ ան­հա­ղորդ ան­ցեա­լի վե­րի­վայ­րում­նե­րու։

­Հին թէ նոր պա­տե­րուն մէջ՝ մենք կա՞նք։

­Հա­մաշ­խար­հայ­նա­ցու­մը նոր պա­տեր բե­րաւ. վտան­գա­ւոր եւ ոչ-հիւ­րա­սէր՝ կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րու կող­մէ խա­ղա­ղա­սէր ժո­ղո­վուրդ­նե­րու հան­դէպ։ ­Հա­մաշ­խար­հայ­նա­ցու­մը շատ ա­րագ կը փո­խո­ւի։ ­Լա­ւա­տես նա­խա­տե­սում­ներ կա՞ն, մնա­ցի՞ն։ ­Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու մեծ թէ փոքր յաղ­թա­նակ­ներն ու պար­տու­թիւն­նե­րը նո­րա­նոր պար­տա­ւո­րու­թիւն­ներ կը ստեղ­ծեն։ Յս­տա­կա­ցու­մի ու ախ­տա­ճա­նա­չու­մի կա­րօտ պար­տա­ւո­րու­թիւն­ներ, ո­րոնք կը փոր­ձեն գո­յա­տե­ւել փաս­տո­ւած կամ տա­տա­նող ար­ժէք­նե­րու թէ ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րու լա­բիւ­րին­թո­սի մը մէջ։

Այս լա­բիւ­րին­թո­սին մէջ մեծ շա­հե­րը մեծ սխալ­ներ կը բե­րեն, ո­րով­հե­տեւ սրա­ծայր բե­ւեռ­ներ կան որ կը պար­տադ­րո­ւին մարդ­կու­թեան։ ­Ժո­ղո­վուրդ­նե­րը պէտք է շա­րու­նա­կեն դի­մադ­րա­կան մթնո­լոր­տի մէջ ապ­րիլ, բո­լոր մար­զե­րուն մէջ՝ ա­ռանց չբիւ­րե­ղա­ցած յանդգնու­թեան ու քա­ջու­թեան, ա­ռանց ա­նի­մաստ ու ա­պա­քա­ղա­քա­կա­նա­ցած մար­զանք­նե­րու փոր­ձու­թեան մէջ իյ­նա­լու։

­Յանդգ­նու­թիւնն ու քա­ջու­թիւ­նը ներշն­չում կ’ու­զեն։ Այդ ներշն­չու­մը կա՞յ։

Ու­րախ պի­տի ըլ­լա­յի ե­թէ սխա­լած ըլ­լա­յի, բայց դի­տե­լով ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան հո­լո­վոյ­թը՝ կարգ մը խօ­սուն հար­ցա­կան­ներ կը ծա­գին մէջս։ Ուր­կէ՜ սկսիլ։

Օ­րի­նակ. ինչ­պէ՛ս խրա­խու­սա­կան ե­րե­ւոյթ չհա­մա­րել, այս ամ­սո­ւան սկիզ­բը, տա­սը հա­զար ե­րի­տա­սարդ­նե­րու ա­ռա­ջին ան­գամ հա­մալ­սա­րան յա­ճա­խե­լու դրա­կան պատ­կե­րը։

Ինչ­պէ՛ս խրա­խու­սա­կան ե­րե­ւոյթ չհա­մա­րել, սահ­մա­նադ­րա­կան բա­րե­փո­խում­նե­րու հո­լո­վոյ­թի անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը, որ­պէս մեր հայ­րե­նի­քի կա­յու­նու­թեան, ազ­գա­յին ա­պա­հո­վու­թեան եւ ինք­նիշ­խա­նու­թեան ե­րաշ­խիք։

­Բայց ինչ­պէ՞ս խրա­խու­սա­կան հա­մա­րել՝ ­Հա­յաս­տա­նի Ա­ռա­ջին ­Հան­րա­պե­տու­թեան խորհր­դա­րա­նի շէն­քի քա­ղա­քա­կան ու քա­ղա­քակր­թա­կան դի­մա­գի­ծի ա­ղա­ւա­ղու­մը եւ զայն փից­ցա­յի սե­ղա­նա­տան շու­կա­յա­կան տա­րած­քի վե­րա­ծե­լը։ Ան­հա­ւա­տա­լի՜ է. բայց հայ­կա­կա՜ն է։

Ազ­գա­յին ճշմար­տու­թիւ­նը քա­ղա­քա­կան մար­զանք չէ։ Ա­հա՛, թէ ինչ­պէ՛ս կը կոր­սո­ւի պատ­մու­թիւ­նը, որ­քան ալ ան կա­պո­ւած ըլ­լայ իր ան­ցեա­լով ու ներ­կա­յով։ ­Պատ­մու­թիւ­նը՝ ա­մէն տեղ եւ ա­մէն ժա­մա­նա­կի մէջ, հա­յու­թեան պար­տա­կան է, մենք ալ պար­տա­կան ենք պատ­մու­թեան։

­Բայց, ինչ­պէ՞ս խրա­խու­սա­կան հա­մա­րել՝ պե­տա­կան ա­ւան­դա­կան կա­ռոյց­ներ քա­զի­նո­յի վե­րա­ծե­լու հիաս­թա­փեց­նող թոյլ­տո­ւու­թիւ­նը, երբ այլ եր­կիր­նե­րու մէջ ա­նոնք պատ­մա­կան ար­ժէք ներ­կա­յաց­նող պահ­պա­նե­լի գօ­տի­նե­րու կը վե­րա­ծո­ւին ու պե­տա­կան գան­ձա­նա­կէն հսկայ գու­մար­ներ կը յատ­կա­ցո­ւին զա­նոնք վե­րա­նո­րո­գե­լու, բա­րե­լա­ւե­լու եւ թան­գա­րա­նա­յին ար­ժէ­քի վե­րա­ծե­լու հա­մար։ Ար­ժէք­նե­րը թղթա­խա­ղի ա­կումբ չեն։

Ազ­գա­յին, պատ­մա­կան եւ մշա­կու­թա­յին հաս­կա­ցո­ղու­թիւն­նե­րը ինչ­պէ՞ս պի­տի պահ­պա­նո­ւին ժա­մա­նա­կի չա­փա­նիշ­նե­րու հո­լո­վոյ­թի եր­կայն­քին։

Այ­սօր, ե­րէկ ալ, իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու մէջ մար­դիկ կան, որ կը խօ­սին բա­նե­րու մա­սին, զոր չեն հասկ­ցած, չեն հա­ւա­տա­ցած։ Իշ­խա­նա­ւոր­նե­րու խօսքն ու գոր­ծը կը հա­մընկ­նի՞ն մեր ժա­մա­նա­կի ար­ժէք­նե­րուն։ ­Մեր այ­սօ­րի ի­րա­կա­նու­թեան հետ կապ ու­նի՞ն։ ­Հա­յաս­տան հա­սա՞ծ է հա­սու­նա­ցու­մի անհ­րա­ժեշտ մա­կար­դա­կին։ ­Մար­դիկ կան, որ հաս­կա­ցած չեն, թէ ան­կախ ենք։

Մտ­քիս մէջ բաղ­դա­տա­կան տրա­մադ­րու­թիւն­ներ չկան, ու­րիշ ժա­մա­նակ­ներ յի­շեց­նող, բայց հա­ւա­քա­կան մտա­ծո­ղու­թեան խտա­ցու­մով հաս­տա­տենք, որ տա­րի­նե­րու թա­ւալ­քին հետ փո­խո­ւե­ցան ազ­գա­յին յատ­կա­նիշ­ներ ու ա­ռա­քի­նու­թիւն­ներ, ո­րոնց­մով մեր ազ­գը մեծ­ցաւ եւ ո­րոնք մեր ազ­գը մեծ­ցու­ցին տար­բեր ու տար­բեր, սա­կայն ներ­դաշ­նա­կո­ւած հո­գե­բա­նա­կան նոյ­նա­ցում­նե­րով։

­Չեմ գի­տեր, թէ դուք ինչ­պէ՞ս կը գնա­հա­տէք, բայց ­Հա­յաս­տա­նի մէջ գրա­սե­նեակ­ներ կան, որ զբօ­սաշըր­ջա­կան ծրա­գիր­ներ կը վա­ճա­ռեն, որ­պէս­զի հայ բա­րե­կե­ցիկ ազ­գա­յին­ներ վա­յե­լեն թրքա­կան երկ­նա­կա­մա­րի ա­րե­ւու, օ­դի, ջու­րի, ա­ւա­զան­նե­րու ու ծո­վե­զերք­նե­րու բա­րիք­նե­րը։ Ու­րիշ­ներ ալ, կը նա­խընտ­րեն մեր ազ­գա­կից­նե­րու ճամ­բոր­դու­թիւն­նե­րը կազ­մա­կեր­պել դէ­պի մեր պատ­մա­կան ու բռնագ­րա­ւո­ւած հայ­րե­նի­քը՝ ­Վան, ­Մուշ, Ա­նի, ­Կարս, Ար­տա­հան, Էրզ­րում։

Ի՜նչ հաս­տա­տա­կամ մրցակ­ցու­թիւն, որ ա­նակն­կա­լօ­րէն կը յայտ­նա­բե­րո­ւի, երբ պատ­մու­թիւ­նը կը քե­րես տար­բեր ան­կիւն­նե­րէ։ Եւ այս բո­լո­րին տակ ինչ­պէ՞ս չտես­նել թրքա­կան մի­տում­նա­ւոր յար­ձա­կո­ղա­պաշ­տու­թիւն, ուր կ­’օգ­տա­գոր­ծո­ւի զբօ­սաշր­ջու­թիւ­նը իբ­րեւ կրա­ւո­րա­կան զէնք՝ զոհ դարձ­նե­լով պատ­մա­կան յու­շը, յու­շին ինք­նու­թիւ­նը եւ կարգ մը խորթ ե­րե­ւոյթ­ներ, որ կը զու­գոր­դո­ւին մեր շփո­թա­հար ի­րա­կա­նու­թեան խա­ղե­րուն հետ։ ­Խա­ղեր, որ թաք­նո­ւած են ան­թա­փան­ցե­լի ի­րա­պաշ­տու­թեան մը գորշ քո­ղին տակ։

­Փաստ, որ ­Թուր­քիա կ­’ապ­րի հայ­կա­կան պատ­մա­կան ժա­ռան­գու­թեան ցու­ցադ­րու­մով ու հայ զբօ­սաշըր­ջիկ­նե­րէն դրամ շա­հե­լով։ ­Հա­յե­րու ինք­նաբ­նո­րո­շո­ւող պատ­մու­թիւ­նը հա­մաշ­խար­հա­յին պատ­մու­թեան մաս կը կազ­մէ։ ­Միւս­նե­րը 3000 տա­րի ա­ռաջ չկա­յին ու չկան։

Այ­սօր, ­Հա­յաս­տա­նի հա­մար ա­մէնքս ա­ռա­ջին խօս­քի ի­րա­ւունք ու­նինք։ Ո՛վ որ քա­ջու­թիւն ու­նի՝ կը խօ­սի։ ­Մենք բո­լորս, ո­րե­ւէ պատ­ճառ չու­նինք կորսնց­նե­լու ինչ որ ձեռք բե­րինք ա­նա­րիւն ան­կա­խու­թեամբ։ ­Ներ­կա­յիս խօս­քը դի­ւա­նա­գի­տու­թեան կը պատ­կա­նի։ ­Դի­ւա­նա­գի­տու­թիւնն ալ զէնք է։

Ի՜նչ ալ ը­սենք, վեր­ջա­ւո­րու­թեան մեր բա­ռե­րու ի­մաստն ալ պի­տի կորսնց­նենք։ ­Հայ­րե­նա­սի­րու­թիւ­նը չի չա­փո­ւիր. իր նկա­րա­գի­րը ու­նի։ ­Խիղ­ճը, թի­ւը, զգա­ցու­մը չափ չու­նի։ ­Հայ­րե­նա­սի­րու­թիւ­նը կ­’ապ­րի խիղ­ճի բնո­րո­շու­մով։ ­Խիղ­ճը մտա­ծում ու մշա­կոյթ է, խորհըր­դա­նիշ է, ինք­նա­ճա­նա­չում է։

­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թիւ­նը իր նիւ­թը չէ վեր­ջա­ցու­ցած։ Այս պատ­մու­թիւ­նը եր­կար-եր­կար պոչ ու­նի։ ­Յի­շեց­նենք այն, ի՛նչ որ կը մոռ­նանք ան­կա­խու­թեան հա­մար։ ­Պար­տինք ը­սել՝ լռու­թեան եր­դում տո­ւած չենք։

­Կար­ծեմ, ան­կա­խու­թեան ար­ժէ­քը սոր­ված ենք, գի­տե՛նք։ ­Զայն չմսխենք. շուտ կը սպա­ռի։ Ան­կա­խու­թիւ­նը, երբ եր­կար կը տե­ւէ, չի նշա­նա­կեր միշտ, որ յա­ջո­ղած է։

­Շատ սուղ դաս մը, որ­պէս­զի չկի­րար­կենք հա­կա­սու­թիւն­նե­րու դա­սը։

­Մեր յա­ջորդ օ­րը շատ կա­րե­ւոր է։

ՅՈՎՍԷՓ ­ՊԱՐԱԶԵԱՆ