altԹուր­քիա ոչ միայն հրա­ժա­րած է միա­նա­լէ ՆԱԹՕի իր դաշ­նա­կից­նե­րուն իսլամական պետութեան (ԻԼԻՊ) դէմ պայ­քա­րին, այ­լեւ վե­րա­պատ­րաս­տած, զի­նած եւ ա­ջակ­ցած է հա­զա­րա­ւոր ա­հա­բե­կիչ­նե­րու ներ­թա­փանց­ման Սու­րիա եւ Ի­րաք:

Բ­րի­տա­նա­կան «­Կար­տիըն» պար­բե­րա­կա­նը յայտ­նած է, որ Մա­յի­սին, երբ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու յա­տուկ ու­ժե­րը ա­րե­ւե­լեան Սու­րիոյ մէջ շրջա­պա­տե­ցին եւ սպան­նե­ցին ԻԼԻ­Պի ղե­կա­վար Ա­պու Սա­յա­ֆը, յար­ձակ­ման ժա­մա­նակ առգ­րա­ւո­ւած փաս­տա­թուղ­թե­րը բա­ցա­յայ­տե­ցին Ան­գա­րա­յի սերտ գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը ԻԼԻ­Պի հետ: Հա­րիւ­րա­ւոր յօ­դո­ւած­ներ հրա­պա­րա­կո­ւե­ցան ամ­բողջ աշ­խար­հի մէջ` նկա­րագ­րե­լով ԻԼԻ­Պին ցու­ցա­բե­րած թրքա­կան ա­ջակ­ցու­թեան ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը:

Տա­նիէլ Փայփս, «Ո­ւա­շինկ­թըն Թայմզ»ի մէջ հրա­պա­րա­կո­ւած «­Թուր­քիոյ ա­ջակ­ցու­թիւ­նը ԻԼԻ­Պին» խո­րագ­րով իր յօ­դո­ւա­ծին մէջ, կը տե­ղե­կաց­նէ, որ «թուր­քե­րը ա­ւե­լի շատ բա­ներ տրա­մադ­րած են, քան պար­զա­պէս սահ­մա­նի հա­տու­մը. ա­նոնք ա­պա­հո­ված են ԻԼԻ­Պի ե­կա­մու­տի, մա­տա­կա­րա­րում­նե­րու, վե­րա­պատ­րաստ­ման եւ զէն­քի ա­ռիւ­ծի բա­ժի­նը»: Փայփս նաեւ բա­ցա­յայ­տած է, որ ԻԼԻ­Պի վի­րա­ւոր զի­նեալ­նե­րը բու­ժո­ւած են թրքա­կան հի­ւան­դա­նոց­նե­րու մէջ, եւ Թուր­քիան ԻԼԻ­Պին վճա­րած է 800 մի­լիոն տո­լար քա­րիւ­ղի ա­պօ­րի­նի ա­ռաք­ման հա­մար:

Փոխ-նա­խա­գահ Ճօ Պայ­տըն ան­ցեալ տա­րո­ւան Հոկ­տեմ­բե­րին, Հա­րուըր­տի հա­մալ­սա­րա­նին մէջ ու­նե­ցած իր ե­լոյ­թին ժա­մա­նակ, հաս­տա­տեց Թուր­քիոյ կոր­ծա­նա­րար դե­րը իս­լա­միստ ա­հա­բե­կիչ­նե­րու ա­ջակ­ցու­թեան գոր­ծին մէջ. Թուր­քիան, Սէու­տա­կան Ա­րա­բիան եւ Ի­մա­րաթ­նե­րը «հա­րիւր մի­լիո­նա­ւոր տո­լար­ներ եւ հա­զա­րա­ւոր թոն զէնք նո­ւի­րա­բե­րած են իւ­րա­քան­չիւ­րին, որ պի­տի պայ­քա­րի Ա­սա­տի դէմ, սա­կայն այդ մար­դիկ, ո­րոնք կը ստա­նա­յին` բո­լո­րը Նուս­րա, Ալ-­Քաի­տա խմբա­ւո­րում­նե­րէն էին եւ աշ­խար­հի տար­բեր մա­սե­րէ ե­կած ճի­հա­տա­կան ծայ­րա­հե­ղա­կան տար­րեր էին»: Փոխ-նա­խա­գա­հը նաեւ բա­ցա­յայ­տեց, որ Թուր­քիոյ նա­խա­գահ Ռե­ճեփ Թա­յիփ Էր­տո­ղան մաս­նա­ւոր զրոյ­ցի մը ըն­թաց­քին ի­րեն ը­սած է.- «­Դուք ճիշդ էիք: Մենք շատ շա­տե­րուն թոյլ տո­ւինք անց­նիլ»: Պայ­տըն հե­տա­գա­յին նե­րո­ղու­թիւն խնդրեց իր հրա­պա­րա­կա­յին ե­լոյ­թին հա­մար, որ­պէս­զի մեղ­մաց­նէ Էր­տո­ղա­նի զայ­րոյ­թը:

Միտ­չել Բ­րո­դե­րօ, McClatchyDC.com կայ­քէն, Օ­գոս­տոս 24ին ապ­շե­ցու­ցիչ բա­ցա­յայ­տու­մով տե­ղե­կա­ցուց, որ թրքա­կան հե­տա­խու­զու­թիւ­նը ա­հա­զան­գած էր իս­լա­միստ ա­հա­բե­կիչ­նե­րուն, որ ա­մե­րի­կեան վե­րա­պատ­րաս­տում ստա­ցած խումբ մը զի­նեալ­ներ կը պատ­րաստո­ւին Թուր­քիա­յէն անց­նիլ Սու­րիա: Ա.Մ.Ն. վե­րա­պատ­րաստ­ման 500 մի­լիոն տո­լար ար­ժող ծրա­գի­րի 54 շրջա­նա­ւարտ­նե­րէն շա­տե­րուն ժա­մա­նե­լուն պէս, Ալ-­Քաի­տա­յի Նուս­րա ճա­կա­տը ան­մի­ջա­պէս կանգ­նե­ցուց զա­նոնք եւ ա­ռե­ւան­գեց…

Ան­ցեալ ա­միս, երբ Թուր­քիան վեր­ջա­պէս հա­մա­ձայ­նե­ցաւ միա­նա­լու ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պա­տե­րազ­մին եւ «թոյլ տո­ւաւ» Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րուն Ին­ճիր­լի­քի ռազ­մա­կա­յա­նէն հրթի­ռա­կո­ծել ԻԼԻ­Պի թի­րախ­նե­րը, Ա.Մ.Ն. պաշ­տօնեա­նե­րու նախ­նա­կան ցնծու­թիւ­նը վե­րա­ծո­ւե­ցաւ սոս­կու­մի, երբ ա­նոնք հասկ­ցան, որ թրքա­կան ռազ­մա­կան ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւ­նը Ի­րա­քի եւ Սու­րիոյ մէջ քիւր­տե­րուն, այլ ոչ թէ ԻԼԻ­Պին հարո­ւա­ծելն էր: Թուր­քիան, հա­րո­ւա­ծե­լով քիւրտ գրո­հա­յին­նե­րը, ըստ էու­թեան, կ­՝օգ­նէր ԻԼԻ­Պին, քա­նի որ քիւր­տե­րը Ա.Մ.Ն.ի միակ վստա­հե­լի ռազ­մա­կան գոր­ծըն­կեր­ներն էին այդ տա­րած­քին մէջ:

Ու­զե­լով խո­չըն­դո­տել Ան­կախ Քիւր­տիս­տան ստեղ­ծե­լու քիւր­տե­րու վա­ղե­մի ե­րա­զան­քը, քիւր­տե­րու դէմ Ի­րա­քի, Սու­րիոյ եւ Թուր­քիոյ մէջ լայ­նա­ծա­ւալ ա­րիւ­նա­լի յար­ձա­կում­ներ սան­ձա­զեր­ծե­լով՝ Էր­տո­ղան յոյս ու­նի, որ Նո­յեմ­բեր 1ին թուրք ընտ­րող­նե­րը պի­տի օգ­նեն ի­րեն վե­րա­կանգ­նե­լու իր կու­սակ­ցու­թեան այս տա­րո­ւան Յու­նի­սի ընտ­րու­թիւն­նե­րուն կորսն­ցու­ցած խորհր­դա­րա­նա­կան մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը:

Ի դժբախ­տու­թիւն Էր­տո­ղա­նի` քիւր­տե­րու դէմ յար­ձա­կում­նե­րը բա­ցա­սա­կան ար­ձա­գանգ գտան շատ թուրք քա­ղա­քա­ցի­նե­րու մօտ, ո­րոնք կորսն­ցու­ցած էին բա­նա­կի մէջ ծա­ռա­յող ի­րենց սի­րե­լի­նե­րը` պար­զա­պէս նա­խա­գա­հի քա­ղա­քա­կան վար­կա­նի­շը բարձ­րաց­նե­լու հա­մար…

Յու­սա­հա­տու­թեան մէջ յայտ­նո­ւած Էր­տո­ղան յա­ռա­ջի­կայ շա­բաթ­նե­րու ըն­թաց­քին կրնայ դի­մել եւս մէկ հնար­քի: Տես­նե­լով, որ քիւր­տե­րու ռմբա­կո­ծու­մը չի ստեղ­ծեր ակն­կա­լո­ւող հան­րա­յին ա­ջակ­ցու­թիւ­նը յա­ռա­ջի­կայ ընտ­րու­թիւն­նե­րուն, ան կրնայ հրա­մա­յել զան­գո­ւա­ծա­յին յար­ձա­կում­նե­րու ձեռ­նար­կել քիւր­տե­րու դէմ ամ­բողջ ա­րե­ւե­լեան Թուր­քիոյ մէջ: Իսկ յե­տոյ իբ­րեւ պատ­րո­ւակ օգ­տա­գոր­ծե­լով քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տե­րազ­մը` ար­տա­կարգ դրու­թիւն հաս­տա­տել, կա­սեց­նել խորհր­դա­րա­նը եւ կա­ռա­վա­րել կղե­րա­պե­տա­կան օս­մա­նեան սուլ­թա­նի եր­կա­թէ բռունց­քով…

Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րը եւ Ն.Ա.Թ.Օ.ի ա­նոնց դաշ­նա­կից­նե­րը պար­տա­ւոր են հնա­րա­ւոր ա­մէն ինչ ը­նել՝ կանգ­նեց­նե­լու ի­րենց իսկ ստեղ­ծած հրէ­շը, մինչ ան պի­տի ոչն­չաց­նէ ա­մէն ինչ իր ճա­նա­պար­հին: Էր­տո­ղան լուրջ սպառ­նա­լիք է իր սե­փա­կան քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն` թուր­քե­րուն, քիւր­տե­րուն եւ այ­լոց հա­մար, ինչ­պէս նաեւ ա­պա­կա­յու­նաց­նող ուժ է ամ­բողջ տա­րա­ծաշր­ջա­նի հա­մար:

Ա­րե­ւե­լեան Թուր­քիոյ մէջ քիւրտ բնակ­չու­թեան վրայ վայ­րագ յար­ձա­կում­նե­րը լա­ւա­գոյն փաստն են, թէ ին­չո՞ւ քիւր­տե­րը ար­ժա­նի են ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան եւ չեն կրնար այ­լեւս հան­դուր­ժել թրքա­կան դա­ժան վար­չա­կար­գը…

Օ­պա­մա­յի վար­չա­կազ­մը պէտք է հե­տե­ւի Թուր­քիոյ մէջ Ա.Մ.Ն. նախ­կին դես­պան եւ 2005-2009 թո­ւա­կան­նե­րուն պաշտ­պա­նու­թեան փոխ-նա­խա­րար Է­րիկ Է­տըլ­մա­նի ի­մաս­տուն խոր­հուր­դին: «­Նիւ Եորք Թայմզ» թեր­թին մէջ Օ­գոս­տոս 27ին հրա­պա­րա­կո­ւած իր յօդո­ւա­ծին մէջ Է­տըլ­ման կ­՝ա­ռա­ջար­կէ, որ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րը «­Սահ­մա­նա­փա­կեն Թուր­քիոյ մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բարձր մա­կար­դա­կի հան­դի­պում­նե­րուն, կրճա­տեն հե­տա­խու­զա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը եւ մեր­ժեն ա­մե­րի­կեան ա­ջակ­ցու­թիւ­նը Թուր­քիոյ մի­ջազ­գա­յին նիւ­թա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու մէջ»: Այս եւ շատ այլ քայ­լեր պէտք է ձեռ­նար­կո­ւին յա­ռա­ջի­կայ քա­նի մը շա­բաթ­նե­րու ըն­թաց­քին, մին­չեւ Նո­յեմ­բե­րին կա­յա­նա­լիք Թուր­քիոյ խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րը:

«­Նիւ Եորք Թայմզ»ի խմբագ­րա­կան խոր­հուր­դը Օ­գոս­տոս 31ի խմբագ­րա­կա­նին մէջ Էր­տո­ղա­նի քա­ղա­քա­կան հնարք­նե­րը բնու­թագ­րեց իբ­րեւ փորձ «փրկե­լու իր յա­ւակ­նու­թիւն­նե­րը` մե­նա­տի­րա­կան կա­ռա­վա­րու­մը եւ մե­ծա­պէս ընդ­լայ­նո­ւած լիա­զօ­րու­թիւն­նե­րը շա­րու­նա­կե­լու հա­մար»:

Սու­րիոյ եւ Ի­րա­քի մէջ ա­հա­բեկ­չու­թեան հիմ­նախն­դի­րը սահ­մա­նա­փա­կե­լու, այդ եր­կիր­նե­րուն մէջ կա­յու­նու­թիւ­նը վե­րա­կանգ­նե­լու եւ Թուր­քիոյ մէջ ա­ճող ա­րիւ­նա­հե­ղու­թիւ­նը դադ­րեց­նե­լու հա­մար, թուրք ժո­ղո­վուր­դը պէտք չէ ար­տօ­նէ, որ Էր­տո­ղա­նի կու­սակ­ցու­թիւ­նը վե­րա­կանգ­նէ իր կորսն­ցու­ցած խորհր­դա­րա­նա­կան մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը…

Յա­րութ Սա­սու­նեան
«­Քա­լի­ֆոր­նիա Քու­րիեր»