20 Սեպտեմբերին Յունաստան դարձեալ կը դիմէ քուէարկութեանց՝ այս տարուան ընթացքին երկրորդ անգամ ըլլալով խորհրդարանական ընտրութիւններ կատարելու համար։
Խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւնները անխուսափելի դարձան, երբ Յունաստանը զգետնած տնտեսական ճգնաժամին վրայ եկաւ աւելնալու երկիրը իր տագնապէն դուրս բերող քաղաքական ճիշդ կողմնորոշումը գտնելու, այլեւ համապատասխան ղեկավար՝ իշխանաւոր ուժերը ընտրելու դժուարութիւնը։
Քաղաքական իշխանութեան ներկայ տագնապը պայթեցաւ Յուլիս 5ի «Ո՛Չ»ի հանրաքուէէն ետք, երբ իշխանութեան ղեկին տարեսկիզբին հասած Ալեքսիս Ցիփրայի ձախակողմեան կուսակցութիւնը՝ Սիրիզան ներքին ճեղքերու մատնուեցաւ...
Շարժառիթը կամ պատճառը Յունաստանի պարտատէրերուն հետ վարչապետ Ցիփրայի կնքած յաւելեալ վարկերու ստացման եւ պարտքերու մարման նոր պայմաններու համաձայնագիրն էր, որ դժգոհութեամբ ընկալուեցաւ «Ո՛Չ»ի կարծր ու արմատական դրօշակիրներուն կողմէ։
Հետեւաբար, մինչ ընդդիմադիր գլխաւոր կուսակցութիւնը՝ Նոր Հանրապետութիւնը հանրաքուէէն անմիջապէս յետոյ ստիպուեցաւ փոխել իր ղեկավարութիւնը եւ վերահաստատել իր ներքին միասնականութիւնը, անդին՝ Ցիփրայի իշխանաւոր կուսակցութիւնը կորսնցուց իր միասնականութիւնն ու խորհըրդարանական մեծամասնութիւնը։ Բացայայտ է, որ 20 Սեպտեմբերին նոր խորհրդարանի մը ձեւաւորումէն աւելի ծանրակշիռ ընտրանքի մը առջեւ կանգնած է Յունաստան։
Քաղաքական ու կուսակցական բեւեռացումներու հետեւանքով՝ Յունաստան մատնուած է մեծամասնութեան կամքով կայուն իշխանութիւն կեանքի կոչելու դժուարութեան։
Ընտրազանգուածը կոչուած է իր վստահութեան քուէն տալու ոչ թէ անհատ թեկնածուներու, այլ կուսակցութիւններու։ Թեկնածուներու անձնական բարեմասնութեանց եւ հանրանուէր վաստակի արժեւորումէն աւելի, ընտրազանգուածը 20 Սեպտեմբերին իր նիշը պիտի տայ ուղղակիօրէն մրցակից կուսակցութեանց։
Այդ իմաստով՝ խորհրդարանական արտահերթ ընտրութեանց մթնոլորտը ծայր աստիճան քաղաքական-կուսակցական բեւեռացման տարած է յոյն հասարակութեան լայն շերտերը, ինչ որ աւելիով կը դժուարացնէ ինքնին հեղձուցիչ տնտեսական ճգնաժամին յաղթահարման հեռանկարները։
Քաղաքական անկայունութեան այս վտանգը խորապէս կը մտահոգէ յունահայ գաղութը, որուն ազգային-միութենական կառոյցները եւ հայապահպանութեան կռուանները ծանր հարուածի տակ ինկած են Յունաստանի տնտեսական ընդհանուր ճգնաժամին հետեւանքով։
Յունահայութիւնը ամէն պատճառ ունի, որպէսզի 20 Սեպտեմբերի ընտրութեանց մասնակցի՝ բեւեռացումներէ հեռու մնալու եւ համախոհութեան ու համերաշխութեան սատարելու առաջադրանքով։
Առնուազն՝ քաղաքական անհանդուրժողութեան եւ կուսակցական այլամերժութեան հետզհետէ բորբոքուող մթնոլորտէն հեռու մնալու առումով։
Մանաւանդ որ տարբեր ուղի չկայ՝ Յունաստանի դիմագրաւած քաղաքական թէ կուսակցական երիտասարդացման մարտահրաւէրը յաջողութեամբ պսակելու համար։