Այս տո­ղե­րուն ըն­կե­րա­ցող քա­նի մը լու­սան­կար­նե­րը բնա­կա­նա­բար ան­կա­րող են ցոյց տա­լու օր ըստ օ­րէ ա­հագ­նա­ցող այն ող­բեր­գու­թիւ­նը, որ աշ­խարհս կ­’ապ­րի վեր­ջին ա­ւե­լի քան տա­սը տա­րի­նե­րուն, չը­սե­լու հա­մար՝ վեր­ջին ա­ւե­լի քան քա­ռորդ դա­րուն, սկսեալ այն օ­րէն՝ երբ տագ­նապ­նե­րու ցու­ցա­կին վրայ,

­­Վիեթ­նա­մի, ­­Քո­րէա­յի եւ ծայ­րա­գոյն ա­րե­ւել­քի այլ եր­կիր­նե­րուն իբ­րեւ յա­ջորդ­ներ՝ ա­րա­գօ­րէն ա­ւել­ցան Աֆ­ղա­նիս­տա­նի, Ի­րա­քի, ­­Սու­րիոյ, ­­Լի­պիոյ, ափ­րի­կեան երկ­վե­ցեակ մը եր­կիր­նե­րու ա­նուն­նե­րը, իսկ Ե­մէ­նի ա­նու­նը վեր­ջին ա­միս­նե­րուն ե­ղաւ նո­րա­գոյն «նո­ւա­ճու­մը»...

Աշ­խար­հը, մաս­նա­ւո­րա­բար եւ­րո­պա­կան եր­կիր­նե­րը փո­թոր­կած են: ­Միայն այս տա­րեշր­ջա­նին ա­ւե­լի քան 300.000 բռնա­գաղ­թո­ւած­ներ ո­ղո­ղած են ե­ւոր­պա­կան եր­կիր­ներ՝ ա­րե­ւել­քէն մին­չեւ ա­րեւ­մուտք, ստեղ­ծե­լով մարդ­կա­յին ա­հա­ւոր ող­բեր­գու­թիւն­ներ, տնտե­սա­կան ու ըն­կե­րա­յին ա­նա­սե­լի հար­ցեր: Ող­բեր­գու­թիւ­նը վե­րա­ծո­ւած է ան­թիւ ե­րես­նե­րով «ա­դա­մանդ»ի մը, ե­րես­նե­րէն իւ­րա­քան­չիւ­րը՝ միւ­սէն ա­ւե­լի ա­րիւ­նա­լի, ան­մարդ­կայ­նու­թիւն ար­տա­ցո­լաց­նող:

Օ­րը՝ նոր, մութ ու կար­միր պատ­մու­թիւն մը՝ նոր

Եւ­րո­պա­կան ցա­մաք հաս­նող­նե­րը բախ­տա­ւոր կը սե­պո­ւին, ո­րով­հե­տեւ հա­զա­րա­ւոր­ներ, ­­Մի­ջերկ­րա­կա­նը կտրե­լու պա­հուն, ջրա­մոյն կ­’ըլ­լան եւ ա­նոնց թի­ւը կը գու­մա­րո­ւի քա­ղաք­նե­րու մէջ ին­կող զո­հե­րու թի­ւին վրայ: ­­Սու­րիա­ցի խեղ­դա­մահ ան­մեղ մա­նու­կի մը պատ­կե­րը ցնցեց աշ­խարհն ու մի­լիո­նա­ւոր­նե­րուն խիղ­ճե­րը. իսկ ե­թէ բո­լոր խեղ­դա­մահ­նե­րուն պատ­կեր­նե­րը ցու­ցադ­րո­ւէին ա­մէն օր, խիղ­ճե­րը պի­տի... բթա­նա­յի՞ն, զգա­յազր­կո­ւէի՞ն պի­տի:

Մ.Ա.Կ.ն­ ու մի­ջազ­գա­յին բա­րե­սի­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ, ան­հատ եր­կիր­ներ կը յայ­տա­րա­րեն, որ կա­րե­լին կ­’ը­նեն՝ դժբախ­տու­թեան մատ­նո­ւող­նե­րուն օգ­նու­թեան ձեռք եր­կա­րե­լու հա­մար: (­­Թուր­քիոյ «բա­րե­րա­րու­թիւն»ը ան­շուշտ ու­նի հա­կա­ռա­կին ա­ղա­ղա­կող փաս­տե­րը): Այս բո­լո­րը՝ շատ բա­րի: Ան­դին, մաս­նա­ւո­րա­բար Եւ­րո­պա­յի ա­րե­ւել­քին ու ա­րեւ­մուտ­քին մի­ջեւ բա­նա­վէճ ծա­գած է, թէ ո՞ր եր­կի­րը ի՞նչ թի­ւով գաղ­թա­կան պէտք է հիւ­րըն­կա­լէ, զա­նոնք ինչ­պէ՞ս պէտք է պատս­պա­րել, ո՞վ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան բա­ժին ու­նի այս ող­բեր­գու­թեան ստեղծ­ման մէջ եւ, հե­տե­ւա­բար՝ ո՞վ պէտք է ա­ւե­լի մեծ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն յանձն առ­նէ դար­մա­նու­մի քայ­լե­րուն ու մի­ջոց­նե­րու ա­պա­հով­ման ծի­րին մէջ: ­­Բա­նա­վէ­ճե­րուն մէկ բա­ժի­նը կը վե­րա­բե­րի այս կամ այն եր­կի­րին կող­մէ քա­նի՞ տա­րո­ւան մէջ քա­նի՞ գաղ­թա­կան ըն­դու­նե­լու կամ չըն­դու­նե­լու հար­ցին (մի՛շտ կայ ա­ժան աշ­խա­տող ձեռ­քեր ներգ­րա­ւե­լու պատ­մու­թիւ­նը), մոռ­նա­լով, որ ո­մանց հա­մար ի զօ­րու է «մին­չեւ ա­ռուն ջուր գայ...« ա­ռա­ծին տրա­մա­բա­նու­թիւ­նը:

Ող­բեր­գու­թեան մէկ այլ ե­րեսն ալ՝ խօս­քի այն ա­ճուրդն է, որ ժո­ղովր­դա­յին, քա­ղա­քա­կան ու մա­մու­լի մա­կար­դակ­նե­րուն վրայ կը տա­րա­ծո­ւի, ար­դա­րօ­րէն կամ ա­նար­դա­րօ­րէն, թէ՝ ­­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ քրիս­տո­նեա­նե­րը հա­լա­ծան­քի թի­րախ են (կ­’ան­տե­սո­ւի այն ի­րա­կա­նու­թիւ­նը, որ տագ­նա­պին մե­ծա­գոյն ծան­րու­թիւ­նը նոյ­նինքն իս­լամ­նե­րու ու­սին բար­ձած է. սա ո­ճիր­նե­րը չքմե­ղող բան չէ ան­շուշտ), իս­լամ­նե­րու թի­ւը աճ կ­’ար­ձա­նագ­րէ Եւ­րո­պա­յի մէջ, եւ­րո­պա­կան եր­կիր­ներ կ­’իս­լա­մա­նան (իսկ թէ ա­նոնց քրիս­տո­նեայ ըլ­լա­լը ի՞նչ բա­րիք կը բե­րէ՝ այլ հարց, ո­րով­հե­տեւ քրիս­տո­նէու­թեան ար­ժէք­նե­րը ա­ռա­տօ­րէն կը մսխո­ւին...), իսկ ա­մէ­նէն մտա­հո­գի­չը՝ գաղ­թա­կան­նե­րու շար­քին են իս­լամ ծայ­րա­յե­ղա­կան­ներ, ո­րոնց դէմ (իբ­րեւ թէ) պա­տե­րազմ հռչա­կած են ­­Միա­ցեալ ­­Նա­հանգ­ներ, Ֆ­րան­սա, Անգ­լիա, մին­չեւ ան­գամ ­­Սէու­տա­կան Ա­րա­բիա ու դրա­ցի ա­րա­բա­կան եր­կիր­ներ, նաեւ թշնա­մի հռչա­կո­ւած ­­Սու­րիան, գոր­ծա­կից­ներ՝ Ի­րա­քը, Ե­գիպ­տո­սը, ­­Լի­պիա եւ ափ­րի­կեան այլ եր­կիր­ներ:

Ո՛չ ոք մա­տը կը դնէ վէր­քին վրայ, հարց տա­լու՝ թէ աշ­խարհն ու մարդ­կու­թիւ­նը ին­չո՞ւ պէտք է ծան­րա­բեռ­նո­ւին նման ող­բեր­գու­թիւն­նե­րով: Ի՞նչ պա­տա­հե­ցաւ, որ տաս­նա­մեակ­նե­րու պատ­մու­թիւն կեր­տած այս ող­բեր­գու­թիւ­նը յան­կարծ ա՛յ­սօր հրա­տապ դար­ձաւ: Եւ­րո­պա­կան եր­կիր­ներ ին­չո՞ւ պէտք էր սպա­սէին մին­չեւ ող­բեր­գու­թեան ա՛յս աս­տի­ճան ծան­րա­ցու­մը:

Հար­ցում­նե­րու այլ շա­րան մը: Ին­չո՞ւ աշ­խար­հի տա­րած­քին, ըստ Մ.Ա.­Կ.ի ու այլ պաշ­տօ­նա­կան տո­ւեալ­նե­րու, պէտք է ըլ­լան շուրջ 15 մի­լիոն գաղ­թա­կան­ներ, ո­րոնք ա­կա­մայ լքած են ի­րենց եր­կիր­նե­րը՝ տուն, տեղ, ստա­ցո­ւածք, կեան­քի վաս­տակ, սրտա­մօտ ա­ռար­կա­ներ, հա­րա­զատ­նե­րու գե­րեզ­ման­նե­րը...: Ին­չո՞ւ պէտք է գո­յա­նան շուրջ 35 մի­լիոն ներ­քին «գաղ­թա­կան­ներ», այ­սինքն՝ ի­րենց բնա­կա­վայր երկ­րի՝ ա­պա­հով նկա­տո­ւող մէկ այլ քա­ղաքն ու շրջա­նը տե­ղա­փո­խո­ւած­ներ, ո­րոնց ճա­կա­տա­գի­րը տար­բեր չէ երկ­րէն հե­ռա­ցող­նե­րէն, այն ի­մաս­տով, որ ա­նոնք ալ կորսն­ցու­ցած են տուն-տեղ-ստա­ցո­ւածք-հա­րա­զատ­ներ, իսկ միակ բախ­տա­ւո­րու­թիւ­նը՝ ի­րենց հայ­րե­նի­քի սահ­ման­նե­րէն ներս մնա­ցած ըլ­լալն է (շա­տեր՝ այն միակ պատ­ճա­ռով, որ այլ եր­կիր հաս­նե­լու մի­ջոց չեն ու­նե­ցած)...:

Ա­ւե­լի քան 50 մի­լիոն մարդ ին­չո՞ւ պէտք է մատնուի մու­րաց­կա­նի վի­ճա­կին, մինչ­դեռ մին­չեւ ե­րէկ, տուեալ եր­կի­րին մէջ տագ­նա­պին պայ­թու­մէն ա­ռաջ, այդ գաղ­թա­կան­նե­րը հան­գիստ ու բա­րե­կե­ցիկ կեանք մը կը վա­րէին, ոչ ո­քի կա­րօտ էին, նման կա­ցու­թեան մատ­նո­ւե­լու մա­սին չէին կրնար ե­րե­ւա­կա­յել ան­գամ...

Պաշ­տօ­նա­կան այս թի­ւե­րը... պաշ­տօ­նա­կան են, այ­սինքն, բռնա­գաղ­թի մատ­նո­ւող­նե­րուն ի­րա­կան թի­ւը վստա­հա­բար շատ ա­ւե­լի մեծ է:

Ըն­դու­նինք. տեղ մը թի­ւե­րը կը կորսնց­նեն ի­րենց նշա­նա­կու­թիւ­նը, սա­կայն ոչ՝ ի­մաս­տը: ­­Բո­լո­րո­վին այլ պատ­մու­թիւն ու­նին ի­րենց եր­կիր­նե­րը կա­մո­վին լքող-հե­ռա­ցող­նե­րը: ­­Մենք՝ հա­յերս ու մեր հայ­րե­նի­քը՝ ­­Հա­յաս­տա­նը, այս ի­մաս­տով պատ­կա­ռե­լի՜ փոր­ձա­ռու­թիւն «շա­հած» ենք վեր­ջին տաս­նա­մեա­կին...

Ոչ ոք կ­’ը­սէ, թէ այս մարդ-ա­րա­րած­նե­րը ին­չո՞ւ պէտք է մատ­նո­ւած ըլ­լան նման դժբախ­տու­թեան (բա­ռը տկար է, չէ՞): Ին­չո՞ւ պա­տե­րազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը ա՛յս­քան տա­րա­ծուն, եր­կա­րա­տեւ ու ան­վեր­ջա­նա­լի թո­ւա­ցող պէտք է ըլ­լան, որ­պէս­զի մար­դիկ, իբ­րեւ կեանք փրկե­լու միակ մի­ջոց՝ հար­կադ­րո­ւած ըլ­լան գաղ­թի ճամ­բան բռնե­լու: (­­Մարդ­կա­յին ար­ժա­նա­պատ­ւու­թիւ­նը մե­զի թոյլ չի տար բաղ­դա­տա­կան­ներ ը­նե­լու այլ ա­րա­րած­նե­րու նկատ­մամբ ար­դար հո­գա­ծու­թեան հետ):

Կա­րե­լի է հար­ցում­նե­րուն ցան­կը բազ­մա­պատ­կել ու չսպա­ռել:

­­Մինչ­դեռ, ա­մէ­նէն պարզ լու­ծու­մը կը կա­յա­նայ հոն, ուր ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը ան­յա­պաղ դադ­րե­ցո­ւին (պար­զա­մի­տի ե­րե­ւա­կա­յու­թի՞ւն, սին բաղ­ձա՞նք, ար­դեօք): Ո՞վ կը կաս­կա­ծի, որ ա­նի­մաստ ռազ­մա­դաշ­տի վե­րա­ծո­ւած եր­կիր­նե­րուն մէջ ե­թէ վա­ղը խա­ղա­ղու­թիւն հաս­տա­տո­ւի եւ վերս­տեղ­ծո­ւին ապ­րուս­տի քիչ թէ շատ տա­նե­լի պայ­ման­ներ, յա­ջորդ օրն իսկ մի­լիո­նա­ւոր բռնա­գաղ­թո­ւած­ներ կը վե­րա­դառ­նան ի­րենց տու­նե­րը, կը վե­րա­շի­նեն քան­դո­ւածն ու կը վե­րա­կանգ­նեն փո­շիա­ցա­ծը: ­­Միակ ան­դառ­նա­լին՝ զոհ գա­ցող­ներն են, մի­լիո­նա­ւոր զո­հե­րը, ո­րոնք կար­միր ներ­կած են 20րդէն 21րդ ­դար ան­ցու­մի պատ­մու­թեան է­ջե­րը:

Ա­հա թէ ինչ­պէ՛ս կը լու­ծո­ւի ա­հա­ւոր տագ­նա­պը:

Ա. եւ Բ. Աշ­խար­հա­մար­տե­րը, շատ մը բա­նե­րու կող­քին, նաեւ ա՛յս ճշմար­տու­թիւ­նը սոր­վե­ցու­ցած են մարդ­կու­թեան:

Չ­յայ­տա­րա­րո­ւած Գ. Աշ­խար­հա­մար­տին ել­քը չի կրնար տար­բեր ըլ­լալ:

Եւ ո՞վ կ­‘ը­սէ, որ խա­ղաղ աշ­խարհ մը նո­ւազ շա­հա­բեր է...:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ