Ա­մէն մարդ չէ, որ գի­տէ ի՛նչ կը նշա­նա­կէ պա­տե­րազմ, ի՛նչ կը նշա­նա­կէ ա­հա­ւո­րու­թիւ­նը ռում­բե­րու տա­րա­փին, ի՛նչ կը նշա­նա­կէ մա­հո­ւան սպա­սու­մը եւ մինչ այդ տի­րա­պե­տող ան­կա­րու­թեան ու ա­նօգ­նա­կա­նու­թեան զգա­ցու­մը:

Բախ­տա­ւոր են ա­նոնք, ո­րոնք չեն գի­տեր…

Նաեւ ա­նոնք չեն գի­տեր, թէ ինչ­քա՛ն ա­հա­ւոր է տուն ու սե­փա­կա­նու­թիւն ձգե­լով հե­ռա­նա­լը, ամ­բողջ կեանք մը կեր­տա­ծիդ ա­ւե­րակ­նե­րու վե­րա­ծո­ւի­լը տես­նելն ու դէ­պի ա­նո­րոշ քա­լե­լը, գաղ­թա­կան դառ­նա­լը, ա­պաս­տան մու­րա­լը, մա­նա­ւանդ ե­թէ այդ ան­յայտ ու­ղին կը բռնես ըն­տա­նի­քիդ հետ, ման­կա­հա­սակ­նե­րուդ հետ, ո­րոնք ստի­պո­ւած չեն գի­տակ­ցե­լու, թէ պա­տե­րազ­մա­կան վի­ճակ է, թէ զրկո­ւա­ծու­թիւ­նը բնա­կան է, թէ պա­տե­րազ­մը բա­նիւ եւ գոր­ծով ապ­րող­նե­րուն կեան­քե­րը որ­քա՜ն ա­ժան են:

Բախ­տա­ւոր են ա­նոնք, ո­րոնք չեն գի­տեր…

Սա­կայն այդ բախ­տա­ւոր­նե­րուն մարդ­կա­յին ո՛չ մէկ ի­րա­ւունք տրո­ւած է դժբախտ­նե­րուն զգաց­նե­լու, թէ մարդ­կու­թիւ­նը եւս ե­րես դար­ձու­ցած է ի­րենց­մէ։ Ա­նոնց ո՛չ մէկ ար­տօ­նու­թիւն տրո­ւած է կեան­քի դառն հա­րո­ւած­նե­րուն տակ կքած­նե­րուն յա­ւե­լեալ հա­րո­ւած տա­լու, երբ հա­զիւ ա­նոնք կը փոր­ձեն ոտ­քի մնալ ու գո­յա­տե­ւել։ Ա­նոնց ո՛չ մէկ ի­րա­ւա­սու­թիւն տրո­ւած է ան­մարդ­կայ­նու­թիւն կո­չո­ւա­ծին իս­կու­թիւ­նը լիո­վին ապ­րած­նե­րուն ապ­տակ մը եւս տա­լու եւ զա­նոնք կոխկռ­տե­լու:

Պա­տե­րազ­մի պատ­կեր­նե­րը միշտ ալ ա­հա­ւոր ե­ղած են, են ու պի­տի շա­րու­նա­կեն ըլ­լալ: Այս պատ­կեր­նե­րը սո­վո­րա­բար կը փո­խան­ցո­ւին լրագ­րող­նե­րու, վտան­գը ան­տե­սե­լով ի­րենց տե­սախ­ցի­կը շալ­կած, եր­բեմն ար­ցունքն ի­րենց աչ­քե­րուն ա­րիւ­նոտ եւ ցա­ւա­գին պատ­կե­րը իբ­րեւ ի­րա­կա­նու­թիւն ու պատ­գամ փո­խան­ցող նկա­րիչ­նե­րու ճամ­բով:

Բայց ա­սի­կա ընդ­հան­րա­կանն է եւ ըն­կա­լեա­լը, իսկ ի­րա­կան կեան­քին մէջ կայ նաեւ ա­սոր միւս ե­րե­սը` մար­դոց ցա­ւով ու տան­ջան­քով յա­գե­նա­լու կող­քին, ա­նոնց տա­ռա­պան­քը ա­ւելց­նե­լու մի­տու­մով օժ­տո­ւած­նե­րը:

Ն­ման ի­րա­կա­նու­թիւն մը աշ­խար­հի ե­րե­սին գո­ռաց օր մը ա­ռաջ, երբ հա­մա­ցան­ցին վրայ շրջա­նա­ռու­թեան դրո­ւե­ցաւ հուն­գա­րա­կան «Էն1. Թի. Վի.»ի հուն­գա­րա­ցի լրագ­րո­ղու­հի Փեթ­րա Լազ­լո­յի ան­մարդ­կա­յին վե­րա­բե­րու­մը ներ­կա­յաց­նող կե­ցո­ւած­քը սու­րիա­ցի գաղ­թա­կան­նե­րուն նկատ­մամբ:

Գեր­մա­նա­ցի լրագ­րող Ս­թի­վըն Ռե­չը­րի կող­մէ հրա­պա­րա­կո­ւած տե­սե­րի­զի մէջ կ­՛ե­րե­ւի հուն­գա­րա­կան-սեր­պիա­կան սահ­մա­նին վրայ գտնո­ւող Ռոզ­քի գաղ­թա­կա­յա­նին մէջ ա­պաս­տա­նած սու­րիա­ցի­նե­րուն ա­հա­ւոր փա­խուս­տը ոս­տի­կան­նե­րէն, ո­րոնք գա­ւա­զան­նե­րով կը հա­լա­ծեն զա­նոնք: Այս պատ­կե­րը հան­րու­թեան ներ­կա­յաց­նե­լու կո­չուած հուն­գա­րա­ցի թղթա­կի­ցը ի՛նք պատ­կե­րի կը վե­րա­ծո­ւի, երբ պա­յու­սա­կով, տոպ­րակ­նե­րով ծան­րա­բեռ­նուած եւ իր զա­ւա­կը գրկած վա­զել փոր­ձող մար­դու մը ոտք կա­խե­լով զայն գե­տին կը փռէ… Տա­կա­ւին կայ ա­ւե­լին, ան նոյն ձե­ւով կը վե­րա­բե­րի նաեւ ան­մեղ մա­նուկ­նե­րուն նկատ­մամբ` փոր­ձե­լով կա­րե­լի ե­ղա­ծին չափ տա­ռա­պանք պատ­ճա­ռել ա­նոնց:

Մարդ­կա­յին խիղ­ճը որ­քա՛ն չքա­ցած պի­տի ըլ­լայ, որ մարդ կո­չո­ւա­ծը նման ա­րար­քի մը դի­մէ: Ո՜վ գի­տէ պա­տե­րազ­մի որ­քան ա­հա­ւոր պա­հեր ապ­րած, ի­րենց ըն­տա­նե­կան պա­րա­գա­նե­րը կորսն­ցու­ցած եւ ի՜նչ-ի՜նչ պայ­ման­նե­րու մէջ հոն հա­սած մար­դիկ են դէ­պի ա­նո­րոշ վա­զող­նե­րը, ո­րոնք ի­րենք ալ չեն գի­տեր՝ դէ­պի ո՛ւր կը վա­զեն, ո՛ւր հաս­նե­լու հա­մար: Այդ խեղ­ճե­րը ան­գամ մը եւս խեղ­ճաց­նե­լու եւ ա­նոնց տան­ջան­քը կրկնա­կի դարձ­նե­լու նման քայլ մը ոչ մէկ ձե­ւով ար­դա­րա­ցու­ցիչ կրնայ ըլ­լալ:

«Էն1. Թի. Վի.» կա­յա­նը գոր­ծէ ար­ձա­կեց Փեթ­րա Լազ­լոն, սա­կայն մարդ­կու­թիւ­նը եւս իր շար­քե­րէն պի­տի հե­ռաց­նէ՞ զայն…

Ճիշդ է, բախ­տա­ւոր են ա­նոնք, ո­րոնք չեն գի­տեր՝ ի՛նչ կը նշա­նա­կէ մա­հո­ւան դէմ յաղ­թո­ւած պայ­քար մղել ու պա­տե­րազ­մա­կան ա­հա­ւո­րու­թիւ­նը ապ­րիլ, սա­կայն բախ­տա­ւոր չեն ա­նոնք, ե­թէ չեն գի­տեր, թէ ի՛նչ կը նշա­նա­կէ մարդ­կայ­նու­թիւն եւ մար­դա­սի­րու­թիւ­ն…

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ