Ա­յո՛, հայ վար­ժա­րա­նի, կրթա­կան օ­ճա­խի եւ հա­յա­բոյր կա­ռոյ­ցի մա­սին է մեր խօս­քը:
Իր բո­վան­դա­կու­թեամբ ան­փո­խա­րի­նե­լի, էու­թեամբ ե­զա­կի եւ ա­ռա­քե­լու­թեամբ ան­ժա­ման­ցե­լի հաս­տա­տու­թեան մա­սին է մեր ընդգ­ծու­մը:

­Բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րու հայ ազ­գա­յին մտա­ծո­ղու­թեան, ապ­րում­նե­րու եւ հա­ւա­տամ­քի պահ­պան­ման եւ ջրդեղ­ման կայ­մին մա­սին է մեր ե­րէ­կո­ւան ու այ­սօրուան մտա­հո­գու­թիւ­նը:

Եւ առ­հա­սա­րակ, հա­յոց ա­նա­ղարտ դի­մա­գի­ծի եւ ան­խառն ա­րեան սնու­ցան­ման մա­սին է մեր ակն­կա­լու­թիւն­նե­րու ամ­բողջ տե­սա­դաշ­տը:

Արդ, երբ մեր ազ­գա­յին ե­րա­զան­քին ի­րա­ւու­թիւ­նը հաս­տա­տող եւ ներշն­չող պա­տո­ւան­դանն է հայ վար­ժա­րա­նը, երբ գո­յու­թե­նա­կան ու պա­հան­ջա­տի­րա­կան պայ­քար­նե­րու շունչ ու ո­գի, ե­ռանդ ու խայ­տանք սեր­մա­նող օր­րանն է հայ վար­ժա­րա­նը, երբ ազ­գը քա­ղա­քակր­թա­կան նո­ւա­ճում­նե­րու ա­ռաջ­նոր­դող ա­մէ­նէն ազ­դու եւ ան­փո­խա­րի­նե­լի ամ­րոցն է հայ վար­ժա­րա­նը, երբ ազ­գա­յին պատ­կա­նե­լիու­թեան, հայ­րե­նա­սի­րու­թեան, մտքի ու հո­գիի աշ­տա­րա­կու­մին նպաս­տող ա­մէ­նէն ա­պա­հով մի­ջա­վայրն է ան, ու­րեմն զո՛վ մե­ղադ­րել առ­կայ կրթա­կան-ու­սում­նա­կան հար­ցե­րու յա­մեց­ման, փա­կո­ւող վար­ժա­րա­նի(ներ) ե­րե­ւոյ­թի տո­ղա­տա­կի անդ­րա­դար­ձին, եւ կամ ընդ­հան­րա­պէս ա­մուլ խօս­քե­րու, սնա­մէջ կար­գա­խօս­նե­րու եւ հայ կեան­քին մէջ տի­րող ա­հա­ւոր եւ մտա­հո­գիչ հո­գե­վի­ճա­կի շա­րու­նակ խո­րաց­ման:

­Յայտ­նենք, թէ նման մտա­հո­գու­թեան յանձ­նուե­ցանք, երբ կրթա­կան տա­րե­վեր­ջին հայ մա­մու­լի է­ջե­րէն ըն­թեր­ցե­ցինք հայ վար­ժա­րա­նի մը փակ­ման տխուր լու­րը, այդ ալ նոյ­նինքն վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նին իսկ կող­մէ կա­տա­րո­ւած յայ­տա­րա­րու­թեամբ մը:

­Խոս­տո­վա­նինք, թէ ա­ռա­ջին ան­գամ չէ, որ գա­ղու­թա­հայ մեր կեան­քին մէջ կ­՛ար­ձա­նագ­րո­ւին նման վի­ճակ-ե­րե­ւոյթ­ներ, ո­րոնց բնա­կան ըն­կա­լու­մով եւ հան­գիստ խիղ­ճով հայ կեան­քի հո­լո­վոյ­թը շա­րու­նա­կեց իր գնաց­քը, հա­կա­ռակ ծով մտա­հո­գու­թիւն­նե­րու եւ մտա­տան­ջու­թիւն­նե­րու:

­Կը հա­մար­ձա­կինք ը­սել, թէ, հա­կա­ռակ սփիւռ­քեան մեր ի­րա­կա­նու­թիւ­նը` այ­լա­սե­րու­մի եւ աղ­ճա­տու­մի ճա­կա­տագ­րո­ւած ըլ­լա­լուն, միշտ ալ մենք մեզ շլա­ցու­ցած ենք բա­զում պատ­րանք­նե­րու վա­րա­գոյ­րով մը, ո­րով­հե­տեւ հա­ւա­տա­ցած ենք հա­յա­պահ­պա­նու­մի նման ձե­ւին ու ո­րա­կին` քաջ ըմբռ­նե­լով, թէ սե­րունդ­ներ եւ ազ­գա­յին ար­ժէք­ներ կ­՛ապ­րին միայն հայ­րե­նի հո­ղին ար­մա­տա­ւո­րո­ւած եւ հայ­րե­նա­պաշ­տու­թեամբ զի­նո­ւո­րագ­րո­ւած:

Իս­կոյն կը յանդգ­նինք նաեւ ընդգ­ծել ի­րո­ղու­թիւն մը ան­սե­թե­ւեթ, թէ ա­ռանց հայ վար­ժա­րա­նի, ե­կե­ղեց­ւոյ, միու­թեան եւ ա­կում­բի, յետ¬ե­ղեռ­նեան հայ կեան­քի աշ­խոյժ եւ սնու­ցիչ ապ­րե­լա­կեր­պի մա­սին ա­ւե­լորդ էր խօ­սիլ, այն­քան ա­տեն որ հա­յու­թիւ­նը զրկո­ւած էր ան­կախ ու ա­զատ հայ­րե­նի­քէ եւ պե­տա­կա­նու­թե­նէ:

­Սա­կայն, երբ տա­կաւ ի յայտ կու գան սփիւռ­քա­հայ ճա­կա­տա­գի­րին եւ ա­նոր գո­յու­թեան հի­մե­րը հա­րո­ւա­ծող ե­րե­ւոյթ­ներ, եւ կամ առ­կայ դժխեմ հար­ցե­րու դար­մա­նու­մը խո­չըն­դո­տող կար­գա­խօս­ներ, ա՛լ հար­կա­ւոր է լոյ­սին բե­րել, վեր­լու­ծել եւ ի հար­կին մատ­նան­շել հա­ւա­քա­կան մեր կեան­քը ջլա­տող ա­մէն գոր­ծե­լա­կերպ, ա­տի­կա ըլ­լայ կա­մայ թէ ա­կա­մայ, այն ի­մաս­տով, որ ի­րա­տե­սու­թիւ­նը մեզ­մէ կը պա­հան­ջէ ըլ­լալ ոչ միայն զգօն, գի­տակ եւ հա­ւա­սա­րակշ­ռո­ւած, այ­լեւ` ըն­դու­նե­լու կարգ մը ճա­կա­տա­մար­տե­րու պար­տու­թիւնն ու ա­հա­ւո­րու­թիւ­նը, որ­պէս­զի կա­րե­նանք գէթ փրկել ինչ որ ձեռն­տու է:

­Զանց առ­նե­լով հայ­րե­նի պե­տա­կա­նու­թեան գո­յու­թիւնն ու ան­կէ մեր ան­կեղծ ակն­կա­լու­թիւն­նե­րը, կեդ­րո­նա­նանք մեր ա­ծո­ւին վրայ, յատ­կա­պէս մի­ջին ա­րե­ւե­լեան հա­յա­հոծ (ե­թէ դեռ կա­րե­լի է այս­պէս բնո­րո­շել) շրջան­նե­րու ան­յա­պաղ ինք­նա­կազ­մա­կերպ­ման, հե­ռա­հար ու նպա­տա­կաս­լաց գոր­ծե­լա­կեր­պե­րու որ­դեգր­ման, պար­զա­պէս փրկե­լու այն, ինչ որ կա­րե­լի է, եւ միան­շա­նակ կողմ­նո­րո­շո­ւե­լու գա­լիք օ­րե­րու եւ տա­րի­նե­րու աշ­խա­տան­քա­յին ո­լորտ­նե­րու ձե­ւա­ւոր­ման:

­Պի­տի ը­սո­ւի հա­ւա­նա­բար, թէ ազ­գա­յին կեան­քի տար­բեր մար­զե­րու եւ ո­լորտ­նե­րու տար­բա­ղադ­րու­մը պար­զա­պէս միամ­տու­թիւն է, ո­րով­հե­տեւ հայ կեան­քը պէտք է առ­նել իբ­րեւ ամ­բող­ջու­թիւն:

Ն­ման մօ­տե­ցում կա­րե­լի է ճիշդ նկա­տել, ե­թէ եր­բեք հա­ւա­քա­կան մեր կեան­քին մէջ տե­սա­նե­լի ըլ­լա­յին հա­մազ­գա­յին ու հա­մա­պար­փակ գոր­ծե­լա­կեր­պեր եւ աշ­խա­տան­քա­յին ուղ­ղու­թիւն­ներ, ո­րոնք պի­տի նպաս­տէին հայ կեան­քի ի­րաւ բար­գա­ւաճ­ման, զար­գաց­ման եւ յա­ռաջ­դի­մու­թեան, այլ խօս­քով, ե­թէ իւ­րա­քան­չիւր գա­ղութ դեռ տաս­նա­մեակ­ներ ա­ռաջ լծո­ւէր հայ կեան­քի տնտե­սա­կան, ըն­կե­րա­յին, քա­ղա­քա­կան թէ ազ­գա­յին կեան­քի ո­րա­կա­ւոր սնու­ցա­նու­մին:

­Հոս պա­տեհ է ար­ձա­նագ­րել, թէ տաս­նա­մեակ­ներ շա­րու­նակ գա­ղու­թա­հայ կեան­քը կրցած է իր բնա­կան հու­նին մէջ մնալ, ի­րար­մով ապ­րիլ ու զօ­րա­նալ, ար­դիւ­նա­ւո­րել եւ բար­գա­ւա­ճիլ այն­քան ա­տեն, որ հա­ւա­քա­կան մեր կեան­քին ա­գու­ցած ենք ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րու հրայր­քը, հա­յա­բոյր ապ­րում­նե­րու իս­կու­թիւ­նը եւ հայ­րե­նա­պաշ­տի հա­րա­զատ զգա­ցում­նե­րու ան­վի­ճե­լի գե­ղեց­կու­թիւն­նե­րը:

Այ­դու­հան­դերձ, բո­լո­րիս անխ­տիր ներ­քին հա­մո­զու­մով եւ շտապ զգաս­տու­թեան գրգիռ­նե­րու յստա­կա­ցու­մով իսկ, գա­ղու­թա­հայ կեան­քի թէ առ­հա­սա­րակ կրթա­կան, ըն­կե­րա­յին ու տնտե­սա­կան ո­լորտ­նե­րու մէջ տա­կաւ կ­՛ար­ձա­նագ­րո­ւին նա­հանջ ու ող­բեր­գա­կան վի­ճակ­ներ: ­Պար­տա­ւոր ենք հա­ւա­քա­բար նախ ըն­դու­նիլ պա­տա­հա­ծը, ըմբռ­նել կո­րուս­տին ա­հա­ւո­րու­թիւ­նը, մտա­ծել, վեր­լու­ծել, հա­սա­րակ յայ­տա­րար­ներ գտնել եւ բար­դու­թա­յին հո­գե­վի­ճակ­նե­րէ հե­ռու ձգտիլ ինք­նա­հաս­տատ եւ կա­յուն կեան­քի մը յան­ձան­ձու­մին, կողմ­նո­րո­շո­ւիլ եւ գէթ գա­լիք տա­րի­նե­րու հա­մար աշ­խա­տիլ, ծրագ­րել, եւ կա­րե­լի սահ­ման­նե­րուն մէջ գա­ղու­թա­հայ կեան­քին ո­րա­կա­ւոր ճա­նա­պարհ մը ա­կօ­սել:

­Մի­թէ ա­նի­մա՞ստ է այն խօս­քը, թէ երբ վար­ժա­րան կը փա­կո­ւի, ար­դէն բանտ մը կա­ռու­ցե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն կը ստեղ­ծո­ւի: Իսկ մեր պա­րա­գա­յին ա­ւե­լի շեշ­տո­ւած կը յայ­տա­րա­րենք, երբ պէս-պէս, ար­դար ու ա­նար­դար, կա­մայ թէ ա­կա­մայ կա­ցու­թիւն­նե­րու իբ­րեւ հե­տե­ւանք հայ վար­ժա­րան մը իր դռնե­րը կը փա­կէ, ար­դէն ազ­դան­շա­նը տո­ւած կ­՛ըլ­լանք ազ­գա­կեր­տի ու հայ­րե­նա­կեր­տի մեր դա­րա­ւոր ե­րա­զան­քի փլու­զու­մին:

­Պա­տեհ է ը­սել, որ հա­յոց պատ­մու­թեան լու­սա­ւոր է­ջե­րուն մէջ մենք կը հան­դի­պինք նմա­նօ­րի­նակ հա­կոտ­նեայ ե­րե­ւոյթ­նե­րու: Այ­սինքն, հայ­րե­նա­զուրկ հայ կեան­քը կրցած է բար­ձուն­քի հաս­նիլ, երբ կրցած է կրթա­կան օ­ճախն ու տնտե­սա­կան կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը հա­մա­հունչ պա­հել, եւ փլա­տակ դառ­նալ, երբ գե­րա­դա­սած է մէ­կը միւ­սին, եւ մո­ռա­ցու­թեան մատ­նած ազ­գա­յին շտե­մա­րա­նի բո­ցա­վա­ռումն ու յան­ձան­ձու­մը:

­Փաս­տօ­րէն, ի՛նչ կը նշա­նա­կեն նո­րա­կա­ռոյց շէն­քեր ու ազ­գա­յին կա­ռոյց­ներ, երբ ա­տոնց մարդ­կա­յին ար­հես­տա­վարժ ու­ժի, մե­ծա­թիւ ա­շա­կեր­տի, տնտե­սա­կան յան­ձան­ձու­մի կա­րե­լիու­թիւն չէ ա­պա­հո­վո­ւած:

­Կա­րե­լի չէ ու­րա­նալ ու չտես­նել գե­ղա­կերտ հայ վար­ժա­րա­նի մը, թան­գա­րա­նի, ե­կե­ղեց­ւոյ, ա­կում­բի թէ այլ հա­յա­բոյր կա­ռոյ­ցի մը ներ­կա­յու­թիւ­նը, ա­ւե­լին, այս օ­րե­րու ա­նոնց իբ­րեւ պա­հանջ ան­յա­պաղ հաս­տա­տու­մը կա­տա­րել, սա­կայն, միւս կող­մէ պարտք կը զգանք հար­ցադ­րե­լու, թէ ո՛ւր են այն հե­ռա­կայ ծրա­գիր­ներն ու ա­ռողջ մտա­ծում­նե­րը, ո­րոնք պի­տի կա­րե­նան վե­րաջրդե­ղել հայ կեան­քը:

Այլ խօս­քով, տո­ւեալ հայ վար­ժա­րա­նի փա­կու­մով ար­դէն ա­ւե­լի քան հա­րիւր քսան հայ ա­շա­կերտ­նե­րու ճա­կա­տա­գի­րը յանձ­նած կ­՛ըլ­լանք դառն եւ շատ ան­գամ ան­դար­մա­նե­լի ի­րո­ղու­թիւն­նե­րու: ­Նա­խա­տե­սե­ցի՞նք, թէ ինչ­պի­սի՛ կա­ցու­թեան մէջ պի­տի գտնո­ւի գա­ղու­թա­հայ կեան­քը, աշ­խա­տե­ցա՞նք ան­հատ առ ան­հատ, տուն առ տուն պա­հե­լու եւ պահ­պա­նե­լու հայ ա­շա­կեր­տին ճա­կա­տա­գի­րը, մա­նա­ւանդ որ դէ­պի օ­տար վար­ժա­րան­նե­րու հոս­քը ար­դէն կը ծա­ւա­լի եւ հա­սած է շշմե­ցու­ցիչ թի­ւե­րու:

Ա՛լ հա­ւա­քա­կան ինք­նար­դա­րա­ցում­նե­րը ոչ մէկ ի­մաստ ու­նին: ­Հայ վար­ժա­րա­նի փա­կու­մով ար­դէն պար­տո­ւած ենք ազ­գա­յին մեր գու­պա­րին մէջ, հա­կա­ռակ ա­նոր որ քաջ գի­տենք տո­ւեալ վար­ժա­րա­նի փակ­ման դառն պատ­ճառ­նե­րը:

Այ­լա­պէս ալ ո՛չ մէկ բա­ցատ­րու­թիւն եւ կամ չքմե­ղանք ըն­դու­նե­լի է, երբ հար­ցը կը վե­րա­բե­րի տնտե­սա­կան նկա­տա­ռում­նե­րու, վար­չա­կան կա­րո­ղու­թիւն­նե­րու եւ հայ ա­շա­կեր­տու­թեան թի­ւի նո­ւա­զու­մին:

Ա­յո՛, փա­կո­ւող-բա­ցո­ւող հայ վար­ժա­րա­նի օ­րա­կար­գին վրայ են շատ ու շատ հար­ցեր. ա­նոնց­մէ ա­մէ­նէն էա­կա­նը հայ ա­շա­կեր­տին կո­րուստն է, հայ ձա­գու­կի եւ պա­տա­նիի հե­ռա­ցումն է հա­յու­թե­նէն, ­Հա­յաս­տա­նէն եւ Ա­րա­րա­տէն:

­Յայտ­նա­պէս սպա­սե­լի՛ են մատ­նան­շեալ մտա­հո­գու­թիւն­նե­րու մա­սին վեր­լու­ծու­թիւն­ներ, տի­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու շու­տա­փոյթ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ եւ ինք­նա­խա­բէու­թեան ո­լորտ­նե­րէ խու­սա­փու­մի հա­մար­ձակ կե­ցո­ւածք­ներ:

Կ­՛ապ­րինք օր­հա­սը ազ­գա­յին կեան­քի ա­ռող­ջաց­ման եւ ծաղ­կու­մին:

­Կը ցա­ւինք ազ­գո­վին ա­մէ­նօ­րեայ ազ­գա­յին կո­րուստ­նե­րու, ա­ռանց հիմ­նա­կան բա­րե­կար­գում­նե­րու:

­Տո­ւեալ կա­ցու­թեան մէջ հիմ­նա­կան բա­ցա­կա­յո­ղը նոյ­նինքն ազ­գա­յին յա­ւե­լեալ մտա­ծո­ղու­թեամբ պա­րու­րո­ւած, ար­դի ըմբռ­նում­նե­րով օժ­տեալ եւ ա­րա­րա­տա­սէ­րի զգա­ցո­ղու­թեամբ հա­մա­կո­ւած պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն կրող­նե­րու փա­ղան­գի կազ­մա­ւո­րումն է:

Ե­թէ ճա­կա­տագ­րո­ւած սփիւռ­քը կ­՛ու­զէ այս­պէս ա­սած դրա­կան հո­գե­կան ցնցում­նե­րու ի­րա­ւու­թիւ­նը ապ­րիլ, ա­պա պար­տա­ւոր ենք որ­դեգ­րել հա­ւա­քա­կան կեան­քի ա­ռող­ջաց­ման ռազ­մա­վա­րու­թիւն, ա­ռանց ո­րուն դժո­ւար թէ նա­ւա­վա­րու­մի մեր կո­չու­մին մէջ կա­րե­նանք կողմ­նո­րո­շո­ւիլ եւ հաս­նիլ ա­փա­մա­տոյց, ուր մեզ կը սպա­սեն նո­րօ­րեայ բա­զում, դժո­ւա­րին եւ ան­հա­կակշ­ռե­լի կա­ցու­թիւն­ներ:

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ