«Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը ստացած ըլլալով Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ Ռոպերթ Հատտէճեանի «Կեանքը խմբագրատունէն ներս» հրատարակութիւնը եւ ստանալով հեղինակի արտօնութիւնը՝ ամէն Ուրբաթ օր գլուխ մը կը  հրատարակէ տուեալ գրքոյկէն, ուր կը ներկայացուի հայկական օրաթերթի խմբագրատան առօրեան, ազգային մտահոգութիւններու, հայ մամուլին կապուած հարցերու քննարկումներու հանդիսադրումով, զուարթ կամ տխուր պահերու յիշատակումով:


Սխալներու խնդիր 

Ա.

Քառասուն տարիէ ի վեր ամէն օր թերթ կը հրատարակեմ: Ամէն օր, այո՛, անշուշտ բացի Կիրակիէ: Հրատարակել օրուան թերթը, ապա անմիջապէս մտածել վաղուան թերթին մասին: Ասիկա հրաշալի է: Բայց մէկ բան քիչ մը կը խանգարէ զիս: Կը պատահի որ երբեմն սխալ մը սպրդի թերթին մէջ, կարեւոր կամ անկարեւոր: Ասիկա խմբագիրի մը համար բան մըն է որ տրամադրութիւն կը խանգարէ, հաճելին անհաճոյ կը դարձնէ: Գիտեմ որ ընթերցողներու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը պիտի չնշմարէ իսկ այդ սխալը, պիտի չանդրադառնայ իսկ: Բայց հայ հաւաքականութեան ամէնէն բախտորոշ կէտէրէն մէկն ալ այն է որ մեր հաւաքականութիւնը լեցուն է սխալ գտնելու մասնագէտներով: Փառք Աստուծոյ, մենք գրեթէ բնաւ չունինք ճիշդը գտնելու մասնագէտներ, բայց մեր մէջ կը վխտան այն մարդիկը որոնք սխալ գտնելու մասնագէտներ են: Այս մասնագէտներէն շատերը ծանօթ են ինծի, իմ շրջանակիս մէջ կÿապրին, հեռաձայնի գործիքիս չափ մօտիկ են ինծի ու ես գիտեմ որ անոնք ամէն օր, երբ թերթս կարդալու ժամը հասնի, կ'երթան ու կը նստին իրենց հեռաձայնի գործիքին քով, որպէսզի առաջին սխալը որ գտնեն թերթին մէջ՝ անմիջապէս փաթթուին հեռաձայնի գործիքին ու զիս փնտռեն: Ասոնք ինծի ծանօթ սխալի մասնագէտներ են, եւ գիտեմ սակայն որ աշխարհի ամէն կողմէ ինծի անծանօթ մասնագէտներ ալ կան, որոնք թէեւ հեռաձայնի գործիքիս չափ մօտիկ չեն ինծի, բայց ուշիուշով կը հետեւին թերթին ու իրենք  իրենց հարց կուտան թէ արդեօք այսօր ինչ սխալ կայ թերթին մէջ:
Ես այն մարդն եմ որ կÿերջանկացնեմ սխալ գտնելու մասնագէտները, շատ կÿերջանկացնեմ, որովհետեւ ես, ինչ մեղքս պահեմ, մէկն եմ որ գրելու կամ լուր խմբագրելու ընթացքին սխալներ կրնամ գործել: Սխալ գտնելու մեր այս պատուական մասնագէտները իրենց կեանքին մէջ կրնայի՞ն ուրախանալ, եթէ ես անսխալական մը ըլլայի ու ամէն օր իրենց ղրկէի ամէն կերպով անսխալ թերթ մը: Ո՛չ: Ես անսխալական չեմ: Եւ քանի որ շատ կ'աշխատիմ, շատ ալ սխալ կը գործեմ: Ճիշդ այս մասնագէտներուն ուզած, սիրած մարդն եմ եւ գիտեմ որ անոնք միայն այս պատճառաւ ամէն օր կ'աղօթեն իմ առողջութեան համար: Աստուած առողջութիւն տայ ինծի, դեռ երկար տարիներ այս պաշտօնին վրայ մնամ որպէսզի ամէն օր հոսկէ հոնկէ սխալ մը ընեմ որ ուրախացնեմ սխալ գտնելու մասնագէտները:
Սա ալ ըսեմ, որ, ես, որքան ալ անսխալական չըլլամ, որքան ալ հակամէտ ըլլամ սխալներ գործելու, բան պիտի չփոխուէր եթէ հակառակը պատահէր ու եղած ըլլայի մէկը որ գրելու կամ խմբագրելու ընթացքին բնաւ սխալ չի գործեր: Այո՛, բան պիտի չփոխուէր, որովհետեւ ես այնքան մարդասէր եմ ու այնքան կ'ուզեմ սրտի ու սնունդի ուրախութիւն պատճառել սխալ գտնելու մասնագէտներուն, որ վստահ եմ դիտմամբ հոս հոն մէկ երկու սխալներ պիտի գործէի գիտակցաբար:
Այս մասնագէտներէն մէկ քանի ինծի համար այնքան նոյնացած են մեր սխալներուն հետ, որ երբ հեռաձայնը հնչէ ու եթէ տեսնեմ թէ զիս փնտռողը անոնցմէ մէկն է, այլեւս չեմ հարցներ.
-Ինչպէ՞ս ես:
Այլ մէկ անգամէն կը հարցնեմ.
-Նորէն ի՞նչ սխալ կայ:
Ասիկա ճակատագիր մըն է թէ՛ ինծի, թէ՛ սխալ գտնելու մասնագէտներուն համար եւ ո՜վ գիտէ քանի գիշեր այդ մասնագէտները անկողին կը մտնեն դժգոհ՝ որ սխալ մը չեն կրցած գտնել թերթին մէջ: Չեն գտած ու ասիկա դիւրին չէ իրենց համար: Մինչդեռ ես կրման տակաւին պնդել թէ սխալ անպայման կար ու այս անգամ իրե՛նք են որ չեն տեսած, իրե՛նք են որ չեն կրցած նշմարել: Որքան ալ մասնագէտ ըլլան, անոնք ամենագէտ չեն, ամենատես չեն, անոնք ալ մարդ են ի վերջոյ ու կրնան փախցնել սխալը: Երբեմն ալ կը պատահի որ անդրադառնամ որ կարեւոր սխալ մը սպրդած է եւ այդ օր մեր մասնագէտներէն որեւէ մէկը չէ փնտռած զիս: Անդիմադրելի փափաք մը կ'ունենամ հեռաձայնը բանալու ու իրենց իմաց տալու որ այդ օր կարեւոր սխալ մը չեն տեսած թերթին մէջ: Բայց չեմ ըներ այս բանը, որովհետեւ գիտեմ որ ասիկա թախիծ պիտի պատճառէ իրենց, պիտի կոտրէ անոնց ինքնավստահութիւնը:
Տարիներ առաջ, երբ անդրադարձայ որ թերթին մէջ իրերայաջորդ սխալներ պատահած էին ու քանի մը ընթերցողներէ ալ հեռաձայնի կոչեր ստացած էինք, կատակի դիմեցի: Թերթին մէջ ակնարկ մը գրեցի ու ըսի որ այսուհետեւ ամէն օր դիտմամբ եօթը սխալներ պիտի գործենք թերթին զանազան սիւնակներուն մէջ: Ով որ եօթը սխալը գտնէ, մրցանակ պիտի ստանայ:
Անշուշտ ոչ մէկը պիտի կարենար եօթը սխալ գտնել, որովհետեւ չկար, բայց եթէ պատահէր որ մէկը սխալ մը տեսնէր, պիտի ուրախանար.
-Ահաւասիկ առաջինը գտայ, հիմա միւսները փնտռեմ:
Բայց սխալ գտնելու մասնագէտները ամէն օր կրնան փնտռել առաջին սխալը, վերջն ալ միւսները մինչեւ եօթներորդ: Թող փնտռեն ու յուսախաբ պիտի չըլլան:
(Գրութեան Բ. մասը՝ յաջորդ Ուրբաթ օր:)

Ռ. Հատտէճեան
«Կեանքը խմբագրատունէն ներս»
(Յուշատետր - 71)