Կրթական տարեմուտի յուզիչ ու խանդավառ մթնոլորտը այս օրերուն զգալի է ամէնուրեք։
Իբրեւ ծնողք թէ յունահայ ազգային, հպարտութեան զգացումը կը համակէ բոլորս՝ ամէն անգամ, որ մամուլէն կը տեղեկանանք համալսարան մուտքի քննու
թեանց մէջ նորահաս մեր սերունդի տղոց եւ աղջիկներուն արձանագրած յաջողութեանց մասին։
Նոյնիսկ Յունաստանի նման տնտեսապէս արիւնաքամ երկրի մը մէջ, ուր նաեւ քաղաքական ապագայի անորոշութիւնը շատ ծանր կը ճնշէ, ուսումնական նոր տարուան սկզբնաւորումին հետ ամէնքն ալ կը լեցուին նորահաս սերունդին հոգեմտաւոր հաց եւ ջուր հասցնելու յանձնառութեամբ։
Յունահայ ծնողը, ինչպէս եւ իւրաքանչիւր հայ ազգային, նաեւ առանձնայատուկ պատճառ ունի մեծ կարեւորութեամբ վերանորոգելու Հայ Դպրոցի պահպանման ու զարգացման անսակարկօրէն նուիրուելու իր առաքելութեան ուխտը։
Համալսարան մուտքի քննութեանց մէջ յաջողած իւրաքանչիւր հայ անունի ընթերցումին հետ, բոլորիս մէջ կ’ամրապնդուին մեր խղճի սրբազան պարտքը կատարած ըլլալու հաւատքն ու ինքնավստահութիւնը՝ մեր զաւակներուն եւ ընդհանրապէս նորահաս սերունդին հոգեմտաւոր սնունդի օճախը հաստատուն պահելու առումով։
Այո՛, բոլորս ալ գիտենք եւ կը գիտակցինք, որ ամբողջ Յունաստանի հետ նաեւ ու մանաւանդ մեր համայնքին համար՝ կրթական վերամուտին վրայ այս տարի ծանր կը ճնշեն տնտեսական լուրջ անձկութիւններ։
Պետութիւնը չի կրնար երաշխիք տալ, որ այս տարեշրջանին պիտի կարենայ կատարել հայ ուսուցիչներուն աշխատավարձի հոգատարութեան ուղղութեամբ իր ստանձնած պարտաւորութիւնները։
Այսինքն՝ ուսումնական տարեմուտը կը սկսինք առանց երաշխիք ունենալու, որ պիտի կարենանք պետական օգնութեամբ տէր կանգնելու Հայ Դպրոցը հայակերտումի օճախ դարձնող մեր ուսուցիչներուն։
Այո՛, բոլորս ալ նաեւ գիտենք ու խորապէս կը գիտակցինք, որ մեր ժողովուրդը դիւրութեամբ ձեռնթափ եղող ու պարտութիւն ընդունող տեսակը չէ։
Մեր վարժարանները անցեալին եւս դիմագրաւած են լուրջ դժուարութեան պահեր, բայց ամէն անգամ ալ կրցած ենք բաց պահել դռները Հայ Դպրոցին, որպէսզի մեր զաւակները չզրկուին ազգային ինքնապահպանումի եւ հայեցի ինքնակերտումի իրենց հարազատ օրրանէն ու անփոխարինելի կռուանէն։
Այսօրուան ճգնաժամը, անկասկա՛ծ, աննախադէպ տարողութեամբ ծանրակշիռ է։
Բայց ատիկա ոչ թէ պատճառ է տատանումի եւ յուսալքութեան, այլ աղբիւր է յաւելեալ կորովի եւ վճռականութեան, որպէսզի քաղաքական եւ յարաբերական, համայնքային եւ միութենական ամէն դուռ բախենք եւ տէր կանգնինք հաւաքական մեր ապագան երաշխաւորող կազմակերպական ողնասիւնին՝ Հայ Դպրոցին։
Մեր զաւակները հայեցի կրթութեամբ համալսարան հասցնելու եւ կեանքի ասպարէզ մուտքին համար մասնագիտական գիտութեամբ զինելու հաւաքական մեր տոգորումը վերանորոգման մարտահրաւէրին առջեւ է կանգնած։
Համալսարան մուտքի քննութեանց յաջողած իւրաքանչիւր հայ ուսանող լաւագոյն յուշարարն է Հայ Դպրոցի առաքելութեան փարելու հաւաքական մեր ուխտին եւ յանձնառութեան։
Հայ Դպրոցին պահպանումը, ի վերջոյ, մեր սրբազան Պարտքն է՝ մեր ու Ազգի զաւակներուն հանդէպ։
Ի խնդիր հայօրէ՛ն գոյատեւելու հաւաքական մեր պայքարին։