Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ան­կա­խու­թեան հռչակ­ման օ­րո­ւան նշու­մը բազ­մա­խոր­հուրդ բո­վան­դա­կու­թիւն կը պար­փա­կէ: Այ­լեւս դա­սա­կա­նա­ցած հա­մո­զում­ներ են ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան անվ­տան­գու­թեան ե­րաշ­խիք ըլ­լա­լու հան­գա­ման­քը, մեր երկ­րորդ ­Սար­դա­րա­պա­տի կար­գա­վի­ճա­կը, երկ­րորդ պե­տու­թիւն ու­նե­նա­լու ի­րա­կա­նու­թիւ­նը եւ նման բախ­տո­րոշ ի­րո­ղու­թիւն­ներ` ամ­րագ­րո­ւած ծով զո­հո­ղու­թիւն­նե­րով:

­Հեր­թա­կան փոր­ձը` կեդ­րո­նա­նա­լու ա­մէ­նէն նո­րա­գոյն եւ հրա­տապ ե­րե­ւոյթ­նե­րուն վրայ, ո­րոնք սեր­տօ­րէն առն­չո­ւած են հայ­կա­կան երկ­րորդ հան­րա­պե­տու­թեան այ­սօ­րո­ւան խնդիր­նե­րուն հետ, բնա­կա­նա­բար հիմ­նա­կա­նին մէջ ու­նի զի­նո­ւո­րա­քա­ղա­քա­կան նշա­նա­կու­թիւն:

Ար­ցա­խեան այ­սօ­րո­ւան սահ­ման­նե­րուն ան­խոր­տա­կե­լիու­թիւ­նը  փաստ է ոչ միայն ­Պա­քո­ւի եւ Ան­գա­րա­յի, այլ նաեւ հա­մայն աշ­խար­հին, յատ­կա­պէս տա­րա­ծաշր­ջա­նի զի­նո­ւո­րա­քա­ղա­քա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն մօ­տէն հե­տե­ւող մի­ջազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն հա­մար:

­Հա­կա­ռակ այս ի­րո­ղու­թեան, ­Պա­քո­ւի ա­նընդ­հատ կրկնո­ւող ոտնձ­գու­թիւն­նե­րը ոչ թէ տա­րածք վե­րագ­րա­ւե­լու նպա­տա­կը կը հե­տապն­դեն, այլ ա­ռաջ­նա­յին ի­մաս­տով ներ­քին սպառ­ման հա­մար են: ­Ռազ­մա­տենչ հռե­տո­րա­բա­նու­թիւ­նը, հե­տա­խու­զա­թա­փանց­ման գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը, դի­պու­կա­հար­նե­րու աշ­խու­ժու­թիւ­նը եւ ան­վեր­ջա­նա­լի կրա­կա­հեր­թե­րը գետ­նի վրայ ո­րե­ւէ ար­դիւն­քի չեն յան­գած: Այս տի­պի ոչ ճա­կա­տա­յին, գի­շե­րա­յին կամ թա­քուն փոր­ձե­րը կը շա­րու­նա­կո­ւին` ընդգ­ծե­լու հա­մար ի­րա­վի­ճա­կի կի­սա­պա­տե­րազ­մա­կան ըլ­լա­լը: Այն, որ ­Պա­քուն իբ­րեւ թէ չէ հրա­ժա­րած իր «կորսն­ցու­ցած» տա­րածք­նե­րէն եւ թէ յար­ձա­կո­ղա­կան վար­քա­գի­ծը կը շա­րու­նա­կո­ւի` վե­րա­տի­րա­նա­լու հա­մար ազր­պէյ­ճա­նա­կան ի­րա­ւունք­նե­րուն:

Այս վար­քա­գի­ծը  ան­շուշտ խախ­տում է մի­ջազ­գա­յին հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րու: ­Միջ­նոր­դա­կան ա­մէն հան­դիպ­ման վե­րընդգ­ծո­ւող ու­ժի կի­րար­կու­մը բա­ցա­ռե­լու, բա­ցա­ռա­պէս խա­ղաղ լու­ծու­մը գե­րա­դա­սե­լու, ռազ­մա­կան պիւտ­ճէ­նե­րը սահ­մա­նա­փա­կե­լու եւ նման սկզբունք­ներ կոպ­տօ­րէն խախ­տո­ւած են ­Պա­քո­ւի կող­մէ: Խն­դի­րը այն է, որ իւ­րա­քան­չիւր պա­տա­հա­րի ա­ռի­թով, խնամ­քով ա­նու­շադ­րու­թեան մատ­նե­լով մի­ջազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րը պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան հա­ւա­սա­րե­ցում կը յայ­տա­րա­րեն եր­կու կող­մե­րուն:

­Մերթ ընդ մերթ թէ­կուզ անն­կատ ա­նուղ­ղա­կիօ­րէն հա­ւա­սա­րե­ցու­մի խա­ղը կը խախ­տի եւ զգու­շա­ւո­րու­թեամբ ­Պա­քո­ւին կ­՛ուղ­ղո­ւի զի­նա­դա­դա­րը պահ­պա­նե­լու կո­չը: ­Մերթ ընդ մեր­թի այս շար­քին կա­րե­լի է նկա­տել նաեւ ա­մե­րի­կա­ցի հա­մա­նա­խա­գա­հին վեր­ջին յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը, որ Ար­ցա­խի տագ­նա­պի լուծ­ման հա­մար ա­մէն բա­նէ ա­ռաջ Ար­ցա­խի կար­գա­վի­ճա­կին յստա­կա­ցու­մը նկա­տեց լու­ծե­լի ա­ռաջ­նա­յին կէ­տը: ­Պաշ­տօ­նա­կան Ս­տե­փա­նա­կեր­տի ար­ձա­գան­գը այս ա­ռու­մով հա­մա­ձայ­նե­լու Ո­ւոր­լի­քի յայ­տա­րա­րու­թեան չու­շա­ցաւ: Այս կը նշա­նա­կէ, որ Ար­ցա­խի ան­կախ հան­րա­պե­տու­թեան ճա­նա­չու­մը մեկ­նա­կէտն է բա­նակ­ցա­յին միւս խնդիր­նե­րու լուծ­ման:

Ո­ւոր­լի­քի յայ­տա­րա­րու­թիւնն ու Ս­տե­փա­նա­կեր­տի ար­ձա­գան­գը կը յու­շեն այլ անշր­ջան­ցե­լի կէտ մը եւս: Ա­ռանց Ս­տե­փա­նա­կեր­տի մաս­նակ­ցու­թեան ո­րե­ւէ բա­նակ­ցու­թիւն չի կրնար յան­գիլ լու­ծու­մի: Ինք­նո­րո­շո­ւած Ար­ցախն է, հան­րա­քո­ւէով ան­կա­խու­թիւ­նը ամ­րագ­րած հան­րա­պե­տու­թիւ­նը, ժո­ղովր­դա­վար հա­սա­րա­կար­գով ղե­կա­վա­րո­ւող ի­րո­ղա­պէս ան­կախ տա­րած­քը, այն­տեղ ապ­րող բնակ­չու­թիւ­նը ներ­կա­յաց­նող պե­տու­թիւ­նը, որ կար­գա­ւոր­ման լուծ­ման իր հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը պի­տի յայտ­նէ:

­Մինչ Ար­ցա­խի պե­տու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու աշ­խուժ մաս­նակ­ցու­թիւ­նը տար­բեր պե­տա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու նա­խա­ձեռ­նած լսում­նե­րուն, քննար­կում­նե­րուն, նիս­տե­րուն եւ փո­խա­դար­ձա­բար տար­բեր պե­տու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն այ­ցե­լու­թիւն­նե­րը Ս­տե­փա­նա­կերտ նա­խադրեալ­ներ են Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման:

­Հայ­կա­կան երկ­րորդ հան­րա­պե­տու­թիւ­նը կա­յա­ցած է: ­Մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քը հա­շո­ւի կը նստի այս փաս­տա­ցի ի­րա­կա­նու­թեան հետ:

«Ազ­դակ»ի խմբագ­րա­կան