Շու­շիի բեր­դին գե­ղեց­կու­թեամբ եւ ա­նա­ռի­կու­թեամբ հմա­յո­ւած, ա­նոր մա­սին լսած պատ­մու­թիւն­նե­րով եւ հե­րո­սա­կան սխրա­գոր­ծու­թիւն­նե­րով կլա­նո­ւած հո­գե­վի­ճա­կի մէջ էի, երբ ինք­նա­շար­ժով կը բարձ­րա­նա­յինք ոչ-սա­հուն զա­ռի­թա­փէն: Յան­կարծ լրագ­րո­ղի «տա­րազ»ս հագ­նե­լու ցան­կու­թիւն մը փայ­լա­տա­կեց մտքիս

մէջ եւ պա­տա­հա­բար ու բա­րե­բախ­տա­բար ժամ մը ա­ռաջ հան­դի­պած ե­րի­տա­սարդ ար­ցախ­ցի վա­րոր­դը` Նուէ­րը խօ­սեց­նե­լու ճիգ մը ը­րի` ներ­քուստ վստահ ըլ­լա­լով, որ պի­տի յա­ջո­ղիմ.

– Այս որ­քան խոր­տու­բորտ են այս փո­ղոց­նե­րը, ե­թէ օ­րա­կան քա­նի մը ան­գամ զբօ­սաշր­ջիկ բե­րես հոս, ար­դէն ինք­նա­շարժդ կը փճա­նայ: Պե­տու­թիւ­նը հա­ւա­նա­բար պէտք ե­ղա­ծին չափ հո­գա­տար չէ նման կա­րե­ւոր կա­րիք­նե­րու նկատ­մամբ:

Քա­նի մը վայր­կեան տե­ւած լռու­թիւ­նը ստեղ­ծեց այն խաբ­կան­քը, որ բո­ղո­քի, ընդվ­զու­մի ու դժգո­հու­թեան ա­լի­քը, պե­տա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն հաս­ցէին նզով­քը պի­տի չու­շա­նայ:

Սա­կայն…

– Ինչ լա՜ւ է, որ այս­պէս է, փա՛ռք Աս­տու­ծոյ… Գի­տե՞ս` պա­տե­րազ­մի ա­տեն ինչ պատ­կեր էր հոս, այս փո­ղոց­նե­րէն մեր տղոց ա­րիւ­նը կը հո­սէր ան­դա­դար, եւ մենք` փոք­րերս, որ­քան կը սար­սա­փէինք այդ պատ­կե­րէն, ո­րով­հե­տեւ չէր բա­ցա­ռո­ւած, որ մեր եղ­բայր­նե­րուն եւ հայ­րե­րուն ա­րիւնն ալ միա­խառ­նո­ւած ըլ­լար այդ «կար­միր գետ»ին…

Զղ­ջու­մի ու ա­մօ­թի զոյգ զգա­ցում­նե­րով ծան­րա­ցած կը նա­յիմ պա­տու­հա­նէն դուրս, ա­ւե­լի՛ն, կ­՛ու­զեմ ամ­բող­ջո­վին դուրս նե­տել ես ին­ծի, կար­ծէք ամչ­նա­լով Նո­ւէ­րին կողմն իսկ նա­յե­լու: Այդ հո­գե­վի­ճա­կէն դուրս գա­լու ճի­գով մը կը փոր­ձեմ վե­րա­կանգ­նել ան­վա­խօ­րէն իր ինք­նա­շար­ժը վա­րո­ղին կող­մէ իմ դի­մացս պար­զո­ւած պատ­կեր­նե­րը, երբ ա­ւե­լի քան քսան տա­րի ա­ռաջ  պատ­մու­թիւն ապ­րած ու կեր­տած փո­ղոց­նե­րուն մէջ, ո­րոնց մա­սին ժխտա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւն ու­նե­նալ հա­մար­ձա­կած էի, հա­յոց նո­րա­փառ պատ­մու­թիւ­նը կը գրո­ւէր, այդ ալ` ա­զա­տա­մար­տիկ­նե­րու ան­բիծ ա­րեամբ:

Զ­գա­լով, որ մինչ այդ եր­կար լռու­թիւն չպա­հած ու ան­վեր­ջա­նա­լի հար­ցում­նե­րու տա­րա­փով մը զինք խեղ­դած ըլ­լա­լէս ետք ստեղ­ծո­ւած ան­խօ­սու­թիւ­նը ծանր էր ու քիչ մը նե­ղա­ցու­ցիչ, Նո­ւէր կը փոր­ձէ մեղ­մաց­նել կա­ցու­թիւ­նը.

– Աշ­խա­տանք կը տա­նին, պէտք չէ ու­րա­նալ, ար­դէն ճամ­բա­նե­րուն մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը կուպ­րա­պա­տո­ւե­ցաւ եւ լու­սա­ւո­րո­ւե­ցաւ, այ­սօր, երբ Շու­շի մտնես, հրա­շա­լի պատ­կեր կը բա­ցուի դի­մացդ, պատ­կեր, ո­րուն ի տես չես կրնար վայր­կեան մի իսկ ե­րե­ւա­կա­յել, թէ քսա­նա­մեակ մը ա­ռաջ որ­քան տար­բեր էր ա­մէն ինչ, որ­քան մռայլ ու մոխ­րա­գոյն էր Շու­շին, մին­չեւ որ կեր­տո­ւե­ցաւ յաղ­թա­նա­կը, մին­չեւ որ ու­նե­ցանք Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թիւն, որ հպար­տու­թեամբ թա­գադ­րեց իւ­րա­քան­չիւր ար­ցախ­ցի, նաեւ` աշ­խար­հով մէկ սփռո­ւած ա­մէն մէկ հայ: Տե՛ս, ար­դէն իսկ շատ լաւ վի­ճա­կի մէջ են այս փո­ղոց­նե­րը, ժա­մա­նակ ու հա­ւատք պէտք է, ա­մէն ինչ ան­պայ­ման լաւ պի­տի ըլ­լայ: Այս­քան դժո­ւար ու մութ ճամ­բա­նե­րէ քա­լե­լէ, Ար­ցա­խի ա­զա­տագ­րումն ու հան­րա­պե­տու­թեան հռչա­կու­մը ապ­րե­լէ ետք, ալ ի՜նչ գան­գատ, ի՜նչ յու­սա­հա­տու­թիւն, պէտք է կառ­չիլ այս հրաշ­քին…

Տա­կա­ւին հա­մար­ձա­կու­թիւն չու­նիմ խօ­սե­լու, տրո­ւած պա­տաս­խան­նե­րուն զօ­րու­թիւնն ու խոր­քայ­նու­թիւ­նը ա­ւե­լի ու ա­ւե­լի ան­հե­թեթ կը դարձ­նեն հար­ցումս եւ ա­նոր տուն տո­ւող պատ­ճա­ռը…. Սա­կայն են­թա­գի­տա­կի­ցիս մէջ գո­հու­նա­կու­թիւն մը բազ­մած է, այդ հաս­տա­տում­նե­րը լսե­լու հա­մար ար­ժէր պահ մը մա­կե­րե­սա­յին ձե­ւա­նալ եւ քու սկզբունք­նե­րուդ ու հա­ւա­տա­լիք­նե­րուդ հետ առն­չու­թիւն չու­նե­ցող նման հար­ցում մը ուղ­ղել:

Քիչ մը ա­ւե­լի ինք­նավս­տահ տե­ղա­ւո­րո­ւե­լով ա­թո­ռին վրայ` Նո­ւէր կը շա­րու­նա­կէ.

– Ես այս բո­լո­րին հա­մա­պա­տաս­խան «զի­նած եմ» ինք­նա­շարժս, չե՞ս զգար, որ սո­վո­րա­կա­նէն ա­ւե­լի բարձր է քիչ մը, որ­պէս­զի փո­սե­րուն վրա­յէն հե­զա­սահ շար­ժի:

Կը ժպտիմ մեղմ ու քիչ մը ա­մօթ­խած:

– Լա՛ւ, քե­զի յատ­կան­շա­կան տեղ մը տա­նիմ, որ­պէս­զի ա­ւե­լի լաւ հասկ­նաս միտ­քերս:

Եր­կար ու ո­լոր-մո­լոր ճամ­բով կը հաս­նինք այն վայ­րը, ո­րուն մա­սին շա­տե­րէ եւ բազ­մա­թիւ ան­գամ­ներ լսած եմ, զգա­ցած եմ ա­նոնց աչ­քե­րէն ցայ­տող հմայ­քը, ե­րա­նի տո­ւած եմ ու ծրագ­րած եմ ալ այ­ցե­լել, սա­կայն ա­նակն­կալ կեր­պով յայտ­նո­ւի­լը այլ հո­գե­վի­ճակ ստեղ­ծեց, թէեւ նկար­նե­րով յա­ճախ ե­ղած էի հոն, սա­կայն իս­կա­կան պատ­կե­րը այլ է:

Ջդր­դուզ….

Կ­՛իջ­նենք ինք­նա­շար­ժէն, Նո­ւէ­րը լայն ու յաղ­թա­կան ժպի­տով կը նա­յի ին­ծի.

– Բ­նու­թիւն չէ միայն ա­սի­կա, այլ մարտն­չու­մի, նո­ւա­ճու­մի ու յաղ­թա­նա­կի վկա­յա­րան է,- կը հաս­տա­տէ:

Հու­նո­տի կիր­ճին գա­գա­թէն կը դի­տեմ դի­մացս պար­զո­ւած հրա­շա­գեղ պատ­կե­րը, Նո­ւէ­րը կը պատ­մէ, թէ մեր ա­զա­տա­մար­տիկ­նե­րը ինչ­պէս բարձ­րա­ցած են հոն­կէ ու` ա­զա­տագ­րած Շու­շին: 800 մեթր բարձ­րու­թե­նէն Կար­կառ գե­տը տես­նե­լու հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռա­ջե­լու հա­մար երբ կը մօ­տե­նամ ծայր, ինք­նա­բուխ զգու­շու­թեամբ մը կը հե­ռա­նամ կրկին.

– Հոս իյ­նա­լու տեղ չկայ,- կը հանգըս­տաց­նէ Նո­ւէր,- հոս միայն կա­րե­լի է ոտ­քի կանգ­նիլ ու հպարտ զգալ:

Յաղ­թա­կան Շու­շիի բո­լոր փաս­տե­րը ցոյց տա­լու վճռա­կան վա­րոր­դը ան­կէ ետք զիս կը տա­նի բար­ձունք մը, ուր մեր դի­մաց կը բա­ցո­ւի Քա­րին­տա­կը. մեր կանգ­նած վայ­րէն ա­զե­րի­նե­րը հրկիզուած ա­նիւ­ներ գլո­րած են դէ­պի գիւղ` ահ ու սար­սափ ստեղ­ծե­լով, սա­կայն Քա­րին­տա­կը հե­րո­սա­կան կե­ցուածք ցու­ցա­բե­րե­լով` կրցած է ար­ցա­խեան ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րին մէջ իր սխրա­գոր­ծա­կան ար­ժէ­քը ար­ձա­նագ­րել:

Որ­քա՜ն գե­ղե­ցիկ է ար­ցա­խեան աշ­խար­հը, որ­քան խոր­հուրդ կայ ա­մէն մէկ քա­րի տակ, ա­մէն մէկ ծառ ու ծա­ղի­կի մէջ, որ­քան թան­կա­գին կեան­քե­րու շնոր­հիւ այ­սօր ա­ռիթ ու­նինք հպարտ ըլ­լա­լու, հզօր զգա­լու, յոյս ու հա­ւատք ու­նե­նա­լու ար­դէն իսկ պա­տո­ւա­բեր ու ինք­զինք հաս­տա­տած հան­րա­պե­տու­թեան վե­րա­ծո­ւած Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թեան նկատ­մամբ….

Ծն­րադ­րե­լով կը նա­յիմ եր­կինք ու բարձ­րա­ձայն ա­ղօ­թե­լով կ­՛ո­գե­կո­չեմ յի­շա­տա­կը ա­նոնց, ո­րոնք ի­րենց ա­րիւ­նը գե­տի նման հո­սեց­նե­լով այս հան­րա­պե­տու­թիւ­նը կեր­տե­ցին, այն նո­ւի­րեալ նա­հա­տակ­նե­րուն, ո­րոնք Նո­ւէ­րին նման ժա­ռան­գորդ­ներ ծնած են, որ­պէս­զի պատ­գա­մը փո­խան­ցո­ւի լիո­վին եւ հա­ւատքն ու կամ­քը ապ­րին առ­յա­ւէտ:

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ