«­Հա­յու քրտին­քով ու ա­րիւ­նով թրծո­ւած կի­լի­կեան հո­ղին ու յատ­կա­պէս ­Սի­սի պատ­մա­կան կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի միւ­ռո­նա­բոյր հո­ղին վրայ կանգ­նած` մեր դա­րա­ւոր կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նին վե­րա­դար­ձը կը պա­հան­ջենք եւ մեր ժո­ղո­վուր­դի պա­հան­ջա­տի­րու­թիւ­նը կը վե­րա­հաս­տա­տենք` հա­ւա­տա­րիմ նա­հա­

տակ­նե­րու սրբա­զան կտա­կին»:

­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ Ա­րամ Ա. կա­թո­ղի­կոս

­

Սի­սի պատ­մա­կան կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նը լոկ հնու­թիւն մը չէ… այլ` սրբու­թիւն:

Ա­ւե­րա­կի վե­րա­ծո­ւած, տա­րի­ներ շա­րու­նակ ան­տէր ու ան­տի­րա­կան, նաեւ խո­պան այս կա­թո­ղի­կո­սա­կան հա­մա­լի­րը ա­ղիո­ղորմ վի­ճա­կի մէջ է:

­Հա­մայ­նա­տե­սա­րա­նը ցոյց կու տայ, թէ ինչ­պի­սի՛ կա­ռոյց մը ե­ղած է ­Նոր ­Վան­քը: ­Տեղ­ւոյն բնակ­չու­թիւ­նը այդ­պէս ա­նո­ւա­նած էր ­Սի­սի պատ­մա­կան կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նը, որ նա­խա­պէս կի­լի­կեան թա­գա­ւո­րու­թեան օ­րե­րուն, 13րդ ­դա­րաշր­ջա­նին կա­ռու­ցո­ւած էր իբ­րեւ թա­գա­ւո­րա­կան պա­լատ` ­Հե­թում Ա.ի (1226-1269) կող­մէ, օժ­տո­ւե­լով իր սե­փա­կան ­Սուրբ ­Սո­ֆիա տա­ճա­րով:

­Նոր ­Վան­քին, այ­սինքն կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նին կա­ռու­ցու­մը մտայ­ղա­ցումն էր ­Կի­րա­կոս Ա. Ա­ջա­պա­հեան կա­թո­ղի­կո­սին: Այս վիթ­խա­րի շի­նա­րա­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն ազ­դան­շա­նը տրո­ւե­ցաւ 19րդ ­դա­րու սկիզբ­նե­րը, եւ տե­ղագ­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը ցոյց կու տան, թէ նո­րա­կա­ռոյց սրբա­տե­ղին հաս­տա­տո­ւած է թա­գա­ւո­րա­կան տա­րի­նե­րու ­Սուրբ ­Սո­ֆիա տա­ճա­րի ա­ւե­րակ­նե­րուն վրայ: Առ այդ, պարզ զու­գա­դի­պու­թիւն մը չէ, որ նո­րա­կա­ռոյց տա­ճարն ալ կո­չո­ւե­ցաւ ­Սուրբ ­Սո­ֆիա:

­Պե­ղե­լով այս հա­մայ­նա­տե­սա­րա­նը եւ յա­ւե­լեալ պրպտում­ներ կա­տա­րե­լով` տե­ղին է նշել այս կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի հա­մա­լի­րին ման­րա­մասն նկա­րագ­րու­թիւ­նը` կա­տա­րո­ւած ­Սա­հակ Բ. կա­թո­ղի­կո­սին (ման­րա­մաս­նօ­րէն նշո­ւած «­Յու­շա­մա­տեան» կայ­քէ­ջին մէջ) կող­մէ 20րդ ­դա­րաս­կիզ­բին.

Այս­պէս, հիւ­սի­սա­յին դռնէն մտնե­լով, ձա­խին կը տես­նենք քա­րա­շէն մա­րագ մը եւ ա­խոռ մը: Ա­սոնց­մէ քիչ ան­դին կայ երկ­յար­կա­նի տու­նե­րու փոքր թա­ղա­մաս մը, որ կը ծա­ռա­յէ իբ­րեւ ուխ­տա­ւոր­նե­րու հիւ­րա­նոց: Այս վայ­րին ղա­մըշ­լը (ե­ղէգ­նուտ) ա­նու­նը կու տան, նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ սե­նեակ­նե­րը ի­րար­մէ կը բաժ­նո­ւին ե­ղէգ­նեայ պա­տե­րով: Այս թա­ղին ա­րեւ­մուտ­քը կը գտնո­ւի վան­քին խո­հա­նո­ցը` իր մա­ռա­նով եւ փու­ռով: Ա­ւե­լի հա­րաւ եր­թա­լով` կը հաս­նինք դար­պա­սին, որ ե­րեք կա­մար­նե­րով փայ­տա­ծածկ եր­կար սե­նեակ մըն է:

­Շա­րու­նա­կե­լով պատ­մու­թիւն կեր­տած հա­մա­լի­րին ու­ղե­ւո­րա­կան այ­ցե­լու­թիւ­նը եւ դէ­պի հա­րաւ ուղ­ղո­ւե­լով՝ կը նկա­տո­ւի վե­հա­րա­նը իր իւ­րա­յա­տուկ կա­ռոյ­ցով, որ օժ­տո­ւած էր ճա­շա­սե­նեա­կով, մա­ռա­նով եւ կա­թո­ղի­կո­սին ննջա­սե­նեա­կով: Ամ­բող­ջու­թեամբ փայ­տեայ կա­ռոյց մըն էր վե­հա­րա­նը, ուր­կէ ընդ­հա­նուր տե­սա­րան մը կը բա­ցո­ւի քա­ղա­քին վրայ:

Այ­սօր ժա­մա­նա­կը հնչած է վերս­տին տէր կանգ­նե­լու այս հսկայ սրբա­տե­ղիին, զայն ձեռք ձգե­լու հա­մար` մա­քա­ռե­լու, մաք­րե­լու եւ մաք­րա­գոր­ծե­լու:

­Թէ՛ հո­ղին եւ թէ՛ ա­նոր դա­տին վրայ շատ են փու­շերն ու տաս­նեակ տա­րի­ներ լքո­ւած եւ չխնա­մո­ւած բոյ­սե­րը:

­Թէ՛ հո­ղա­գոր­ծին եւ մշա­կին բա­հով ու բրի­չով եւ թէ՛ դա­տա­ւո­րին ու փաս­տա­բա­նին ար­դա­րու­թեան մուր­ճով՝ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԻՒՆ եւ ՀԱՏՈՒՑՈՒՄ կայ ի­րա­գոր­ծո­ւե­լիք:

Խմ­բագ­րա­կան «­Հայ­րե­նիք»ի