­1045 թո­ւա­կա­նին վերջ­նա­կա­նա­պէս շի­ջե­ցաւ 160 բե­ղուն եւ առլ­ցուն տա­րի­նե­րու ան­ցեալ եւ հա­զար ու մէկ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու տիտ­ղո­սով դրոշ­մո­ւած մշա­կու­թա­յին մայ­րա­քա­ղաք Ա­նին որ­պէս կեդ­րոն ու­նե­ցող Բագ­րա­տու­նի­նե­րու հարս­տու­թիւ­նը:

Սա­կայն 11րդ դա­րու ա­ւար­տին, նոր հարս­տու­թեան մը սկիզ­բով, նոր ար­շա­լոյս բա­ցո­ւե­ցաւ հա­յոց հա­մար: 1080 թո­ւա­կա­նին Ռու­բէն իշ­խա­նը Կի­լի­կիոյ մէջ հի­մը դրաւ հայ­կա­կան նոր թա­գա­ւո­րու­թեան մը` հա­յե­րուն հա­մար քա­ղա­քա­կան կեդ­րոն դարձ­նե­լով Կի­լի­կիան:

1293 թո­ւա­կա­նին Ե­գիպ­տո­սի Աշ­րաֆ սուլ­թա­նին ձե­ռամբ Հ­ռոմկ­լան իր ան­կու­մը ու­նե­ցաւ: Այս պատ­ճա­ռով Գ­րի­գոր Է. Ա­նա­ւար­զե­ցի կա­թո­ղի­կո­սի օ­րով, Հա­յոց Հայ­րա­պե­տա­կան Ա­թո­ռը փո­խադ­րո­ւե­ցաւ Սիս` Կի­լի­կիոյ հա­յոց թա­գա­ւո­րու­թեան մայ­րա­քա­ղա­քը:

Ա­նի-­Սիս ժա­մա­նա­կա­մի­ջո­ցին, Հա­յոց Հայ­րա­պե­տա­կան Ա­թո­ռը իբ­րեւ կեդ­րոն ու­նե­ցաւ նախ Թաւբ­լու­րը, ա­պա Ծամն­դաւն ու Ծովք-դղեա­կը եւ վեր­ջա­պէս, շուրջ մէ­կու­կէս դար, Հ­ռոմկ­լան:

Հա­յոց Հայ­րա­պե­տա­կան Ա­թո­ռին Սիս փո­խադ­րու­թեամբ, Կի­լի­կիոյ մայ­րա­քա­ղա­քը դար­ձաւ նաեւ հա­յոց կրօ­նա­կան ու հո­գե­ւոր բարձ­րա­գոյն կեդ­րո­նը եւ հո­գեմտա­ւոր ու մշա­կու­թա­յին վառ օ­ճախ մը:

Կի­լի­կիան` հո­գեմ­տա­ւոր ա­ռա­քե­լու­թեան կեդ­րոն

Այս նո­րա­կերտ հայ­րե­նի­քին մէջ նոր ա­րա­րում­նե­րով հարս­տա­ցան հայ ե­կե­ղե­ցին ու հայ մշա­կոյ­թը, ո­րոնց գան­ձա­րա­նը լե­ցո­ւե­ցաւ ո­գե­ղէն նոր հարս­տու­թիւն­նե­րով:

Վար­դա­պետ­ներ, մա­տե­նա­գիր­ներ, օ­րի­նա­կող­ներ ու ծաղ­կող­ներ, ի­րենց հո­գիի լոյ­սէն, մտքի գան­ձէն ու սրտի ա­րիւ­նէն լե­ցու­ցին հայ դպրու­թեան ա­նու­շա­համ գի­նիի կա­րա­սին մէջ` յա­ւեր­ժաց­նե­լով պատ­մու­թիւ­նը հա­յոց, ի գի­տու­թիւն գա­լիք բո­լոր սե­րունդ­նե­րուն: Գէորգ Ս­կեւ­ռա­ցին, Յով­հան­նէս Պ­լուզ Վար­դա­պե­տը, Մով­սէս Երզն­կա­ցին եւ դեռ շա՜տ ու­րիշ­ներ փառ­քի դափ­նե­կիր­ներ չդար­ձան, սա­կայն ե­րախ­տի­քի ար­ժա­նա­ցան յա­ջոր­դող սե­րունդ­նե­րէն ու յա­ւեր­ժա­ցան ի­րենց հո­գեմ­տա­ւոր ար­գա­սի­քով:

Կի­լի­կիան` մշա­կու­թա­յին հարս­տու­թեան կեդ­րոն

Կի­լի­կեան հայ­րե­նի­քը նաեւ դար­ձաւ մշա­կու­թա­յին հարս­տու­թեան կեդ­րոն: Այ­սօր Թո­րոս Ռոս­լի­նի, Պի­ծա­կի նուրբ ա­րո­ւես­տի ու գոյ­նե­րու հիա­նա­լի ներ­դաշ­նա­կու­թեամբ ման­րան­կար­նե­րը անկրկ­նե­լիու­թեամբ կը յատ­կան­շո­ւին: Կի­լի­կեան շրջա­նի հայ­կա­կան ձե­ռա­գիր մա­տեան­նե­րու անգ­նա­հա­տե­լի հարս­տու­թիւ­նը, իւ­րա­քան­չիւր թեր­թի խոր­հուր­դը, զայն շօ­շա­փող ու դարձ­նող հայ թէ օ­տար մար­դը իր մատ­նե­րու ծայ­րին կը զգայ, թէ ինչ­պի­սի՜ մեծ վե­րելք ար­ձա­նագ­րո­ւե­ցաւ Կի­լի­կեան շրջա­նին:Թա­գա­ւո­րա­կան օծ­ման ա­րա­րո­ղա­կար­գը իր մէջ բո­վան­դա­կող Ս­սոյ Մայր Մաշ­տո­ցը, ո­րուն տա­ռե­րուն ու տո­ղե­րուն վրայ հա­յոց ար­քա­նե­րուն աչ­քե­րուն հա­յեաց­քը ին­կած է ու ըն­թեր­ցած հա­յոց ազ­գին ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ստանձ­նե­լու ուխ­տա­գի­րը, բնաւ պի­տի չկորսնց­նէ իր հմայ­քը, դար­ձեալ կազ­մե­լով փառ­քը այն քա­ղա­քին` Սի­սին, ուր գրո­ւե­ցաւ ան ու կտա­կո­ւե­ցաւ հայ ազ­գին: Հայ ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն ճա­կատ­նե­րը իր դրոշ­մով ի­րա­րու կա­պող ու իր բոյ­րով հա­յը օ­տա­րէն զա­նա­զա­նող Սուրբ Միւ­ռո­նը քա­նի-քա­նի ան­գամ­ներ օրհ­նո­ւե­ցաւ այս յա­ւեր­ժա­կան մայ­րա­քա­ղա­քին մէջ, հա­յոց հայ­րա­պետ­նե­րուն ձե­ռամբ, եւ ա­նոր պա­րու­նա­կին` Միւ­ռո­նի հրա­շա­կերտ կաթ­սա­յին մէջ ե­կաւ մտնե­լու հայ ե­կե­ղեց­ւոյ գլխա­ւոր Սր­բու­թիւ­նը` Սուրբ Գ­րի­գոր Լու­սա­ւոր­չի օրհ­նա­բաշխ Ա­ջը:

Միւ­ռո­նա­թա­թախ այս Ա­ջին հո­վա­նիին տակ բազ­միցս փրկո­ւած քա­ղա­քը` Սի­սը, միշտ եր­կիւ­ղա­ծու­թեամբ վա­րո­ւե­ցաւ ե­կե­ղեց­ւոյ պաշտ­պան սուր­բին նո­ւի­րա­կան մա­սուն­քին հետ` ա­նոր պաշտ­պա­նու­թեան ու պահ­պա­նու­մին գոր­ծը յանձ­նե­լով Ա­ջա­պա­հեան յա­տուկ տոհ­մին:

Իր բեր­դան­ման կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նը, ո­րուն մէջ կը պա­հո­ւէին այս հարս­տու­թիւն­նե­րը, մնա­յուն հո­գա­ծու­թեան ա­ռար­կայ դար­ձաւ հա­յոց հայ­րա­պետ­նե­րուն կող­մէ, ո­րոնց­մէ ա­մէն մէ­կը ա­նոր վրայ քար մը ա­ւել­ցուց, մին­չեւ որ Կի­րա­կոս Մե­ծա­գործ Կա­թո­ղի­կո­սին օ­րով հիմ­նա­կան վե­րա­նո­րո­գու­թեան են­թար­կո­ւե­ցաւ` զար­դա­րո­ւե­լով Ս. Սո­ֆիա հսկայ Մայր տա­ճա­րով:

Կի­լի­կիան` միջ-ե­կե­ղե­ցա­կան գոր­ծու­նէու­թեան կեդ­րոն

Հայ­կա­կան սփիւռ­քի հիմքն է Կի­լի­կեան Հա­յաս­տա­նը: Աշ­խար­հին բա­ցո­ւե­լու պա­տու­հա­նը ե­ղաւ ա­նի­կա: Լա­տին­նե­րուն հետ երկ­խօ­սու­թեան, յա­րա­բե­րու­թեան տար­բեր մա­կար­դակ­նե­րու աշ­խա­տանք­նե­րը, օ­րո­ւան քա­ղա­քա­կան իշ­խա­նու­թեանց կող­քին ու եր­բեմն ա­նոնց­մէ ա­ւե­լի, հայ ե­կե­ղե­ցին ինք կա­տա­րեց` իր լու­սա­միտ հայ­րե­րու բա­նի­մաց քա­ղա­քա­կա­նու­թեամբ: Ս. Ներ­սէս Շ­նոր­հա­լի եւ Լամբ­րո­նա­ցի ա­ռաջ­նա­կարգ ա­նուն­ներ են հայ ե­կե­ղեց­ւոյ ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թիւնն ու աս­տո­ւա­ծա­բա­նա­կան երկ­խօ­սու­թիւ­նը ծա­ւա­լե­լու գոր­ծու­նէու­թեան մէջ:

Միջ-ե­կե­ղե­ցա­կան յա­րա­բե­րու­թեանց հիմ­նա­դիր­նե­րը ու քրիս­տո­նէա­կան տար­բեր ե­կե­ղե­ցի­նե­րու մի­ջեւ փո­խա­դարձ հաս­կա­ցո­ղու­թեան օ­րի­նա­կե­լի ա­ռա­ջին ա­րարք­նե­րը մեր ե­կե­ղե­ցին կը պար­տի Կի­լի­կեան Հա­յաս­տա­նի հայ հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րուն:

Ան­թի­լիա­սը` նոր Սիս եւ նոր Կի­լի­կիա

Կի­լի­կիան ու ա­նոր ար­ծո­ւե­բոյն Սիս մայ­րա­քա­ղա­քը կորսնց­նե­լը` թուր­քին նենգ ու ոճ­րա­յին Ցե­ղաս­պա­նու­թեան կան­խամ­տա­ծո­ւած ա­րար­քով, յու­սա­բեկ­ման ու քայ­քայ­ման չա­ռաջ­նոր­դեց ազ­գը, որ բազ­մա­թիւ ան­գամ­ներ մեռ­նե­լու եւ յառ­նե­լու վի­ճակ­նե­րու մատ­նո­ւած էր պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին:

1930 թո­ւա­կա­նը ժա­մա­նակն էր դար­ձեալ ծնե­լու, այս ան­գամ Ան­թի­լիա­սի մէջ, իբ­րեւ նոր կեդ­րո­նը Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան քան­դո­ւած ու ա­ւե­րո­ւած բոյ­նին: Այ­սօր Ան­թի­լիա­սի մէջ պատ­մու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կուի գրո­ւիլ նո­ւի­րեալ աշ­խա­տան­քով: Աշ­խա­տանք, ո­րուն մէջ խառ­նո­ւած է «ճեր­մակ ա­րիւ­նը» Հայ­րա­պե­տէն մին­չեւ Դ­պի­րին, ղե­կա­վա­րէն մին­չեւ սպա­սա­ւո­րին:

Մ­շա­կոյ­թի գան­ձա­տու­նը նոր ի­րա­գոր­ծում­նե­րով հարստաց­նե­լը, հայ դպրու­թիւ­նը ծաղ­կեց­նե­լը, հայ ե­կե­ղե­ցա­կան ե­րաժշ­տու­թիւ­նը պահ­պա­նե­լը, միջ-եկե­ղե­ցա­կան յա­րա­բե­րու­թեանց տա­րած­քը ըն­դար­ձա­կե­լը կ­՛ի­րա­կա­նա­նան մար­դոց շնոր­հիւ, եւ ա­նոր մէջ մեծ է դե­րը նաեւ Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան դպրե­վան­քին: Սի­սի մէջ ջար­դո­ւած ու կո­տո­րո­ւած մար­դու­ժը այս­տեղ նոր սե­րունդ­նե­րով կը հա­մալ­րո­ւի` ա­ւե­լի՛ պատ­րաս­տուած, ա­ւե­լի՛ բարձ­րա­գոյն ուս­ման հա­սած, ա­ւե­լի՛ պատ­րաս­տա­կամ ու յանձ­նա­ռու:

Վեր­ջա­պէս, Ան­թի­լիա­սը այ­սօր Սի­սի հա­յե­լիին մէ­ջէն ար­տա­ցո­լա­ցող շողք է, ո­րուն նա­յե­լով հայն ու օ­տա­րը պի­տի տես­նեն փա­ռա­ւոր ան­ցեա­լի` թա­գա­ւո­րա­կան ու հայ­րա­պե­տա­կան մա­կան­նե­րու վե­րըն­ձիւ­ղու­մը, որ ե­րաշ­խիքն է մեր ազ­գի ու ե­կե­ղեց­ւոյ վառ ար­շա­լոյս­նե­րուն ու յա­ւեր­ժու­թեան:

Թոր­գոմ Վրդ. Տօ­նո­յեան