Օր­տո­ւի Հայ­րե­նակ­ցա­կան Միու­թիւն…

Ե­թէ մէ­կը ը­սէր ին­ծի` պի­տի չհա­ւա­տա­յի: Օր­տո­ւի Հայ­րե­նակ­ցա­կան Միու­թի՞ւն…: Այդ ալ` Մար­սէյ­լի մէջ..:

Ա­յո՛, ա­պա­ցոյ­ցը այն պրակն է, զոր հրա­տա­րա­կեր է նշեալ միու­թիւ­նը, իր ան­դամ­նե­րուն ծա­նօ­թաց­նե­լու հա­մար հայ­րե­նակ­ցա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան ծրա­գիր-կա­նո­նա­գի­րը:

Ո՞ւր կը գտնո­ւի Օր­տուն:

Օր­տու Սեւ Ծո­վու ա­փին թրքա­կան քա­ղաք մըն է: Ե­թէ բա­նանք Թուր­քիոյ ար­դի մէկ քար­տէ­սը, Սեւ Ծո­վու ե­զեր­քը` Հո­փա­յէն սկսեալ ի­րե­րա­յա­ջորդ կեր­պով պի­տի նշմա­րենք Ռի­զէն, Տ­րա­պի­զո­նը, Կի­րէ­սու­նը, ՕՐՏՈՒՆ, Իւն­յէն, Սամ­սու­նը, Սի­նո­փը…:

Խոս­տո­վա­նիմ, որ բնաւ գա­ղա­փար չու­նէի Օր­տո­ւի հա­յու­թեան մա­սին, ո՛չ ալ օր­տու­ցի հա­յու մը հան­դի­պեր եմ ցարդ: Հան­րա­գի­տա­րա­նէն տե­ղե­կա­ցայ, որ Մեծ Ե­ղեռ­նի նա­խօ­րէին Օր­տո­ւի մէջ կը բնա­կէին 7000ի չափ հա­յեր: Յոյ­նե­րուն թի­ւը հա­յոց ե­ռա­պա­տիկն էր, իսկ թուր­քե­րը` կը կազ­մէին մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը:

Ո՞ւր գա­ցին այդ 7000 հա­յե­րը:

Դիւ­րին է են­թադ­րել, որ ա­նոնց­մէ շա­տեր 1915ի սեւ օ­րե­րուն… ծո­վը թա­փո­ւե­ցան ու ծո­վա­մոյն դար­ձան:

Ե­թէ դի­տէք Մեծ Ե­ղեռ­նի այն նշա­նա­ւոր քար­տէ­սը, ուր մեծ ու փոքր կար­միր բո­լո­րակ­նե­րով նշո­ւած են ջար­դե­րու վայ­րե­րը` քա­ղաք առ քա­ղաք, պի­տի նկա­տէք, որ Սեւ Ծո­վու ա­փին գտնո­ւող քա­ղաք­նե­րուն վրայ դէ­պի ծով ուղ­ղեալ փոք­րիկ նշան­ներ դրո­ւած են…:

Պատ­մու­թիւ­նը յայտ­նի է…:

Բայց կ­՛ե­րե­ւի, թէ փրկո­ւող­ներ ե­ղան, ու ա­նոնց­մէ խմբակ մըն ալ Մար­սէյլ հաս­նե­լով` հոն հիմ­նեց Օր­տո­ւի Հայ­րե­նակ­ցա­կան Միու­թիւ­նը:

Շա­բաթ­ներ ա­ռաջ, Օր­տո­ւի մա­սին կարճ լուր մըն ալ կար­դա­ցի մեր թեր­թե­րէն մէ­կուն մէջ: Հոն կը խօ­սո­ւէր Օր­տո­ւի վեր­ջին հա­յե­րէն մէ­կուն մա­սին: 90ա­մեայ հայ ծե­րու­նի մը, վար­պետ պղնձա­գործ, որ առ այ­սօր իր խա­նու­թը կը բա­նեց­նէ ե­ղեր Օր­տո­ւի մէջ…:

Քա­ղա­քին մէջ դեռ քա­նի մը հա­յեր կ­՛ապ­րին ե­ղեր…:

Փա­կե­լէ ա­ռաջ սա՛ ալ ը­սեմ.- Օր­տու ծնած է ֆրան­սա­հայ գրա­կա­նու­թեան ե­րե­ւե­լի դէմ­քե­րէն ԶԱՐԵՀ ՈՐԲՈՒՆԻՆ (1902-1980): Ան սերն­դա­կից էր Շա­հան Շահ­նու­րի, Վազ­գէն Շու­շա­նեա­նի, Հ­րաչ Զար­դա­րեա­նի, Նի­կո­ղոս Սա­րա­ֆեա­նի եւ միւս Փա­րի­զի Տ­ղոց: Մեր գրա­կա­նու­թեան մէջ Զ. Որ­բու­նին ու­նի ու­րոյն տեղ մը, մա­նա­ւանդ իր «­Հա­լա­ծո­ւած­նե­րը» վի­պա­շար­քով:

Օր­տո՜ւ…:

Այ­սօր բա­րե­կար­գո­ւած ու սի­րուն տպա­ւո­րու­թիւն գոր­ծող քա­ղաք մը, ուր 7000 հա­յեր կ­՛ապ­րէին դար մը ա­ռաջ…:

Լե­ւոն Շա­ռո­յեան