Յուլիս 29-30ին, Հ.Հ. Գ.Ա.Ա. նիստերու դահլիճէն ներս, Հ.Հ. սփիւռքի նախարարութեան եւ Հ.Հ. Գ.Ա.Ա. Աճառեանի անուան լեզուի ուսումնարանի նախաձեռնութեամբ, կայացաւ «Արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի մերձեցման խմդիրները» խորագիրը կրող համաժողովը: Հայերէնի երկու ճիւղերու խնդիրներուն ու մեր ձեցման ուղիներուն նուիրուած էր Հ.Հ. սփիւռքի նախարարութեան «Հայերն Այսօր» ելեկտրոնային պարբերականի գլխաւոր խմբագիր Նայիրի Մկրտիչեանի զեկոյցը, զոր ամբողջութեամբ կը ներկայացնենք ստորեւ.-
Բոլորիս յայտնի է, որ լեզուն մտածելակերպ է, կենսակերպ ու աշխարհայեացք. այն հասարակութեան մէջ, ուր կը հնչէ հայերէն լեզուն, ձեռք կը բերուի հայեցի մտածելակերպ:
Հայը կը մտածէ հայերէն, իսկ այլ ազգի մշակոյթին պատկանող մարդը` տուեալ ազգի լեզուով: Պատահական չէ, որ աշխարհի մէջ սփռուած հայկական համայնքներու զաւակները՝ կրելով ազդեցութիւնը տուեալ երկրի մայրենի լեզուին, կը խօսին տեղի համապատասխան մտածելակերպով, օրինակ ամերիկահայը «կը հեռաձայնեմ քեզի» ըսելու փոխարէն, անգլերէնէն թարգմանաբար կ’ըսէ «կը կանչեմ քեզի», իսկ յունահայը «երկար տարիներ» մաղթելու փոխարէն կ’ըսէ՝ «շատ տարիներու» եւ այլն։
Լեզուն նաեւ մարդու գիտակցութեան մէջ ձեւաւորուած մտքերու փոխանակման միջոց է, արեւմտահայերէնը` օտար լեզուներու ազդեցութիւնը կրելով, սկսած է տարբեր ըլլալ մէկ համայնքէն միւսը, օտար լեզուի ազդեցութեան տակ փոխուած է նաեւ իւրաքանչիւր համայնքի հայերէնի հնչերանգը՝ պարսկահայը կը խօսի ձայնաւորներու հնչիւնը երկարելով, ամերիկահայը կիսաձայն հնչելով եւ այլն։ Կայ նաեւ ուղղագրութեան տարբերութիւն՝ օրինակ մէկը Գանատան կը գրէ քէ-ով միւսը գիմ-ով, մէկը երկուութիւնը կը գրէ երկու ու-ով, միւսը ւու-ով։
Հայաստանի մէջ գրական արեւելահայերէնի վրայ ազդեցութիւն կը գործեն՝ ռուսերէնը, բարբառներն ու տարածուած ժառկոնը. խօսակացական լեզուն զգալիօրէն ներթափանցած է լրատուամիջոցներու մէջ, սակայն այնուամենայնիւ Հայաստանի մէջ կայ լեզուի պետական տեսչութիւն, որուն նպատակն է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ լեզուի բնագաւառէն ներս իրականացնել միասնական քաղաքականութիւն, ապահովել «Լեզուի մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան լեզուական քաղաքականութեան պետական ծրագրի պահանջներու կատարումը, կանոնակարգել Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնական լեզուի՝ գրական հայերէնի կանոնարկումը եւ հասարակական կեանքի բոլոր ոլորտներէն ներս անոր լիակատար գործածութեան ապահովումը, իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքէն դուրս բնակող հայերու շրջանակէն ներս ապահովել հայերէնի տարածումը։
Սփիւռքի մէջ՝ չկայ բոլորին կողմէ ընդունուած որեւէ մարմին, կառոյց, կամ տեսչութիւն, որ կ’իրականացնէ Հայաստանի լեզուի պետական տեսչութեան գործունէութիւնը Սփիւռքի տարածքին, իւրաքանչիւր համայնքի մամուլի ներկայացուցուցիչ ինք կ’որոշէ իր հրապարակումներուն գրելաձեւը։
Միւս կողմէ՝ Սահմանադրութեան համաձայն Հայաստանի պաշտօնական լեզուն գրական հայերէնն է, այսինքին՝ գրական հայերէնը իր երկու ճիւղերով՝ արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն, բայց բոլորիս ալ յայտնի է, որ անհամեմատ աւելի մեծ է ուշադրութիւնը արեւելահայերէնի հանդէպ, աւելին՝ շատ քիչերը գիտեն, որ պետական լեզուի մէկ բաղադրիչը նաեւ արեւմտահայերէնն է։
Անձնապէս կը կիսեմ այն տեսակէտը, որ Արեւմտահայերէնի նկատմամբ անտարբերութիւնը կը սկսի Սփիւռքէն, այստեղ տեղին է նշել Արամ Ա. Կաթողիկոսի խօսքը.- «Հայ լեզուն կը նահանջէ ամէ՛ն տեղ, տարբեր կերպերով ու ամէ՛ն իմաստով… 1600 տարիներու պատմութիւնը իր ամէնէն ահաւոր զէնքերով չկրցաւ սպաննել հայ լեզուն: Այսօր մենք է, որ կը սպաննենք հայ լեզուն` երբեմն մեր անտարբերութեամբ, երբեմն մեր տգիտութեամբ, երբեմն մեր անհաւատարմութեամբ, երբեմն մեր օտարամոլութեամբ …»:
Կարծիքս հիմնաւորեմ մի քանի մատնանշումներով.
- Հայաստան այցելած, կամ քանի մը ամիս Հայաստան ապրող արեւմտահայերէն լեզուի կրողը կը սկսի արեւելահայերէն խօսիլ փորձել՝ նոյնիսկ արեւմտահայուն հետ,
- Սփիւռքահայ մտաւորականներն անգամ՝ Հայաստանի մէջ կամ հայաստանեան լրատուամիջոցի մը հարցազրոյց տուած ժամանակ շատ յաճախ կը փորձեն արեւելահայերէն խօսիլ։
- Սփիւռքեան կառոյցներէն Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը, Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը, Հայաստանէն դուրս գործող միակ հայկական համալսարանը՝ Հայկազեանը, իրենց հաղորդագրութիւնները կը հրապարակեն միայն անգլերէն, այն ինչ իրենք առաջինը պիտի ըլլային, որ մեծ դեր ու նշանակութիւն կուտան մայրենիին եւ յատկապէս այն ճիւղին, որուն կրողն են (տեղին է նշել, որ վերջին շաբաթներուն Հ.Բ.Ը.Մ. սկսած է իր հաղորդագրութիւնները ուղարկել հայերէն)։
Մատնանշումներ՝ Հայաստանի մէջ տիրող իրավիճակին մասին.
- Հայաստանի պաշտօնական կայքերը կը գործեն ռուսերէն, անգլերէն, արեւելահայերէն եւ ֆրանսերէն, բայց ոչ արեւմտահայերէն, միակ պաշտօնական կայքը, որ ունի արեւմտահայերէն տարբերակ Հ.Հ. սփիւռքի նախարարութեան պաշտօնական կայքն է։
- Նոյնն է պարագան նաեւ լրատուամիջոցներուն. Հայաստանի մէջ գործող արեւմտահայերէն տարբերակ ունեցող միակ լրատուական կայքը Հ.Հ. սփիւռքի նախարարութեան «Հայերն Այսօր» կայքն է եւ միայն արեւմտահեյերէն գործող կայքը «Եռագոյն»ն է, այսքանով կը սահմանափակուի հայաստանեան ողջ լրատուամիջոցներու արեւմտահայերէն լրատուական դաշտը։
Այդ իսկ պատճառով Հայաստանի զգալի տոկոսը, նոյնիսկ բարձրագոյն կրթութեան տէր անձինք, շատ յաճախ չեն տարբերեր իրենց տրուած գրութիւնը արեւմտահայերէն է կամ դասական ուղղագրութեամբ գրուած արեւելահայերէն, անոնք ծանօթ չեն արեւմտահայերէնի մէջ օգտագործուող հայկական արմատ ունեցող բազմաթիւ բառերու։
Հայաստանի մէջ չկայ արեւմտահայերէն գործող նոյնիսկ մէկ դպրոց, որուն կարիքը այսօր առաւել քան երբեւէ կը զգանք, նկատի առնելով սուրիահայերու հոսքը Հայաստան։
Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին գրեթէ անթերի կազմակերպուած նախաձեռնութիւններուն մէջ, ըստ իս, կար շատ կարեւոր վրիպում մը. ոգեկոչման նուիրուած էջանիշներու, պայուսակներու, փողոցներու մէջ տեղադրուած պաստառներու վրայ «կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ» կարգախօսը գրուած էր անգլերէն, ռուսերէն, չինարէն, արաբերէն եւ նոյնիսկ թրքերէն, բայց ոչ արեւմտահայերէն, այն ինչ Ցեղասպանութիւնը իր մաշկին վրայ առաւելապէս զգացին արեւմտահայերէնը կրողները եւ Ցեղասպանութեան հետեւանքով է, որ այսօր լեզուի այս ճիւղը վտանգուած է։
Արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի միջեւ մերձեցման գործընթացը սկսելու համար, նախ անհրաժեշտ է լեզուի երկու ճիւղերու պահպանման ու զարգացման համար որդեգրել համահաւասար քաղաքականութիւն եւ նոյն ուշադրութիւնն ու կարեւորութիւնը ընծայել լեզուի երկու հատուածներուն։ Լեզուն ունի յարափոփոխ կազմաւորման դրոյթ, իսկ երկու հատուածներու միջեւ փոխանակում ստեղծելու համար մէկ ճիւղը կրող հատուածը պէտք է նոյնքան ծանօթ ըլլայ միւս ճիւղին, ընկալէ եւ լաւապէս հասկնայ զայն, Այլապէս մերձեցման մասին խօսիլը անիմաստ է։
Եթէ կ’ուզենք, որ մեր երկրի տարբեր մասերուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ առաւել սերտ ու ամուր կապ ըլլայ, մենք հարկադրուած ենք միշտ կատարելագործելու մեր հաղորդակցութեան միջոցները, առաջին հերթին՝ գրական լեզուն իր երկու ճիւղերով հաւասարապէս։ Ակնյայտ է, որ Սահմանադրութեամբ գրուածը այլ բան է, իրական պատկերը այլ, հետեւաբար մենք մեր հերթին պէտք է միշտ հոգատար ըլլանք լեզուի ճիշդ զարգացման նկատմամբ եւ աւելի ու աւելի ձգտինք անոր կատարելագործման։ Մեզմէ կը պահանջուի իրարու հետ խօսինք, գրենք, այսինքն հաղորդակցութեան մէջ մտնենք միայն ու միայն լաւ լեզուով, իսկ իւրաքանչիւրս վստահաբար աւելի լաւ կը տիրապետէ գրական հայերէնի այն ճիւղին, զոր կը կրէ իր ծնած օրէն։
Միւս կողմէ առաւել բախտաւորները մեր՝ հայրենադարձներուս զաւակներն են, որոնք գրական հայերէնի երկու ճիւղերու կրողն են, եւ արեւելահայերէնի ու արեւմտահայերէնի մերձեցման մէջ լուրջ դերակատարութիւնը ունեցող ապագայ սերունդը։
Սիրենք մեր լեզուն այնպէս, ինչպէս Վազգէն Շուշանեանը կը սիրէր ըսել,- «Հայո՜ց լեզու, որքա՜ն կը սիրեմ քեզ: Ո՛չ մէկ աղջիկ երկրի վրայ կրնայ պարծենալ, թէ այդքան խանդաղատանք, այդքան գորով, այդքան աղապատանք ստացած է ինձմէ: Հաւատարմութիւնը, որ կը զգամ քեզի հանդէպ` աւելի՛ զօրաւոր է, քան մեր այս եղկելի կեանքը: Կ՛ուզէի քեզ սորվիլ մինչեւ վերջին վայրկեանը,- քու յետին շեշտերդ ու քու յետին բառերդ: Քու ներքին երաժշտութիւնդ ու քու գծած ճամբադ` պատմութեան մէջ: Դուն, որ մեր աղօթքն ես ու մեր հաճոյքը,- հայո՜ց լեզու, կը սիրե՛մ քեզ»:
Եզրակացութիւն
- Սփիւռքի մէջ ստեղծել լեզուի պետական տեսչութեան համազօր մարմին:
- Պատշաճ մակարդակի վրայ դնել արեւմտահայերէնի հանդէպ ուշադրութիւնը, յատկապէս Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնական կայքերը ունենան արեւմտահայերէն տարբերակ։
- Հայաստանի մէջ բանալ արեւմտահայերէն թեքումով դպրոցներ, ինչպէս նաեւ չափահասներու համար կազմակերպել արեւմտահայերէն դասընթացներ, ուր կրնան յաճախել ե՛ւ արեւելահայերը, ե՛ւ արեւմտահայերը։
- Լրատուամիջոցներով սփռել արեւմըտահայերէն լուրեր, դիպաշարեր, մանկական եւ այլ հաղորդումներ։
- Հայաստանի կրթական համակարգի մէջ աւելի շատ ընդգրկել արեւմտահայերէն գրականութիւն։
- Սփիւռքի կառոյցները իրենց հաղորդագրութիւնները մամուլին տրամադրեն նախ հայերէն։
- Գիտութեան մշակները հայոց գիտական լեզուն հասցնեն կատարելութեան։
Նայիրի Մկրտիչեան