­(­Պոլ­սա­հայ «Ա­կօս» թեր­թէն կ­’ար­տատ­պենք իր տե­սա­կին մէջ շատ ու­շագ­րաւ քիւրտ քա­ղա­քա­կան բան­տար­կեա­լի մը ցա­ւակ­ցա­կան հե­տա­գայ գրու­թիւ­նը՝ «Ա­կօս»ի անձ­նա­կազ­մէն նո­րոգ վախ­ճա­նած ­Սար­գիս ­Սե­րով­բեա­նի յի­շա­տա­կին)։

Դ­ժո­ւա­րա­ցանք կողմ­նո­րո­շո­ւիլ, քա­նի որ նա­մա­կա­բե­րին յանձ­նած պա­հա­րա­նին վրայ գրո­ւած էր «­Սար­գիս ­Սե­րով­բեան», բայց երբ կար­դա­ցինք պա­հա­րա­նի վրայ գրո­ւած «­Բան­տար­կեա­լի նա­մակ՝ ստու­գո­ւած է» ծա­նօ­թագ­րու­թիւ­նը, հա­մար­ձա­կե­ցանք բա­նա­լու եւ տե­սանք, որ մեր սի­րե­լի ե­րէց եղ­բօր՝ ­Սար­գիս ­Սե­րով­բեա­նի ան­հա­մար բա­րե­կամ­նե­րէն մէ­կը, լսե­լով ­Սե­րով­բեա­նի կո­րուս­տը, ու­զած էր մեր ցա­ւը կի­սել։ ­Մենք ալ այդ նոյն նա­մա­կը կը բաժ­նենք «Ա­կօս»ի ըն­թեր­ցող­նե­րուն հետ։

«Ա­կօս»

2010ի ­Յու­լիս ամ­սուն էր, որ պա­տա­հա­բար ծա­նօ­թա­ցայ ­Սար­գի­սի հետ։ Մ­շոյ ­Հաս­գիւղ (­Տէր­հաս) գա­ւա­ռի Մղ­րա­գոմ գիւ­ղի բնա­կիչ քիւրտ մըն եմ։ ­Շա­բաթ օր մըն էր եւ մենք դէ­պի ­Տէր­հա­սի լեռ­նա­դաշ­տե­րը շրջա­գա­յու­թեան ե­լանք ըն­կե­րոջս հետ։ ­Խա­չա­րէշ լեռ­նե­րու բար­ձունք­նե­րը ան­տա­ռա­պատ է եւ խոր հո­վիտ­ներ կը գտնո­ւին։ ­Քա­նի կը մօ­տե­նա­յինք կա­տար գա­գա­թին, ան­կա­րե­լի կը դառ­նար ինք­նա­շար­ժով յա­ռա­ջա­նալ։ ­Հա­սած ենք ­Մուշ եւ ­Պիթ­լիս նա­խանգ­նե­րու սահ­մա­նը հան­դի­սա­ցող կէ­տին։

­Բա­ղէ­շի գիւ­ղե­րէն ­Ղը­զան­կը, Իւ­շիւ­տը եւ ­Մաղ­մու­քա­նը ստո­րո­տը մնա­ցած են։ ­Մա­րա­թուկ լե­րան լան­ջին ենք։ ­Կը յա­ռա­ջա­նանք դէ­պի կա­նա­չա­պատ ան­տա­ռը։ Եւ քա­նի մօ­տե­նանք, կը նշմա­րենք նաեւ ո­րոշ շի­նու­թիւն­ներ։ Ի վեր­ջոյ ­Թէ­փա ­Սէյ­րան կո­չո­ւած վայ­րի մէջ մեր դի­մաց կը յայտ­նո­ւի հսկայ վանք մը։ Ի դէմ բո­լոր վնա­սո­ւա­ծու­թեան՝ ան կան­գուն է տա­կա­ւին եւ դէ­պի եր­կինք բարձ­րա­ցող գմբէ­թով կար­ծես թէ վկա­յու­թիւն մը կը բե­րէ ան­ցեա­լէն։

­Տե­ղա­ցի­ներ կը պնդեն, թէ 366 սե­նեակ­ներ ու­նե­ցած է այդ վան­քը։ Ես ի­րենց ը­սածն է, որ կը փո­խան­ցեմ։ ­Վան­քի ներ­սը զա­նա­զան բա­ժին­ներ ու­նի, բայց վնա­սո­ւած ըլ­լա­լուն, չենք կրցած հասկ­նալ, թէ ի՞նչ է այդ բա­ժին­նե­րու գոր­ծա­ծու­թեան ձե­ւը։ Այս կա­ռոյ­ցը յա­տուկ խնամ­քի կը կա­րօ­տէր ու ես դի­մե­ցի զա­նա­զան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու։

­Տե­սակ­ցու­թիւն­ներ ու­նե­ցայ ­Վա­նի, ­Մու­շի, ­Պիթ­լի­սի, Է­լա­զը­ղի հա­մալ­սա­րան­նե­րու հնա­գի­տու­թեան բա­ժին­նե­րուն հետ։ ­Սա­կայն ա­նոնք չբաժ­նե­ցին իմ ո­գե­ւո­րու­թիւնս։ ­Նոյ­նիսկ չստանձ­նե­ցին այդ պատ­մա­կան կա­ռոյ­ցը տեղ­ւոյն վրայ քննե­լու ձանձ­րոյ­թը։ Իսկ ես իմ գիւ­տով խան­դա­վա­ռո­ւած զան­գա­հա­րե­ցի «Ա­կօս» եւ այս­պէ­սով ծա­նօ­թա­ցայ ­Սար­գիս ­Սե­րով­բեա­նի հետ։ Ա­նոր հետ խօ­սե­լու պա­հուն զգա­ցի, որ ինք ալ կը բաժ­նէր իմ յու­զումս։ ­Կարճ ժա­մա­նակ անց, իր թե­լադ­րան­քով, ե­րեք ար­ժէ­քա­ւոր հիւ­րեր ու­նե­ցայ։ Եր­կու­քը հայ ե­կե­ղեց­ւոյ ե­պիս­կո­պոս­ներ էին։ ­Հա­յաս­տա­նի ­Վա­նա­ձո­րէն ­Սե­պուհ եւ ­Մի­քա­յէլ Սր­բա­զան­ներն էին եւ ի­րենց ըն­կե­րակ­ցող ­Գա­լի­ֆոր­նի­յա­յէն Ար­մա­նը։ ­Բա­ցի ­Տէ­րաս­փիէն, այ­ցե­լե­ցինք Ա­ռա­քե­լոց վան­քը, ­Սուրբ ­Կա­րա­պետ, ­Մա­րիամ Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղե­ցի­նե­րը, ­Մու­շի կեդ­րո­նի ե­կե­ղե­ցի­նե­րը։

Ա­ւե­լի ուշ ­Պո­լիս ե­կայ եւ այ­ցե­լե­ցի «Ա­կօս»ի գրա­սե­նեա­կին մէջ ­Սար­գիս ­Սե­րով­բեա­նին։ ­Պայ­մա­նա­ւո­րո­ւե­ցանք, որ ­Մուշ պի­տի այ­ցե­լէր եւ միա­սին պի­տի այ­ցե­լէինք ­Մես­րոպ ­Մաշ­տո­ցի գիւ­ղը։ Այդ օ­րե­րուն ին­ծի պատ­մած էր նաեւ ­Լի­լի­թի մա­սին։ ­Լի­լիթ սաս­նե­ցի էր եւ իր ա­մուս­նոյն հետ յա­ճախ կ­՚այ­ցե­լէր ­Մուշ։ Ե­թէ ինք ինձ­մէ ա­ռաջ գար, պի­տի նկա­րէր վան­քը։

Այս բո­լո­րը կը մտա­բե­րեմ ­Սի­լիվ­րիի ար­գե­լա­նո­ցին մէջ, ուր բե­րո­ւած եմ իբ­րեւ քաղ­բան­տար­կեալ։ ­Մէ­կու­կէս ա­միս ու­շա­ցու­մով է, որ ստա­ցած եմ «Ա­կօս»ի 5 ­Յու­նիս թո­ւա­կիր հա­մա­րը։ Կ­՚ափ­սո­սամ որ մե­ծա­յարգ ­Սար­գիս ­Սե­րով­բեա­նի հի­ւան­դու­թեան օ­րե­րուն կամ մա­հո­ւան պա­հուն ձեր մօտ չեմ ե­ղած։ Խնդ­րեմ ըն­դու­նէք իմ ա­կա­մայ ու­շա­ցած ցա­ւակ­ցու­թիւնս, զոր կը յայտ­նեմ ­Սար­գի­սի սի­րե­լի տիկ­նոջ, զա­ւակ­նե­րուն եւ «Ա­կօս»ի հա­մայն ըն­տա­նի­քին։

­Սի­րով ու յար­գան­քով
Հի­յա­սէտ­տին Քր­թան
(­Սար­գիս միշտ Կ­յա­սէտ­տին կ­՚ը­սէր)։
13 ­Յու­լիս 2015 - ­Սի­լիվ­րիի Ար­գե­լա­նոց