­Ան­գա­րա­յի թիւ մէկ թշնա­մին, ­­Սու­րիոյ պա­տե­րազ­մի ա­ռա­ջին օ­րե­րէն իսկ, նա­խա­գահ Ա­սա­տի ղե­կա­վա­րու­թիւնն էր, որ շա­րու­նակ բուռն քննա­դա­տու­թեան ա­ռար­կայ կը դառ­նար, այն­քան՝ որ նոյ­նիսկ այդ օ­րե­րուն, երբ դեռ վար­չա­պե­տի պաշ­տօն կը վա­րէր նա­խա­գահ Էր­տո­ղան, ա­մե­նայն ինք­նավս­տա­հու­թեամբ յայտ­նած էր, թէ քա­նի մը ա­մի­սէն կա­րե­լի պի­տի ըլ­լար ընդ­դի­մա­դիր ղե­կա­վա­րու­թեան հետ տե­սակ­ցիլ ­­Դա­մաս­կո­սի մէջ…:

Այ­սօր, գրե­թէ չորս տա­րի ետք եւ յատ­կա­պէս քա­նի մը օր ա­ռաջ, թրքա­կան օ­դու­ժին կա­տա­րած մի­ջամ­տու­թիւն­նե­րէն ետք, յստակ է, թէ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը Էր­տո­ղա­նի են­թադ­րու­թեամբ չեն ըն­թա­ցած եւ նոյ­նիսկ այդ տա­րա­ծաշըր­ջա­նէն ներս բազ­մա­ցած են Ան­գա­րա­յի թշնա­մի­նե­րուն թի­ւը:

…Եւ ընդ­հա­կա­ռա­կը, մնա­լով հան­դերձ ո­խե­րիմ թշնա­մի՝ նա­խա­գահ Ա­սա­տի ղե­կա­վա­րու­թեան, ­­Թուր­քիա սկսած է նոյն­քան թշնա­մու­թիւն ցու­ցա­բե­րել թէ՛ «Իս­լա­մա­կան ­­Պե­տու­թեան» եւ թէ՛ քրտա­կան ու­ժե­րուն դէմ:

­­Հոս, հա­ւա­նա­բար տե­ղին է հար­ցադ­րել, թէ ինչ­պէ՞ս նմա­նօ­րի­նակ լա­բիւ­րին­թո­սա­յին կա­ցու­թիւն մը ստեղ­ծո­ւած է երկ­րի մը կող­մէ, որ դեռ քա­նի մը տա­րի ա­ռաջ իր «Ֆ­լո­թի­լա­»ի ա­րար­քով, շրջա­նէն ներս փոր­ձած էր «ղե­կա­վա­րու­թիւն» խա­ղալ: Ան­կաս­կած որ խորհր­դա­րա­նա­կան վեր­ջին ընտ­րու­թիւն­նե­րուն, նա­խա­գահ Էր­տո­ղա­նի եւ իր կու­սակ­ցու­թեան կրած պար­տու­թիւն­նե­րը, ա­ռա­ւել հա­րաւ-ա­րե­ւե­լեան ­­Սու­րիոյ սահ­մա­նա­մերձ շրջան­նե­րէն ներս «Իս­լա­մա­կան ­­Պե­տու­թեան» եւ քիւր­տե­րու մի­ջեւ բա­խում­նե­րը ա­նել կա­ցու­թիւն մը ստեղ­ծած էին: Իսկ լե­ցուն տա­կա­ռը յոր­դեց­նող կա­թի­լը ­­- հա­զիւ տաս­նեակ մը օ­րեր ա­ռաջ - ­Սու­րու­ճի պայ­թումն էր, որ խլեց 32 զոհ, բո­լորն ալ քրտա­մէտ ­­Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ­­Ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ­­Կու­սակ­ցու­թեան հա­մա­կիր­ներ…:

Այս­պէս, տա­րի­ներ շա­րու­նակ ա­նուղ­ղա­կիօ­րէն ­­Սու­րիոյ այ­լա­խոհ­նե­րուն (նե­րա­ռեալ «Իս­լա­մա­կան ­­Պե­տու­թեան» զի­նեալ­ներ) օ­ժան­դա­կած, նոյ­նիսկ դժուա­րա­ցու­ցած՝ Ա­րաբ ­­Բու­նա­րի վե­րագ­րա­ւու­մը քիւր­տե­րու կող­մէ, Ա­րեւմ­տեան ու­ժե­րու օ­ժան­դա­կու­թեամբ, այ­սօր ­­Թուր­քիա փո­փո­խու­թեան են­թար­կած է իր ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը:

­Ի՞նչ պի­տի ըլ­լայ այս նոր քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ար­դիւն­քը:

Յս­տակ է, որ Էր­տո­ղան այս մի­ջո­ցառ­ման դի­մեց, ո­րով­հե­տեւ.-

- «Ար­դա­րու­թիւն եւ ­­Բար­գա­ւա­ճում» ­­Կու­սակ­ցու­թիւ­նը կորսն­ցու­ցած էր հող եւ դեռ ալ պի­տի կորսնց­նէ:

- Քր­տա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րը, յատ­կա­պէս հա­րաւ-ա­րե­ւե­լեան շրջա­նէն ներս, սկսած են իշ­խա­նու­թեան մէջ իշ­խա­նու­թիւն ստեղ­ծել, եւ շա­րու­նակ զօ­րա­նալ:

- «Իս­լա­մա­կան ­­Պե­տու­թեան» դէմ չպայ­քա­րե­լով եւ, ընդ­հա­կա­ռա­կը, ա­նուղ­ղա­կիօ­րէն դիւ­րաց­նե­լով ա­նոր յա­ռաջ­խա­ղաց­քը, սկսած էր Ա­րեւ­մուտ­քի հա­մար նկա­տո­ւիլ անվս­տա­հե­լի պե­տու­թիւն:

Իսկ այս հար­ցադ­րում­նե­րու կող­քին, նաեւ տե­ղին է նշել, թէ ի՞նչ պի­տի ըլ­լայ Ա­րեւ­մուտ­քին եւ յատ­կա­պէս ­­Միա­ցեալ ­­Նա­հանգ­նե­րու կե­ցո­ւած­քը, ուր վեր­ջերս բարձ­րաս­տի­ճան քա­ղա­քա­գէտ մը զար­մանք յայտ­նած էր, թէ մին­չեւ ­­Հիւ­սի­սա­յին Ի­րաք մեկ­նե­լով եւ Ա­րեւմ­տեան ու­ժե­րու դաշ­նա­կից քրտա­կան կեդ­րոն­ներ ռմբա­կո­ծե­լով, ­­Թուր­քիա ինք­զինք վտան­գա­ւոր կա­ցու­թեան մէջ կը դնէր:
­­Մէկ բան յստակ է, թէ Էր­տո­ղան եւ իր մե­քե­նան գոր­ծի լծո­ւած են, որ­պէս­զի «Ար­դա­րու­թիւն եւ ­­Բար­գա­ւա­ճում» նա­ւը չընկղմի…

«­Հայ­րե­նիք»