Միայն ան­ցեալ ա­միս իր կու­սակ­ցու­թեան խորհր­դա­րա­նա­կան մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը կորսնց­նե­լէ յե­տոյ, նա­խա­գահ Էր­տո­ղան գի­տակ­ցե­ցաւ, որ հա­րե­ւան Սու­րիոյ մէջ կան վտան­գա­ւոր ա­հա­բե­կիչ­ներ, ո­րոնք կը սպառ­նան Թուր­քիոյ անվ­տան­գու­թեան:
Զար­մա­նա­լիօ­րէն, ա­սոնք այն նոյն ա­հա­բե­կիչ­ներն են, ո­րոնց Ան­գա­րա շա­տոնց զի­նած եւ ա­ջակ­ցած է՝ Սու­րիա թա­փան­ցե­լու հա­մար, եւ բժշկա­կան օգ­նու­թիւն ցու­ցա­բե­րած ա­նոնց՝ թրքա­կան հի­ ւան­դա­նոց­նե­րուն մէջ:

Ըստ գնա­հա­տա­կան­նե­րու՝ 25 հա­զար այ­լազ­գի եւ հա­զար թուրք ճի­հա­տիստ­ներ Սու­րիա մտած են Թուր­քիոյ սահ­մա­նէն վեր­ջին տա­րի­նե­րուն՝ փոր­ձե­լով տա­պա­լել Սու­րիոյ նա­խա­գահ Պաշ­շար ալ-Ա­սա­տը:

Իբ­րեւ ա­ռիթ օգ­տա­գոր­ծե­լով ան­ցեալ շա­բաթ թուրք զի­նո­ւո­րի մը սպան­նո­ւե­լուն փաս­տը, Սու­րիոյ կող­մէ ար­ձա­կո­ւած կրա­կո­ցէն, Էր­տո­ղան հրա­մա­յեց ցա­մա­քա­յին եւ օ­դա­յին ռմբա­կո­ծու­թիւն­ներ ի­րա­կա­նաց­նել Հիւ­սի­սա­յին Սու­րիոյ եւ Ի­րա­քի մէջ, ինչ­պէս նաեւ՝ Թուր­քիոյ մէջ ձեր­բա­կա­լել ա­ւե­լի քան հա­զար մարդ, ո­րոնք կաս­կա­ծե­լի են՝ քիւրտ զի­նեալ­ներ, ձա­խա­կող­մեան գրո­հա­յին­ներ եւ «Իս­լա­մա­կան Պե­տու­թեան» (ԻԼԻՊ) կողմ­նա­կից­ներ ըլ­լա­լու մէջ:

Քա­նի մը տա­րո­ւան դժկա­մու­թե­նէն յե­տոյ, Թուր­քիոյ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը Յու­լիս 24ին վեր­ջա­պէս յայ­տա­րա­րեց, որ կ­՝ար­տօ­նէ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րուն օգ­տա­գոր­ծե­լու իր ռազ­մա­կան օ­դա­կա­յան­նե­րը՝ Սու­րիոյ մէջ ճի­հա­տա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րու վրայ յար­ձա­կե­լու հա­մար:

ԻԼԻ­Պի ա­հա­բե­կիչ­նե­րուն դէմ պայ­քա­րե­լու կամ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու հետ Սու­րիոյ եւ Ի­րա­քի մէջ ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու մէջ հա­մա­գոր­ծակ­ցե­լու փո­խա­րէն, Էր­տո­ղա­նի ի­րա­կան մտադ­րու­թիւնն է ամ­րապն­դել իր սե­փա­կան իշ­խա­նու­թիւ­նը՝ հաս­նե­լու հե­տե­ւեալ շա­հա­դի­տա­կան նպա­տակ­նե­րուն.-

Թուր­քիոյ նա­խա­գա­հը կը գի­տակ­ցի, որ ե­թէ իր իշ­խող կու­սակ­ցու­թիւ­նը չյա­ջո­ղի ձե­ւա­ւո­րել միա­խառն կա­ռա­վա­րու­թիւն, ու­րեմն ան պար­տա­ւոր է խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րու նոր փուլ անց­նե­լու: Հե­տե­ւա­բար, խիստ գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ ձեռ­նար­կե­լով ԻԼԻ­Պի եւ քիւրտ զի­նեալ­նե­րու դէմ՝ Էր­տո­ղան յոյս ու­նի, որ թուրք ընտ­րող­նե­րը լրա­ցու­ցիչ քո­ւէ­ներ պի­տի տան իր կու­սակ­ցու­թեան, ո­րոնք անհ­րա­ժեշտ են խորհըր­դա­րա­նա­կան մե­ծա­մաս­նու­թեան վե­րա­կանգն­ման հա­մար:

Միւս կա­րե­ւոր նպա­տա­կը, ո­րուն հա­մար Թուր­քիա կը ռմբա­կո­ծէ Հիւ­սի­սա­յին Սու­րիան եւ Քր­տա­կան Աշ­խա­տա­ւո­րա­կան Կու­սակ­ցու­թեան (Ք.Ա.Կ.) ռազ­մա­կա­յան­նե­րը Ի­րա­քի մէջ, ինչ­պէս նաեւ՝ կը ձեր­բա­կա­լէ հա­րիւ­րա­ւոր քիւրտ զի­նեալ­ներ Թուր­քիոյ մէջ, ոչ թէ ԻԼԻ­Պի դէմ պայ­քա­րիլն է, այլ խա­փա­նու­մը Սու­րիոյ, Ի­րա­քի եւ Թուր­քիոյ քիւր­տե­րու միա­ւոր­ման, ո­րոնք կը փա­փա­քին ստեղ­ծել ան­կախ Քիւր­տիս­տան:

Ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ ի­րա­կա­նաց­նե­լով Սու­րիոյ մէջ՝ Էր­տո­ղան յոյս ու­նի յա­ջողց­նե­լու Սու­րիոյ կա­ռա­վա­րու­թեան տա­պալ­ման եւ մա­րիո­նէտ (տիկ­նի­կա­յին) վար­չա­ձե­ւի մը հաս­տատ­ման իր վա­ղե­մի ե­րա­զան­քը, ա­տով իսկ ընդ­լայ­նե­լով իր իբ­րեւ թէ նէօ(նոր)-օս­մա­նեան սուլ­թա­նի անձ­նա­կան իշ­խա­նու­թիւ­նը: Վեր­ջա­պէս, յան­դուգն յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ ը­նե­լով ԻԼԻ­Պի դէմ եւ թոյլ տա­լով ա­մե­րի­կա­ցի­նե­րուն օգ­տա­գոր­ծե­լու Ին­ճիր­լի­քի ռազ­մա­կա­յա­նը՝ Թուր­քիա մտա­դիր է հա­մո­զե­լու Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներն ու Ա­րեւմ­տեան Եւ­րո­պան, որ ինք ՆԱԹՕի վստա­հե­լի դաշ­նա­կից է եւ հա­ւա­տա­րիմ գոր­ծըն­կեր՝ ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րին:

Ն­ման դրա­կան կեր­պա­րի ստեղ­ծու­մը յատ­կա­պէս կա­րե­ւոր է այն­պի­սի ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մը մէջ, երբ մեծ տէ­րու­թիւն­նե­րը ա­ւար­տած են մի­ջու­կա­յին ծրագ­րի շուրջ Ի­րա­նի հետ հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը, որ կրնայ բարձ­րաց­նել վեր­ջի­նիս դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ եւ նո­ւա­զեց­նել Թուր­քիոյ դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը:

Հե­տա­մուտ ըլ­լա­լով այս չորս նպա­տակ­նե­րուն՝ Էր­տո­ղան վտան­գի կ­՝են­թար­կէ Թուր­քիոյ եւ հա­րե­ւան պե­տու­թիւն­նե­րու կա­յու­նու­թիւ­նը։

Յար­ձա­կե­լով ԻԼԻ­Պի թի­րախ­նե­րուն վրայ Հիւ­սի­սա­յին Սու­րիոյ մէջ, իբր պա­տաս­խան սպան­նո­ւած թուրք զի­նո­ւո­րի, Ան­գա­րա կը խզէ իր գաղտ­նի փոխ-ըմբռնու­մը ԻԼԻ­Պի հետ՝ խու­սա­փե­լու փո­խա­դարձ յար­ձա­կում­նե­րէ: Այժմ ԻԼԻՊ ստի­պո­ւած է պա­տաս­խան հա­րո­ւած տա­լու: Ան­ցեալ շա­բաթ ինք­նաս­պան ա­հա­բե­կի­չի յար­ձա­կու­մը թրքա­կան Սու­րուչ քա­ղա­քին մէջ, երբ սպան­նո­ւե­ցաւ 32 եւ վի­րա­ւո­րո­ւե­ցաւ 100է ա­ւե­լի մարդ, թե­րեւս ԻԼԻ­Պի ա­հա­բեկ­չա­կան գոր­ծո­ղու­թեան նա­խեր­գանքն է ամ­բողջ Թուր­քիոյ տա­րած­քին:

Ան­ցեալ շա­բաթ Թուր­քիա խախ­տեց հրա­դա­դա­րի հա­մա­ձայ­նա­գի­րը, որ ստո­րագ­րած էր Ք.Ա.Կ.ի հետ 2013 թուա­կա­նին՝ ռմբա­կո­ծե­լով վեր­ջին­նե­րու ռազ­մա­կա­յան­նե­րը Հիւ­սի­սա­յին Ի­րա­քի մէջ եւ ձեր­բա­կա­լե­լով հա­րիւ­րա­ւոր քիւրտ զի­նեալ­ներ Թուր­քիոյ մէջ:

Ք.Ա.Կ. ար­դէն պա­տաս­խա­նած է՝ սպան­նե­լով քա­նի մը թուրք ոս­տի­կան եւ խոս­տա­նա­լով ա­ւե­լի մեծ ա­րիւ­նա­հե­ղու­թիւն: Բա­ցի այդ, յար­ձա­կե­լով քիւր­տե­րու վրայ Սու­րիոյ եւ Ի­րա­քի մէջ, Թուր­քիան պի­տի տկա­րաց­նէ այն միակ ու­ժը, որ յա­ջո­ղու­թեամբ կը պայ­քա­րէր ԻԼԻ­Պի դէմ: Քա­նի որ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րը քիւրտ զի­նեալ­նե­րուն կը դի­տար­կէ իբ­րեւ զինք փո­խա­րի­նող ցա­մա­քա­յին ու­ժեր, ուս­տի թրքա­կան յար­ձա­կում­նե­րը քիւր­տե­րու դէմ պի­տի խո­չըն­դո­տեն Ա.Մ.Ն. ռազ­մա­կան նպա­տակ­նե­րու ի­րա­գոր­ծու­մը տա­րա­ծաշր­ջա­նէն ներս:

Ե­թէ Էր­տո­ղան ներ­խու­ժէ Հիւ­սի­սա­յին Սու­րիա, «անվ­տան­գու­թեան գօ­տի» ստեղ­ծե­լու պատ­րո­ւա­կով, թրքա­կան զօր­քե­րը, ա­մե­նայն հա­ւա­նա­կա­նու­թեամբ, շատ մեծ կո­րուստ­ներ պի­տի ու­նե­նան կռո­ւե­լով ոչ միայն սու­րիա­կան բա­նա­կի, այ­լեւ քիւրտ զի­նեալ­նե­րու եւ տաս­նեակ ճի­հա­տա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րու դէմ: Թուր­քիա կրնայ բա­խիլ նաեւ Ի­րա­նի զօր­քե­րուն, ո­րոնք օգ­նու­թեան պի­տի հաս­նին ի­րենց սու­րիա­ցի դաշ­նա­կի­ցին, ինչ­պէս եւ լի­բա­նա­նեան «­Հըզ­պալ­լահ» շարժ­ման զի­նեալ­նե­րուն, ո­րոնք կը սա­տա­րեն Ա­սա­տի վար­չա­կար­գին: Թուր­քիոյ նա­խա­գա­հի ինք­նան­պա­տակ կեղծ պա­տե­րազ­մը ա­հա­բե­կիչ­նե­րու դէմ կրնայ ող­բեր­գա­կան հե­տե­ւանք­ներ ու­նե­նալ՝ բռնու­թիւն­նե­րու աճ ար­ձա­նագ­րե­լով ամ­բողջ Թուր­քիոյ եւ հա­րե­ւան եր­կիր­նե­րու մէջ: Ե­թէ Ան­գա­րա ի­րօք շա­հագրգ­ռո­ւած է ճի­հա­տա­կան­նե­րու դէմ պայ­քա­րին մէջ, ուս­տի ան շատ շա­տոնց պէտք է ը­ներ ա­տի­կա՝ ԻԼԻՊն ու ա­հա­բեկ­չա­կան այլ խմբա­ւո­րում­նե­րը զի­նե­լու եւ սադ­րե­լու փո­խա­րէն:

Թուրք ղե­կա­վար­նե­րը կը հնձեն այն, ինչ ցա­նած են:

Ա­նոնք կրնան մե­ղադ­րել միայն ի­րեն­ց…

Յա­րութ Սա­սու­նեան «­Քա­լի­ֆոր­նիա Քու­րիեր»