Հաճելի զուգադիպութեամբ մը, «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամի թելեթոնի այս տարւան թեման համընկնեցաւ հայրենական տպաւորութիւններուս 3րդ հատուածի խորագիրին հետ։ Երբ անդրադարձայ այդ իրողութեան, պահու ազդեցութեան տակ վարկեան մը խորհեցայ փոխել խորագիրս, սակայն քիչ ետք համոզուելու համար, թէ գրութիւնս խորքային զօրաւոր կապ ունէր թելեթոնի հայրենասիրութեամբ բանաձեւուած ու համադրուած պատգամի ոգիին հետ։


Նախ՝ երկու խօսք Հրանոյշ Յակոբեանի այլապէս բարեկամական նամակի վերջին պարբերութեան կապակցութեամբ, ուր յարգելի նախարարուհին ազնուօրէն կը թելադրէր գրողիս.
- Եթէ ժամանակ ու ցանկութիւն ունէք, գրէ՛ք Հայաստանում հաստատուած «բիզնեսմեն»ների մասին՝ Էռնեկեան, Թիւֆէնկեան, Յովնանեան, Կարապետեան եւ միւսները։
- Սիրելի նախարարուհի, ինչպէս ոեւէ հայրենասէր ու հաւասարակշռուած մարդ ու հրապարակագիր, հէնց հայրենական տպաւորութիւններուս առաջին գլուխը նուիրած էի Էռնեկեանին ու անոր գեղեցիկ օրինակին հետեւող երիտասարդ գործարար Փետրօ Ծառուկեանին, նաեւ այս վերջինիս ամերիկահայ տարեկից ընկերներուն կատարած խելացի ներդրումներուն։ Սակայն, «Ասպարէզ»ի յարգելի խմբագիրը, յարմար գտած էր, գուցէ ձեր անձին ու գործին հանդէպ իբրեւ յարգանքի ու համակրանքի արտայայտութիւն՝ համագումարին ձեր արտասանած խանդավառ ելոյթին նուիրուած հատուածով մը սկսիլ հայրենական տպաւորութիւններուս շարքը։
Անկեղծօրէն, սփիւռքահայու կոտտացող մեր ցաւը կը մնայ այն, թէ ներկայ իշխանութիւնները ինչո՞ւ կ՛անգիտանան իրենց նախորդներու օրերուն գործուած սխալներն ու առնուած ապազգային որոշումները, եւ կը խուսափին զանոնք դատապարտելէ։ Տակաւին կը սպասենք, որ արդարադատ, քաջասիրտ ղեկավար մը յայտնուի ու ձաղկէ ժամանակին ՀՀՇականներուն վարած հակասփիւռքեան՝ «բաժնէ ու տիրէ»ի վրայ հիմնուած ապազգային քաղաքականութիւնը, կամ մատնանշէ անոնց օրերուն Սփիւռք-հայրենիք ամուր գործակցութենէն բխելիք բարիքներու անտեսումն ու արհամահումը։ Այս ընթացքով, ուրեմն, ներկայ իշխանութիւններու աչքին ոչ մէկ նշանակութիւն ունին Դաշնակցութեան նման հայրենանուէր կուսակցութեան մը գործիչներու ապօրինի բանտարկութեան պարագան, երկքաղաքացիութիւնը օրէնքէ դուրս հռչակելու ապաշնորհութիւնն ու Համահայկական դրամատան կամ «համընկերութեան» կազմութեան դէմ եղած ոտնձգութիւնները։ Դեռ եւս ոմանք լռելեայն կը քաղեն ՀՀՇականներու հաստատած «օլիկարխ»ային հասարակարգին ընձեռած բարիքները…
Այս պահուս պիտի չուզէի ներքաշուիլ ու մխրճուիլ մեր անմիջական անցեալին մէջ սանձարձակ գործող ապազգային կուսակցութեան մը ետին թողած ատելութեան ու ապականութեան տիղմին մէջ։ Բայց որպէս մտահոգ սփիւռքահայ, այն, ինչ կ՛ուզենք լսել ներկայ իշխանութիւններու նուիրեալ ու հայրենասէր ղեկավարութենէն, եւ յատկապէս սրտամօտ մեր նախարարուհիէն, որուն ճիգերուն որպէս արդիւնք՝ Սփիւռք-հայրենիք կապերը զարգացման ու պտղաւորման նոր ընթացք առին՝ դատապարտումն է անցեալի սխալներուն, որպէսզի այլեւս չկրկնուին։
Վերադառնալով ջուրի եւ որոգման թեմային՝ «Հողատէր ընկեր Պետօ» խորագրեալ փորձագրութեան մէջ շեշտը դրուած էր արդիական որոգման «թեքնոլոճի»ին ընձեռած անսահման կարելիութիւններուն շնորհիւ՝ անջրդի լերկ բլուրները մրգաստանի ու խաղողի այգիներու վերածելու սփիւռքահայ հերոսիս գերմարդկային ճիգերուն վրայ։ Արդարեւ, Հայաստանի տարբեր շրջաններ ճամբորդելու ընթացքին, սրտցաւ հայ այցելուն ափսոսանքով պիտի նկատէ հսկայական հողատարածքներու լերկ ու անջրդի ներկայութիւնը. պարագայ մը, որ մեզի նման փոքր ժողովուրդներու համար անհոգի մսխում է…
Յաճախ ձորան բերանը սողոսկող գետակն ու ջուրի հոսքը, իրենց ուրոյն գոյութիւնը կ՛ապրին՝ զլանալով խոնաւ ակնարկ մը նետելու տասնեակ մը մեթր վերեւը անջրդի մնացած լերկ հողատարածքներուն վրայ, որոնց կանաչապատումը արուեստական փոքր ջրամբարէ մը եւ ելեկտրականութեամբ կամ վառելանիւթով բանող ջրհան կազմածէ մը կախեալ է, ինչպէս նաեւ՝ մեր պետական այրերու ու դրամատէրերու բարի կամեցողութենէն։ Սոյն գոծընթացին հետ  կապուած դժուարութիւնները եւ ցարդ կատարուած գործը ամենեւին չենք փորձեր նսեմացնել, սակայն արդի պետութեան մը կարողութենէն վեր անհասանելի գումար մը պէտք չէ ըլլայ այն, ինչ սփիւռքահայ երիտասարդ գործարարին կը յաջողւի առանձինն գլուխ հանել։
Սահմանամերձ գիւղերու բնակիչներու հետ երբ սրտցաւ ու անկեղծ զրոյցի կը բռնուիս, հետեւաբար՝ երբ անոնց ցաւի ճիչերը լսելու համբերութիւնը ցուցաբերես, կ՛անդրադառնաս, թէ անոնք ինչո՛ւ հայրենի հողը լքելով՝ իրենց շունչը Ռուսիոյ տափաստաններէն կ՛առնեն։ Անոնց գլխաւոր գանգատը ջուրի մատակարարման հետ կապուած դժուարութիւնն է, կամ՝ ջուրի սակին հետ կապուած գնաճը, որ հայ գիւղացիին՝ նախնական միջոցներով հայրենի հողը մշակող հայ մարդուն, կարողութենէն վեր կը մնայ, յատկապէս, երբ անիկա նոր հողաշերտեր հարթելու ու մշակելու մարտահրաւէրին դիմաց կանգնած է՝ առանձի՛ն ու անօգնակա՛ն։
Առանց տնտեսագէտի հովեր առնելու, ներկայ աղէտին առաջքը առնելու ու ներկայացուող մարտահրաւէրին շինիչ կերպով պատասխանելու համար, միայն Համահայկական հիմնադրամին պիտի չվստահուի ջուրի հետ կապուած հարցին լուծումը, այլ՝ պետականօրէն պէտք է արձագանգենք ու մօտենանք անյետաձգելի այդ մարտակոչին։
Մեր համեստ կարծիքով, հայրենի պետութիւնը ի՛նք յանձն պէտք է առնէ անջրդի հողատարածքներուն որոգման աշխատանքը՝ հինգ տարի ձրի ջուր մատակարարելով հայ գիւղացիին, մինչեւ որ անոր զարգացուցած հողատարածքը ծաղկի ու սկսի բերքաւորուելու։ Ինչպէս հայոց բանակը պահելու համար ծախսուած գումարները կ՛արդարանան երկրի ապահովութեան երաշխաւորումով, նոյնպէս եւ աւելի, սահմանամերձ հայ գիւղացիութիւնը իր հողին, նախիրին ու երդիկին կապելով պիտի ապահովենք անոր կեցութիւնը՝ արժանապատիւ կեանքի մը խոստումը փոխանցելով անոր։
Վերջերս, հայկական մամուլէն իմացանք, թէ Հայաստան ցորենի իր սպառման 60 տոկոսի արտադրութեան սահմանագիծը հասած է։ Ասիկա խրախուսիչ լուր մըն է, որ մեր ականջին մեղեդիի պէս քաղցր կը հնչէ։
Ինչո՞ւ Սփիւռք-հայրենիք հնգամեայ ծրագիրով մը ու պետութիւն-գործարար-Հիմնադրամ համադրուած աշխատանքով 100 տոկոսի չբարձրացնենք հացահատիկի արտադրութիւնը, եւ Էռնեկեանի օրինակով չծաղկեցնենք Հայաստան աշխարհը՝ օգնութիւն ընձեռելով հայ հողագործին, որպէսզի այս վերջինը ամուր կանգնի իր հողին վրայ։
Հայաստանցի այն գործարարները, որոնք իրենց վաստկած դրամագլուխը արտասահման ներդրելու յետամուտ են, լաւ կ՛ըլլայ որ գոնէ այդ դրամագլուխին մէկ մասը, երկրագործութեան զարգացման ճամբով՝ հայրենիքի բարգաւաճումին յատկացնեն, ինչպէս կ՛ընեն օտարածին կարգ մը տեսլապաշտ հայ գործարարներ։
Յուսանք որ Քազաֆիին վիճակուած ճակատագիրը, առնէտի պէս կոյուղիի մը մէջ անոր շանսատակ եղած ըլլալու օրինակը, զգաստութեան կը մղէ բոլոր ժամանակներու, ամէն գոյնի ու ցեղի կեղեքիչները։ Արդարեւ, Լիպիոյ բռնապետին արտասահմանեան 200 միլիառ տոլարի աւարը զինք չփրկեց գազազած ամբոխին ոտքերուն տակ տրորուելէ…

ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ